ՇՈՒ­ԿԱ­ՅԻՆ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի բան­ջա­րե­ղէ­նի շու­կա­նե­րը շրջե­լով ո՛չ աչ­քերդ կը յա­գե­նան, ո՛չ ալ ռուն­գերդ: Թարմ ու զգլխիչ բոյրն ու գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը հմա­յեն գնորդ­նե­րը, տե­սակ-տե­սակ ծի­րան­ներ՝ մե­ծը, փոք­րը, կէ­տա­ւո­րը... հա­պա կե­ռա­սի գոյնզ­գոյն տե­սա­կա­նին՝ կար­մի­րի տար­բեր ե­րանգ­նե­րը, սպի­տակն ալ կայ, բալն ալ, ո­րոնց տես­քը ար­դէն կը յու­շէ ա­նոնց համն ու հո­տը: Վա­ճա­ռող­նե­րը կը հրա­ւի­րեն ի­րենց տա­ղա­ւար­նե­րուն մօ­տէն անց­նող գնորդ­նե­րը. «Ա­րի՛, քու­րօ ջան, մի հատ համ­տես ա­րա, քաղցր է, Գառ­նիից եմ բե­րել, չես փոշ­մա­նի, ա­րի՛...», ու ան­պայ­ման կը հիւ­րա­սի­րեն, կ­՚առ­նես, ի­րօք շատ հա­մեղ է, լուա­լու իսկ պէտք չկայ, փայլ­քը մաք­րու­թիւ­նը կը ցո­լաց­նէ ար­դէն ա­նոնց: Կը գնեմ Գառ­նիի քաղց­րա­համ կե­ռա­սէն ու կը շա­րու­նա­կեմ շրջիլ: Ըմմմ շատ ա­նուշ բոյր մը կը քա­շէ զիս դէ­պի զինք, կը դառ­նամ ու կը տես­նեմ դեղ­ձը, հմա­յուած կը մօ­տե­նամ ու ա­ռանց հարց­նե­լու իսկ կը լեց­նեմ տոպ­րա­կը․ ան­կա­րե­լի է չգնել:

Կը մտա­բե­րեմ Հա­լէ­պի բան­ջա­րե­ղէ­նի շու­կան: Հսկա­յա­կան տար­բե­րու­թիւն: Հոն կը խու­սա­փէի մօ­տե­նա­լէն, վա­ճա­ռող­նե­րու կառ­քե­րը շրջա­պա­տուած կ­՚ըլ­լա­յին աղ­բա­կոյ­տե­րով, ո­րոնք ա­մէն օր կ­՚ա­ւել­նա­յին ի­րա­րու վրայ ու մի քա­նի օ­րուան աղ­բի նե­խած բոյր մը կը տա­րա­ծուէր ա­մէ­նու­րեք: Ամ­բողջ շու­կան ցե­խով լի յա­տա­կէն կը քա­լէինք, ու­րիշ ելք չկար, ուր­կէ վե­րա­դառ­նա­լէ ետք միայն լո­գան­քը կը մաք­րէր այդ ցե­խը: Վա­ճա­ռող­նե­րու բարձ­րա­ձայն պոռչ­տու­քը կը խլաց­նէր գնորդ­նե­րը, կոշտ ու կո­պիտ վե­րա­բեր­մուն­քը գար­շանք կը պատ­ճա­ռէր, բայց ո՛չ, ա­նոնց մէջ ալ կա­յին բա­րե­համ­բոյր­ներ, ո­րոնց­մէ ո­մանք հայ տա­րեց կի­նե­րու եր­բեմ­նի ան­հասկ­նա­լի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն կը ժպտէին, երբ «ա­պու պա­նա­տո­րա»ով կը դի­մէր հայ կին մը, օ­րի­նակ, լո­լիկ վա­ճա­ռո­ղին... վարժ էին ու մա­նա­ւանդ տե­ղեակ մեր ա­ռիթ­նե­րուն ու գի­տէին ե՞րբ, ի՞նչ կը փնտռեն հայ կա­նայք:

Քիչ ան­դին թու­թի կո­ղով­նե­րը շա­րուած են, այն­պի­սի խնամ­քով մի առ մի հա­տիկ­նե­րը տե­ղա­ւո­րուած են դե­ղին ու կարմ­րա­ւուն թու­թե­րուն, կող­քին նաեւ ե­լակ­նե­րու ու հա­տապ­տուղ­նե­րու կո­ղով­ներ, սա­կայն թութ գնե­լու պէտք չկայ, ար­դէն բո­լոր փո­ղոց­նե­րու մայ­թե­րուն կամ այ­գի­նե­րուն մէջ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ թթե­նի­նե­րու, կը քա­ղես ու թարմ-թարմ ու­տե­լով կը քա­լես:

Հա­պա բան­ջա­րե­ղէ՞­նը՝ այն­քան թարմ ու ա­ռատ փուն­ջեր կողք-կող­քի շա­րուած՝ ա­նա­նու­խը, ա­զատ­քե­ղը, բող­կը, դար­դու­րը, հա­զա­րը, կո­տե­մը, ու­րիշ շատ տե­սակ­ներ, ո­րոնց հոս միայն կա­րե­լի է ծա­նօ­թա­նալ կար­ծես՝ սա­մի­թը, ուր­ցը, հա­մե­մը, ռե­հա­նը... ո­րոնց ոչ միայն ծա­նօ­թա­ցանք, այլ հա­մէն չենք կշտա­նար. առ­նեմ քիչ մը ուրց ու ռե­հան, չորց­նեմ ու ամ­բա­րեմ ձմրան հա­մար, սո­վո­րա­կան թէ­յէն ա­ւե­լի օգ­տա­կար են ա­նոնք, քա­նի մը տե­սակ կ­՚առ­նեմ ու ա­հա ի՞նչ տես­նեմ, նաեւ՝ բան­ջա­րը, ո­րուն բա­զուկ կ՚ը­սեն հոս, աչ­քե­րուս չհա­ւա­տա­ցա­ծի մը պէս կը հարց­նեմ.

-Սա բա­զուկ ա՞:

-Ի հարկէ բա­զուկ ա, քու­րօ՛ ջան, որ դուք տոլ­մա էք սար­քում,- կը պա­տաս­խա­նէ գիւ­ղա­ցին:

Որ­քան ալ փոր­ձես տե­ղա­ցի­նե­րուն պէս ար­տա­յայ­տուիլ, չես գի­տեր ինչ­պէ՞ս, բայց ան­մի­ջա­պէս ա­նոնք կը գու­շա­կեն տե­ղա­ցի չըլ­լալդ ու ար­դէն գի­տեն, թէ ի՞նչ տար­բեր ճա­շեր ալ կը պատ­րաս­տենք, յա­ճա­խոր­դը սի­րա­շա­հե­լու ձեւ մըն է կար­ծես: Բայց բան­ջա­րին տես­քը ի­րա­պէս շատ ա­խոր­ժա­բեր է․ հոս ընդ­հան­րա­պէս փոքր կ­՚ըլ­լան տե­րեւ­նե­րը, բայց այս ան­գամ՝ մեծ են ու լայն, ա­ռատ անձ­րե­ւը լաւ մը ա­ճե­ցու­ցած ու լայն­ցու­ցած է տե­րեւ­նե­րը բան­ջա­րին, կ­՚ար­ժէ տոլ­մա մը, ա­ւե­լին՝ սար­մա մը պատ­րաս­տել:

Բայց ին­չո՞ւ սար­մա, «բան­ջար չկա»ն ալ կա­րե­լի է: Ծնուն­դի ճրա­գա­լոյ­ցին շատ փնտռե­ցի ու չգտայ բան­ջա­րը, հի­մա կ­՚ե­փեմ, թող հայրս ու­տէ: Ա­ւան­դա­պաշտ հայրս Ծնուն­դին չկե­րաւ «բան­ջար չկա»ն ու կար­ծես Զա­տիկ չե­կաւ այս տա­րի ի­րեն հա­մար: Ծնուն­դի նա­խօ­րէին բա­ւա­կան շրջե­ցայ մո­լե­րու բան­ջա­րե­ղէ­նի բա­ժի­նը, եր­կար-եր­կար ո­րո­նե­ցի բա­զու­կը, դժբախ­տա­բար դա­տար­կա­ձեռն տուն վե­րա­դար­ձայ: Կ՚ե­րե­ւի հոս Ուր­ֆա­յէն ա­ւե­լի սաս­տիկ էր ցուր­տը, որ նոյ­նիսկ բան­ջա­րին ցօ­ղուն­նե­րը այ­րեր էին, կամ ալ գիւ­ղա­ցիք տա­կա­ւին տօ­նա­կան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը չէին ա­ւար­տած, որ կա­նա­չի­նե­րը բե­րէին ու վա­ճա­ռէին:

«Բան­ջար չկա»ն կամ նի­ւի­կը ուր­ֆա­ցի­նե­րու տոհ­միկ ճա­շա­տե­սակ­նե­րէն է, որ ձէ­թով պատ­րաս­տուած ջրիկ ճաշ մըն է բան­ջա­րի, սի­սե­ռի, սո­խի եւ սխտո­րի բա­ղադ­րու­թեամբ եւ ան­պայ­ման կը պատ­րաս­տուէր Ծնուն­դի ճրա­գա­լոյ­ցին, կող­քին ու­նե­նա­լով նաեւ ձուկ եւ բրին­ձով փի­լաւ: Իսկ թէ ուր­կէ՞ ե­կած է «բան­ջար չկա­յ»ի կո­չու­մը, շատ հե­տաքրք­րա­կան է: Ըստ պա­տու­մին՝ Ուր­ֆա­յի մէջ ցուր­տը սաս­տիկ կ՚ըլ­լայ, յատ­կա­պէս Նոր Տա­րուան շրջա­նին ձիւ­նը կը ծած­կէ ար­տե­րը: Բան­ջա­րի բեր­քը կ՚այ­րի ցուր­տէն, միայն ցօ­ղուն­նե­րուն վրայ կա­նաչ լայն տե­րեւ­նե­րէն մաս մը մնա­ցած կ­՚ըլ­լայ: Ար­տա­տէ­րե­րը զա­նոնք կը հա­ւա­քեն ու գիւ­ղա­ցի­նե­րուն յա­ւե­լեալ գի­նով կը վա­ճա­ռեն: Գիւ­ղա­ցի­նե­րը բան­ջա­րա­վա­ճա­ռին մօտ կ՚եր­թան խթման ճա­շի պատ­րաս­տու­թեան բան­ջա­րը գնե­լու եւ ա­նո­րակ բան­ջա­րին ու ա­նոր գնա­ճին ի տես, երբ կը հարց­նեն բան­ջա­րա­վա­ճա­ռին, ան կը պա­տաս­խա­նէ ը­սե­լով.

-Բան­ջա­րի բեր­քը ցուր­տէն այ­րեր է, ե­ղա­ծը այս է, ու­րիշ բան­ջար չկայ:

Այս­պէս ալ այս ճա­շին ա­նու­նը կը մնայ «բան­ջար չկա­յ» ուր­ֆա­ցի­նե­րուն հա­մար, ու­րիշ­ներ զայն կը կո­չեն նի­ւիկ:

«Պո­րա­նի»ն ալ հա­մեղ, տոհ­միկ ճա­շա­տե­սակ մըն է, կա­րե­լի է պատ­րաս­տել բան­ջա­րով: «Պո­րա­նի»ն դար­ձեալ բան­ջա­րով, սի­սե­ռով եւ մի­սով պատ­րաս­տուած ջրիկ ճաշ մըն է, զոր ու­տե­լու ժա­մա­նակ կը հա­մե­մեն մա­ծուն եւ սխտո­րի խառ­նուր­դով: Այս ճա­շի ա­նու­նին հետ առըն­չուող հե­տաքրք­րա­կան պա­տում մըն ալ կայ­․ ըստ պարս­կա­կան ա­ւան­դազ­րոյ­ցին՝ «պո­րա­նի» ա­նուա­նու­մը յա­ռա­ջա­ցած է Սա­սա­նեան Խոս­րով ար­քա­յի դուստր՝ Պու­րան­դուխ­տի ա­նու­նէն: Երբ ար­քա­յա­դուստ­րը գահ կը բարձ­րա­նայ, մա­ծու­նը շատ սի­րե­լուն պատ­ճա­ռով, իր պա­տուին պատ­րաս­տուած բո­լոր մա­ծու­նով կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րը կը կո­չուին «պո­րա­նի», ո­րոնց­մէ մէկն է նաեւ այս ճա­շա­տե­սա­կը:

Բայց ո՛չ, ես հօրս սի­րա­ծը պատ­րաս­տեմ, ինչ­պէս նաեւ բան­ջա­րէն մաս մըն ալ ամ­բա­րեմ, որ յա­ռա­ջի­կայ Ծնուն­դը ա­ռանց «բան­ջար չկա­յ»ի չթե­ւա­կո­խենք, թէեւ գի­տեմ, որ պի­տի սննդազր­կուի պա­հա­ծոյ բան­ջա­րը, բայց ի՛նչ ը­նենք, ա­մէն լա­ւու­թիւն մէկ տեղ չի գտնուիր, հօրս գո­հու­նակ ժպի­տը սնունդ կը պար­գե­ւէ ճա­շին, «պո­րա­նի»ն ալ մօտ օ­րէն կը պատ­րաս­տենք:

Բա­ւա­կան ծան­րա­ցաւ բեռս, լաւ որ բնա­կա­րանս մօտ է, վաղն ալ կը ծան­րա­բեռ­նուիմ ծի­րա­նով, ա­նու­շի կամ մու­րապ­պա­յի հա­մար լաւ ծի­րան­ներ կան նաեւ շու­կան:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016