ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ՄԱՐՄ­ՆԱՆ­ԿԱՐ­ՉՈՒ­ԹԻՒՆ (BODYPAINTING)

Տե­սո­ղա­կան ա­րուես­տի բնա­գա­ւա­ռին մէջ՝ գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը հի­նէն ի վեր մե­ծա­պէս գնա­հա­տուած եւ փնտռուած մարզ մը ե­ղած է։ Ա­ւան­դա­կան ըմբռ­նու­մով, գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը կ՚ըլ­լայ կտա­ւի վրայ՝ իւ­ղա­ներ­կով կամ ջրա­ներ­կով։

Վեր­ջերս, վէտ­քը (tattoo) սկսաւ հա­մա­ճա­րա­կի նման տա­րա­ծուիլ աշ­խար­հով մէկ։ Կտա­ծու­մը (tattooing)՝ որ կը նշա­նա­կէ մոր­թի վրայ նկար­նել դրոշ­մել, դար­ձաւ վեր­ջին նո­րոյ­թը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ։

Մեր այ­սօ­րուայ նիւ­թը սա­կայն կտա­ծու­մէ ա­ւե­լի մարմ­նան­կար­չու­թինն է, որ կը նե­րա­ռէ ամ­բողջ մար­մի­նը: Ար­դա­րեւ, Աւստ­ը-րիոյ Poertschach on lake Woert-hersee քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­խար­հի տա­րե­կան մարմ­նան­կար­չու­թեան ե­ռօ­րեայ փա­ռա­տօ­նը՝ Յու­լիս 1-էն սկսեալ։

Վե­րո­յի­շեալ փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­ցան յիսուն եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած ա­րուես­տա­գէտ­ներ եւ երեսուն հա­զար հան­դի­սա­տես­ներ։ Հե­տե­ւեալ նկա­րը ցոյց կու տայ եր­կու ա­րուե­տա­գէտ­ներ՝ աշ­խա­տան­քի պա­հուն։

Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ որ այդ փա­ռա­տօ­նի մուտ­քի գին սահ­մա­նուած էր 34 եու­րօ՝ մէկ օրուայ հա­մար, իսկ 69 եու­րօ՝ ե­րեք օ­րուան հա­մար։ Ին­ծի հա­մար մութ մնաց սա­կայն, թէ մարմ­նան­կար­չու­թեան են­թա­կան որ­քան պէտք է վճա­րէր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն, ա­նոնց տա­րած նուրբ աշ­խա­տան­քին հա­մար…

Շատ լաւ գի­տենք, որ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը պէտք է քայլ պա­հեն ժա­մա­նա­կին հետ, սա­կայն կեր­պա­սը փո­խա­րի­նել մարդ­կա­յին մար­մի­նով՝ քիչ մը չա­փա­զան­ցու­թիւն է, չէ՞ք խոր­հիր։ Չմոռ­նանք, որ մարմ­նան­կար­չու­թիւ­նը մնա­յուն ա­րուեստ մը չէ՝ այն ի­մաս­տով որ երբ լոգ­նաս, կ՚ան­հե­տի։ Ու­րեմն ինչ ար­ժէք կրնայ ներ­կա­յաց­նել ան։

ՏԱ­ՊԱՆ՝ ԶԲՕ­ՍԱՅ­ԳԻԻՆ ՄԷՋ (ARK IN THE PARK)

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Քեն­թա­քի նա­հան­գի Ո­ւի­լեմս­թաուն քա­ղա­քի մէկ զբօ­սայ­գիին մէջ Յու­լիս 7-ին բա­ցու­մը կա­տա­ր-ւե­ցաւ Նո­յեան Տա­պա­նի կրկնօ­րի­նա­կի մը, ո­րուն շի­նա­րա­րու­թիւ­նը տե­ւած է վեց տա­րի եւ ար­ժած՝ 100 մի­լիոն տո­լար։ Այս գու­մա­րին 62 մի­լիո­նը գո­յա­ցած է շա­հա­գոր­ծող­նե­րէ (investors) եւ 38 մի­լիո­նը՝ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րէ։

Վե­րո­յի­շեալ տա­պա­նի շի­նու­թեան գա­ղա­փա­րը յղա­ցած է մի ոմն Քէն Հէմ, ո­րու նպա­տա­կը ե­ղած է ծա­նօ­թաց­նել Աս­տուա­ծա­շուն­չը ժո­ղո­վուր­դին եւ յա­ռաջ մղել «ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան» թե­ման, քա­նի Նո­յեան Տա­պա­նը յի­շա­տա­կուած է Ծննդոց Գիր­քին մէջ։ Քէն Հէմ հիմ­նա­դիրն է Ark Encounter ըն­կե­րու­թեան, որ շա­հա­գոր­ծու­թեան դրած է այդ տա­պա­նը։

Սա փայ­տէ շի­նուած աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն կա­ռոյցն է, որ կը բաղ­կա­նայ ե­րեք յար­կե­րէ։ Ա­նոր եր­կա­րու­թիւնն է 155 մեթր, լայն­քը 26 մեթր եւ բարձ­րու­թիւ­նը 16 մեթր։ Հոն ցու­ցադ­րուած կեն­դա­նի­նե­րը թէեւ ի­րա­կան չեն, սա­կայն յար եւ նման են ի­րա­կա­նին:

Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ նաեւ որ նոյն զբօ­սայ­գիին մէջ պի­տի կա­ռու­ցուի ինն հարիւր ա­թո­ռէ բաղ­կա­ցած հան­դի­սաս­րահ մը եւ հազար հինգ հարիւր հո­գի­նոց ճա­շա­րան մը։ Կ՚ը­սուի որ այս բո­լո­րը երբ գոր­ծա­ծու­թեան դրուի, գործ պի­տի հայ­թայ­թէ քսան հազար մարդ­կանց եւ պի­տի ստեղ­ծէ 4 մի­լիոն ե­կա­մուտ՝ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէ գո­յա­ցած։

Այս բո­լոր դրա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով հան­դերձ՝ կան դժգոհ ան­ձեր, ո­րոնք կը բո­ղո­քեն Սուրբ Գիր­քի ու­սուց­ման, հան­րա­յին զբօ­սայ­գիի մը մէջ։ Ա­նոնք կը պնդեն, թէ սահ­մա­նադ­րա­կան կա­րե­ւոր օ­րի­նա­գիծ մը՝ պե­տու­թեան եւ կրօն­քի ան­ջատ­ման (separation of state and religion) ա­ռըն­չու­թեամբ, կ՚ան­տե­ս-ւի այս­պէ­սով ու այս կրնայ վտան­գա­ւոր նա­խըն­թաց մը ստեղ­ծել…

Նոյն բո­ղո­քող­նե­րը կը պնդեն թէ պե­տու­թիւ­նը պէտք չէ ստեղ­ծէր տուր­քէ­ զերծ դրու­թիւն՝ այս կրօ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ան կը խախ­տէ սահ­մա­նադ­րու­թեան վե­րո­յի­շեալ յօ­դուա­ծը։

Հոս տե­ղին է շեշ­տել, թէ ինչ ալ ը­նես՝ եւ թէ այդ գոր­ծը որ­քա­նով ալ օգ­տա­կար ըլ­լայ հան­րու­թեան, միշտ դժգոհ­ներ պի­տի գտնուին։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016