ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Խոստովանութենէն ետք, մօտիկ անցեալին կատարած յաւելումի մը արդիւնքով, սկսած է երգուիլ «Տէր ողորմեայ» հոգեւոր երգը, որ ժողովրդական լայն ընդունելութիւն գտած է, այլ խօսքով՝ ժողովուրդը այս հոգեւոր երգին զգացական կապերով արդէն իսկ կապուած է: Լաւապէս եւ ուշադրութեամբ կարդալով երգին բառերը, սակայն, պիտի անդրադառնանք, որ մասնաւոր կամ յատուկ իմաստ մը, կամ նշանակութիւն մը չունի այս երգին երգեցողութիւնը, եւ ինչքան ալ հաւատացեալ ժողովուրդին համար հաճելի թուի, կամ ըլլայ, իրականութեան մէջ սակայն ըստ մեր կարծիքին անտեղի յաւելում մըն է, որ եկած է ծանրաբեռնելու արդէն իսկ ծանրաբեռնուած մեր Պատարագը:

«Տէր ողորմեայ»ի երգեցողութենէն ետք, դպիրները կ՚երգեն «Քրիստոս պատարագեալ» երգը: Ահաւասիկ այդ երգին բովանդակութիւնը.

Քրիստոս պատարագուելով կը բաշխուի մեր մէջ, ալէլուիա:
Իր մարմինը մեզի իբրեւ կերակուր կու տայ, իսկ Իր սուրբ արիւնը մեր մէջ կը ցօղէ, ալէլուիա:
Մօտեցէ՛ք Տիրոջ եւ առէ՛ք լոյսը, ալէլուիա:
Ճաշակեցէ՛ք եւ տեսէ՛ք, որ Տէրը քաղցր է, ալէլուիա:
Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկինքին մէջ, ալէլուիա:
Օրհնեցէ՛ք զԻնք բարձրունքներուն մէջ, ալէլուիա:
Օրհնեցէ՛ք զԻնք, Անոր բոլոր հրեշտակները, ալէլուիա:
Օրհնեցէ՛ք զԻնք, Անոր բոլոր զօրութիւնները, ալէլուիա:

Այս երգեցողութենէն ետք վարագոյրը կը բացուի, պատարագիչ քահանան Սուրբ Սկիհը ձեռքին կը յառաջանայ դէպի բեմին ծայրը, ծունկի կու գայ եւ կը սկսի Սուրբ Հաղորդութիւն բաշխել մօտեցող հաւատացեալներուն:

Այստեղ, ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Սուրբ Եկեղեցւոյ հայրերու գրիչին պատկանող Սուրբ Հաղորդութեան մասին փունջ մը մտածումներ:

Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացին [Աստուածազգեաց]ը կը գրէ.

- Աստուծոյ հացը կը խնդրեմ, որը Դաւիթի զաւակէն եղած Յիսուս Քրիստոսի մարմինն է եւ Անոր արեան ըմպելիքը կը հայցեմ, որ անեղծ եւ անապական սէրն է:

- Ջանացէք մէ՛կ պատարագ ընել, որովհետեւ մէ՛կ է Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարմինը եւ մէ՛կ Անոր Արեան բաժակը՝ ի միութիւն, մէկ՝ սեղանը:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գրէ.

Տիրոջ մարմինին ու արեան միջոցով տանջանքներէն պիտի ազատուինք՝ արքայութեան ժառանգորդ պիտի ըլլանք:

Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ.

- Քու խօսքդ Տէ՛ր, թող բանայ կուրացած աչքերս։ Իմ Փրկի՛չ Աստուած, լուսաւորէ՛ մեր սիրտին աչքերը՝ սիրելու Քեզ եւ միշտ սիրով Քու կամքդ կատարելու։ Ահաւասիկ Քու արեանդ ահաւոր բաժակը լոյսով ու կեանքով լեցուն է։ Մեզի իմաստութիւն եւ լուսաւորութիւն շնորհէ՛, որպէսզի հաւատքով, սիրով եւ սրբութեամբ մօտենանք անոր, եւ անիկա մեզի համար մեղքերու թողութիւն ըլլայ եւ Դատաստանին Օրը դատապարտութիւն չըլլայ:

- Սուրբ Հաղորդութենէն եւ Եկեղեցիէն հեռացողները Աստուծոյ թշնամի եւ դեւերու բնակարան կը դառնան:

Սուրբ Մակար Մեծ կը գրէ.

- Ան որ թեթեւութեամբ կը վարուի այս Խորհուրդին (Սուրբ Հաղորդութեան) հետ, արդարեւ խաւարային ուժերը կ՚ազդեն իր վրայ, որով ինքն իր կամքով Կեանքէն կը հեռանայ (Սուրբ Մակար Մեծ):

- Թող Սուրբ Հաղորդութեան երկիւղածութեամբ, կարօտով եւ կատարեալ հաւատքով մօտենանք, որպէսզի մեզմէ հեռանայ թշնամիներուն վախը, մեր Տէր Յիսուսի զօրութեամբ:

Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացին կը գրէ.

Միասին հաւաքուած, աղցուած եւ հնձուած սերմնահատիկները մէկ հաց կը կազմեն: Այդպէս է նաեւ պարագան Քրիստոսի, որ Երկնաւոր Հացն է. մենք մէկ մարմին կը տեսնենք, որու մէջ կապուած եւ միացած է մեր բազմութիւնը:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.

- Եթէ Քրիստոսին եկեղեցւոյ դռան մօտ եղող աղքատին մէջ չտեսար, Բաժակին մէջ ալ պիտի չգտնես զԻնք:

- Կը տեսնեմ շատեր, որոնք յաճախակի չեն հաղորդուիր։ Այս մէկը սատանայէն է։ Այս մէկը անոր ըրած գործն է, որպէսզի մեզ Քրիստոսի Մարմինին հետ յաճախակի հաղորդուելէն հեռու պահէ։ Ճշմարիտ է այս բանը, թէ ով որ յաճախակի չի հաղորդուիր, ատով ինքզինք սատանայի իշխանութեան տակ կը դնէ, իսկ այս ալ իր կարգին, մարդ արարածը դէպի չարը կ՚առաջնորդէ:

- Առանց անձնաքննութեան Ս. Հաղորդութեան մօտենալ՝ վտանգաւոր է, իսկ չհաղորդուիլը՝ սով է ու մահ:

Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացին կը գրէ.

Այնպէս մօտեցիր Ս. Հաղորդութեան՝ ահաւոր Սկիհին, որ կարծես թէ կը խմես Յիսուսի կողէն:

Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը կը գրէ.

- Տէրունական Սուրբ Մարմինին մօտենալը սուրբերուն համար լոյս է, որ կը լուսաւորէ հոգիով մօտեցողները, իսկ պիղծերուն համար՝ կրակ է, որ կ՚այրէ ու կ՚ապականէ մեղքով մօտեցողները։

- Մարդը, որ մարդ կը սպաննէ, մարդասպան կը կոչուի, իսկ ան որ անարժանաբար Տիրոջ մարմինով կը հաղորդուի, Աստուածասպան կ՚ըլլայ, որովհետեւ կրկին անգամ Աստուծոյ Որդին խաչ կը հանէ։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը գրէ.

- Տէր, եթէ մարդ Մարմինինդ հետ կը հաղորդուի, ազատ կ՚ըլլայ ամօթի բոլոր կասկածներէն։ 

- Ո՛չ միայն աղօթել պէտք է Սուրբ Պատարագի ընթացքին, այլ նաեւ հաղորդուիլ փրկական խորհուրդով. որովհետեւ, հաղորդուողներուն մեղքերու թողութիւն տուաւ եւ ոչ թէ՝ չհաղորդուողներուն։

- Մեր մարմինը Հաղորդութեան հետ շփուելով՝ Քրիստոսի մարմինին հետ կը շփուի, եւ անմահութեան միանալով՝ անմահ կը դառնայ։

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կը գրէ.

- Հաղորդուիլ կը նշանակէ մասնակից ըլլալ ո՛չ թէ սովորական հացի, սովորական ճաշի, այլ՝ հոգեւոր հացի, այնպիսի փառաւոր ճաշի մը, որ Ի՛նք՝ Յիսուսը պատրաստած է մեզի համար, այնպիսի չտեսնուած, չլսուած ճաշի մը, ուր Հրաւիրողը Իր հիւրերուն հացի փոխարէն Իր մարմինը կու տայ եւ գինիի փոխարէն՝ Իր արիւնը։ Եւ այդ սեղանը, որ քեզի համար կը բացուի, սովորական, պարզ մարդու սեղան չէ, այլ՝ թագաւորական ճոխ սեղան է՝ Աստուծոյ բոլոր բարութիւններով լեցուն, աստուածային սուրբ սեղան մը, որուն վրայ ճաշ պատրաստողը ուղղակի Ինք՝ ճաշը, Աստուած է: 

- Սովորական հացը մարմինին կենդանութիւնը կը պահպանէ, իսկ հաղորդութեան հացը՝ հոգիին կենդանութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 14

23 օգոստոս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2022