ԷՐՊԻԼԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷՆ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՆՈՐ ՓՈՐՁԱՔԱՐ

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան մէջ Մոսատի նախկին համակարգող Էլիազար Ցեւրիր «Մաարիվ» պարբերականին մէջ յօդուած մը գրելով դրուատիքով խօսած է Էրպիլի մէջ հանրաքուէ կայացնելու քայլին մասին: Ցեւրիր երկար տարիներու իր լռութիւնը հատելով նաեւ ըսած է, որ քիւրտերը մեծ ժողովուրդ են եւ անոնք արժանի են «մեծ պետութիւն» մը ունենալու: Խորքին մէջ տաս տարուան դիւանագիտական-ապահովական փորձ ունեցող իսրայէլացի գործիչին (1965-1975 տարիներուն) յօդուածին հրապարակումը պատահական չէ: «Մաարիվ» պատահական թերթ մը չէ, ու հոն տպագրուած յօդուածներն ալ պատահական մարդոց յօդուածները չեն: Ամէն պարագայի յստակ է, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ տեղի ունեցող եւ ունենալիք զարգացումները ունին քաղաքական հիմք: Այդ զարգացումներն են նաեւ, որ կարողութիւնը ունին շրջանին մէջ նոր եւ շատ հաւանաբար տրամաթիք դէպքերու տուն տալու: Հակառակ անոր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունի «լռելեայն» համաձայնութիւն մը, որուն գլխաւոր օրակարգը Միջին Արեւելքի ընդհանուր վիճակը բարելաւելն է: Միւս կողմէ, նոյնպէս յստակ է, որ արեան, քաոսի, անորոշութեան աւազան դարձած Սուրիոյ եւ Իրաքի դէպքերն ալ շատ հաւանաբար հասած են այնպիսի փուլ մը, որոնց տրամաբանական շարունակութիւնը պէտք է տարածում գտնէ այլ տարածքներու մէջ, որոնցմէ մին կրնայ ըլլալ Հիւսիսային Իրաքը:

Այս նախաբանէն ետք ու խօսելով վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին շրջանային եւ միջազգային լրահոսին մէջ կարեւոր դիրք զբաղեցուցած անկախութեան հանրաքուէին մասին՝ հարկ է ըսել, որ Երկուշաբթի, Սեպտեմբերի 25-ը, տարբեր օր եւ թուական պիտի դառնայ ոչ միայն մինչ այդ որպէս Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւն ճանչցուած հողատարածքին համար, այլեւ ամբողջ շրջանին համար։

Հինգուկէս միլիոն հաշուող քիւրտեր մասնակցեցան խաղաղ պայմաններու մէջ ընթացող անկախութեան հանրաքուէին, ու Հիւսիսային Իրաքի բնակչութեան շուրջ 93 առ հարիւրը «այո» կը քուէարկէր:

Վերջին տարիներուն բարձրագոյն մակարդակի շփումներ կատարած Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի, մոռնալով Էրպիլի կառավարութեան այս քայլին դէմ լսելի դարձած տարբեր որակի սպառնալիքները՝ «բարձր ճակատ»ով կը մասնակցէր հանրաքուէին եւ իր «այո»ն ամրագրելով կարեւոր «պատ-գամներ» կ՚ուղարկէր «հարեւան» տէրութիւններուն:

Իր կարգին, Հիւսիսային Իրաքի ապահովական խորհուրդի ղեկավար Մասրուր Պարզանի (Պարզանիի որդին), որ տարի մը առաջ «պայթուցիկ» համարուած յայտարարութեամբ մը «կ՚աւետէր», թէ Իրաք երեք մասերու պիտի բաժնուի, հանրաքուէին կայացած օրը մամլոյ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կը յայտնէր, որ իրենց համար Թուրքիան կարեւոր գործընկեր է եւ իրենք վստահ են, որ Անգարայի հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի: Հակառակ անոր, որ հանրաքուէի կայացման գիշերը տօնական իրավիճակ կը տիրէր Հիւսիսային Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Էրպիլի եւ միւս գլխաւոր քաղաքներուն մէջ (Զախօ, Տըհոք եւ այլ շրջաններ), սակայն յստակ էր նաեւ, որ Էրպիլի ղեկավարութիւնը նպատակ չունէր անկախութեան յայտարարութիւն մը կատարելու կամ հանրաքուէի արդիւնքով «ամրագրուած» անկախութիւնը տօնելու: Այս մօտեցումը լաւագոյն միջոցն էր՝ Էրպիլի հարեւաններու սրած տրամադրութիւնները աւելիով լարելու: Խորքին մէջ, ինչն էր պատճառը, որ Հիւսիսային Իրաքի համար կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող կողմ-հարեւանները այսքան լարուէին հանրաքուէին դէմ: Ու ի՞նչն էր արդեօք, որ Պաղտատ, Անգարա եւ յատկապէս Թեհրան մասնաւորապէս այս հարցին շուրջ նոյն լեզուով խօսին:

 Նախ հասկնալու համար «շրջանային» տէրութեանց ժխտական կեցուածքները պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ քիւրտ ցեղի մարդագրական ընդհանուր պատկերը չի պարփակուիր Էրպիլով: Այսինքն, եթէ «քրդական գործօն»ի իրական սահմանները փորձենք գծել, ապա պարզ պիտի դառնայ, որ այսօր Էրպիլի մէջ իրենց «պատմական երազ»ը ոտքի հանող քիւրտերը կը տարածուին ամբողջ շրջանին մէջ, հասնելով մինչեւ Իրան:

Ու հոս է նաեւ, որ անկախ նաւթի, կազի եւ այլ կենսական հումքերու բաժանման խնդրէն, գոյութիւն ունի հասարակաց մտահոգութիւն համարուող հիմնահարց մը, որուն անունն է «քրդական մեծ երազ»: Այդ նոյն երազը, որ խորքին մէջ մտահոգութիւն է Անգարայի համար, նոյնքան կամ աւելի նուազ չափերով մղձաւանջ է շիի Թեհրանին ու այս օրերուն անոր «հովանոց»ին տակ եղող Պաղտատին համար:

Աւելի հեռուն երթալով պէտք է նաեւ ըսել, որ մինչ Պարզանի իր այս քայլով կը փորձէր «բոլոր քիւրտերու» առաջնորդը դառնալ, ան նաեւ կրողը կրնայ ըլլալ, բոլոր այն շարժումներուն, որոնք քաջալերուելով Էրպիլի օրինակէն, իրենք եւս «գլուխ բարձրացնեն» եւ իրենց հերթին պահանջեն անկախութիւն կամ յոռեգոյն պարագային խօսին յաւելեալ իրաւունքներու եւ ազատութեան մասին:

Գալով Սուրիոյ քիւրտերուն, ապա անոնք բոլորովին այլ հարթութեան եւ «ալիք»ի վրայ են: Ու այստեղ յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնն ալ, որ միջազգային հանրութեան կողմէ մինչեւ հիմա «ընդունելի» կառավարութիւն մը չէ, զգուշաւոր է այս հարցին առումով ու կը նախընտրէ «հետեւող»ի դիրքին մէջ ըլլալ:

Վերադառնալով հանրաքուէէն ետք մարմին ստացող վիճակին՝ ապա պէտք է նշմարել, թէ հակառակ անոր, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը խօսի «զինուորական ծանրագոյն ընտրանքներ»ու կամ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի «բոլոր հաւանականութիւնները բաց են» ընտրանքին մասին, շատ դժուար է տեսնել, որ Հիւսիսային Իրաքի անկախութեան դէմ եղող տէրութիւնները երթան զինուորական կտրուկ քայլերու:

Կրնայ պատահիլ, որ Թուրքիա փակէ Հիւսիսային Իրաքի հետ վերջինիս համար ամենակենսական համարուած Հապուր եւ Հալիլ Իպրահիմ անցքերը, կըր-նայ պատահիլ, որ դարձեալ Անգարա դադրեցնէ իր հողերուն վրայով դէպի արտաքին աշխարհ նաւթի արտահանումը ու վերջապէս կրնայ պատահիլ, որ Էրպիլ պաշտօնական Պաղտատի կոչերուն չընդառաջելուն հետեւանքով Հիւսիսային Իրաք յայտնուի օդային ամպարկոյի տակ, բայց եւ այնպէս զինուորական գործողութեան մը հաւանականութիւնը երեւելի չէ, եթէ կշիռի վրայ դնենք շրջանային ընդհանուր իրադրութիւնը եւ յատկապէս Ուաշինկթըն-Մոսկուա գործադրուած ճիգերը, որոնք կը միտին մարել սուրիական հրդեհը:

Շիի աշխարհին համար տանելի չէ Հիւսիսային Իրաքը տեսնել որպէս պետական նոր խաղացող մը, որովհետեւ ըստ անոնց վարկածներուն՝ պարզանիներու տիրապետութեամբ գոյատեւած եւ այսօր դէպի անկախութիւն «սուրացող» Հիւսիսային Իրաքի հիմնական «տէր»ը Թել Աւիւն է: Ու այս առումով ալ շատ բացայայտ է, որ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի համար շրջանին մէջ «նոր դաշնակից» մը «որսալու» քաղաքականութիւնը սկսած է դառնալ առաջնահերթութիւն:

Թել Աւիւ իր «ոխերիմ» հարեւաններուն հետ լեզու գտնելու համար կարիքն ունի կարեւոր յենարանի մը, որուն ուժականութեան սահմանները կը սկսին Էրպիլի մէջ եւ կը տարածուին ամբողջ տարածքաշրջանէն ներս:

Այսքան խճճուած քաղաքական պատկերի լոյսին տակ յստակ է, որ Էրպիլի դէմ տեղի ունենալիք գործողութիւնները հիմնականին մէջ պիտի կեդրոնանան տնտեսական պատժամիջոցներու վրայ: Ու այդ պարագային է նաեւ, որ երեւան պիտի գայ, թէ Հիւսիսային Իրաք ինչքանով պիտի կարողանայ պաշտպանել իր գոյութիւնը:

Փաստ է, որ յատկապէս տրամաթիք մեծ փոփոխութիւններով յագեցած Իրաքի ընդհանուր վիճակին առընթեր Հիւսիսային Իրաք «ապրեցաւ» տնտեսական փայլուն օրեր: Ու այդ օրերուն էր նաեւ, որ Էրպիլ յաջողեցաւ օտար դրամանիշներու մեծ պահուստ ունեցող «զոն ֆրանշ» մը դառնալ:

Հիմա եկած է մեծ քննութեան պահը: Էրպիլի հանրաքուէին դէմ եղող իւրաքանչիւր կողմ «անձկութեամբ» պիտի հետեւի զարգացումներուն եւ սպասէ, որ տնտեսական պատիժներու ենթարկուած Էրպիլը յանձնուի ու հրաժարի հանրաքուէի կամ անկախութեան գաղափարէն: Անշուշտ այս առումով ալ հարցը բաւական երկար ժամանակի կը կարօտի, անշուշտ եթէ Էրպիլի մօտիկ կողմերն ալ իրենց կարգին «խաղի կանոններ»ը փոխելու համար յատուկ քայլեր չկատարեն:

Ամէն պարագայի կայ ընդհանուր կարծիք մը, որ Հիւսիսային Իրաքի կողմէ յառաջ քաշուած անկախութեան գաղափարը նոր փուլի մը պիտի տանի քիւրտերուն համար անկախ պետութիւն մը ստեղծելու «մեծ երազ»ը, որուն սահմանները կրնան գծուիլ նոյնիսկ արիւնով:

Այլ հարց, թէ այդ արիւնը ինչքանով օգտակար ու դրական հիմքերու վրայ դրուած նոր պետութեան մը ստեղծման կրնայ ծառայել:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017