Մարդուն Շահագործումը Մարդուն Կողմէ
Անշուշտ նոր չէ այս երեւոյթը, որուն մասին դարերու ընթացքին գրած են, պայքարներ մղած, ըմբոստութեան, յեղափոխութեան դիմած են, պատերազմած…
Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար դրօշներ պարզած կազմակերպութիւններ, խմբակներ, անհատներ այսօր բազմացած են, նոյնիսկ միջազգային մակարդակով իբր թէ պայքար կը մղուի: Սակայն ցաւը կը մնայ եւ աւելի կը խորանայ. մարդը կը շահագործուի մարդուն կողմէ: Այժմ նորութիւնն ալ այն է, որ սպասուհիներու առցանց առուծախ կը կատարուի: Ո՞վ կրնայ արգիլել:
Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ն, թէեւ՝ մակերեսային, անդրադարձած է այս հարցի մէկ երեսին:
*
ՍՊԱՍՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԱՌՈՒԾԱԽ
Ներգաղթեալներու աշխատանքը Ծոցի երկիրներուն մէջ երկար ատենէ հարցեր յառաջացուցած է, եւ համակարգը, որ կը կանոնակարգէ ատիկա, այժմ ստեղծած է սեւ շուկայ մը՝ տեղական սպասուհիներու համար, որոնց առուծախը առցանց կարելի դարձած է: Բացայայտուած է, որ Դիմատետրի տասնեակներով խումբեր կը գործածուին շրջանցելու համար տեղական օրէնքներն ու կանոնները:
Դիմատետրի խումբերուն վրայ վերջերս կ՚երեւին այսպիսի հաղորդագիրներ.
«Ես կը փնտռեմ սպասուհի մը, որ այցելուի կամ զբօսաշրջիկի վիզա ունի, որպէսզի աշխատի»:
«Շտապ պէտք է սպասուհի մը, նոյնիսկ՝ ամսական դրութեամբ, ամսուան մը, կամ քանի մը ամսուան համար, մինչեւ ես ճամբորդեմ Դեկտեմբերին»:
«Կը փնտռեմ հնդիկ կամ ֆիլիփփինցի սպասուհի մը՝ երկու ամսուան երեխայ մը խնամելու համար»:
Թէեւ խումբի վարիչները կը զգուշացնեն մասնակիցները օրէնքը խախտել, հաղորդագիրները սեւ շուկային մէջ պատուհան են, որ կը զարգանայ առցանց, եւ որ յանգեցուցած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ հետաքննութեան եւ քրէական հետապնդման:
Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ծոցի բազմաթիւ երկիրներու, ափրիկեան եւ ասիական երկիրներէ աշխատաւորներ կրնան մուտքի արտօնագիր ստանալ երաշխաւորութեամբ մը, որ ծանօթ է իբրեւ «քաֆալա»:
Այս դրութիւնը յաճախ որպէս սպասուհի աշխատող ներգաղթեալները իրենց կեցութեան տեւողութեան ընթացքին զիրենք կը կապէ գործատուներու:
Աշխատանքային դասաւորումներուն մեծ մասը կը կատարուի այս ասպարէզի պաշտօնական գործակալութիւններու միջոցով, սակայն ընկերային ցանցերուն մէջ մշակուած սեւ շուկան թոյլ տուած է գործատուներուն եւ աշխատողներուն՝ շրջանցել համակարգը:
«Գլխաւոր պատճառը, որ ընկերային ցանցով սպասուհի գտնելը շատ գրաւիչ է, այն է, որ գործակալութիւններու միջոցով ընելը շատ սուղ կրնայ ըլլալ», կ՚ըսէ Վանի Սարաշուատի Քաթար տեղակայուած Ներգաղթեալներու իրաւունքներ կազմակերպութենէն: Ան կ՚աւելցնէ. «Համաձայնագիրի ժամանակամիջոցին համար դուք պէտք է վճարէք 2500-5000 տոլար: Եթէ ընկերային ցանցին միջոցով ընէք, ոչ մէկ գումար կը վճարէք»:
Սպասուհիները նոյնպէս կրնան օգտուիլ: Սէուտցի իրաւապաշտպան գործիչ մը ըսաւ, որ սպասուհիները կրնան կրկնապատկել իրենց եկամուտը, եթէ ապօրինի միջոցով առցանց աշխատանք գտնեն: Սեւ շուկայի գործատուներ գործակալութեան սուղ գիներէն խուսափելով՝ կրնան իրենց աշխատաւորներուն աւելի վճարել:
«Դժբախտաբար ընկերային ցանցը աշխատող ընտանիքներուն համար աւելի դժուարացուց օրինական միջոցով օգնութիւն ստանալու կարելիութիւնը», ըսաւ Նաուալ Հաուսաուի: «Ես նախապէս սպասուհիներ վարձեցի օրինական միջոցներով: Անգամ մը, որ աշխատաւոր մը օրինական ձեւով երկիր կը մտնէ, կրկնակի պիտի շահի, եթէ համաձայնագիրը խախտէ եւ ընկերային ցանցը գործածէ այլ ընտանիք մը գտնելու համար», աւելցուց Նաուալ Հաուսաուի:
Դիմատետրի տասնեակներով առցանց խումբեր կան՝ հազարաւոր անդամներով, որոնք Ծոցի երկիրներուն մէջ կիները հաղորդակցութեան մէջ կը դնեն սպասուհի փնտռողներուն հետ, թէեւ ոչ բոլորը կը դիւրացնեն ապօրինի աշխատանքը:
Քաֆալա դրութիւնը սուր քննադատութեան ենթարկուած է սպասուհիները գռեհիկ մարդոց կապելու եւ այլ գայթակղութեանց պատճառով: Մարդկային իրաւունքներ պաշտպանող խմբակներ կ՚ըսեն, որ համակարգը աշխատաւորները գրեթէ անպաշտպան կը ձգէ գէշ վերաբերումի դէմ:
Ծոցի երկիրները կը խոստանան աշխատաւորներու օրէնքներու բարեփոխումներ: Օգոստոսին՝ Քաթար որդեգրեց նոր օրէնք մը՝ աշխատաւորներուն տալով նոր իրաւունքներ, ներառեալ՝ շաբաթը ազատ օր մը եւ տարեկան վճարուած արձակուրդ:
Մարդկային իրաւունքի պաշտպաններ կ՚ըսեն, որ աւելի մեծ մարտահրաւէրը այս նոր ուղեցոյցներուն գործադրութիւնն է՝ թերութիւնները սրբագրելով եւ յաւելեալ պայմաններ աւելցնելով, որպէսզի համապատասխան ըլլայ միջազգային չափանիշներուն:
Սպասուհի մը ըսաւ, որ տեղւոյն աշխատաւորները յաճախ կը փախչին եւ ապօրինի աշխատանք կը փնտռեն՝ աշխատավարձի ուշացումին, մարմնական եւ զգացական շահագործման եւ աշխատանքային վատ պայմաններու պատճառով:
Եւ սպասուհիները լաւատեղեակ են, որ շուկան դիւրացած է ընկերային ցանցին միջոցով:
Այժմ, երբ մէկուն ըսէք՝ «Ես աշխատանք կը փնտռեմ օրինական կամ ապօրինի կերպով», այդ մարդը կը տեղադրէ հեռաձայնի ձեր թիւը այս էջերուն մէջ», ըսաւ կին մը, որ խնդրեց անանուն մնալ, որպէսզի չվտանգէ իր աշխատանքը: «Ահաւասիկ այսպէս է, որ կրնաք աշխատիլ ընկերային ցանցին միջոցով… Բայց ատիկա ապօրինի է»:
Սէուտական Արաբիոյ աշխատանքի նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Խալետ Ապա Ալխէյլ կ՚ըսէ, որ երկիրը տեղեակ է խնդիրէն եւ դատական հետա-պընդումի պիտի ենթարկէ, պիտի պատժէ այն անձերը, որոնք գործնականին մէջ կ՚աշխատին ընկերային ցանցերու միջոցով սպասուհիներ գտնող ապօրինի գործակալութիւններ օգտագործելով: Ան կ՚ըսէ, որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին աշխատանքի նախարարութիւնը ուսումնասիրած է ընկերային լրատուութեան միջոցներու վրայ 90 ծանուցում, որոնց կը մասնակցին խումբ մը անձեր:
Հնդիկ մարդու մը տեսահոլովակով խնդրանքը կըր-կին հրահրած է քննարկումներ՝ Ծոցի երկիրներուն մէջ աշխատող ներգաղթեալներու աշխատանքային պայմաններուն վերաբերեալ, թէեւ հարցին փաստերուն շուրջը սուր բանավէճ կայ:
Ապտուլ Սաթար Մաքանտար Մումպայի մէջ աշխատանքի գրասենեակի մը միջոցով վարձուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ բեռնատարներ վարելու համար: Սակայն այժմ, երկու տարի ետք, ան կ՚ըսէ, որ իրեն արձակուրդ չեն տար այցելելու Հնդկաստանի իր տունը եւ կը պնդէ, թէ ընկերութիւնը միշտ չէ, որ ժամանակին վճարած է իր աշխատավարձը:
Ընկերութիւնը կը հերքէ այդ մեղադրանքները, եւ խնդիրը կրնար գործատուի եւ աշխատողի միջեւ աննկատ վէճ մը մնալ, եթէ Մաքանտար չհրապարակէր յուզական տեսանիւթ մը, որ ան ուղարկած է մարդկային իրաւանց հնդիկ պաշտպան Քուին Սիվաստաուայի:
Գործիչը Մաքանտրայի արցունքոտ աչքերով օգնութեան խնդրանքի տեսահոլովակը Դիմատետրի մէջ հրապարակելէ ետք աւելի քան միլիոն անգամ դիտուեցաւ:
Սէուտական օրէնքով՝ օտարերկրեայ աշխատաւորները չեն կնար հեռանալ երկրէն՝ առանց իրենց գործատուներու արտօնութեան, Ծոցի համակարգի տարր մը, որ կը սահմանափակէ օտարերկրեայ աշխատաւորներու իրաւունքները:
Վերջին քանի մը դէպքերը, որոնց շարքին՝ ձեռքը անդամահատուած սպասուհիի մը պատմութիւնը, հրահրեց բանավէճը Ծոցի մէջ աշխատող ներգաղթեալներու աշխատանքային պայմաններուն մասին:
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի փոխ-տնօրէն Ճէյմս Լինչ կ՚ըսէ, որ բազմաթիւ աշխատաւորներ կը վախնան խօսելէ:
«Մենք հետեւողականօրէն կը տեսնենք աշխատող ներգաղթեալներ, որոնք կը վախնան խօսելէ գործատուներու կողմէ բռնութիւններու մասին, ինչպէս՝ մերժել ելքի արտօնութիւն տալ, չվճարել աշխատավարձը կամ դադրեցնել կեցութեան արտօնութիւնը», ըսաւ Լինչ:
Մաքանտարի հարցին պարագային, անոր գործատէրը, Ալ Սրուր ընկերութիւնը, բացարձակապէս կը ժխտէ անոր պատմութիւնը: Ընկերութիւնը կ՚ըսէ, որ ան իրաւունք ունի երկու տարուան աշխատանքի աւարտէն ետք արձակուրդ ստանալու, եւ որ՝ ան տակաւին վեց շաբաթ պէտք է աշխատի, որպէսզի ստանայ այդ իրաւունքը: Ընկերութիւնը նոյնպէս կը պնդէ, որ ինք ժամանակին վճարած է եւ նոյնիսկ նուէր տուած է Մաքանտարի, եւ որ՝ ան ուզած ատենը կրնայ հրաժարական տալ: Ընկերութիւնը պատասխանած է՝ հրապարակելով նկարները այլ աշխատաւորներու, որոնք գրութիւններ պարզած են՝ դրուատելով ընկերութիւնը:
Մաքանտար Ալ Սրուր ընկերութեան մէջ աշխատանք գտած է Հնդկաստանի «Տիսքոմպ Կալֆ թրաւըլզ» գործակալութեան միջոցով: Գործակալութեան գործադիր տնօրէնը ըսաւ, որ Մաքանտարի երջանիկ չըլլալուն մասին իրենք անտեղեակ էին, մինչեւ տեսահոլովակին առցանց հրապարակումը: Ան ըսաւ, որ վարորդը օգնութեան համար նախ պէտք էր հաղորդակցէր իրենց հետ: Բայց աւելցուց, որ գործակալութիւնը դրամատնային հաստատագիրներ ունի, որ Մաքանտարը ժամանակին վճարուած է: Մաքանտարը արձակուած է աշխատանքէ, եւ տեսահոլովակը պատճառ դարձած է, որ ան նոյնիսկ բանտարկուի: Ըստ սէուտական օրէնքին, արգիլուած է լրատու միջոցներուն սխալ փաստեր տրամադրել: Իրաւապաշտպան Սիրուաստաուա հեռացուց տեսահոլովակը ընկերային ցանցերէն եւ ներում խնդրեց, երբ Ալ Սրուր ընկերութիւնը սպառնաց օրինական միջոցներու դիմել: Բայց ան կը շարունակէ ընկերային ցանցին մէջ հրապարակումներ ընել հարցին մասին՝ յուսալով, որ Մաքանտարին կ՚արտօնեն հեռանալ Սէուտական Արաբիայէն:
Սէուտական Արաբիոյ մէջ Հնդկաստանի դեսպանատունը կը մերժէ մեկնաբանել:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան