ՍՓԻՒՌՔԻ ԴՊՐՈՑ, ԾՆՈՂՔ, ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ, ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ

Խառնիխուռն, բայց՝ էական եւ յստակ:

Սփիւռքի հայ ղեկավարութիւնները պէտք է հայեցի կրթութեան համապարփակ ծրագիր մը մշակեն, մշակած ըլլային, ընդհանուր ռազմավարութիւն մը՝ նկատի առնելով ծնողներու գործնապաշտական ակնկալութիւնները, դպրոց վարողներու ըմբռնումի եւ միջոցներու բարդ խնդիրները, շրջապատի պետական կրթական հրամայականները, որոնց վրայ եկած է գումարուելու համաշխարհայնացման ընդհանրական եւ անշրջանցելի ճնշումը:

Նկատի ունենալով, որ սփիւռքի հայեցի նկարագրի կերտման եւ պաշտպանութեան տեսանկիւնէ հիմնական նշանակութիւն ունի հայ դպրոցը, որպէսզի ենթահող ունենանք հայրենադարձութեան, (…) տեղական յաջողութեան, հայկական նպատակի իրագործման, անոր տնտեսապէս ապահովութեան, համաշխարհայնացման ահեղացման ընթացքին մէջ:

Այս մէկ եւ մեծ խնդիր է, անոր պէտք չէ մօտենալ թաղային եւ սիրողական սովորական վարչարարութեամբ, աւանդական դարձած հանգամանաւորներու ժողովներով, այլ՝ ունենալով ընդհանուր տեսիլք մը, որ ընդգրկէ ներկան, մօտաւոր գալիքը եւ մանաւանդ՝ ազգի տոկալու եւ տեւելու ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ դպրոցի տեղն ու դերը: Դպրոց եւ կրթութիւն մասնագիտական աշխատանք են, մեր յատուկ պարագային՝ նաեւ հեռանկարային գոյապահպանման պատուանդան:

Շէնք ունենալ չի նշանակեր դպրոց ունենալ: Դպրոցը կ՚ենթադրէ կրթական ծրագիր: Սփիւռքի դպրոցը ունի իր պարտադիր ծրագիրը, որ մշակուած է մեր կայք հաստատած երկրի կրթական նախարարութեան եւ համապատասխան կառոյցներուն կողմէ: Այս ծրագիրն է նաեւ հայ դպրոցին, զոր ան պարտաւոր է գործադրել: Ընկերային անշրջանցելի պահանջը աշակերտին, ապագայի քաղաքացիին կեանքի մէջ յաջողութիւնը:

Դժուարութիւնը կը սկսի, երբ այդ պարտադիր ծրագրի կողքին, զուգահեռ, հայ դպրոց կը ստեղծուի յստակ կերպով այլ նպատակի համար: Այդ նպատակի թուլացումը կամ անտեսումը հայ դպրոցի ձախողութիւնն է: Հայ դպրոցի ուսուցման մէջ պիտի գոյակցին զոյգ ծրագիրները: Եթէ պարտադիր ծրագրին համար կը փնտռուին պատրաստուած եւ մասնագէտ ուսուցիչներ, որոնց որակին կը հսկէ պետութիւնը, որուն ճիշդ գործադրութիւնը կը չափուի պետական քննութիւններու արդիւնքով, ինչպէ՞ս հայ դպրոցի նպատակին որակի հսկողութիւնը ընել եւ արդիւնաւէտութիւնը չափել։

Հայ դպրոցի աշակերտը կեանքի մէջ յաջողելու համար պետական ծրագրի կողքին ուսուցուող հայկական ծրագրին կարիք չունի: Հոս կը դրուի յատուկ մանկավարժութեան մը կիրարկման հարցը, որ հայ աշակերտին կողմէ նոյնքան կարեւորութեամբ ըմբռնուի եւ ընդունուի հայ դպրոցի ստեղծման նպատակին հետեւող մանկավարժութիւնը, որ պէտք է ներառէ նաեւ ընտանիքը: Այսինքն հայեցի կրթութեան յաջողութեան համար տունը պիտի ըլլայ դպրոցին օգնական: Ինչպէ՞ս: Այս կը ծրագրուի եւ կը կազմակերպուի:

Գիտենք, որ սփիւռքի հայ դպրոցի պարագային, դասաժամերը սեղմուած են, բախտաւոր պարագային՝ օրական մէկ դասապահ: Շաբաթական հինգ կամ վեց դասապահերու մէջ պէտք սեղմուին լեզուի ճշդութեամբ ուսուցումը, պատմութիւնը, երբեմն ալ կրօնը: Այս ուսուցումը չի յաջողիր, եթէ հայերէնը չուսուցուի եւ չընկալուի որպէս կեանքի կենդանի լեզու: Ուսուցուող շրջապատի կեանքի կենդանի լեզուով կը թափանցուի աշակերտը դպրոցը, տունը, փողոցը, հեռատեսիլէն, խաղի ընթացքին, որ կը լրացնէ եւ շնչառութիւն կու տայ դպրոցին մէջ ուսուցուած լեզուին:

Հայերէնը զրկուած է այդ հնարաւորութիւններէն, առաւել եւս, երբ տան եւ շրջապատի լեզուն հայերէն չէ:

Այս հայ դպրոցի պատասխանատուներուն, հայերէնի ուսուցիչներուն եւ ընդհանրապէս հայերէն ալ չուսուցանող հայ ուսուցիչներուն առջեւ դրուած հիմնահարց է, յատուկ չէ այս կամ այն հայ դպրոցին, այս կամ այն երկրի հայ դպրոցին: Եթէ նպատակ են հայերէնի ուսուցումը եւ հայեցի կրթութիւնը, հաւաքական, ներդաշնակ եւ համապարփակ ծրագիր պէտք է մշակել, անոր գործադրութեան համար չվարանիլ նիւթական յատկացումներ ընել եւ դիմել կարող եւ ատակ մարդուժի: Աւանդական խնայասիրութենէ հրաժարելով:

Այս աշխատանքը չ՚ենթադրեր միայն հայերէն գիտնալ, այլ՝ հայերէնի տիրապետել, տիրապետել մանկավարժական մեթոտներու, զանոնք պատշաճեցնել հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի կրթութեան:

Կրկնութիւն պիտի ըլլայ յիշեցնել, որ անցեալին թուաբանութիւնը (ոմանք պէտք է յիշեն Պ. Ատրունիի թուաբանութեան գիրքը) հայերէն կ՚ուսուցուէր, իրագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, արուեստ, մարզական խաղեր հայերէն կ՚ուսուցուէին, հայ աշակերտը կ՚իւրացնէր անոնց եզրերը: Հետաքրքրական պիտի ըլլար եզրերու ցանկ մը կազմել եւ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մօտ անոնցմով հարցախոյզ մը ընել: Օրինակ՝ հարցնել, թէ ի՞նչ կը նշանակեն քանորդ, հատանող, զուգահեռական, հասարակաց, հորիզոնական, համաստեղութիւն, անօթ, փայծաղ, սունկ, թմբի, ներբան, թրթուռ, մրրիկ® եւ այլն: Այդ բառերը չկան իրենց բառապաշարին մէջ, անոնց արաբերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին կամ սպաներէնին ծանօթ են:

Հիմա ո՛չ աշխարհագրութիւն, ո՛չ իրագիտութիւն (բառն անգամ մոռցուած է), գիտութիւն, թուաբանութիւն, արուեստ, մարմնամարզութիւն հայերէնով չեն ուսուցուիր: Եզրակացութիւնը կ՚ըլլայ այն, որ հայերէնը հայ աշակերտին համար կը դադրի կեանքի լեզու ըլլալէ: Այս բոլոր հարցերուն լուծման համար հաւաքական ճիգ պէտք է ընել, պատրաստել յատուկ ուսուցման էջեր, զանոնք ներառել հայերէնի արդիական դասագիրքի մը մէջ, հայերէն գրական եւ այլ էջերու կողքին, որպէսզի հայերէնը ըլլայ կեանքի լեզու: Ի՞նչ բան կ՚արգիլէ, օրինակ, որ Ամերիկայի հայ վարժարանի աշակերտներու մարզական խաղերը ըլլան® հայերէնով:

Իսկ իտէալական կ՚ըլլայ, որ անգլերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի ուսուցիչները ըլլան հայ եւ հայերէն գիտցողներ, որպէսզի նաեւ իրենք, օտար բառի կողքին, յիշեցնեն հայերէնը:

Գիտական, գրական, իմաստասիրական եզրերը պէտք է ներառել հայերէնի ուսուցման մէջ, ի հարկին՝ նոր էջեր խմբագրելով:

Գէթ ծնողները վարժեցնելու համար, որպէսզի անոնք դպրոցին օգնական ըլլան, երբեմն գործածական բառերու ցանկ մը ղրկել անոնց: Թերթերն ալ կրնան սիւնակ մը բանալ նոյն նպատակով, որպէսզի օմըլեթ եւ պիրա չըսեն, ըսեն՝ ձուածեղ եւ գարեջուր: Երբ աշխարհ չէր գիտեր, թէ ի՛նչ է գարեջուրը, հայերը գարեջուր կը պատրաստէին, այդ մասին կը վկայէ մեր թուագրութենէն հինգ դար առաջ ապրած յոյն պատմիչ Քսենոֆոն:

Կանգնած ենք ուսուցման եւ մանկավարժական լուրջ խնդրի առջեւ, հայերէնը որպէս կենդանի, հաղորդակցական, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ ստեղծագործական լեզու կարելի ըլլայ սորվեցնել:

Այս սիրողական աշխատանք չէ: Պէտք է կեանքի կոչել պատուագին ստացող բանիմաց մարդոց խումբ մը, որ նուիրուի այս աշխատանքին, որ չըլլայ շաբաթավերջի զբօսանք-զբաղում:

Եթէ հայերէնը չընկալուի որպէս կեանքի լեզու, կը մեռնի:

Խնայողութիւն չընել: Չգոհանալ սիրողական աշխատանքով:

Միշտ յիշելով, որ վաղը միշտ ուշ է:

Ըսինք եւ կը կրկնենք, որ 2022-ը «Սփիւռքի տարի» է:

2023 պիտի հասնինք ի՞նչ հաշուեկշիռով:

Համաշխարհայնացումը թափով կ՚ընթանայ, եւ համաշխարհայնացման լեզուով կը թափանցուին աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, հոլովոյթ, որուն հասնումի կէտը ինքնութիւններու կորուստն է:

Անցած դարու մեծերէն Ափրիկէի հերոս առաջնորդ Նելսըն Մանտելա ըսած է. «Եթէ անձի մը խօսիք լեզուով մը, որ ան կը հասկնայ, կը խօսիք իր գլխուն: Եթէ անոր խօսիք իր լեզուով, կը խօսիք իր սրտին»:

Մենք պէտք է ընենք այնպէս, եւ ոչ ոք այդ պիտի ընէ մեր փոխարէն, որ հայերէնը ըլլայ սրտի լեզու, հետեւաբար՝ ազգային հարազատութեան վերականգնումի լեզու: Այս ազնիւ եւ ազնուական քաղաքականութիւն է:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Էրեբունի» կայքէջ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2022