«ԺԱՄԱՆԱԿ»Ը ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆՁՐԱԽԱՒ ՓՈՇԻԷՆ ՎԵՐ…
Պատմութիւնը միայն չի՛ կերտուիր սխրագործութիւններով, յաղթանակներով եւ ձեռքբերումներով, ո՛չ ալ պատմագիրներու նկարագրականով ու բնութագիրներով կ՚անմահանայ։ Այդ պատմութեան շունչ տուող անժանգ արժէքներ կան, որոնք շնչատու գործօններ են եւ դարերու վրայ դրասանգուած տրոփիւններ։ Տրոփիւն, որ մռայլ եւ դժխեմ օրերուն իսկ կը շարունակէ բաբախել՝ իր գոյութենական արժեհամակարգը պահպանելու եւ յարատեւելու համար։ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը 110 տարի շարունակ տրոփեց հայ իրականութեան կեանքէն ներս եւ դարձաւ հայ մշակոյթի սրտի մասնիկներէն մին։ Իր ստեղծագործութեան թափը երբեք չդադրեցուց, շարունակեց փարիլ իր ազգանուէր առաքելութեան եւ նոյնանալ պոլսահայերու մաքառումներուն, դժուարութեանց եւ վերիվայրումներուն հետ։
1908 Հոկտեմբեր 28-ին էր, երբ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներու նախաձեռնութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի սկիզբը դրուեցաւ։ Դաժան գրաքըն-նութեան պայմաններուն մէջ իսկ բազում դժուարութիւններէ անցնելով՝ հիմնադիրները, ամէն օր, բծախնդրութեամբ լոյս ընծայեցին իրենց ձեռնասունը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը՝ նոր ակօսներ բանալով հայ մտքի ու հոգիի դաշտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ կեանք, ոգի, շարժում, արիւն ներարկելով եկեղեցական, ազգայնական ու մշակութային բնագաւառներէն ներս։ Գօչունեան ընտանիքը, իր խմբագրական կազմով, գրողներով եւ աշխատակիցներով գիտակցեցան իրենց ազգային կոչումին եւ դերակատարութեան, դարձան ներշնչող եւ ճառագայթող փարոսներ՝ հայ ազգին տալով վերապրելու կամքին տառապալից բայց լուսավառ ճանապարհը։
Հայոց պատմութեան հետ առընչութիւն ունեցող իւրաքանչիւր խորիմաստ արարք, իր խոհական թէ ստեղծարար արտայայտութիւններով՝ բացառապէս կը սահմանէ ազգային մեր արժեչափերուն իսկութիւնն ու անգնահատելի դերակատարութիւնը։ Այս առումով, ի տես հնչեղութեան ազգային իւրայատուկ տօներու, որոնք հպարտութեան եւ ազգային առանձնայատկութեանց բիւրեղ չափանիշներ կը պարփակեն, հազարամեայ իրենց գոյութեամբ՝ դարերու ընդմէջէն իմաստաւորած են հայ ժողովուրդի աշխարհընկալումներն ու կենսահայեացքները, իրենց գրաւչութիւնն ու տիրական իմաստը շօշափելի դարձնելով իրերայաջորդ սերունդներու մօտ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ճանապարհը հարթողները իրենց թերթը զուր տեղ ԺԱՄԱՆԱԿ չկոչեցին, այլ հաւատացին թերթի վսեմագոյն առաքելութեանը եւ ժամանակէն վեր գոյաւորուող անդրանցնական արժէքներուն։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ո՛չ միայն հայ անունը ժառանգեց, այլեւ՝ ճաճանչող լո՛յսը դարձաւ հայ մշակոյթին ու գիրին՝ զայն դարձնելով իր ընթերցողներու կեանքի աւիշն ու կենսանիւթը։
Հերոսի մը խիզախումներուն տուն տուող ապրումը, բանաստեղծի մը ստեղծագործ երկունքը, ժողովուրդի մը յոյզերն ու ապրումներու դարմանը ոգին ինքն է։ Սակայն ոգին իր ամբողջական իմաստը կը զգենու՝ երբ զայն լեզուով կ՚ապրեցնենք ու կը մարմնաւորենք։ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի անմահանուն հիմնադիրները հայ լեզուն իբրեւ գրագիտութեան կամ ապրուստի աղբիւր չդիտարկեցին, այլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միջոցաւ ցոյց տուին, որ հայ լեզուն հայ ժողովուրդի ներքին «դաշտանկարին» արտաքնացած համապատկերն է, արիւնը ալեկոծող շարժումն է, հոգին զուարթացնող ձայնն է եւ սիրտը աշխուժացնող գոյնն է։ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը այս բծախնդրութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու ոգիով առաջնորդուեցաւ եւ իր ուղղութիւնը երբեք չփոխեց։ Հայօրէն եւ մեսրոպաբար գործեց։ Նորարարութեանց հետ քայլ պահեց եւ զանոնք ներմուծեց իր մէջ, սակայն երբեք չօտարացաւ եւ չաղաւաղեց իր դիմագիծն ու էութիւնը՝ ներհայկական ուժականութեան տալով իւրովի ըմբռնում եւ գիտակցութիւն։
Սփիւռքի անհող ու անլաստ հայութեան համար «ժամանակ»ը դարձաւ ու է՛ մեծ դպրոց։ Դպրոց, ուր մեծ բանաստեղծներու եւ գրողներու մտքերը մարմին զգեցան եւ տողանցեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմադրոշմ էջերուն մէջ։ «Վերազարթօնքի» սերունդի ձայները այս էջերուն մէջ ոգի առին եւ դարձան մշտաբարբառ յուշարար։ Այդ հեռաւոր ձայները, անցնող հոգիներուն անանց մեղեդիները, աղաղակները միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ո՛վ լսելի կը դառնան։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր պայծառ լոյսով կը պատռէ դարերուն թանձր խաւարը, կը բերէ հին կեանքին չհինցող գեղեցկութիւնները՝ մեզ հաղորդակցութեան մէջ պահելով մեր ժողովուրդի ապրումներուն, երազներուն եւ ձգտումներուն հետ։ Հոգիէ հոգի, սրտէ սիրտ, ժամանակէ ժամանակ կամուրջն է ան եւ այդ անժամանցելի կամուրջին վրայ իր բերած ոգեղէն դը-րութիւններով կը կատարէ իր միւս պաշտօնը՝ հոգիներու կառուցումը։
Այո՛, ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի կերտիչները ցոյց տուին հայ ինքնութեան եւ մշակութային հարստութեան ուղին։ Հայրենասիրութեան, ըմբոստացումի, ազատութեան, քրիստոնէական հաւատքին թէ հայկական առանձնայատկութիւններուն կառչելու եւ պատգամին ականջալուր մնալու խորհուրդը փոխանցեցին՝ հաւատալով ազգային մէկութեան գաղափարականին եւ անժամանցելիութեան։ Անոնք չվարանեցան լոյսին բերելու այն մեծագոյն արժէքները՝ հայու ազատասիրութիւնն ու անկախ ապրելու կամքը, ինքնուրոյն լեզուով եւ մշակոյթով գոյատեւելու հրաշքը, որոնցմով յատկանշուեցան գալիք սերունդները։
Մերօրեայ հաւաքականութիւնները բարոյալքող եւ ուծացման առաջնորդող արդի կեանքի ազդակները բազմերանգ են ու բազմաբնոյթ։ Փոքր ժողովուրդներ պարտաւորուած են ազգային ինքնութեան պահպանման ի խնդիր՝ միջոցառումներ ձեռնարկելու եւ «գոյամարտեր» մղելու։ Այսօր, նման անհաւասար առճակատում պարտադրուած է մեր ժողովուրդին, մանաւանդ անոր սփիւռքահայ թեւին։ Անհայրենիք ըլլալու բարոյահոգեբանական բարդոյթներու տարափը կը հալածէ բոլորս։ Աշխարհաքաղաքացի կերպարին հետ նորահաս սերունդներու համակերպումը՝ օրըստօրէ կը կլանէ հոգիները։ Մայրենի լեզուին հանդէպ ցուցաբերուած մակերեսային վերաբերմունքը կը նսեմացնէ ինքնութեան եւ ճանաչումի ամէն աշխատանք։ Հաւաքական կեանքի թէ համախումբ ապրելակերպի նօսրացումը՝ ազգային արժէքներէ հեռու կը պահէ շրջապատ մը ամբողջ։ Կրկնութիւններու բնորոշումը զանց առնելով՝ բոլորիս պարտաւորութիւնն է վերադարձ հայեացքով մը կենդանացնել հայ մամուլի քուրայէն անցած իւրաքանչիւր գրողի, խմբագրի կերպարը, զգալու անոնց ներուժն ու դիմակայելու տոկուն դիմագիծը, սերտելու անոնց պարփակած կամքին ու տեսլականին վեհութիւնը, ազգ կերտելու խոհուն ու անգնահատելի վարքագիծը եւ հայրենիքի հանդէպ ծառայութեան ու զոհողութեան բացառիկ գիտակցութիւնը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքը 110 տարի շարունակ ցոյց տուաւ իմացական կարողութիւններու եւ դիմադրողականութեան պատուաբեր բարձունք մը։ Այսօր այդ ծանր, բայց քաղցր լուծը կը շալկեն թերթի տնօրէն՝ Նատիա Գօչունեանն ու թերթի խմբագիր՝ Արա Գօչունեանը։ Մեղուաջան ընտանիք մը, որ մեղուի նման անխոնջ ու անդուլ կ՚աշխատի, կը համախմբէ եւ կ՚արարէ՝ հայ գիրի փեթակը մշտածոր պահելով։ Մեղուն ծաղիկներէն փոշի հաւաքելով՝ մեղր կը շինէ, որպէսզի մարդիկ այդ քաղցրահամ բալասան-մեղրը մշտապէս ճաշակեն։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հայ գրողներու մտքի ստեղծագործութիւնները իր փեթակին մէջ ի մի խմբելով՝ ամէն օր հայ լեզուի ու գիրի մեղրը կը հրամցնէ իր հաւատարիմ ընթերցողներուն։ Հայ գիրի անարատ մեղրը մեր անտարբերութեամբ, օտարամոլութեամբ եւ օտարաբաղձութեամբ չաղարտենք։ Փորձենք մեր ներուժն ու պայծառ մտածողութիւնը վերակենդանացնել՝ մերօրեայ մտահոգութիւններուն լուծում գտնելու պատրաստակամութեամբ եւ խոչընդոտներու վերացման գիտակից քայլով մը։
Հայ իրականութեան մէջ բազմաթիւ քամիներ փչած են ու պիտի փչեն՝ երբեմն փորձելով խորտակել սփիւռքեան մեր մեծ նաւը։ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը նաւակ մըն է, որ բազմաթիւ ալեբախութեանց եւ դժուարութեանց հանդիպելով հանդերձ՝ կը շարունակէ թիավարել, հայ լեզուի, հայ գիրի եւ հայ մշակոյթի շեփորահարը եւ «անլռելի զանգակատունը» դառնալով։
ԺԱՄԱՆԱԿ, դուն արդէն իսկ ժամանակի հասկացութիւնը նուաճած ես եւ ժամանակի հոսունութեան մէջ խճաքար թողած։ Պատմութիւնը չի՛ կրնար քեզ մոռնալ, որովհետեւ վաղո՜ւց պատմութեան թանձրախաւ փոշիէն վեր բարձրացած ես եւ այդ բարձրութեան վրայ պիտի մնաս…։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ