ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՎԱՅՐԵՐ

Տիեզերքի ամենայայտնի մոլորակներէն կը համարուի մեր երկիրը, որ ծածկուած է բազմաթիւ գեղեցկութիւններով։ Առատ աշխարհագրական յատկութիւններ կը սահմանափակէ ան։ Երբեմն նոյնիսկ կարելի չ՚ըլլար արտայայտուիլ իր գեղեցկութիւններու մասին։ Աշխարհը կը պարունակէ զանազան հարստութիւններ, որոնք յառաջացած են միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր եղափոխութեամբ, հրաբուխային դէպքերով, ինկած երկնաքարերու պատճառով։ Կրկին կ՚ուզենք ծանօթացնել հետաքրքրական վայրերը մեր ընթերցողներուն։

ՍԱՀՐԱՅԻ ԱՉՔ - ՄՈՐԻԹԱՆԻԱ

«Սահրայի աչք»ը կը գտնուի Սահարայի անապատի վրայ ու կը համարուի ամենագեղեցիկ երկրաբանական հրաշքներէն մին։ Խոշոր աչքի մը նման է այս դաշտը, որ ունի 50 քմ. տրամաչափ։ Գիտնականները ժամանակին յայտնած էի, թէ այս հողաշերտը յառաջած է երկնաքարերու իյնալուն պատճառով։ Սակայն ներկայիս գիտնականները հրաժարած են հին տեսութենէն ու կը պարզաբանեն, որ «Սահարայի աչք»ը արդիւնք է հողմահարումներու։

ՄՈՆԹԻՉԵԼԼՕ ԱՄԲԱՐՏԱԿ - ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

«Մոնթիչելլօ» ամբարտակը հիմնադրուած է 1953-1957 թուականներու միջեւ, ան կը  գտնուի Գալիֆորնիայի Նապա շրջանին մէջ։ Պեթոնէ շինուած ամբարտակը ունի 93 մեթր բարձրութիւն եւ 312 մեթր լայնք։ «Մոնթիչելլօ» կը տարբերի ուրիշ ջրամբարներէ, որովհետեւ ան կը պարունակէ երկրորդ ջրամբար մը, ուր կը հաւաքուին յորդած ջուրերը փոխանակ պարապի վազելու։ Ջրամբարը ունի 22 մեթր տրամաչափ ու կրնայ մէկ երկվայրկեանի մէջ պարպել  1372 խորանարդ մեթր ջուր։

ՈՒԷՅՎ ՌՈՔ - ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

«Ուէյվ ռոք» ստեղծուած է բնական պատճառներով։ Մեծ կոհակի մը ձեւը ունի այս խոշոր ժայռը։ Ան ունի շուրջ 15 մեթր բարձրութիւն եւ աւելի քան 100 մեթր լայնութիւն։ Յորդառատ անձրեւները պատճառ եղած են «Ուէյվ ռոք»ի ստեղծման։ Անցեալին մարդիկ կը հաւատային, թէ այս ժայռը ստեղծուած է ապորճիններու առասպելական դէմք «RAINBOW SERPENT»ի կողմէ։

ՍՈՆ ՏՈՆԿ ՔԱՐԱՅՐԸ - ՎԻԵԹՆԱՄ

«Սոն տոնկ» քարայրը առաջին անգամ նշմարուած է 1991 թուականին։ Անտառաբնակի մը կողմէ գտնուած այս քարայրը։ Սակայն տեղաբնակները երկար ատեն հեռու կեցած են այս քարայրէն, որովհետեւ անոր ներքնամասէն կը լսէին մեծ աղմուկ։ Սակայն 2009 թուականին երբ գիտնականներ հետազօտեցին քարարյրը, յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ ան աշխարհի ամենամեծ քարայրն է։ «Սոն տոնկ» այնքան խոշոր է, որ ունի իրեն յատուկ անձրեւային անտառ մը, մեծ գետ մը, փոքր լեռներ եւ անհամար անասնատեսակներ։ Այս փոքր աշխարհը ունի իւրայակուկ էքօհամակարգ եւ կլիմայ։ Հակառակ այս տուեալներուն, սոյն քարայարը ներկայիս լրիւ հետազօտուած չէ… Ան տակաւին կը մնայ առեղծուածային ու իր մէջ կը թաքցնէ բազում գաղտնիքներ…

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՍԵՆԹԻՆԵԼ ԿՂԶԻՆ

Այս կղզին ունի միայն 200-250 բնակիչ։ Անոնք երբեք չեն ծանօթացած արդիական աշխարհի նորութիւններուն։ Կղզեբնակները շփում չունին արտաքին աշխարհին հետ ու նոյնիսկ յարձակողական կեցուածք ունին մասնագէտներու դէմ, որոնք ուղղաթիռով կամ շոգենաւով կ՚ուզեն կղմի մօտենալ։ Անոնք անծանօթները կը քարկոծեն ու կը յարձակին անոնց վրայ։ Կղզեբնակները կը կոչուին սենթինելցիներ։ Հնդկաստանի կառավարութիւնը կղզիին վրայ արգիլած է հետազօտական աշխատանքները, որպէսզի չաւերուին անոր բնական գեղեցկութիւնները։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2017