ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ. «ԻՄ ԵՐԱԶՍ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԵՐՏԵԼ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԹԵՔՈՒՄՈՎ ԴՊՐՈՑ ՄԸ»

Ամերիկահայ մտաւորական, տքթ. Յակոբ Այնթապլեանի կարծիքը շօշափեցինք հայ իրականութեան հրատապ օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ՝ լեզուի պահպանութենէն սկսեալ, մինչեւ Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւնները։

*

-Ձեր հրապարակումներէն վերահասու դարձած ենք, որ ձեզի համար գլխաւոր մտահոգոթիւն է արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման խնդիրը։ Ինչպէս նաեւ հայոց աշխարհաբարի այդ ճիւղը Հայաստանի մէջ ընդունիլ տալն ու տարածումը։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով եւ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:

-Հիմնականօրէն Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ լեզուի մասին օրէնքը կ՚ըսէ,- Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է: Գրական հայերէն կը նշանակէ գրաբարը եւ աշխարհաբարը իր երկու ճիւղերով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն։ Ուրեմն Հայաստանի բնակչութիւնն ու կառավարութիւնը համահաւասար պէտք է գործածեն թէ՛ արեւելահայերէնը եւ թէ՛ արեւմտահայերէնը: Ներկայիս Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը արեւելահայեր են եւ արեւելահայ լեզուն կը գործածուի։ Միաժամանակ, դպրոցներուն մէջ, պէտք է արեւմտահայերէն լեզուն դասաւանդուի եւ արեւմտահայերէնը պետականօրէն եւ պաշտօնականօրէն ընդունուի: Պէտք չէ պարտադրել, երբ արեւմտահայ մը Հայաստան գայ եւ պաշտօնական դիմում մը ընէ, արեւելահայերէնի վերածէ զայն եւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ շարադրէ իր նամակը։ Այս սխալ է, որովհետեւ երկփեղկում եւ խտրականութիւն կը ստեղծէ ժողովուրդին մէջ: Իմ նպատակս է, դասական ուղղագրութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ, որովհետեւ հայերէն լեզուի ծագումը գրաբարն է: 1850-ական թուականներուն Պոլսոյ մէջ եղաւ աշխարհաբար արեւմտահայերէնի հաստատումը, իսկ Թիֆլիզի եւ Սեն Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի մէջ կերտուեացաւ արեւելահայերէնը, բայց երկուքն ալ դասական ուղղագրութիւն գործածեցին մինչեւ 1922 թուականը։ Երբ պոլշեւիկեան համակարգը տարածուեցաւ ու Լենինի վարդապետութիւնը առաջ տարուեցաւ, մէջտեղ դրուեցաւ ըմբռնում, որ կ՚ըսէր, թէ փոքրամասնութիւնները պէտք է իւրացուին մեծամասնութեան մէջ եւ իրենց մշակոյթն ու լեզուն պէտք է «հալեցնեն» միւս ամբողջին մէջ։ Խօսքը նաեւ լատինատառով գրելու մասին էր, որ սակայն բարեբախտաբար Հայաստանի չյաջողեցաւ։ Լուսաւորութեան նախարարը՝ Մակինցեան, որ համայնավար էր եւ բարեկամ Մանուկ Աբեղեանին, կը մտածէր, որ իբրեւ թէ ժողովուրդի զարգացման համար, պէտք էր դիւրացնել ուղղագրութիւնը, եւ այդ պատճառով ալ հրամանագիրով մը հաստատեց աբեղեանական ուղղագրութիւնը: Օտար հայագէտներ, որոնք հիացած էին հայերէնի կազմաւորմամբ, բառակերտմամբ, քերականութեամբ, բարդ բառերու ձեւաւորմամբ, անհասկնալի գտան ասիկա, որովհետեւ լեզուն արմատէն շեղեցաւ: 1999-ին Սփիւռք-Հայաստան համաժողովին, համոզում կար, որ Հայաստանի մէջ կը վերահաստատուի դասական ուղղագրութիւնը: Բայց այն ժամանակուայ ակադեմականները զօրեղ էին, մասնաւոր նամակ մըն ալ հրապարակեցին, ըսելով, որ լեզուն որեւէ հարց չունի եւ սփիւռքահայերը մոլորուած են, ուստի այդ ծրագիրը Սփիւռք-Հայաստանի ժողովի օրակարգէն հանուեցաւ: 2000 թուականէն մինչեւ օրս որեւէ քայլ չէ առնուած Հայաստանի մէջ, որ այս երկուութեան հարցը լուծուի:

Եթէ մենք մէկ ազգ ենք, ունինք մէկ հայրենիք, անկախ հանրապետութիւն, պէտք է ունենանք մէկ լեզու եւ մէկ ուղղագրութիւն: Մեր լեզուի երկու ճիւղերը պէտք է միաձուլւին, որպէսզի ազգային միասնութեան հիմք դառնայ: Ժամանակն է, որ Հայաստանի պետութիւնը որոշում ընդունի, կերտելու համար՝ մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ լեզու, մէկ ուղղագրութիւն: Անշուշտ այդ միաձուլման մէջ կարեւոր դեր ունին կատարելիք մեր երկու կողմի հայագէտները։ Ժողովուրդը թող շարունակէ նոյն լեզուով «ապրիլ» ու եթէ փոփոխութեան հիմքերը ճիշդ նետուին, ապա պիտի նկատենք, որ ընդամէնը 15 տարուայ մէջ, երբ դպրոցական աշակերտները արդէն համալսարանական տարիքի հասնին, օրէնք կը հաստատուի, որ բոլոր ժողովուրդը պիտի գործածէ այդ մէկ հայերէնը եւ մէկ ուղղագրութիւնը: Ազգային միասնութիւնը կը հիմնուի լեզուի վրայ: Երբ նոյն բառապաշարը ունինք, նոյն ուղղագրութիւնը ունինք, նոյն հոլովները ունինք, արդէն ազգային միասնութիւն կ՚ըլլայ:

-Տարիներու ընթացքին, յատկապէս Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, ի՞նչ գործունէութիւն կատարած էք լեզուի միասնութեան կապակցութեամբ։

-Լեզուի միասնութեան գաղափարներ ունեցողներէն մէկը՝ փրոֆ. Լեւոն Խաչերեան, որ բեղուն ուսումնասիրութիւններ ունի՝ լեզուաբանութեան, գրականութեան եւ մատենագրութեան մասին, 2004-2005-ին գիրք մը գրած էր հայերէն լեզուի միասնութեան մասին, որուն մեկենասը ես եղայ եւ հրատարակեցի այդ գիրքը: Հայաստանի մէջ, ուզեցի այդ գրքի շնորհանդէսը ընել, բայց ամէն կողմէ հակառակեցան եւ ըսին կարելի չէ նման գրքի մը շնորհանդէսը իրականացնել։ Այն ատեն լռեցի, բայց շարունակեցի գործընթացը, կապեր ստեղծեցի Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական կեդրոններու, Երեւանի Պետական համալսարանի վարիչներուն հետ, երբ այս նիւթը արծարծէի, կ՚ըսէին տակաւին ժամանակը չէ, աւելի կարեւոր հարցեր կան: Ու զարմանքս այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնուելէն ի վեր 31 տարի անցաւ, սակայն տակաւին այս խնդիրը արժանի լուծում մը չստացաւ:

Այսօրուայ պատկերը յուսադրիչ չէ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ սերունդ մը, որ հայերէնագէտ էր արդէն ու գրեթէ «ծերացաւ», նոր սերունդին մէջ ալ հայախօսներուն թիւը անկում կրեց, իսկ Հայաստանի մէջ ալ այնպիսի դրութիւն մը ստեղծուած է, որ պետութիւնը տէր չի կանգնիր հայերէն լեզուին: Միակ շրջանը, երբ մեր գործունէութիւնը արդիւնաւէտ սկսած էր դառնալ, այդ շրջանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ժամանակն էր, երբ ան կը փորձէր համոզել նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որպէսզի Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը սկսի տարածուիլ եւ դասական ուղղագրութեան տեղ տրուի:

Բայց երբ Փաշինեանի նոր վարչակարգը մէջտեղ եկաւ, անոնք ըսին, թէ լեզուի հարցի մասին չենք ուզեր խօսիլ յառաջիկայ 3-4 տարուայ ընթացքին: Բացի այդ՝ կառավարական գլխաւոր ժողովներուն մէջ կը գործածեն այնպիսի բառամթերք, որ հայերէն չէ, այլ հայերէնը խեղաթիւրող է, եւ անոնք օտարաբանութեան քարոզիչներ են: Փաշինեանի ելոյթներուն գործածած օտար բառերուն ցանկը եւ այդ օտար բառերուն համապատասխան հայերէն բառերը քանի անգամ ուղարկած եմ անձամբ իրեն, սակայն արձագանգ չեմ եղած:

Խօսելով այսօր օգտագործուած լեզուին մասին, հարկ կը համարեմ նշել, որ Համայնավարութեան ժամանակ Հայաստանի մէջ տպագրուած բառարաններուն բառերը մէկ-մէկ հաշուած եմ եւ նայած անոնց ծագումին։ Օրինակի համար՝ Աղայեանի բառարանին մէջ մօտաւորապէս 12000 անհարկի օտար բառ կայ, անհարկի, այսինքն ունինք համապատասխան հայերէն բառը, բայց կը գործածուի օտար բառը: Փրոֆ. Բարսեղեանի ուղղագրական-եզրաբանական բառարանին մէջ՝ 29600 անհարկի օտար բառ կայ: Մեսրոպ Մաշտոցի շրջանին ալ կային օտար բառեր, բայց երբ այդ օրերու մեր նուիրեալները Աստուածաշունչը թարգմանեցին, հայացուցին նաեւ այդ օտար բառերը: Եկեղեցական բառերուն մեծամասնութիւնը յունական ծագում ունէր. օրինակ՝ եկեղեցի, եպիսկոպոս, կաթողիկոս. այս բառերը հայացուած էին եւ մտան Հրաչեայ Աճառեանի Արմատական բառարանին մէջ: Համայնավարութեան եւ ներկայ վարչակարգի ժամանակ սոսկալիօրէն օտար բառեր սկսած են գործածութեան դրուիլ։ Հայաստանի մէջ ստորադասութեան հոգեբանութիւն մը կայ, որովհետեւ մեր մշակոյթին, հայ գեղարուեստին, գրականութեան, լեզուի կարողութեան եւ բառապաշարին խորապէս ծանօթ չեն:

Փրոֆ. Արտեմ Սարգիսեանի հետ միասին, երկուքուկէս տարի տրամադրեցինք, Ստեփան Մալխասեանցի եւ Աղայեանի բառարաններուն մէջէն վերացուցինք օտար բառերը՝ մօտաւորապէս 19000 բառ եւ անոնց տեղը նորակերպ բառեր տեղաւորեցինք: Մօտաւորապէս 120000 բառերով եւ դասական ուղղագրութեամբ բառարան կազմեցինք: Այդ բառարանը Հայաստան համակարգիչին մէջ պիտի անցնի եւ վեց ամիս պիտի դրուի համացանցի մէջ, որպէսզի ժողովուրդը իր կարծիքը տայ, նկատողութիւններ կամ բարեփոխումներ եթէ ունի ընէ, ապա պիտի տպագրուի: Անշուշտ նախ կրթութեան նախարարութեան հետ պիտի խօսինք, եթէ նախաձեռնութիւնը իրենք ստանձնեն, ես անձնապէս պատրաստ եմ տպագրութեան ծախսերուն մեծ մասը յանձն առնել։

-Տքթ. Այնթապլեան, արդիական աշխարհի մէջ այսօր մեր երիտասարդութիւնը իր ժամանակը կ՚անցընէ համացանցի վրայ: Արդեօք որեւէ ձեւով ծրագիր մը ունի՞ք, որ արեւմտահայերէնը սիրելի ու մատչելի դարձնէ:

-Ես աշխատեցայ ստեղծել բանասիրութեան կեդրոններուն հետ հայագիտութեան կեդրոն մը, որուն նպատակը ըլլար վերահաստատել դասական ուղղագրութիւնը Հայաստանի մէջ եւ արեւմտահայերէնին ուժ տալ, բայց չեղաւ, որովհետեւ ահագին գումար պահանջուեցաւ: Երկուքուկէս տարի առաջ մտածեցի աւելի լաւ է ընթացք տալ եւ հիմնադրել արեւմտահայերէն թեքում ունեցող դպրոց մը Երեւանի մէջ: Այդ դպրոցին մէջ կրթական պետական ծրագրի կողքին, աշակերտութիւնը միաժամանակ պիտի սորվի արեւմտահայերէն լեզու, գրականութիւն, սփիւռքի պատմութիւն ու նաեւ գրաբար: Սակայն նախարարութիւնը հակառակեցաւ: Երկուքուկէս տարի աշխատեցանք, որոշ դժուարութիւններէ ետք, վերջապէս երեք ամիս առաջ Երեւանի աւագանին քուէարկեց, որ Աւանի թիւ 87 դպրոցը մեր անունով կոչուի: Դպրոցը միջնակարգ է, ունի 850 աշակերտ, ունի շէնք մը, որուն նորոգութեան ծախսերը մենք յանձն առինք, եթէ աւարտին նորոգութիւնները, դպրոցը կրնայ 1250 աշակերտ ընդունիլ: Նպատակը այն է, որ Հայաստան ներգաղթած աշակերտութիւնը ներգրաւուի մեր դպրոցին մէջ եւ այնտեղ արեւմտահայերէնը աշխուժանայ եւ տարածուի: Դպրոցին մէջ նաեւ արտադասարանային դասընթացքներ պիտի ըլլան, պիտի ուսուցանուի բացի հայերէնէն եւ ռուսերէնէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն, հաւանաբար, ընտրութիւն տանք նաեւ պարսկերէնի եւ չինարէնի կամ արաբերէնի, որպէսզի ամէն ընթացաւարտ աշակերտ նուազագոյնը չորս լեզու իմանայ։ Մասնաւոր դասընթացքներ պիտի ըլլան նաեւ քաղաքագիտութան եւ դիւանագիտութեան առընթեր։

-Ե՞րբ կը նախատեսէք դպրոցի պաշտօնական բացումը:

-Այս տարի պիտի սկսինք: Բայց պաշտօնական բացումը կը նախընտրեմ շէնքի նորոգութենէն վերջ: Այն ատեն պետական պատասխանատու, ազդեցիկ մարդիկ, մտաւորականութիւն կը հրաւիրենք եւ մեր ծրագիրը կը ներկայացնենք, եթէ կ՚ուզեն աջակցիլ որեւէ կերպով: Կը կարծեմ վեց ամիս կը տեւէ նորոգութիւնը, հաւանաբար գալ մայիսին կամ յունիսին տեղի կ՚ունենայ բացումը: Դպրոցին անունը պիտի ըլլայ Յակոբ եւ Լուտուվիկա Այնթապլեան 87-րդ միջնակարգ դպրոց: Ասիկա տարիներու իմ երազս է։

-Ինչքանո՞վ կը կարեւորէք հայ դպրոցին դերը։

-Ազգի մը հիմքը, որպէս կռան ընտանիքն է, դպրոցը ու եկեղեցին: Ազգ մը ձեւաւորելու համար, այս երեքը պէտք է համակերպուած ըլլան: Աշակերտը եթէ ազգայնութեան վրայ հիմնուի, երբ կ՚աւարտէ դպրոցը, ազգային տեսակ կը դառնայ եւ մաս կը կազմէ մտաւորականութեան: Եւ եթէ մտաւորականը իր կարողութիւնները ազգին ու հայրենիքին տրամադրէ, այդ ազգն ու երկիրը անկործանելի կը դառնան: Իմ նպատակն է, որ դպրոցին մէջ խղճամիտ, օրէնքը յարգող, ազգային ուղղութիւն ունեցող, ազգային գաղափարականով դիւանագէտներ պատրաստուին։

-Հայաստանը այսօր ընկճուած վիճակ մը ունի։ Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ է դեղատոմսը, ինչպէ՞ս պիտի փրկուինք այս մեծ վէրքէն եւ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Կովկասի ընդհանուր վիճակը:

-Կովկասի վիճակը հայերուն ի նպաստ կ՚ըլլայ, եթէ վարչապետ ընտրուիլ ուզողները խղճամիտօրէն նստին մէկ ժամ եւ Հայաստանի պատմութիւնը կարդան, նախքան Ցեղասպանութենէն՝ Համիտեան շրջանէն սկսեալ մինչեւ ներկայ շրջանը: Հայաստանը ընդունուած է միջազգայնօրէն՝ որպէս անկախ հանրապետութիւն 1920 փետրուարին: Ազգերու խորհուրդը Հայաստանի քարտէսով ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ կոչեց Միացեալ Հայաստան, ուր հողային կերպով կար ներկայ Հայաստանը, Նախիջեւանը, Լեռնային ու Դաշտաին Ղարաբաղը, Ախալքալաքը, Ախալցխայի կէսը, եւ այլն, գրեթէ 100.000 քառակուսի քիլօմեթր: Սակայն երբ 1991-ին, Հայաստանի անկախութիւնը հռչակուեցաւ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր սահմանները կեդրոնացուց Սովետական Հայաստանի շրջանի սահմաններուն վրայ, 29.000 քառակուսի քիլօմեթր: 1918-ին երբ Ատրպէյճանը իր անկախութիւնը հռչակեց, ի՞նչ էին իր սահմանները, այսօր անոր մասին չեն խօսիր, միայն այդ սահմաններուն մէջ են իր օրինական հողերը: Ի՞նչ էր պատճառը որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հայոց հողերէն հրաժարեցաւ, մինչեւ հիմա չէ ըսած: Անկէ ետք ալ ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեանը կամ Ռոպերթ Քոչարեանը չեն պահանջած: Ասոնք ազգային մեծ թերութիւններ են: Հայաստանի իշխանաւորները յաճախ կ՚ըսեն, թէ ժողովրդավար են, բայց գաղտնի համաձայնութեան կու գան, թուղթեր կը ստորագրեն, պայմանագիրներ կը պատրաստեն: Ժողովուրդը տգիտութեան մէջ պահուած է, սակայն ունի ազգային ոգի եւ կը շարունակէ իր որոնումները։

Փաշինեան յաճախ կը պոռար, ըսելով՝ «Առանց ժողովուրդի համաձայնութեան որեւէ բան չեմ ստորագեր Ղարաբաղի վերաբերեալ»: Խաբեց սփիւռքը, խաբեց Հայաստանի ժողովուրդը, խաբեց պետական աւագանին ու համակարգը, խաբեց օտար երկիրներու Մինսքեան խմբակը: 5000 երիտասարդ ինչո՛ւ պիտի զոհուէին, այրի ու որբ ինչո՛ւ պիտի ըլլար: Ինչո՛ւ հայ հաշմանդամներ պիտի ըլլային:

Եթէ այս 5 հոգին ժողովրդական ատեանի առջեւ դատուին եւ արժանի պատիժը ստանան, երկիրը կը մաքրագործուի: Ժողովուրդը պէտք է արթննայ եւ տէրը դառնայ երկրին: Մինչեւ որ ժողովուրդը իր իրաւունքը պաշտպանելու համար որոշում չկատարէ, այս գողերը կը շարունակեն գողնալ:

Նայելով Ատրպէյճանին, Վրաստանին եւ Պարսկաստանին հայերը ամենէն խելացի ժողովուրդն են, ուրեմն ինչո՞ւ հայերը ամենէն փոքր հողը ունին եւ ամենէն աղքատն են: Երեք պատճառով,- մեծ գողերը չեն պատժուիր, ազգասիրութիւնը իրականութեան մէջ խորունկ արմատներ չունի, իրենց ուղեղը ազգային շահերու համար չեն գործածեր: Եթէ մենք մեր ուղեղը գործածէինք ազգային նպատակներու համար, միւս չորս-հինգ երկիրները մեզի կ՚ենթարկուէին, Հայաստան կը դառնար դրամատնային կեդրոն, բժշկական կեդրոն, արհեստագիտական կեդրոն եւ մտային յղացումներու արդիւնաբերական կեդրոն: Բայց ասոր համար պէտք է համախմբում, եթէ ատիկա չիրականացուի, այս բուռ մը հողը խաղալիք կը դառնայ օտարներուն:

-Վերջին խօսք մը, ի՞նչ կ՚ուզէք աւելցնել մեր զրոյցին։

-Կ՚ուզեմ ձեր ընթերցողներու ուշադրութիւնը հրաւիրել երկու նիւթերու վրայ։

Առաջինը՝ լատինատառ գրառումներուն, որոնք կը կատարուին համացանցի վրայ եւ յատկապէս դիմատետրին մէջ: Լատինատառ գրառումը կը նշանակէ խեղաթիւրում հայերէն լեզուին: Անոնք կ՚արհամարհեն հայոց տառերը, կը մոռնան ուղղագրութիւնը, հնչիւնաբանութիւնը կ՚աղաւաղուի, հայերէն լեզուն կը քայքայուի, նաեւ ազգային ապահովութեան հարց է: Հայաստանէն դուրս հասկնալի է, որ շատեր թերեւս չգիտնան հայերէն, բայց Հայաստանի քաղաքացին ինչո՛ւ լատինատառ հայերէն գործածէ: Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը ինչո՛ւ կը թոյլատրէ լատինատառ հայերէնով գրառումներ: Պէտք է պետական օրէնք ըլլայ, որ արգիլէ լատինատառ հայերէնով գրառումները, եւ նիւթական տուգանք սահմանուի: Մէկ տարուայ մէջ լատինատառ գործածող չի մնար: Հայերէնի բառապաշարը կը բարելաւուի, հայերէն ուղղագրութիւնը կը բարեկարգուի, եւ երկրին մէջ կը սկսին հաղորդակցիլ մաքուր հայերէն տառերով:

Երկրորդ՝ հայերէն բառերու գործածութիւնն ալ պէտք է օրէնք ըլլայ, որեւէ պետական այր՝ ըլլայ կառավարական կառոյցի անդամ կամ փողոցը՝ ոստիկան, գնդապետ, եւ այլն, եթէ օտար բառ գործածէ՝ տուգանուի: Նոյնիսկ խորհրդարանին մէջ արգիլել օտար բառեր գործածելը, եթէ չեն գիտեր, կը կազմուի հայագէտներու յանձնախումբ մը, որ կը յուշէ իւրաքանչիւր օտար կամ օտարամուտ բառի համապատասխան հայերէն բառը: Նաեւ հեռատեսիլային ոլորտին մէջ պէտք է տուգանքներ սահմանել։ Ի վերջոյ ժողովուրդը մաքուր հայերէն բառապաշար լսելով ինքն ալ կը սորվի: Այս կերպով լեզուն կը մաքրագործուի եւ այդ հիմք է ազգային միասնութեան եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ զարգացման։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2021