ԶՐՈՅՑ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Սփիւռքահայ խումբ մը երիտասարդներ կը համախմբուին հայրենիքի մէջ: Տարիներէ ի վեր անոնք ընտանիքներով կու գան ու հայրենիքի մէջ կ՚անցընեն իրենց ամառնային արձակուրդները: Այսպէս հասակ առած են անոնք, այսպէս եղած է տարիներու վարժութիւնը անոնց, որ մտերմութեամբ մը համակած է բոլորը, եւ մղած զանոնք փնտռելու այս պահերը ու միասին հինէն ու նորէն զրուցելու:

Ուսանողներ են անոնք, մեծամասնութեամբ՝ ամերիկաբնակ, աջէն ձախէն կը զրուցեն, գարեջուրի բաժակներն ալ կու գան մասնակցիլ անոնց այս ջերմիկ մտերմութեան, իւրաքանչիւրին դէմքը հրճուանք ու հաճոյք կը սփռէ, թեւածող կարօտները կու գան հանգչիլ հաճելի զրոյցներուն առընթեր, ու կեանքի փորձեր, ուսման վազվզուք...:

Կը հաղորդակցին անգլերէնախառն հայերէնով, բոլորը նոյն միջավայրի հոգերը, տագնապները, հաճոյքները ունին, ու օտարներու հետ իրենց ամէնօրեայ հաղորդակցութիւնը, որ կեանքի պայման ալ է հոն ապրող իւրաքանչիւրին համար եւ երբեք խոչընդոտներ չի յառաջացներ հասուն ու գիտակից երիտասարդներուն ուղիին:

Ու ահա զրոյցին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ալեքսիան, որ կը բնակի ընտանիքէն երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող համալսարանի մը մօտիկ տան մը մէջ, որ վարձած է մի քանի ընկերներու հետ.

-Գիտէ՞ք տղաք, ես անցեալ ամիսներուն ընթացքին համակրեցայ շատ ներկայանալի LAցի տղու մը հետ, նոյն համալսարանը կը յաճախենք. իրարու հետ միշտ կը հաղորդակցէինք, մեր ազատ ժամերը միասին կ՚անցընէինք, շատ մօտ էր մեր կապը, շատ հանգիստ ու հաճելի անձնաւորութիւն մըն էր ան, եթէ անունը ըսեմ, թերեւս ճանչնաք, բայց չեմ ուզեր ըսել:

-Ո՞վ է, Markը՞,- կը միջամտէ անհամբեր Թովմասը:

-Շատ մի պրպտեր, չեմ ըսեր: Մեր մտերմութեան սկզբնական շրջանին շատ լաւ էր մեր կապը, բայց հետզհետէ հեռացանք: Վերջին ամսուան ընթացքին երբ զայն տեսնէի, որոնում մը կը սկսէր աճիլ մէջս, ի՞նչ էր, ինչո՞ւ էր, չեմ կրնար անուն մը տալ այդ որոնումին, որ քայլ առ քայլ հեռացուց մեզ. բայց հիմա, երբ Սագոյին հետ կը յարաբերիմ, այդ ապրումը չկայ մէջս, ընդհակառակը՝ մագնիսականութիւն մը կը յառաջանայ մեր միջեւ ու կը կանչէ մեզ իրարու:

-Հատէ men, աս ի՞նչ հայկականութիւն է,- կը ծիծաղի Կրէկրին:

-Դուն մտիկ մի ըներ Կրէկրին: Ես իմ հետս պատահածը պատմեմ, թերեւս հասկնաս ու անուն մը կարենաս տալ այդ որոնումիդ,- կը շարունակէ Տէյվիտ,- անցեալ ձմրան ընթացքին, երբ օր մը համալսարանէն ինքնաշարժով տուն կը վերադառնայի, յոգնած ու անքուն ըլլալուս, ղեկին նստած, աչքերս փակուած են անզգալաբար. ինքնաշարժը մայթեզրի ձողին հարուածեր ու հարուածին զօրութենէն դարձեր ու անիւները վեր մնացեր են, ես բան չեմ յիշեր, քանի ուշաթափած էի...: Հիւանդանոցէն երբ տուն հասայ, մատներուս ահաւոր ցաւը պահ մը ինծի մտածել տուաւ, որ ալ պիտի չկարենամ կիթառ նուագել, հոգս չէր այդ վայրկեանին դասը, ինքնաշարժը. ամէն ինչ մէկդի դրած առի կիթառս ու նուագելու փորձ մը ըրի, որ վստահ ըլլամ մատներուս շարժումէն, ու գիտէ՞ք ինչ նուագեցի առանց անդրադառնալու... «Տէր Ողորմեա»ն: Ես հայերէն բան մը նուագած չէի մինչեւ այդ օրը, ինչպէ՞ս այդ հարուածները մէջտեղ եկան, չեմ գիտեր: Հիմա միշտ կը նուագեմ հայկական երաժշտական կտորներ:

-Տե՛ս դո՜ւն,- ձեռքերուն զարմացածի շարժում տալով կ՚ըսէ Ժագ:

-Հա, հա, դուն այդպէս ծաղրէ, Ժագ, մի՛ հաւատար,- շարունակեց Սէրլին,- ես ալ պատմեմ հետեւեալը: Կը սիրեմ գծել, ինչպէս գիտէք, գծագրութիւններս սկսած են սիրել ուրիշները եւս, ու յաճախ կ՚առաջարկեն որ ցուցահանդէսներու մասնակցիմ, գծագրութիւններս վաճառքի դնեմ: Է, ինչո՞ւ ոչ, գոնէ շահի ճամբայ մըն ալ բացած կ՚ըլլամ, մտածեցի ու համաձայնեցայ առաջարկի մը: Ազատ վայրկեաններս իսկ օգտագործելով, մի քանի գծագրութիւն գծեցի, խառն բաներ էին անոնք, տարբեր ներաշխարհներ պատկերող, բացի մէկէն, որ շուարած, վրձինը ձեռքս սկսայ հարուածել ճերմակութիւնը, տարբեր անկիւններէ անհամաչափ հարուած-ներ շարեցի, բանի մը չէր նմաներ սկիզբը, իսկ վայրկեաններ ետք նկատեցի, որ կը յստականայ տուտուկի մը պատկերը. որքա՜ն մեծ հաճոյքով շարունակեցի, մինչեւ որ շատ գեղեցիկ գծագրութիւն մը մէջտեղ եկաւ: Չվաճառեցի այդ մէկը, կախած եմ ննջասենեակիս երեւելի մէկ անկիւնը:

-Գիտէ՞ք ինչ կը զգամ, կարծես հայերէնի դասապահի մը ներկայ եմ այսօր, հիմա կ՚ըսես Տիգրան թագաւորը գծեցիր, Արշակը Անյուշ բերդին մէջ անձնասպան եղած վիճակով գծեցիր...,- ծիծաղելով կը մասնակցի Ալեքը:

Կէս կատակ, կէս լուրջ կը շարունակուի երիտասարդներուն այս հաճելի զրոյցը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017