HOT POT
-Աս ի՞նչ է:
Կեղծ ժպիտը դէմքին ու հարցումները մտքին մէջ տողանձում մը կը գոյացնեն Փաթիլին ի տես սեղանին: Փաթիլ, որ նորապսակ հայրենադարձ մըն է եւ ամուսինին հետ ահա ներկայ է ընթրիքի հրաւէրի մը: Ընթրիքը ամուսինին հնդիկ գործընկերոջ տան մէջ է, իսկ պատրաստողը հնդիկին չինացի կինն է. ունին հնգամեայ դստրիկ մը՝ չինացիին զօրեղ ծինին արտադրութիւնը, մօրը կրկնապատկերը: Մինչ հաղորդակցութեան լեզո՞ւն, վստահ որ անգլերէնը պիտի ըլլայ՝ քիչ մը չինական, քիչ մը հնդկական, քիչ մըն ալ հայկական առոգանութեամբ:
Սեղանը եւրոպական յարդարումով, պարզ ու գեղեցիկ է առաջին հայեացքով: Աթոռներուն դիմացը, պնակներուն յատակը ծաղկազարդ խսիրէ հիւսուածքով քառանկիւնները կը յագենան գեղեցիկ պնակներով, գաւաթներով, դգալ-պատառաքաղով, չէ՛, ի՛նչ դգալ-պատառաքաղ, զոյգ մը փայտեայ ցպիկ է թաշկինակին մէջ փաթթուած:
«Չէ՛, աս հնդիկը լրիւ չինացի մը եղեր է», կը շշնջայ ինքնիրեն Փաթիլ ու կը սկսի մը-տածել, թէ ինչպէ՛ս պիտի յաջողի այդ ցպիկներով ճաշ ուտել, չինական ճաշարաններու յաճախումով ալ չէ կարողացած ընտելանալ անոնց հետ: Այո, ճա՛շ, քանի սեղանին ճիշդ մէջտեղը մեծ կաթսայ մը բազմած է, մինչեւ բերան լեցուած կարմիր, իւղոտ թացանով ու մէջը գոյն-գոյն լողացող տեսակաւոր բանջարեղէն ու միս կ՚երեւին՝ «Աս ջրիկ ճաշը՝ ցպիկո՞վ..., երանի տունը բաներ մը ուտէի նախքան գալս, առտուընէ տան գործերով զբաղած, ուտելու ժամանակ իսկ չունէի, հիմա պարապ ստամոքսիս կանչերը ինչպէ՞ս լռեցնեմ», կը խորհի Փաթիլ ինքնիրեն:
-Is this the famous HOT POT that you had told me about?,- կը սկսի ամուսինը լեցուած պնակին պատառները փորձել համտեսելով ու չինական մշակոյթին հռչակաւոր այս կերակրատեսակին համին ծանօթանալ փափաքելով:
-Oh, sure, it is. I hope you’ll enjoy it,- կը պատասխանէ հիւրընկալ հնդիկը ցպիկներով բերանը տեղադրուած պատառները ծամել սկսելով:
Փաթիլ կը փորձէ պատառ մը բերանը հասցնել ցպիկին օգնութեամբ, սակայն ո՛ր կողմէն ալ փորձէ, չի յաջողիր, չինացին կը նկատէ տառապող Փաթիլը ու իսկոյն խոհանոցէն պատառաքաղ մը բերելով կը հանգըս-տացնէ զայն, ներողութիւն ալ կը խնդրէ, որ նախապէս չէ տեղաւորած պատառաքաղը սեղանին վրայ:
Առաջին պատառը պատառաքաղին օգնութեամբ կը հասնի բերանը Փաթիլին: Լեզուն կ՚այրի, ճաշին տաքութենէն չէ սակայն որ այրումը կը գոյանայ, քանի իւղոտ թացանին մէջը լողացողներն են միայն ուտուողները, սանձարձակ կծու ըլլալն է, որ այրուցք կը պատճառէ, արդէն ճաշին անունը կը մատնէ այդ հանգամանքը: Տաւարի միսի գունդը սակայն ստիպուած կը ծամծմէ Փաթիլ ու որքան որ կարելի է այդ փոքր գունդին հետ կը զբաղեցնէ ինքզինք չերկրորդելու համար, իսկ կծուն կը դարմանէ գինիի կաթիլներով: Մինչ չինացին ու հնդիկը ցպիկներով անընդհատ կտոր-կտոր կը լեցնեն ու կուլ կու տան մէյ մը տաւարի, մէյ մը խոզի, մէյ մը ծովային տեսակ մը կենդանիի միսը, երբեմն ալ կը զարդարեն իրենց պնակները մանր ու մեծ կորեկի կտորներով ու որքա՜ն ախորժակով կ՚ուտեն, վստահաբար կարօտցած ըլլալու են այս չինական աւանդական ճաշատեսակը...:
Չինացին յանկարծ խաշուած բրինձի պնակ մը կը բերէ ու կը տեղաւորէ սեղանին վրայ յարմար տեղ մը. Փաթիլ կը ժպտի, վերջապէս ուտելու արժանի բան մը գտած ըլլալուն: Մանկիկը կծու ճաշը չուտելուն համար պատրաստուած է բրինձը, ի՛նչ փոյթ, Փաթիլ ալ կ՚ընկերանայ մանկիկին: Միսին գունդին կողքին բրինձի հատիները կը լեցուին ու կամաց-կամաց կը սպառին:
Ամուսինը կծու սիրելուն պատճառով հաճոյքով կը համտեսէ ճաշը ու կը մասնակցի աս չինական արարողութեան: Մինչ Փաթիլ իւրաքանչիւր բրինձի հատիկը ծամելուն հետ ճաշ մը կը մտաբերէ, ինչե՜ր կ՚անցնին միտքէն, հիմա եթէ պնակ մը սասունցիներու տոհմաճաշ՝ ճիտապուր ըլլար կամ այնթապցիներուն մածունով քէօֆթէէն պնակ մը սանկ տաք, կլոր քէօֆթէներով, անանուխով զարդարուած, կամ քիլիսցիներուն իչը ըլլար առատ կանաչեղէնով, ուրֆացիներուն պորանին նոյնիսկ, որ ամէն տարի Հալէպի դրացուհին՝ Տիկ. Գոհարը, անպայման պնակ մը կը բերէր Ս. Յարութեան ճրագալոյսին, տիգրանակերտցնիներուն ղաւուրման հապա, որ իր տիգրանակերտցի մօրը համար անփոխարինելի էր, ու անպատճառ Կաղանդի գիշերը կը տեղաւորուէր սեղանին ճիշդ մէջտեղը... ու իւրաքանչիւր բրինձի հատիկ բացակայ, կարօտալի համ մը կը բերէ Փաթիլի քիմքին:
-It’s spicy. Isn’t it?,- թաշկինակով իրենց քիթն ու բերանը սրբելով կը հարցնեն ամուսինները:
-Oh, ye,- կը պատասխանէ ամուսինը կըծ-ւին արտայայտութիւնը դէմքին կարմրութենէն հոսելով:
Մանկիկը կը սկսի իր ծրարէն անուշեղէն բերել ու հրամցնել հիւրերուն, ծնողքին վկայութեամբ ան այսպէս կ՚ընէ միայն իրեն համար սիրելի հիւրերուն. կը բարեկամանայ ան Փաթիլին, ծաղկամանէն նոյնիսկ ծաղիկ մը կը բերէ ու կը նուիրէ, ապա մանկապարտէզէն իր լսած հայերէն հնչիւնները անզգալաբար կը սպրդին բերնէն, Փաթիլ նկատելով հայերէն հնչիւն մը կը զրուցէ ձագուկին հետ, որ իրեն համար ամենասիրելի խաղալիքները՝ փոքր կենդանիները, բերած կը զբաղի Փաթիլին հետ: Փաթիլ մէկիկ-մէկիկ անոնց անունները հայերէնով կրկնել կու տայ մանկիկին, որ արդէն իսկ՝ շունը, կատուն, իշուկն ու մուկը հայերէն կ՚արտաբերէ: Ապա Փաթիլին սրտանց՝ «Ապրե՛ս» մը ըսելով կը հաւաքէ կենդանիներն ու ներս կը տանի:
Մինչ այդ Փաթիլին ամուսինը կշտացած կը զրուցէ հիւրընկալներուն հետ ու զանոնք ծնունդին իրենց տունը կը հրաւիրէ, նայուածքը Փաթիլին ուղղելով:
Փաթիլ սիրալիր ժպիտով մը կ՚ընդունի ամուսինին նայուածքը ու մտովի կը սկսի ծրագրել պատրաստուելիք ճաշացանկը՝ «Եկէք ու համտեսեցէք մեր ճաշերը, կծու պղպեղը ձեզի համար առատ-առատ պիտի տեղաւորեմ կանաչեղէնի պնակին», կը խորհի ինքնիրեն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ