ԵՐԿՉՈՏՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ռոթերտամ, Հոլանտա, հոկտեմբեր 2023։

Առիթը ունեցած եմ յաճախակի կերպով գտնուիլ Ռոթերտամ։ Հոլանտան՝ որպէս երկիր, կը գերազանցէ իր գեղեցկութեամբ ու տակաւին ջրանցքները, որոնք կ՚անցնին բոլոր քաղաքներուն մէջէն եւ երկրին կու տան յաւելեալ գեղեցկութիւն։ Հոլանտա լեռ չունի, բայց կանաչ մարգագետինները եւ ծառերը բաւարար չափով կը ստեղծեն հմայք։ Ու տակաւին ոչխարները, արջառները, ձիերը եւ թռչուններու տեսակները՝ տարածուած ամէն կողմ, երկրին կու տան հրապուրիչ տեսք։ Չեն ուշանար ենթադրութիւններդ, թէ այս երկրին բոլոր մէջ մարդիկ ուրախ եւ հանգիստ են։

Ռոթերտամի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեսայ արձան մը, որ կը մարմնաւորէ երիտասարդ տղայ մը, որ կքած է ինք իր մէջ։ Արձանը ցոյց կու տայ անոր յուսահատ եւ յուսախաբ ըլլալու իրականութիւնը՝ իր կեանքէ՞ն, երկրի վիճակէ՞ն, տիրող մթնոլորտէ՞ն։ Արձանին ետեւի կողմը կար այս գրութիւնը. «Ինքնասպանութիւնը առաջին գլխաւոր պատճառն է մահուան՝ ի մասնաւորի երիտասարդութեան մօտ եւ յատկապէս երեսուն տարիքէն վար եղողներուն»։

Եւրոպայի այս գեղեցիկ եւ տնտեսապէս հարուստ երկրին մէջ մարդիկ՝ յատկապէս երիտասարդներ, ուրախ չեն։ Անոնք կքած են կեանքի յոյզերուն տակ եւ կը դիմեն ինքնասպանութեան։ Եթէ երիտասարդներու մօտ այս իրավիճակը ընդհանրացած երեւոյթ է, ապա կառավարութիւնը այս արձանին նման միջոցներով՝ կը փորձէ արթնութիւն եւ զգաստութիւն ստեղծել հաւաքականութեան մէջ։

Շարունակեցի կենալ հոն եւ խոկալ այս արձանին միտք բանիին վրայով։ Եթէ մտածեցի՝ որպէս հայ, հայրենիքին ու Արցախին իրավիճակներէն մեկնելով, բայց նաեւ որպէս լիբանանցի անհատ, որ կ՚ապրի արաբական աշխարհի մէջ, ապա հարցերն ու տագնապները մէկը միւսին ետեւէն կը հալածեն զիս, մեզ եւ բոլորս ընկրկումի կը մղեն, յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան։

Յուսահատ ենք՝ որպէս հայեր եւ յուսախաբ ենք մեր ազգային, հաւաքական, հայրենի եւ Արցախի կեանքերու իրավիճակներէն։ Մենք ալ կքած ենք մեր ներկայ ողբերգութիւններուն տակ։ Արցախը կորսնցուցինք, մարդկային շատ զոհեր ունեցանք, Հայաստանի վիճակը անկայուն ու բախտորոշ է, իսկ սփիւռքահայ մեր շատ մը գաղութները կ՚ապրին տագնապալի օրեր։

Յուսահա՞տ ենք. այո՛։

Յուսախա՞բ ենք. այո՛։

Պիտի մնա՞նք այս վիճակին մէջ։ Եթէ ոչ, ի՞նչ պիտի ընենք։

Միասնականութիւնը եւ խօսքէն իրական գործի եւ կեանքի անցնելու հեռանկարները շատ փայլուն եւ մօտալուտ չեն երեւիր տակաւին։ Ինչ որ ալ ըլլան մեր ներկայ օրերու անընդունելի իրավիճակները, պէտք չէ յուսահատինք համահայկական միտք-գործ իրականացնելէ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան տեսլականով։ Այսօր թէեւ Արցախի հողը կորսնցուցինք, բայց ոչ հոգին։

Հարի Գունտագճեանը համաշխարհային համբաւով լուսանկարիչ եւ լրագրող մըն էր։ Հարին եւ հայրս զարմիկներ էին։ Հարի կ՚ապրէր Սուրբ Նշան եկեղեցիի թաղամասին մէջ, Պէյրութ։ Եկեղեցւոյ հանդիպակաց կողմը «Ուատի Ապու Ճեմիլ»ն էր։ Պատանեկան տարիներուս, 1960-ականներուն, այս թաղը կը կոչէինք «հրեաներու» թաղ։ Բաւական թիւով հրեաներ կ՚ապրէին այնտեղ։ 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմի նախօրեակին, հրեայ բնակչութիւնը բոլոր թաղամասը պարպեց՝ առանց որ ոեւէ մէկը իմանայ։ Մեր ընտանեկան մէկ հանդիպումին Հարին հօրս ըսաւ. «Վահէ, երկար տարիներու լուսանկարչական ասպարէզիս մէջ ասոր նման իրողութիւն մը չեմ տեսած։ Բոլոր թաղը պարպեցին՝ առանց որ ոեւէ մէկը իմանայ»։

Որպէս հայ ժողովուրդ՝ կրնա՞նք վերոյիշեալ դրուագին նման սկսիլ քիչ խօսելու եւ շատ աշխատելու։ Պիտի կարենա՞նք զսպուածութիւն եւ կարգապահութիւն ապահովել մեր հաւաքական ու ազգային կեանքին մէջ, որպէսզի արդիւնքի հասնինք։ Մտահան պէտք չէ ընել, որ երբ մեր ուժերը կը տրամադրենք խօսքի, խօսելու եւ հակաճառելու, ապա կը սպառենք մեր հաւաքական միտք-ուժը եւ գործ իրականացնելու կարողականութիւնները կը նուազին։

Ընկերային ցանցերը զգլխած ու անցած են նաեւ տնօրինելու մեր կեանքերը։ Անոնք երկսայրի սուրի նման են։ Եթէ լաւ օգտագործուին, ապա կարելի է մեր կեանքերուն մէջ յառաջխաղացք արձանագրել, բայց կայ ժխտական կողմը։ Անոնք նաեւ կրնան կիրքերը, զգացումները հրահրել, հոգիներն ու տրամադրութիւնները աղաւաղել ու տակաւին անհանդուրժողականութիւն ստեղծել։ Պիտի կարենա՞նք մեր իսկ գործածած ընկերային ցանցերուն տալ դրական պարունակ։ Կարծէք հեւքի մը մէջ ենք այս ուղղութեամբ։

Եթէ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք եւ ենք, ապա սա պիտի նշանակէ, թէ պիտի վերադառնանք մեր ակունքներուն եւ մեր հաւատքին։ Մեր քրիստոնէական հաւատքին, որ ունի իր մէջ ուժ մը, որ կը փոխէ եւ կը շինէ։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ՝ այլ զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Տիմոթէոս 1.6)։ Աստուածաշունչի այս համարը մեզի ուժ կու տայ. ուժը փոխելու, փոխուելու, շինելու ու վերաշինելու։

Այսօր յուսահատ եւ յուսախաբ ենք՝ երիտասարդի արձանի կերպարին նման եւ կքած ենք։ Այլ խօսքով, երկչոտ եղած ենք։ Բայց ունինք հաւաստիացումը հաւատքին եւ անոր դրոշմած ուժին. ուժը, որ մեր կեանքերուն կու տայ զօրութիւն։ Այս զօրութիւնը կրնայ փոխել մեր երկչոտ իրականութիւնը։ Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր հոգին։ Այս հոգիին զօրութիւնը կ՚օգնէ մեզի, որպէսզի մեր սրտերուն մէջէն դուրս հանենք անհանդուրժողականութիւնը, քէնը եւ ատելութիւնը ու լեցնենք մեր սրտերը սիրով՝ հանդուրժելու համար իրարու եւ ընդունելու համար զիրար։ Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր միտքը։ Այս մտքի զօրութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի կարենանք համադրել մեր համահայկական միտքը եւ քով-քովի գալ՝ կազմելու համար ազգային եւ մտաւոր կարողականութեամբ օժտուած ուժ մը։ Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր մարմինը։ Այս մարմնի զօրութիւնը կրնայ առիթը ստեղծել կազմելու ռազմական եւ դիւանագիտական կարողականութիւն, որպէսզի նաւարկենք տարածաշրջանային՝ մեր վրայ պարտադրուած շատ մը դժուար պայմաններու մէջ։

Այսօր կքած եւ երկչոտ ենք, բայց կայ հոգին. այն հոգին, որ երկչոտութիւնը կը վերածէ զօրութեան։ Եւ զօրաւոր մարդն է, որ կը սիրէ կեանքը, մարդը, հայը եւ հայրենիքը։ Այս զօրութիւնը եւ սէրը մեզ միշտ զգաստ կրնան պահել, որպէսզի մեր կեանքերը տանինք պատմութեան շարունակականութեան մէջ։

Երկչոտութի՞ւն, թէ զգաստութիւն։

Պիտի ըլլանք երկչո՞տ, թէ զգաստ, որպէսզի տեսնենք թէ ի՛նչ պիտի ընենք, որպէսզի դուրս գանք այս ազգային մեծ աղէտէն ու պատուհասէն։

Եթէ պիտի շնորհաւորենք մեր բոլորի Նոր տարին՝ 2024-ը՝ մաղթելով խաղաղութիւն այս տագնապալի աշխարհին մէջ, ապա նաեւ պիտի մաղթենք, թէ հայը՝ մենք բոլորս ընտրենք զգաստութիւնը՝ որպէս մեր կեանքերուն հիմքը։

Ընտրութիւնը մերն է, բայց զգաստութիւնն է, որ պիտի ապրեցնէ մեզ՝ հայը։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023