ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ԵՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ. Հոլանտայի Ս. Հոգի եւ Պելժիոյ Ս. Մարիամ ՄագԴաղենացի
«Վերջին շուրջ 25 տարիներուն Հոլանտայի հայերուն թիւը աճած էր մնայուն բնակչութեամբ, եւ Փարիզի Առաջնորդ Սերովբէ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան 1982 թուին դիմումներ կատարած էր Ութրեխթի Կարտինալ Ուիլըպրանտզին եւ քաղաքապետութեան վերստին գնելու հայոց Սուրբ Հոգի եկեղեցին, սակայն ապարդիւն մնացած էր»
Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագգաշեան
ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Եւրոպայի հնագոյն Հայ Եկեղեցին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցին կը նկատուի որուն հիմնադրութեան թուականը 1713 Հոկտեմբեր 26 արձանագրուած է պատմական ստոյգ տեղեկութիւններէն՝ գրուած Առաքել Սարուխանի «Հոլլանդան եւ Հայերը» երկասիրութեան մէջ եւ հրատարակուած Վիեննայի Մխիթարեաններուն կողմէ 1926 թուին։ Սկզբնական տուեալներու համաձայն, առաջին հայ հոգեւորականը Մարկոս Քահանայ Աբրահամեանն է, որ Հոլանտա եկած է, կառուցած եւ օծած առաջին հայ եկեղեցին 1715 Սեպտեմբեր 20-ին՝ հաւանութեամբ եւ հայրապետական կարգադրութեամբը Աստուածատուր Համադանցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին (1715-1725)։ Աւելի կանուխ, Աղեքսանդր Ա. Ջուղայեցի Կաթողիկոսի (1706-1714) կողմէ Ամսթերտամ հասած է Էջմիածնի միաբան Յովակիմ Վարդապետը, «որ աւելի քան մէկ տարի» միայն պաշտօնավարած է։
ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՌԺԱՄԱՊԷՍ ԾԱԽՈՒԱԾ
Սուրբ Հոգի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին 160 տարի հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանելէ ետք, հայ հաւատացեալներու նուազումին պատճառով 1874 Մարտ 9-ին ծախուած է միաբանութեան Հոլանտական կրօնաւորուհիներու, որոնք օգտագործած են զայն որպէս մանկապարտէզ եւ դպրոց։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի Փոխանորդ Գիւտ Արք. Նագգաշեանի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութենէն կը տեղեկացուի, որ Սուրբ Հոգի եկեղեցին նոյն միաբանութենէն վերստին գնուած է հայ համայնքին կողմէ 1986 Նոյեմբեր 14-ին։ Գնման պաշտօնագիրը ստորագրած են Գիւտ Արքեպիսկոպոս եւ Վահէ Գինեպանեան, տեղեկացնելով թէ՝ «վերջին շուրջ 25 տարիներուն Հոլանտայի հայութիւնը աճած էր մնայուն բնակչութեամբ, եւ թէ հանգուցեալ Սերովբէ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան, Հայրապետական Պատուիրակն ու Փարիզի Առաջնորդը, դիմումներ կատարած էր Ութրեխթի Կարտինալ Ուիլըպրանտզ Արքեպիսկոպոսին եւ քաղաքապետութեան եկեղեցին ետ առնելու, սակայն առանց արդիւնք մը ստանալու»։
ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐՍՏԻՆ ԳՆՈՒԱԾ
Հոլանտացի կրօնաւորուհիներու միաբանութիւնը երբ եկեղեցին ծախու դրաւ, տը-ւաւ նաեւ նախապատուութիւնը հայ համայնքին, ու վերջինս ամէն ճիգ ի գործ դնելով կրցաւ գնել զայն, «անմիջապէս գոյացնելով գինին մէկ երրորդը»։ Սուրբ Հոգի Հայ Եկեղեցւոյ վերստացման լուրը հաղորդուեցաւ Մայր Աթոռ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, «որ գնահատելով իր հօտին նախանձախնդրութիւնը, նուիրեց գնման անհրաժեշտ գումարին յաւելեալ մէկ երրորդ բաժինը»։ Իսկ վերջին մէկ երրորդն ալ նուիրուեցաւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ։ «Պատմական յուշարձան մը» նկատուած եկեղեցին, «լաւ եւ հաստատուն վիճակի մէջ է ըսուած, ուր նախկին բոլոր արձանագրութիւնները կը մնան ըստ առաջնոյն»։
Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր օծումը կատարած է Գիւտ Արքեպիսկոպոս 1989 Նոյեմբեր 26-ին երբ արդէն յաջորդելով 1984 թուին վախճանեալ Սերովբէ Արքեպիսկոպոսին, նշանակուած էր հայրապետական պատուիրակ Արեւմտեան Եւրոպայի։ Այդ առիթով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետ իր 1989 Նոյեմբեր 14 թուակիր «Օրհնութեան գիրը» ուղարկած էր «անհուն ուրախութեամբ ողջունելով վերաբացումն ու օծումը Ամսթերտամի հայոց պատմական եկեղեցիին՝ յանուն Սուրբ Հոգւոյն»։
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ
Փարիզի Հայոց Առաջնորդի կարգադրութեամբ շուտով մնայուն հոգեւոր հովիւ մը նշանակուեցաւ եւ Երուսաղէմի երիտասարդ միաբաններէն Մանուէլ Վրդ. Երկաթեան Հոլանտա ժամանեց նոյն տարին։ Մայրաքաղաքէն 90 մղոն հեռաւորութեամբ գտնուող Ալմելօ քաղաքին մէջ եւս հայեր սկսան հաստատուիլ 1976 թուականէն սկսեալ, եւ մինչեւ 1980 մօտ 300 հայ ընտանիքներ Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն հեռանալով եկած ու բնակութիւն հաստատած էին Ալմելոյի մէջ։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Հո-լանտայի բարեսիրական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու հետ գաղթական հայերուն բնակարան եւ գործ հայթայթեց, քաղաքին արժէքաւոր մէկ թաղին մէջ շէնք մըն ալ գնելով, ուր եկեղեցական արարողութիւններ ալ կատարուեցան։
Մինչ այդ 1985 թուին Ալմելոյի հայ համայնքը ինքնաբաւ դառնալով իր հայկական սեփական եկեղեցին կառուցանեց, երբ հայերու թիւը բազմապատկուած էր քաղաքին մէջ եւ մնայուն հովիւ կարգեցին Մանուէլ Վարդապետ Երկաթեանը։ Յաճախ հայ եպիսկոպոսներ այցի երթալով Ալմելոյի համայնքը խանդավառ եւ գործօն պահեցին, իսկ Ամսթերտամի եկեղեցին մնաց ուղղակի Փարիզի հովանաւորաթեան տակ, ինչպէս նաեւ Պելժիոյ Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցին։
ՊԵԼԺԻՈՅ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Եւրոպայի նորագոյն հայ եկեղեցին եղաւ Պրիւքսելի եկեղեցին։ Պելժիոյ, յատկապէս Պրիւքսելի մէջ ապրող հայութիւնը միշտ ենթակայ մնաց Փարիզի առաջնորդութեան, ուր հոգեւորականներ կ՚այցելէին պատահական առիթներով պատարագելու եւ կամ խորհուրդներ մատակարարելու։ Հոն գործօն դիրքի վրայ կը մնային թէ՛ Գաղութային վարչութիւնը եւ թէ Եկեղեցւոյ շինութեան վարչութիւնը։ Զոյգ վարչութիւնները եկեղեցւոյ շինութեան համար մայրաքաղաքի Քինդերմանս փողոցին վրայ յարմար կալուած մը գնելէ եւ նախապատ րաստական աշխատանքներ կատարելէ ետք, իրենց տեղեկագիրը կը ներկայաց նէին Փարիզի Առաջնորդ Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագգաշեանին, ստանալով իր հաւանութիւնն ու հովանաւորութիւնը։
Գիւտ Սրբազան իսկոյն կը տեղեկացնէր Մայր Աթոռ՝ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որուն արտօնութեամբ 1987 Նոյեմբեր 16-ին կը կատարէր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը՝ մասնակցութեամբ Լիոնէն Դաւիթ Եպսկ. Սահակեանի եւ Գանատայէն Վազգէն Եպսկ. Քէշիշեանի։ Ներկայ կ՚ըլլար նաեւ ազգային բարերար Տիար Ալեք Մանուկեան։ Հիմնարկէքին ներկայ էին նաեւ Պելժիոյ թագաւորական պալատի ներկայացուցիչները։
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄԸ
Երեք տարի ետք, երբ արդէն նոր եկեղեցին կառուցուած էր, օծման համար Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1990 Մայիս 3-ին յատկապէս Պրիւքսել կը ժամանէր, իր հետ ունենալով Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Վազգէն Հայրապետ Փարիզ հասնելով կը դիմաւորուէր Գիւտ Արքեպս. Նագգաշեանի, Նորվան Եպսկ. Զաքարեանի եւ հայ հոգեւորականութեան կողմէ։ Նոյն օր Հայրապետը նորաշէն եկեղեցին կ՚առաջնորդուէր, որ «դրսից նմանում է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցուն, իսկ ներսից ունի արդիական լուծում»։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Հայկ Մարտիկեան։
Կիրակի Մայիս 6-ին տեղի կ՚ունենար Ս. Մարիամ Մագդաղենացի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ օծումը՝ ձեռամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Մինչ Հայրապետը կ՚օծէր աւագ սեղանը, եպիսկոպոսներ կ՚օծէին եկեղեցւոյ 16 սիւները։ Պատարագը կը մատուցանէր Գիւտ Արքեպիսկոպոս։ Վազգէն Հայրապետի քարոզէն առաջ կը կարդացուէր Հայրապետական կոնդակը՝ ուղղուած Պելժիոյ Պոտուէն Ա. թագաւորին, ուր յանուն հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւն կը յայտնէր «որ Ձեր պետական իշխանութեանց բարի կամեցողութեամբ հնարաւոր դարձաւ եւ որուն կանոնական օծումը մեր ձեռքով կատարելու գոհունակութիւնը ունեցանք»։
Նոյն երեկոյեան պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին Վազգէն Հայրապետ իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէր ներկայ պետական անձանց եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներուն։ Պետական այցելութիւններ տալէ ետք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայիս 9-ին Փարիզի վրայով կը վերադառնար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԵՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Կլէնտէյլ