ՀԱՆԳԻՍՏԸ
«Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի, այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած»: (Սաղմոս 42): Եղջերուին հանգիստը, Սաղմոսերգուինը, քուկդ, անորը, իմս անշուշտ իրարմէ կը տարբերին: Ամէն ոք իր պէտքին համեմատ երբ պէտքը կը խթանէ գտնելու ելքը, որով հանգիստը պիտի գոհացնէ փնտռողը:
Տեսնենք Օշօն ի՞նչ կ՚ըսէ.- Պատահեցաւ որ առեւտրական մը պանդոկ եկաւ որուն, պատասխանատուն ըսաւ. «Դժուար պիտի ըլլայ քեզի համար սենեակ մը ճարելը, թէեւ ազատ սենեակ մը ունինք, սակայն չեմ կրնար տրամադրել»: Առեւտրականը հարցուց պատճառը թէ ինչու՞ անկարելի է արդէն ազատ սենեակը: Պանդոկի պատասխանատուն ըսաւ «Մեծ քաղաքագէտ մը կը բնակի վարի յարկը եւ այդ ջղագրգիռ կ՚ըլլայ, երբ վերէն աղմուկ կամ ծպտուն ձայն մը լսէ: Եթէ սենեակիդ մէջ քալես անպայման ձայն մը պիտի հանես ու ինք փոթորիկ պիտի ստեղծէ, իսկ ես չեմ ուզեր խնդիր ունենալ այդ պատճառաւ, հաճիս ուրիշ պանդոկի մը նայէ»: Բայց, ըսաւ առեւտրականը, «Ես շրջեցայ ամէն կողմ: Ամէն պանդոկները գրաւուած են, ուստի, հաճիս գթայ ինծի, իսկ ես կը խոստանամ ոչ մէկ ձայն հանել, նոյնիսկ զգուշաւոր կը շարժիմ սենեակին մէջ: Ամբողջ օրը շրջանին մէջ կ՚աշխատէի եւ հիմա, գիշերով պարզապէս ուղղակի հանգիստ պիտի ընեմ: Վաղն արդէն պիտի մեկնիմ այլ շրջան մը: Վարձէ ինծի այդ սենեակը»: Եւ այսպէս սենեակը վարձուեցաւ:
Կէս գիշերին առեւտրականը վերադարձաւ յոգնած: Նստաւ իր անկողինին վրայ, հանեց կօշիկներէն մին ու ձգեց զայն գետինը: Սակայն անմիջապէս յիշեց, թէ մեծ քաղաքագէտը կրնար խանգարուիլ, ուստի հանեց միւս կօշիկը շատ զգուշաւոր կերպով, անաղմուկ եւ առանց շշուկի մտաւ քունի: Ժամ մը ետք, քաղաքագէտը եկաւ ու թակեց դուռը: Առեւտրականը դուռը բացաւ եւ տեսաւ մարդը ջղայնացած, բարկութենէն կարմրած. անհասկնալի բան առեւտրականին համար. «Ի՞նչ կրնայի ըրած ըլլալ, քանի որ մէկ ժամէ արդէն քնացած էի»: «Տիար, սխալ բան մը ըրի՞ արդեօք: Գուցէ երազի՞ս մէջ… կամ գուցէ ձայն մը հանեցի կամ խօսք մը ըսի՞… բայց ներողամիտ եղէք, դիտմամբ չէր կը ցաւիմ պատահարին»: Քաղաքագէտը ըսաւ «Խնդիրը այդ չէ: Ի՞նչ պատահեցաւ միւս կօշիկիդ: Մէկ ժամէ արթուն կը սպասեմ: Առաջին կօշիկիդ ձայնը լսեցի, երբ ինկաւ տախտակամածին, ըսի. ուրեմն այս մարդը եկաւ: Ուստի կը սպասեմ երկրորդ կօշիկիդ ձայնին: Ապա, ժամանակի ընթացքին գրեթէ անմտացայ, ու անկարող եմ քնանալ: ի՞նչ պատահեցաւ միւս կօշիկիդ»:
Այսպէս կը պատահի միտքերու, որոնք եզրակացութեան մը չեն կրնար յանգիլ։ Բան մը կախուած կը մնայ սուրի նման: Կրնաս հասկնալ քաղաքագէտին դժուարութիւնը: Ան վստահաբար փորձեց քնանալ, սակայն կ՚երեւակայէր երկրորդ կօշիկին, որ… օդին մէջ կը կախուէր: Ի՞նչ պատահեցաւ:
Միտքը կը հանգստանայ երբ կայ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ, այլապէս՝ ԵՐԲԵՔ: Եւ փիլիսոփայութիւնը երբեք եզրակացութեան մը կ՚առաջնորդէր: Միայն Իրականութիւնն է եզրակացութիւնը, միայն փորձառութիւնը, միայն գոյութիւնը: (ՕՇՕ):
Մարդիկ իրենց բնական վիճակի մէջ կը գտնեն իրենց հանգիստը: Թէեւ գերբնականը մարդու կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը բովանդակուի, սակայն բացառիկ անձերու վիճակուած է հասնելու զայն: Այս կը փաստէ դարերու անցեալը, որով հեռու է ընդհանուրի ապրելակերպէն ու պայքարը կ՚ընթանայ անդադրում: Լեռներ ձորերու կը վերածուին, հակառակն ալ կը դառնայ իրականութիւն ու շարժումը յարատեւ կ՚ընթանայ, ինչպէս Տիեզերքը ամբողջ, Արեւն ու Լուսինն ու աստղերը, ծովուն ալիքները օրօրուող եւ հոսքը գետերու անդադրում, փոթորիկներն ու շանթերը մահացու: Այս է ամբողջութեան կեանք անուանումը, ո՞ւր պէտք է փնտռել ու գտնել հանգիստը: Ինքնախաբէութեա՞ն, թէ՝ ընթանալով ինչպէս շարժումը անդադրում, մինչեւ… «ԱՍՏ ՀԱՆԳՉԻ»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան