ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ՝ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ -Բ-

Մեր յօդուածը կը շարունակենք արեւմտահայերէնի դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման հեռանկարներու շուրջ։

բ.-Դասական սփիւռքի մշակութային-գիտական լճացած վիճակը արեւմատահայերէնի հենքով:

Արեւմտահայերէնը իր համեմատական երիտասարդ տարիքով չվերածուեցաւ պետական լեզուի ու անոր մշակութային, ընկերաբանական ու կենցաղային կազմուածքն ու առաքելութիւնը լիակատար չկատարելագործուեցան: Այո՛, ան եղաւ ու ցարդ կը մնայ գրական-գեղարուեստական բարձր ու գեղեցիկ ստեղծագործութիւններու շաղախն ու ոգին, բայց լեզուն չկայացաւ ու ինքն իր արժեւորութեան համակարգը չիրականացուց, ինչպէս անոր քոյր՝ արեւելահայերէնի պարագային եղաւ: Ան մնաց խորհրդանշականացուած ու անհասանելի, ինչքան ալ նոյն գրական-գեղարուեստական փորձերը կարգ մը գրողներուն կողմէ բեռցուցին անոր ուսերուն հին պատմականութեան բեռը, նպատակի վերածելով զայն կամ առաւելագոյն ջանքով որեւէ լեզուի գեղագիտական փորձարկումներէն վարակուած (արեւմտահայերէնը չունի շարունակական կենդանի, կենսանորոգուող ենթահող)՝ այսպէս ըսած վեհերոտ ու մեղապարտ մօտեցմամբ։ Յաճախ ուրիշ գրողներ փորձեցին փշրել նպատակայինը նոյնինքն արեւմտահայերէնին մէջ ու զայն դեր-միջոցով մղեցին դէպի կենցաղ-կեանք. յաւակնոտ ըլլալով անոր հանդէպ գուրգուրանքը վերացնելու եւ լայնցնելու անոր առաքելութեան դաշտը փոխանակ օտար լեզուով ստեղծագործելու (մարտահրաւէր մը, որ կրկնակի նկատառումով թէ՛ ինքնին լեզուի եւ թէ անոր տրոհումը իրականացնող պայմաններուն դէմ է, ինչ որ կը կրէ ինքն իր մէջ գիտական ցասում մըն ալ, քանզի որեւէ լեզուի լիակատար բանեցումն ու սրընթացութիւնը անկարելի է առանց գիտական իր ենթահողին կամ իր իրականացուցած գիտական նուաճման: Այս մօտեցումով է, որ շատ մը մշակութաբաններ կը դասակարգեն լեզուները որպէս յաղթած կամ պարտուած՝ անկախ իրենց տարիքէն կամ գալիք կեանքէն կամ գեղարուեստական փայլքէն-ձեռքբերումներէն):

Արեւմտահայերէնը իր տրամաթիք եղափոխութեան ճամբուն վրայ վերածուեցաւ սոսկ գրական-գեղարուեստական բնորդի ու անոր պատկանող մշակոյթի ոլորտը մնաց գրականագիտական: Բնականաբար արեւմտահայերէնը իբրեւ արմատախլուած ու արհաւիրքի ենթարկուած դասական սփիւռքի լեզու, ցարդ կը կրէ իր մէջ այսպէս կոչուած ժամանակաշրջան մը, որմէ մեկնած դասական սփիւռքի մտաւորականութիւնը իր գործունէութեան դաշտի լեզուագիտական մղումով (անկախ գրողներուն մշակած գրականութենէն) նպատակ հետապնդեց՝ լեզուն ազատագրել իր ենթադրեալ բեռնէն, ինչ որ իրաւա-քաղաքական պայքարի բոլոր գեղապաշտ, իրապաշտ եղանակներով ալ ցայսօր կը դրսեւորուի: Հայ մշակոյթը իր վաղեմի վանական ու ծիսական բնութեան կողքին արեւմտահայերէնով աւելի եկեղեցականացաւ, ի տես Հայաստանի խորհրդայնացման ու անոր յառաջացուցած արեւելահայերէնի եղափոխութեան: Եւ ընդհանուր առմամբ արեւմտահայերէնի մշակութային-կենարար աշխարհագրութիւնը մնաց Միջին Արեւելքը եւ անոր՝ արեւմտահայերէնին մշակութային տեսակը որակուեցաւ որպէս պահպանողական ու ներամփոփ, նաեւ յաճախ հնամենի, նոյն եկեղեցականի ալ քաղաքականացման ոճով, ինչ որ ի միջի այլոց արդիւնաւէտ էր մինչեւ մեր ժամանակները դասական սփիւռքին համար ու խոտոր չէր համեմատեր արեւելեան քաղաքա-կրօնական փոքրամասութիւններու կառուցուածքին, որոնք չեն վերածուած պետական միաւորներու: Արեւմտահայերէնը ունէր ու ցարդ ունի իր դիմաց երկու մարտահրաւէր՝ պահպանել պերճութիւնը ու ժամանակակից մշակոյթին-լեզուին հետ քայլ պահել. դժուար երեւցող մարտահրաւէրներ են ասոնք, նկատի առած, որ դասական սփիւռքը արեւմտահայերէնագիտական ուսումնական մեծ հաստատութիւններ չունի, ի բացառեալ հայագիտական դպրոցներէն, որոնց հետ համեմատած կը մնայ վանական-եկեղեցական ուսումնարութիւնը միջին կատարեալը ակադեմական ու գործուղական մեկնարկներով, բայց եկեղեցական այսպէս ըսած ապահով միջավայրով արեւմտահայերէնը չի կրնար ծաղկիլ ու իր դիմաց ծառացած խնդիրները լուծել: Եկեղեցական մշակոյթը կրնայ հովանաւորութեան ու հոգածութեան եղանակներով մեծ դերակատարութիւններ ունենալ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան խնդիրին կապակցութեամբ, բայց որեւէ ժամանակի մէջ ամբողջական մտաւորական-քաղաքացիական ընկերութեան շարժն ու մշտանորոգ ստեղծագործութիւնն են, որոնք կ՚ապահովեն տուեալ լեզուին զարգացումը, ինչ որ սփիւռքի համար անիրագործելի սեպուող խնդիր է. բայց համեմատական կարգով հաւանաբար դասական սփիւռքի անհատ մտաւորականներն ու մշակութային միութիւններն ու կազմակերպութիւները այն տեսանելի օղակներն են, որոնք պէտք է խաղան վերոնշեալ դերը արեւմտահայերէնի հարցով: Իբրեւ գիտական ներուժ նոյն դասական սփիւռքը աւելի կ՚աճի, բայց ոչ պատմահայաստանեան մշակոյթի ենթահողով: Այո, սոյն աճը կրնայ գիտական ներդրում բերել դասական սփիւռքի զարգացման գործին, բայց այն կը մնայ ներկրուած ու չարտադրուող: Ընդհանուր հայ մշակոյթի պարագային յստակ է, որ Հայաստանահամահայկական բաց տարածքի ձեւաւորումը կարեւոր է հայկական գործօնի տարածման համար (քաղաքական, տնտեսական ալ մեկնակէտերով), բայց Հայաստանի կամ ոչ-դասական սփիւռքի այսպէս ըսած հայապահպանման ու հայկական գործօնի (քանակ-որակի դերերու...) հզօրացման ռազմավարական գործակցութիւնները խիստ անհրաժեշտ ըլլալու կողքին, չեն զօրացներ պատմահայաստանեան մշակոյթը ու անոր ոգին կազմող լեզուն, այլ յարաբերաբար կը նուազեցնեն անոր փայլքը, ինչ որ յաճախ փարատոքսային իրավիճակներու կ՚առաջնորդէ:

Լեզուն ու մշակոյթը երկու երեսներն են որեւէ ազգի մը գոյութեան, ինչքան զարգացած ու տարածուած է լեզուն, այնքան տիրական ու տարածուած է անոր պատկանող մշակոյթը ու հակադարձաբար՝ ինչքան տուեալ լեզուի մը կազմաւորած մշակոյթը մթագնած է՝ այնքան լճացում կ՚ապրի նոյն այդ լեզուն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023