ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
Ժողովուրդ մը դագաղին մէջ
Ու դագաղը Ալլահին բեռ
Եւ չընդհատուող, չվերջացող
Անօրինակ թաղման թափօր…
ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ
Սիրելի՛ ընթերցող,
Ես ո՛չ համաճարակաբան եմ եւ ո՛չ ալ բժիշկ: Հոգեբան ալ չեմ: Եւ բնականաբար իմ նմաններուս վերապահուած չէ համաճարակներու մասին կարծիք տալ կամ խրատաբանութիւն ընել, որուն ի սկզբանէ չեմ հաւատացած: Սակայն իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի անդոհանքը ապրած մարդ, կրնամ անդրադառնալ վախին եւ խուճապին, որոնցմէ կը տառապին այսօր մարդկային հսկայական զանգուածներ:
Անձնապէս այս հարցին անդրադառնալու ո՛չ ծրագիր ունէի եւ ո՛չ ալ տրամադրութիւն: Առիթը ներկայացաւ, երբ Սեւակ Տումանեանի դիմատետրի էջին վրայ, պատահաբար անգամ մը եւս ընթերցեցի եղբօրս՝ Պետիկի վերոյիշեալ քառեակը, որ թէեւ գրուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ օրերուն, սակայն այսօր եւս խիստ ժամանակակից կը հնչէ, յատկապէս ձեզի ծանօթ կարգ մը երկիրներու պարագային: Այն օրերուն, երբ արեւմտեան Պէյրութի վիճակը անտանելի դարձաւ, եւ «Ազդակ»ը, իր անձնակազմով հարկադրաբար տեղափոխուեցաւ Պուրճ Համուտ, Պետիկը չեկաւ Արեւելեան Պէյրութ, որ համեմատաբար աւելի ապահով շրջան կը նկատուէր: Երբ հեռաձայնեցի իրեն (դժուարութեամբ կրցայ կապուիլ հետը) եւ պնդեցի, որ անպայման մեր կողմը անցնի, մանաւանդ որ «Ազդակ»ի մէջ ալ պէտք ունէին իրեն, ան յամառեցաւ առարկելով, թէ «անգամ մըն ալ ե՞րբ առիթը պիտի ունենամ պատերազմի մէջ ըլլալու: Կը մնամ «Սպիտակ տունը», ակումբի տղոց հետ, որոնց կեանքը նուազ թանկ չէ, քան իմս»:
Սիրելի՛ ընթերցող, Պետիկին տուած պատասխանը թող չզարմացնէ քեզ: Այդ օրերուն, երբ կուրօրէն նետուած ռումբերը մահ ու աւեր կը սփռէին ամէնուրեք ու ամէն վայրկեան (իմ սերունդիս տղաքը կրնան վկայել այս մասին), մենք ո՛չ միայն ընտելացած էինք պատերազմական վիճակին, այլեւ մը-տերմացած՝ մահուան հետ: Վախի ու անդոհանքի սահմանները անցած էին, որովհետեւ փորձը ցոյց կու տար, որ տագնապահար ըլլալն ու խուճապի մատնուիլը ո՛չ օգուտ կը բերէր եւ ո՛չ ալ հարցեր կը լուծէր: Այսօր թէ՛ վտանգի տեսակն ու տարողութիւնը եւ թէ՛ բնոյթը տարբեր են: Հարցը միջազգային է, մահուան վտանգը՝ շատ աւելի նուազ, ու պաշտպանուիլը՝ համեմատաբար աւելի դիւրին: Այնպէս որ կարիք չկայ տագնապը անդոհանքի վերածելու եւ խուճապի մատնուելու:
Եկէք փիլիսոփայօրէն մօտենանք հարցին եւ ընդունինք, որ ասիկա թէեւ պարտադրուած, սակայն հետաքրքրական ապրելաձեւ մըն է ի վերջոյ, եւ գուցէ նաեւ «անհրաժեշտ» փորձառութիւն մը մեր կեանքին մէջ: Այո, «Անգամ մըն ալ ե՞րբ առիթը պիտի ունենանք նման անախորժ ու անորոշ կացութեան մէջ ըլլալու»: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ո՛ւր ալ գտնուի այսօր, հարկադրուած է զգոյշ ըլլալու եւ սահմանափակելու կեանքի վայելքներն ու զրկուլու՝ առօրեայ հաճոյքներէն: Արդեօք արժէ՞ այսքան տագնապի մատնուիլ կամ ենթարկուիլ ընկճախտի սահմռկեցուցիչ վիճակին: Մասնագէտները կ՚ըսեն, թէ խուճապի մատնուելու հիմնական պատճառներ չկան, որովհետեւ այս համաճարակը ներկայացուածին չափ վտանգաւոր ու ճակատագրական չէ համեմատած նախկիններուն: Նկատի առէք, որ ընկճախտը շատ աւելի վնաս կրնայ պատճառել անհատին, քան անոր պատճառը հանդիսացող համաճարակը: Թէեւ իւրաքանչիւր անհատ տարբեր ձեւով, տարբեր տարողութեամբ ու տարբեր տրամաբանութեամբ կը դիմագրաւէ ու կը հակադարձէ տիրող համաճարակային կացութեան, այնուամենայնիւ հարկաւոր է ընդունիլ ճշմարտութիւնը եւ գործակցիլ իշխանութիւններուն հետ:
Խնդիրը այն է, թէ բոլոր տեսակի լրատուամիջոցները հակամէտ են շատ աւելի ժխտական լուրեր տարածելու, քան՝ դրական: Յաճախ կը չափազանցեն նաեւ անոնք: Ասիկա նորութիւն չէ, այլ լրատուամիջոցներու նկարագիրին մաս կը կազմէ կարծէք: Այս պարագային, Չինաստանի համաճարակին վրայ հակակշիռ հաստատած ըլլալու, ապաքինուածներու կամ յայտնաբերուած դեղամիջոցներու մասին շատ աւելի նուազ կը խօսուի, քան՝ համաշխարհային գետնի վրայ արագօրէն տարածուող աղէտի մասին: Միայն մէկ անգամ լսեցի, թէ համաճարակները հսկայական աւեր պատճառելով հանդերձ, ժամանակի ընթացքին կը տկարանան ու ի վերջոյ կը մարին: Այդպէս եղած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Ինչո՞ւ կը յիշուին ու կը շեշտուին համաճարակներու գործած հսկայական աւերներն ու մարդկային կորուստները եւ հանգամանօրէն ու ամենայն լրջութեամբ չեն քննարկուիր անոնցմէ ստացուած դասերն ու մանաւա՛նդ պաշտպանուելու ժամանակակից միջոցներն ու ձեւերը, որոնք աւելի յոյս ու կորով պիտի ներշնչէին ժողովուրդներուն: Տակաւին քիչ առաջ հաղորդեցին, որ ո՛չ միայն շաբաթէ մը ի վեր Չինաստանի ժողովուրդին մէջ նոր վարակում չէ արձանագրուած, այլեւ ամենէն կարեւորը՝ համաճարակի կեդրոնը հանդիսացող Ուհան քաղաքի մեթրոն սկսած է գործել եւ ժողովուրդը ազատ շարժելու իրաւունք ստացած է: Իսկ Իտալիոյ պարագային մահացածներու կողքին հազարաւոր բուժուողներ կան, որոնց մասին գրեթէ չի խօսուիր:
Առ այդ, կ՚ուզեմ տեղեկացնել, որ հին աշխարհի ժողովուրդներէն շատեր համաճարակներէ պաշտպանուելու համար փորձառաբար ձեռք բերած էին միջոցներ: Օրինակի համար, Հին Եգիպտոսի բժիշկները, մարդուժի առողջութիւնը երաշխաւորելու, յատկապէս համաճարակներէ պաշտպանուելու համար, նախ իւրաքանչիւր ստրուկի վիզէն պճեղ մը սխտոր կը կախէին եւ ապա առատօրէն սխտոր կը կերցնէին անոնց: Այս պատճառով Նեղոսի զոյգ ափերուն ամենէն շատ սխտոր կը ցանէին, որովհետեւ հազարամեակներու փարաւոնական այդ հսկայ մշակոյթին զարգացումն ու գոյատեւումը պայմանաւորուած էր ստրուկներուն առողջութեամբ: Իսկ հնդիկները մինչեւ հիմա, չափազանց շատ կծու կ՚ուտեն (կ՚օգտագործեն բոլոր տեսակի կծու բանջարեղէններն ու համեմները)՝ վարակիչ հիւանդութիւններէ պաշտպանուելու համար: Նոյն նպատակով, Վերածնունդի շրջանին Ֆրանսայի թագաւորն ու թագուհին քնանալէ առաջ ոսկեայ գեղեցիկ տուփիկներու մէջէն կը հանէին պճեղ մը սխտոր, կուլ կու տային եւ ապա միայն կը մտնէին անկողին:
Իմ գիտակի՛ց ընթերցող, յանկարծ չկարծես, թէ յաւակնութիւն ունիմ հաւատալու, թէ սխտորը կամ կծու բանջարեղէններն ու համեմները համաճարակները բուժելու կամ վերացնելու յատկութիւն ունին: Ընդհակառակը, գիտականօրէն ապացուցուած չէ այս մէկը, թէեւ շատեր կ՚ընդունին, որ կծու բանջարեղէններն ու համեմները օգտակար են, եւ հաւանական է նաեւ, որ մարդու դիմադրողականութիւնը աւելցնեն:
Բոլոր պարագաներուն համաճարակներու պատմութիւնը լեցուն է աղէտաբեր հետեւանքներով, նաեւ՝ հոգեբանական առումով: Տակաւին մօտիկ անցեալին, Եղեռնէն ետք, Հայաստանի անկախութեան օրերուն իսկ, հայրենի ժողովուրդը դիմագրաւեց թիֆոյիտի մահաբեր ու համատարած համաճարակ մը, որուն զոհ գնաց նաեւ Արամ Մանուկեանի նման հերոս մը: Իսկ երբ մուսալեռցիք եկան ու հաստատուեցան Այնճար, շրջանի ճախճախուտ ու վատառողջ մթնոլորտին հետեւանքով բռնուեցան մալարիայի սարսափելի համաճարակով, որուն վտանգը այնքան մեծ էր, որ մեր ծնողները կը վկայեն, թէ կը պատահէր, որ օրական տասնեակներով մարդ կը թաղէին: Այն ատեն չկային պէտք եղած բուժման կեդրոններն ու դեղամիջոցները եւ այդ պատճառով ալ թիֆոյիտն ու մալարիան շատ աւելի խոցելի էին, քան՝ մերօրեայ «քորոնա» կոչուածը: Երկու պարագաներուն ալ թէեւ բազմաթիւ զոհեր եղան, սակայն ժամանակը իր դերը կատարեց, ժողովուրդը կազդուրուեցաւ ու գոյատեւեց: Կ՚ըսեն, թէ այս մէկն ալ վաղ թէ ուշ պիտի մարի, սակայն կը շահի այն հասարակութիւնը, որ առանց խուճապի կը դիմագրաւէ կացութիւնը եւ նուազագոյն զոհերով դուրս կու գայ միջազգային տարողութիւն ստացած այս աղէտէն:
Հայաստանը (ինչ որ տեղ նաեւ Լիբանանը), այսօր իրենց կազմակերպուածութեամբ աւելի լաւ պաշտպանուած կը թուին ըլլալ, քան՝ եւրոպական շարք մը երկիրներ:
Հակառակ անոր որ երեւութապէս աշխարհը սկսած է վերածուիլ «չընդհատուող ու չվերջացող անօրինակ թաղման թափօր»ի, եկէք խնայենք մեր ջիղերը, մեր առողջութիւնը, նախ անոր համար որ վտանգն ու աղէտը այնքան մեծ ու մտահոգիչ չեն թուիր ըլլալ, ապա ի նկատի ունենանք, որ զգուշութիւնը վախկոտութիւն չէ եւ ո՛չ ալ համարձակութիւնն ու մասնագիտական թելադրանքները չգործադրելը՝ քաջութիւն:
ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ