ՀՈՂԻՆ ՄԷՋ

Երկաթէ ձող մը ցցուած է հողին. կողքին մուրճ մը կը պառկի։ Հողը չոր է, ճագճգած։ Այստեղ այնտեղ խոտերու խուրձեր կան ընդամէնը. միապաղաղ անշնչութիւն։

Արսէնը անդին, քարի մը վրայ նստած, գլանիկ մը կը վառէ. կը տանի զայն բերնին, կը քաշէ խորունկ շունչ մը ներս, ու կ՚արտահանէ ծուխը նախ ռունգերէն, ապա բերնէն։ Կը նայի անդին, գործընկերներուն վրայ, որոնք սուրճի դադար մը կ՚առնեն։

Քառասուն տարեկան է հիմա, ու հինգ տարի անցած է արդէն, որ այս գործին մէջ է։ Թէեւ կը վճարուի, բայց այս ծրագրի մէջ ընդգրկումն իր իսկ նախաձեռնութեամբ եւ կամօք եղած էր։

Խոստացած է հիւանդ մօրը, հինգ տարի առաջ, որ պիտի գտնէ եղբայրը. Թէկուզ՝ մնացածը անկէ... գիտէր արդէն այն ատեն, որ քիչ էր մնացած մօր կեանքին, ու կը հասկնար, որ եղբօր անյայտ կորուստը անոր մեկնումը աւելի եւս մօտ կը բերէր։ Ուստի խոստացեր էր, անոր յոյս տալու, դառնութիւնն առնելու, ցաւը փարատելու համար, ինչքան որ կարելի էր։

Տարի մը ետք հասեր էր այս գործին։ Հարցուփորձերու երկար շղթայէ մը ետք իմացեր էր, որ անյայտ կորսուածներու հետքերու փնտռտուքով զբաղող պետական մարմին մը կար. գացեր դիմեր էր, ընդունուեր, սկիզբը երեք ամիս աշխատեր  բոլորովին կամաւոր հիմունքներով, անվճար, եւ ի վերջոյ պաշտօնեայ էր դարձեր։ Շաբթուայ մեծ մասը տունէն հեռու կ՚անցընէր։ Երբեմն հիւսիսային կողմը կ՚երթային, երբեմն ալ հարաւային. գիտէր, որ եղբայը հիւսիսային կողմերը եղած էր, բայց գործը գործ էր, անկախ վայրէն պիտի ընէր, ի վերջոյ հասնելու համար նպատակին։ Հինգ տարի անցած էր արդէն, եղբայրը չկար. աճիւնները՝ նմանապէս։ Մայրը մահացած էր, եւ գիւղի գերեզմանատան մէջ, կը մտածէր Արսէնը, փոքր որդուն կը սպասէր...

Նետեց գլանիկը գետին, ոտքը տարաւ վրան. մխաց գլուխը կօշիկին տակէն։ Յիշեց, որ հողն այս գերեզման կրնար ըլլալ, ու կքեցաւ, հաւաքեց ծայրը գլանիկին, գրպանը դրաւ։ Վերցուց մուրճը. երկաթէ ձողը դէմն առած՝ բարձրացաւ աթոռակին վրայ, ու շարունակեց քամել զայն հողին մէջ, մինչեւ վերջ։ Երկու մեթրը լրացած, ձողի կեռակտուց գլուխը հասած էր արդէն գետնին. հողը կը համբուրէր։

Մաքրեց Արսէնը քրտինքը ճակատի, շունչ մը առաւ. սպասեց մի քանի վայրկեան, որպէսզի ձողը ընտելանար հողին, առնէր անկէ հարկաւոր տեղեկութիւնը, եթէ կար...։ Յետոյ ձեռքը տարաւ երկաթին, կամաց կամաց քաշեց զայն, ու դուրս հանեց։

Ձողը գլխիվար դարձուց, քիթին տանելու ոտքը անոր։ Հոտոտաց։ Ուշադիր։ Քիչ մը վեր... հոտոտաց... ոչինչ։ Քիչ մըն ալ վեր... բան չկար։ Ոչ մէկ հոտ արտասովոր։ Հողն էր պարզապէս։

Պիտի յառաջանար, քանի մը մեթր անկողմ անցնէր, արդէն քանի հազարերորդ անգամ մխրճելու համար ձողն այդ հողին մէջ։

Խոստացեր էր, գտնէր պիտի։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 31, 2021