ԴԱՐԸ ՉԷ՛ ՓՈԽՈՒԱԾ, ՄԱ՛ՐԴՆ Է ՈՐ ՓՈԽՈՒԱԾ Է

Շատեր կրնան առարկել եւ համաձայն չգտնուիլ տուեալ վերնագրին բացայայտած ճշմարտութեան հետ, սակայն ճշմարտութենէն կարելի չէ փախուստ տալ՝ ուզենք կամ չուզենք։ Ճշմարտութիւնը ճշմարտութիւն է։

«Դարը փոխուած է» յանկերգը 21-րդ դարու մարդուն խօսակցութեան մշտակայ նիւթն է դարձած։ Առհասարակ միջադէպին կամ երեւոյթին իրազեկ մարդիկ, երբ չեն կրնար եզրայանգում մը կատարել՝ իսկոյն կ՚ըսեն. «Դարը փոխուած է»։

Հազարամեակներ ամբողջ մարդկային իմացականութիւնը յարափոփոխ շարունակականութեամբ, հակասականութեամբ, իրերամերժութեամբ, կամայապաշտութեամբ, բազմաբնոյթ իմաստաբանութեամբ, տրամախոհութեամբ, տարակարծութեամբ, տարաբնոյթ նիւթերու, երեւոյթներու, եղելութիւններու, տիեզերաբանութեան, անսահմանութեան մասին միլիոնաւոր գիրքեր հրատարակած է՝ հասնելու համար ճշմարտութեան, սակայն այդ բոլորը չեն համալրած գիտութիւնը, որովհետեւ փաստացի տուեալներու հետեւողականութեամբ չեն ուսումնասիրուած ու ամրակայուած, այլ՝ արդիւնաւորուած են որպէս մարդկային մտքի ճիգ ու դրսեւորում, մարդոց հետաքրքրութիւնները գոհացնող, զբաղեցնող եւ հաճոյացնող ազդակներ։ Նոյնպէս ալ «դարը փոխուած է» կարգախօսը մշտապէս չէ՛ ունեցած հաւաստի աղբիւր, հիմնակէտ ու մեկնակէտ։ Մարդը միշտ փորձած է փախչիլ ճշմարտութենէն եւ չընդունիլ իր տկարութիւնները, թերութիւնները, անփոյթ վիճակը առ այդ, գտած է ելք մը՝ «դարը փոխուած է» ասոյթը։

Կարելի չէ ուրանալ գիտութեան ձեռք բերած նուաճումները, որոնք մարդս մղեցին բացուելու աշխարհին եւ կուրօրէն հետեւելու անոր ընծայած դիւրութիւններուն։ Նորարարութիւն մը, որ մարդս անընդհատ դէմ յանդիման կը դնէ ու կը մղէ դէպի օտարը, ապազգայնացուցիչ սովորութիւններ, այլախոհ մտածումներ…։ Այո՛, 21-րդ դարը քեզ կը պարտադրէ հետեւելու գիտութեան եւ մանաւանդ համացանցին ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտուելու, սակայն որքանո՞վ ճիշդ կերպով կ՚օգտագործես համացանցը եւ ի՞նչ նպատակի համար կը ծառայեցնես զայն։

Այսօրուան երիտասարդը ո՛չ միայն իր ամբողջ ժամանակը յումպէտս կը վատնէ համակարգիչին դիմաց, այլեւ «նոր բարեկամ» ունենալու «մարմաջ»էն տարուած, ինքզինք նետած ու մխրճած է «INSTAGRAM»ի, «FACEBOOK»ի եւ «TWITTER»ի նման այլասերիչ հոսանքներու մէջ՝ մոռնալով իր ծնողքն ու շրջապատը, ընկերներն ու բարեկամները, դպրոցը, համալսարանն ու պատասխանատուութիւնները։ Երբ հարց տաս երիտասարդին կամ երիտասարդուհիին, թէ ի՛նչն է որ զինք այսքան համացանցին կապած է։ Պատասխանը պատրաստ է. «Օտար մարդոց հետ շփումի մէջ կը մտնեմ։ Չեմ ձանձրանար։ Ժամանցի համար է։ Կ՚օգտուիմ։ Անգլերէն լեզուս կը զարգանայ»։ Ճի՛շդ է, համացանցը կ՚օգնէ իմացականութեանդ զարգացման, դիւրութիւններ կ՚ընծայէ որեւէ մէկ դասանիւթիդ, ուսումնասիրութեանդ համար ճիշդ աղբիւրներ գտնելու եւ կամ հետաքրքրութեանդ համաձայն որունումներ կատարելու, քեզ դուրս կը բերէ ինքնակղզիացած ու ինքնաբեւեռացած աշխարհէդ, սակայն միաժամանակ նորաւանդ հնարքներով, դիւթիչ գրաւչութեամբ, բարոյազուրկ խորքով եւ «ընկերային մթնոլորտ ստեղծող ու մատուցող» կայքէջերով ակամայ կը մսխէ թէ՛ առողջութիւնդ, թէ՛ մարդկային արժանինքերդ եւ թէ քեզ մոլեգին իր «երկրպագու»ն կը դարձնէ։ Երեւոյթ մը, որ ունի թէ՛ դրական եւ թէ բացասական հակակողմանի երեսներ, որոնք միայն կրնան օգտագործուիլ եւ սանձուիլ ԽԵԼԱՀԱ՛Ս երիտասարդին կողմէ, որ գիտէ ողջախոհ չափանիշներով, առանց խելայեղութեան, հաճոյաձիգ մօտեցումներու եւ ձեւապաշտ դիտարկումներու մօտենալ 21-րդ դարու նորարարութեանց։ Ահա թէ ի՛նչ կ՚ըսէ հանրայայտ հրապարակագիր Շահանդուխտ այս մասին. «Գիտութիւնը դարը չի փոխեր, մենք կը փոխենք դարը մեր տկարութեամբ, մեր ինքնութեան անգիտակից տրամադրութեամբ: Գիտութիւնը մեզ կը զարգացնէ, ամենէն աւելի հայը կ՚ըմբռնէ գիտութեան արժէքը եւ կը յառաջդիմէ՝ իր ամբարած նոր գիտելիքները ծառայեցնելով մեր ազգային յառաջընթացին, եւ ոչ՝ օտարին ջաղացքին ջուր տանելու»։

Իւրաքանչիւր դարաշրջան ունի իրեն իւրայատուկ դիմագիծը, բազմադիմի ստեղծագործութիւնները եւ յայտնի դէմքերը։ Եթէ դար մը ունեցած է իր եզակի իրագործումներն ու սխրալի նուաճումները, սա չի նշանակեր որ ան չէ՛ ունեցած իր ժխտականութիւնն ու հասարակայնացած թերութիւնները։ Յաճախ մեր ծնողներէն կամ պապիկներէն լսած ենք ու տակաւին կը լսենք, որոնք կ՚ափսոսան ըսելով. «Մեր ժամանակ ամէն ինչ տարբեր էր»։ Ի՞նչ տարբերութիւն կայ 21-րդ դարուն եւ նախորդ դարերուն միջեւ։ Ակա՛նջ տանք պահ մը մեր փորձառու մամիկներու եւ հայրիկներու ոսկեքանդակուած խօսքերուն եւ լսենք անոնց հարուստ փորձառութեանց վկայութիւնները։ Վստահ չենք ափսոսար։

Երէցները, իրենց կարգին, պէտք է հաղորդակցութեան սերտ եւ վստահելի կապեր ստեղծեն, անխզելի կամուրջներ հաստատեն իրենց ժառանգորդ երիտասարդներուն հետ, քանի միայն երկխօսութեամբ, համոզումով կարելի կ՚ըլլայ լաւագոյնս եւ արդիւնարար կերպով դիմագրաւել ու հակակշռել օտար ու ապակողմնորոշիչ բարքերու, սովորութիւններու եւ մշակոյթներու վտանգաւոր թափանցումներն ու վնասակար ազդեցութիւնները, որոնք կը սպառնան որեւէ հաւաքականութեան էութեան եւ գոյութեան։ Չմոռնանք, որ ներկան պայմանաւորուած է անցեալով, որովհետեւ անցեալն է, որ ոգի եւ շունչ, արիւն եւ աւիւն կը ներարկէ այսօրուան ու գալիքին։

Սփիւռքեան տարապայման կացութեան մէջ ապրող հայորդին այսօր նիւթականացած այս աշխարհին մէջ անմասն չէ՛ համաշխարհայնացման մշակութակուլ ազդեցութիւններէն, որոնք հետզհետէ բազմաբովանդակ վտանգներ կը պատճառեն ե՛ւ մեր կենսընթացին, ե՛ւ մեր անձին։ Նոր օրերու ազգակործան հաճոյքները, աջէն ու ձախէն փչող հովերը, հազար ու մէկ ակունքներէ պղտոր ջուր կը լեցնեն հայ կեանքի աւազանին մէջ։ Օրուան հետ ծնող եւ օրուան հետ մեռնող հակակրօնական երեւոյթները, հաճոյապաշտ մտայնութիւնները որքա՜ն առինքնած են հայ երիտասարդութիւնը, որ դժբախտաբար գերեվարուած է այսօրինակ վատաբարոյ հնարքներով։ Սիրելի՛ երիտասարդ, որքա՛ն փորձես օտարացնել դուն քեզ, օտար շրջանակ ունենալ, ուրանալ ինքնութիւնդ ու ազգութիւնդ, ուծանալ արմատներէդ, օտարընկալ փառքերով «պճնուիլ»՝ կարծելով որ ա՛յդ է ներկայ դարուն պահանջքը, ամբողջովին սխալած ես։ Օտարամոլութիւնն ու օտարաբաղձութիւնը ժահաբոյր գերեզմանի նման արտաքնապէս գեղատեսիլ են, սակայն ի ներքուստ լեցուն են բազմաթիւ ախտերով ու պէս-պէս «որդ»երով, որոնք քու «ա՛նձդ է որ կը կրծեն» եւ կը քայքայեն ամբողջ հոգեկերտուածքդ։

Այս չէ տակաւին ցաւալին։ Ժամանակի ընթացքին եւ մանաւանդ այս դարուս, կրօնքը, բարոյական արժէքները, եկեղեցին դատարկաբանութիւն եւ աւելորդապաշտութիւն նկատուած են այսօրուան «զարգացած» կարծեցեալ երիտասարդութեան կողմէ, որոնց փոխարէն ցոփապաշտութեան, հաճոյամոլութեան, ընչաքաղցութեան, սեռային յարաբերութեանց, գետնաքարշ տարփանքներու եւ սնամէջ վայելքներու համատիպ մոլութիւնները սկսած են ուժգնապէս արմատ նետել նոր սերունդի հոգիի ենթահողին վրայ։ Աւելի՛ն. «զարգացած» երիտասարդութեան համաձայն՝ եկեղեցին այլեւս ծիսականացած, հնացած, «թանգարանացած» վայր մըն է եւ վաղուց իսկ կորսնցուցած իր դերակատարութիւնը։ Ի՞նչ յանդգնութեամբ կը համարձակիս լուտանքներ արձակել եւ սահմանագծումներ կատարել եկեղեցւոյ հասցէին։ Եկեղեցին հաւա՛տք կերտելու սրբազան երթուղի է, առաքելաշունչ պատգամներու եւ քրիստոսախօս ուսուցումներու հիմնական վեհավա՛յր է։ Եկեղեցին աստուածգիտութեան, աստուածպաշտութեան եւ աղօթասացութեան միա՛կ վերնատունն է, քրիստոսաւանդ պատգամներուն տարածիչը, հոգեւոր մշակոյթի անդաստան հանդիսացողը եւ անապատացած ու կարկամեալ հոգիիդ միա՛կ սփոփարարն է։ Ս. Կիպրիանոս կ«ըսէ. «Ով որ չ՚ընդունիր եկեղեցին որպէս մայր, չի կրնար զԱստուած դաւանիլ որպէս հայր»։

Սիրելի՛ ընթերցող, աշխարհը լի է նորութիւններով, նորանոր նուաճումներով ու ձեռքբերումներով։ «Օրը նոր՝ հնարքը նոր», ինչպէս պիտի ըսէր ժողովրդական առածը։ Ոմանք մակընթացութեան, իսկ ուրիշներ տեղատուութեան մէ՛ջ է, որ կ՚ապրին։ Մակընթացութեան մէջ ապրողները կ՚օգտուին նորարարութիւններէն՝ քայլ պահելու համար աշխարհին հետ։ Աշխարհին հետ համընթաց քալելը լաւ բան է, սակայն անոր գերին ու երկրպագուն դառնալը՝ շատ վտանգաւոր։ Իսկ տեղատուութեան մէջ եղողները այն անձնաւորութիւններն են, որոնք ձեռնածալ նստած եւ իրենք զիրենք տգիտացած մթնոլորտ մը ստեղծելով՝ արգելակած են իրենց անձերը, կարծելով թէ ա՛յդ կը պահանջէ աշխարհը։ Ամէն բան խնդրոյ առարկայէն կախեալ է եւ ո՛չ թէ «փոխուած» կարծուած դարէն։

Պահ մը դիտէ՛ տիեզերքը, բնութիւնը եւ անոր յարակից բոլո՛ր ստեղծագործութիւնները, որոնք քեզի համար ստեղծուած են։ Բայց դո՛ւն ես զանոնք չարաշահողը եւ օգտագործողը քու եսակեդրոն հաշիւներուդ իբրեւ հետեւանք։ Միւս կողմէ, գիտութիւնը յարաճուն ընթացքով կը յարատեւէ, մարդկութիւնը գիտակցաբար կը հեռանայ իր իսկ ինքնութենէն, իսկ կրօնքը սկսած է երկրորդական նկատուիլ, նոյնիսկ անէութեան մէջ չգոյանալ՝ կարգ մը «բանգէտ»ներու համար։ Ո՞վ է դերակատարը կամ յանցաւորը։ Անշո՛ւշտ մենք։ Ուրեմն մի՛ ըսեր «դարը փոխուած է», այլ մե՛նք է որ փոխուած ենք։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2017