ԾՆՈՂ-ԶԱՒԱԿ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Մարդկային ընկերական կեանքէն ներս բազմաթիւ են փոխյարաբերութիւնները զանազան ոլորտներու, մակարդակներու եւ շրջանակներու մէջ: Սակայն, ամենէն կարեւոր եւ էական
փոխյարաբերութիւնը՝ Աստուած-մարդ փոխյարաբերութենէն ետք, ըստ իս, ծնող-զաւակ փոխյարաբերութիւնն է, որու վրայ կ՚աճին ու կը զարգանան բոլոր միւս փոխյարաբերութիւնները: Այստեղ միայն երկու երեւոյթներու մասին պիտի անդրադառնամ. մէկը՝ ծնողներու, իսկ միւսը՝ զաւակներու վարուելակերպի ու պահ-ւածքի մասին:
Սկսինք ծնողներով: Աստուածաշունչ մատեանին մէջ քանի-քանի տեղ կը հանդիպինք ծնողներու վերաբերեալ յատուկ բաժիններու: Այսպէս, Սինայի լերան վրայ Աստուծոյ կողմէ Մովսէս մարգարէին տրուած տասը պատուիրաններուն մէջ կայ պատուիրան մը, որ յատուկ է ծնողներուն, ուր Պատուիրատուն՝ Աստուած, զաւակներուն կը պատուիրէ՝ պատուել, յարգել իրենց հայրերն ու մայրերը, որպէսզի այս աշխարհին մէջ բարիք գտնեն ու երկար ապրին (տես՝ Ելք 20.12): Առակաց գիրքին մէջ հեղինակը խրատելով զաւակները, այսպէս կը գրէ. «Որդեա՛կ, պահէ՛ հօրդ օրէնքը եւ մօրդ խրատը մի՛ մերժեր» (Առ 6.20). ուրիշ տեղ մըն ալ խօսելով զաւակներու մասին, կը գրէ. «Իմաստուն որդին իր հայրը կ՚ուրախացնէ, իսկ անմիտ որդին տրտմութիւն է իր մօր համար» (Առ 10.1). իսկ այլ տեղ մը կ՚ըսէ. «Լսէ՛, որդեակ, քեզ ծնող հայրդ եւ մի՛ արհամարհեր մօրդ ծերութիւնը» (Առ 24.22): Կը տեսնենք, որ Աստուածաշունչին մէջ յատուկ կերպով կը թելադրուի զաւակներուն հնազանդ մնալու իրենց ծնողներուն, լսելու անոնց պատգամներն ու խորհուրդները: Իսկ ամենէն կարեւորը, տասը պատուիրաններով տրուածը, որ իւրաքանչիւր զաւակ պարտաւոր է յարգելու եւ պատուելու իր հայրն ու մայրը, եւ պատուելու ու յարգելու պարագային՝ վարձատրութիւնը յայտնի է՝ այս աշխարհին մէջ բարիքներ գտնել եւ երկար ապրիլ: Զաւակներուն դրսեւորելիք յարգանքն ու պատիւը սակայն անմիջականօրէն առըն-չըւած է ծնողներու տուած դաստիարակութեան հետ, թէ անոնք ինչպիսի դաստիարակութիւն ջամբած են իրենց զաւակներուն եւ ինչ հիմքերու վրայ աշխատած են կառուցել իրենց իւրաքանչիւր զաւկին կեանքը:
Ծնողներու տարբեր տեսակներ կան: Կան լաւ ծնողներ եւ հակառակը կան վատ ծնողներ (ընթերցողը կրնայ ըսել, թէ կարելի չէ, որ վատ ծնող գոյութիւն ունենայ, բայց բաւարար է, որ մէկ անգամուան համար ուշադրութեամբ հետեւիք ձեր շրջանակին եւ անպայմանօրէն կը հանդիպիք այնպիսի ծնողներու, որոնք իրապէս կարելի չէ լաւ ծնող անուանել): Կան զաւակները սիրող ծնողներ եւ հակառակը՝ զաւակները չսիրող ծնողներ: Կան պարտաճանաչ ծնողներ, որոնք ամէն կերպով կ՚աշխատին իրենց զաւակներուն բարօր կեանք պարգեւել, եւ ասոր հակառակը կան ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն շնորհիւ կը փորձեն իրենք բարօր կեանքով ապրիլ: Շարքը տակաւին կրնանք շա՜տ երկարել:
Այսօր, դժբախտաբար կան այնպիսի ծնողներ, որոնք կը կարծեն, թէ ինչքան ալ իրենց զաւակները մեծնան, աճին, ուսում ստանան, յաջողութիւններու հասնին, ծնող դառնան՝ միեւնոյնն է, իրենց համար կը մնան զաւակ եւ միայն, եւ առ այդ իրենց համար իրաւունք կը վերապահեն որեւէ առիթի կոպտելու, վիրաւորելու, յանդիմանելու, անարգելու եւ երբեմն նոյնիսկ անիծելու, մոռնալով, որ իրենց զաւակները արդէն չափահաս դարձած են՝ ծնող են արդէն, եւ նման վերաբերմունք իր ժխտական անդրադարձը կրնայ ունենալ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան վրայ: Բնական է, որ որպէս ծնող իրաւունք ունին երբեմն յանդիմանելու, խրատելու, ճիշդ ուղղութիւն ցոյց տալու, որովհետեւ իրենք իրենց զաւակներուն պատասխանատուներն են՝ վերակացուներն են, սակայն այդ իրաւունքը պէտք չէ անդրանցնի չափն ու սահմանը, զաւակներուն մօտ արթնցնելով վիրաւորուածութեան ու լարուածութեան զգացում, այդ իրաւունքը իրենց թոյլ պէտք չէ տայ անիծելու իրենց զաւակները: Այդ իրաւունքը իրենց թոյլ պէտք չէ տայ իրենց զաւակներուն հետ վարուելու որպէս իրենց տան մէջ ապրող վարձուորներ: Յանդիմանելը՝ իր տեղին, երբ յանդիմանութեան նախորդած ըլլան խրատն ու թելադրութիւնը, սակայն կոպտել, անարգել, յանդիմանել ու անիծել տեղի ու անտեղի, այդ մէկը արդէն մտածել կու տայ, որ տուեալ ծնողը հոգեկան լուրջ ու վտանգաւոր խնդիրներ ունի: Աւելի՛ն, այս ամէնը մտածել կու տայ, որ տուեալ ծնողները ստրուկները դարձած են իրենց եսին եւ մոռցած են, որ իրենք իրենց զաւակներուն նկատմամբ ի վերուստ տըր-ւած պարտաւորութիւններ ու պարտականութիւններ ունին:
Այժմ անդրադառնանք զաւակներու վերաբերմունքին: 21-րդ դարը իր հետ բարոյական արժէքներու անկում բերաւ: Անկում՝ գրեթէ ամէն մակարդակներու եւ ոլորտներու մէջ: Այդ անկումներուն ամենէն սարսափելին սակայն զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան խախտումն է: Այսօր, կան զաւակներ, որոնք այնպիսի առաքինի ծնողներէ սերած են, սակայն երբ ընկերութեան մէջ եւ փոխյարաբերական կեանքին մէջ անոնց հետ շփում ունենաս, ուղղակիօրէն կը զարմանաս ու կ՚ապշիս, եւ կը սկսիս մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ այսպիսի առաքինի ծնողէ մը կրնայ այսպիսի անառակ զաւակ մը յառաջ գալ: Գլխաւոր պատճառը այս երեւոյթին, զաւակներուն ծնողներուն նկատմամբ ունեցած անյարգալիր վերաբերմունքն է, իրենց ծնողներուն վարկն ու անունը շահագործելը, եւ այլն, եւ այլն: Նման զաւակներու համար, ո՛չ ընտանեկան յարկի հասկացողութիւն գոյութիւն ունի, ո՛չ ընտանեկան սրբութիւն եւ ոչ ալ ընտանիքի ըմբռնողութիւն: Նման զաւակներ հակառակ իրենց մաքրասէր մայրերուն՝ իրենք հակապատկերը կը ներկայացնեն. անհոգ, անմաքրասէր ու թափթփած: Հակառակ իրենց հիւրասէր հայրերուն, իրենք ագահութեամբ տառապած՝ միայն իրենց եսին մասին կը մտածեն: Հակառակ իրենց առաքինի ծնողներուն, իրենք ճիշդ հակառակը անառակ ու անբարոյ կ՚ըլլան: Հակառակ իրենց ծնողներուն տուած դրական դաստիարակութեան, իրենք կ՚ըլլան ճիշդ հակառակը՝ որովհետեւ յաջողած են իրենց ծնողները խաբել եւ իրենք զիրենք «առաքինի» ներկայացնել անոնց, կ՚ըլլան անկիրթ, փողոցային, լկտի եւ ինչե՜ր չեն ըներ շահագործելով իրենց ծնողներուն բարեմտութիւնն ու առաքինութիւնը: Բնականաբար այս երեւոյթներուն մէջ շատ յաճախ ծնողներուն բարեմտութիւնն ալ կայ, որովհետեւ կան ծնողներ, որոնք կը կարծեն, թէ փոքր տարիքէն զաւակներուն ամէն ինչ թոյլ տալը լաւ է, այդպէսով իրենց զաւակը կը սիրէ ու կը յարգէ զիրենք, բայց կը մոռնան, որ նման վերաբերմունքով իրենց զաւակները կ՚առաջնորդեն դէպի եսապաշտութիւն եւ կամակորութիւն: Հետեւաբար ծնողները պէտք է զգոյշ ըլլան եւ փոքր տարիքէն սկսին ճիշդ կերպով դաստիարակել իրենց զաւակները, որպէսզի երբ մեծնան անոնք, իրենց գլխին թագն ու պարծանքը դառնան եւ ոչ թէ՝ փուշն ու ամօթանքը:
Ամփոփելով, երկու երեւոյթներուն ալ պատճառը՝ խորքին մէջ ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող երկխօսութեան բացակայութիւնն է: Այսօրուան ընկերութեան մեզի պարտադրած պայմանները մեզ հեռացուցած են մեր հայրենի սովորութիւններէն եւ աւանդութիւններէն: Այսօրուան համշխարհայնացած աշխարհը մեզ հեռացուցած է մեր ընտանեկան սրբութիւններէն: Այսօրուան ծնողները ժամանակ չունին տրամադրելու իրենց զաւակներուն, իսկ զաւակները կարծելով, որ ժամանակները փոխուած են, կը մտածեն, թէ իրենց ծնողները «հին ուղեղ», «հին գլուխ», «քարացած մտածելակերպ»ի տէր մարդիկ են, եւ առ այդ կը զլանան զրուցել եւ կիսել իրենց մտահոգութիւնները: Ահա՛, այստեղ է բուն խնդիրը, երկխօսութեան կապը վերացած է, հակառակ անոր, որ ընտանիքէն ներս ծնող-զաւակ յարաբերութիւնը պէտք է ամենէն ուժեղն ու ամենէն տոկունը ըլլայ: Հայրերն ու մայրերը իրենց հայր ու մայր ըլլալու հանգամանքի կողքին, միաժամանակ պէտք է իրենց զաւակներուն ընկերներն ու ընկերուհիները ըլլան, բարեկամներն ու մտերիմները ըլլան, ուր չկան գաղտնիքներ, չկան առերեսութիւններ, կան փոխադարձ վստահութիւն ու յարգանք, կան շինիչ եւ անկեղծ խօսակցութիւններ, ինչ որ գրաւականն է առողջ դաստիարակութեան եւ զօրաւոր ընտանիք ունենալու:
Այսօր, ծնողներ ու զաւակներ ամէն կերպով պիտի աշխատին այդ կապը վերականգնել իրենց միջեւ, որպէսզի առողջ եւ զօրաւոր ընկերութիւն, ազգ ու հայրենիք ունենանք: Եկեղեցին՝ իր հոգեւոր սպասաւորներով մեծ աշխատանք ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ, որ պէտք չէ զլանայ: Եկեղեցւոյ գլխաւոր եւ հիմնական պարտաւորութիւններէն մէկն է իր համայնքներուն մէջ ունենալ առողջ եւ հոգեւորապէս ու բարոյապէս ուժեղ ընտանիքներ, որոնք հիմքն ու կորիզը պիտի կազմեն բարոյապէս մաքուր ընկերութեան մը:
Յ.Գ. Երկու երեւոյթները, որոնց մասին անդրադարձայ, փաստուած ու հաստատուած տեսութիւններ չեն, այլ՝ իրական կեանքէ քաղուած պատկերներ ու իրականութիւններ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 30 Մայիս 2018