«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԲԱՐԵՊԱՇՏ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ՀՈԳԻՈՎ եւ ճշմարտութեամբ զԱստուած պաշտելու համար՝ մենք պարտաւոր ենք լեցուած ըլլալ զարմացումով, յարգանքով, երկիւղով, սիրով, հաւատարմութեամբ եւ հնազանդութեամբ: Պարտաւոր ենք միա՛յն Աստուծոյ կամքը մեզի ուղեցոյց ունենալ եւ Անոր անհուն մեծութեամբ սքանչանալ, որովհետեւ Աստուած Իր մէջ կը բովանդակէ իւրաքանչիւր կատարելիութիւն եւ Անոր կարողութիւնը այնչափ մեծ ու բարձր է, որ նոյնիսկ մեր երեւակայութենէն եւ միտքէն գերիվեր է: Այս զգացումներով լեցուած էր Դաւիթ մարգարէին հոգին, երբ հիացումով կը նկարագրէր Աստուծոյ մեծամեծ գործերը, աղաղակելով. «Ո՜վ Տէր, մեր Տէրը, ի՜նչ փառահեղ է անունդ ամբողջ աշխարհի վրայ։ Փառքդ աւելի բարձր է՝ քան երկինքը» (Սղ 8.1): Այս զգացումով լեցուած են նաեւ հրեշտակները. «...հրեշտակներն իսկ պիտի ուզէին գէթ մասամբ տեսնել» (Ա. Պտ 1.12): Երբ փրկութեան խորհուրդը կը պատկերացնենք մենք մեզի եւ այս զարմացման զգացումը կը համեմատնեք Աստուծոյ անսահման էութեան հետ, խոր յարգանք եւ անպատմելի երկիւղածութիւն մը կը ծնի մեր սիրտին մէջ: Մեր ոչնչութիւնը Աստուծոյ առջեւ այնպէս է, որ բոլոր մեր յարգանքն ու պատիւը անզօր են ամէն բան յայտնելու, ինչ որ մենք Աստուծոյ պարտական ենք: Ուստի, ջերմաջերմ երախտագիտութեամբ եւ գոհութեամբ պարտաւոր ենք ատել ամէն բան, ինչ որ հակառակ է Անոր պատուին եւ Անոր Տէրութեանը, ինչ որ հակառակ է Անոր կատարելիութիւններուն եւ Նախախնամութեանը, ինչ որ անարգանք է Անոր աստուածային խօսքին, Անոր պաշտամունքին, Անոր տաճարին եւ պաշտօնեաներուն, ինչ որ նախատինք է Անոր արդարութեանը եւ դատաստանին: Որովհետեւ, ամենէն ահռելի յանցանքը Աստուծոյ պատիւը եւ անունը ոտնակոխ ընելն է, եւ ա՛յս է որ հայհոյութիւն եւ պղծութիւն կը կոչուի, եւ այս հայհոյութիւնը Եբրայեցիներուն մէջ մահուամբ կը պատժուէր: Հետեւաբար, պէտք է այնպէ՛ս սուրբ եւ անարատ ըլլանք, որ մեր իւրաքանչիւր խօսքէն, ամբողջ կեանքէն յայտնապէս հասկցուի, որ մենք բոլոր սիրտով զԱստուած կը պատուենք: «Ես պիտի փառաւորեմ զիս փառաւորողները, իսկ զիս անարգողները՝ պիտի անարգեմ» (Բ. Թգ 2.30): Աստուծոյ էութիւնը, Աստուծոյ գաղափարը պէտք է մեր մէջ երկիւղ եւ ջերմեռանդ սէր ծնի, որով կարողանանք հաճելի ըլլալ Անոր եւ ուրախութեամբ կատարենք մեր բոլոր պարտաւորութիւնները, հնազանդելով Անոր կամքին եւ արժանանալով Անոր շնորհքներուն: «Տիրոջ հանդէպ զգացուած երկիւղը, կ՚ատէ անիրաւութիւնը» (Առ 8.13):

Մենք պարտաւոր ենք Երկիւղ ունենալ Աստուծոյ հանդէպ. որովհետեւ Աստուած անսահման իրաւունք ունի մեր վրայ: Ան է մեր Արարիչը, Նախախնամողը, Բարերարը եւ Փրկիչը: Ան մեզի օրէնքներ տուաւ մեր կեանքը ուղղելու համար: Ան վկայ է մեր բոլոր խօսքերուն եւ գործերուն, մեր բոլոր միտքերուն եւ զգացմունքներուն: Ա՛ն է մեր Դատաւորը եւ Անոր վճիռէն կախում ունի մեր երջանկութիւնը կամ ապերջանկութիւնը, ինչպէս Երեմիա մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով չի՞ վախնար Քեզմէ, ազգերու Թագաւոր, այդ միայն Քեզի՛ վայել է» (Եր 10.7). «Որդին իր հայրը կը փառաւորէ եւ ծառան կ՚երկնչի իր Տիրոջմէ: Իսկ արդ, եթէ ես Հայր եմ, ո՞ւր է փառքս, իսկ եթէ Տէր եմ, ո՞ւր է պատիւս,- կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը» (Մղ 1.6). «Եւ ահաւասիկ, լսէ՛ բոլոր խօսքերուս վերջաբանը. վախցի՛ր Աստուծմէ եւ պահէ՛ Անոր պատուիրանները. ահա ա՛յս է մարդը ամբողջութեամբ» (Ժղ 12.13). «Եթէ «Հայր» կը կոչէք Ան՝ որ անաչառ կերպով կը դատէ իւրաքանչիւրը իր գործերուն համաձայն, աստուածավախութեամբ ապրեցէք ձեր պանդխտութեան տարիները» (Ա. Պտ 1.17):

Այս երկիւղը մեզ պէտք է յաղթող դարձնէ իւրաքանչիւր փորձութեան եւ իւրաքանչիւր երկիւղի վրայ: Որովհետեւ, ան որ Աստուծոյ երկիւղը ունի, կիրքերու զօրութենէն բարձր է, աշխարհային վայելչասիրութենէն բարձր է, մարդկային երկիւղներէն բարձր է, որովհետեւ երկիւղած մարդէն հեռո՛ւ է իւրաքանչիւր երկիւղ եւ յաղթող է ամէն ինչին: Ան բարիք կը գործէ ո՛չ թէ մարդոց հաճոյանալու համար, այլ՝ որպէս Աստուծոյ ծառայ: Ան բնա՛ւ չի համարձակիր Աստուծոյ անունը անպատուել ժամանակաւոր նեղութիւններու պատճառով: Ան մահուան եւ հալածանքներուն մէջ անգամ կ՚աղաղակէ. «Ես Աստուծմէ բացի ուրիշ երկիւղ չունիմ»: Այս պատճառով է, որ Փրկիչը կը յորդորէ մեզ՝ ըսելով. «Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- Մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը ըս-պաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել։ Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք։ Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք» (Ղկ 12.4-5). «Ես եմ, Ես այն նոյնն եմ, որ մխիթարեցի ձեզ: Իմացի՛ր, թէ դուն ո՛վ էիր, որ մահկանացու մարդոցմէ եւ ադամորդիէն վախցար, որոնք խոտի նման չորցան» (Ես 51.12): Ասկէ պարզապէս կ՚երեւի այն խօսքին ճշմարտութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ իմաստութիւնը պէտք է որ Աստուծոյ երկիւղէն սկսի...»: «Իմաստութեան սկզբնաքայլը Տիրոջ երկիւղն է. խելացի է ան՝ որ Տիրոջ պատուէրները կը գործադրէ։ Յաւիտենապէս Անոր օրհներգութիւն պիտի մատուցուի» (Սղ 111.10):

Աստուծոյ երկիւղը կապուած է Անոր պատիւին եւ սիրոյն հետ, որովհետեւ Աստուծոյ երկիւղը անքակտելի միութիւն ունի այս յարգանքին եւ սիրոյն հետ, որ մենք պարտաւոր ենք ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ: Որովհետեւ, Աստուծոյ երկիւղը որդիական երկիւղ է եւ ո՛չ թէ ծառայի: Այս երկիւղին համար, որ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Արդ, դուք Հոգին ստացաք՝ ո՛չ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ Հոգին ստացաք՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար: Այդ Հոգիով է որ զԱստուած «Աբբա», այսինքն Հայր կը կոչենք» (Հռ 8.15):

Լաւ սնունդ ստացած որդիներուն համար, քաղցր եւ իմաստուն հօր երկիւղը երբեք ծանր պարտաւորութիւն չէ, այլ՝ մխիթարութիւն: Անոնց երկիւղը ո՛չ այլ ինչ է, եթէ ոչ ջանալ հաճոյանալ իրենց գթասիրտ հօր սիրոյն եւ զգուշանալ անոր ողորմութենէն չզրուելու:

Այս երկիւղը, սպառնալիքէն ու պատիժէն վախնալու երկիւղ չէ, այլ՝ հայրական սիրոյ քաղցրութենէն զրկուելու երկիւղ: Երբ այս գեղեցիկ երկիւղը տպաւորուած է մեր սիրտին մէջ, միշտ արթուն ենք մենք եւ հետեւաբար՝ յուսահատական դժբախտութիւններէ ազատ:

Մենք պարտաւոր ենք զԱստուած սիրել, որովհետեւ Աստուած թէ՛ սիրուելու բոլոր կատարելութիւնները ունի եւ թէ՛ ալ կը ծածկէ մեզ Իր սիրով եւ բարութեամբ, ինչպէս բնութեան, այդպէս ալ միաբանութեան մէջ: Պարտաւոր ենք սիրել, որովհետեւ նախ Ի՛նք սիրեց մեզ. «Ո՛չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած Ինք սիրեց մեզ» (Ա.Յհ 4.10). «Որովհետեւ, եթէ Աստուած Իր Որդիին մահովը մեզ Իր հետ հաշտեցուց դեռ այն ատեն՝ երբ տակաւին թշնամի էինք Իրեն» (Հռ 5.10). «Որովհետեւ Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16): Աստուած մեզի Իր Հոգին տուաւ, որպէսզի մեր մէջ նորոգէ Իր պատկերը. «Գիտենք, թէ Աստուած բարիին համար գործակից կ՚ըլլայ անոնց՝ որոնք կը սիրեն զԻնք եւ Իր ծրագիրին համաձայն Իրեն կանչուած են» (Հռ 8.28): Մենք պարտաւոր ենք սիրով եւ շնորհակալութեամբ լեցուած ըլլալ, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ մեզ առանց ակնկալիքի, եւ մանաւանդ, որ մենք չենք կրնար երջանիկ ըլլալ առանց զԱստուած սիրելու: Ա՛ն է միայն, որ կրնայ լրացնել մեր անսահման ցանկութիւններն ու կարօտութիւնները, գոհացնել մեր սիրտը եւ բժշկել մեր բոլոր ցաւերը: Այս սիրով լեցուած էր Դաւիթ մարգարէն, երբ կ'աղաղակէր. «Երկինքի մէջ ո՞վ ունիմ ես Քեզմէ զատ, երկրի վրայ ալ Քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր։ Մարմինս ու միտքս կը տկարանան, բայց իմ միտքիս յենարանը եւ իմ միակ ունեցածս՝ Աստուած Ի՛նքն է յաւիտեան» (Սղ 73.25-26):

Պարտաւոր ենք սիրել զԱստուած, որովհետեւ Աստուած Ինք այդ սիրոյ պարտաւորութիւնը դրած է մեր վրայ. «Որդեա՛կ, տուր ինծի քու սիրտդ» (Առ 23.26). «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքովդ» (Մտ 22.37):

Աստուած պատուիրելով մեզի, որ սիրենք զԻնք ամբողջ սիրտով եւ ամբողջ միտքով, ատով կը սորվեցնէ մեզի միաժամանակ, որ մեր սիրտը պէտք է աստուածային սիրով լեցուած ըլլայ. նոյն սէրը պէտք է տիրէ մեր սիրտին վրայ, ուղղէ մեր բոլոր ընդունակութիւններն ու միտքի բոլոր զօրութիւնը, եւ միաժամանակ մեր սիրտէն հեռացնէ իւրաքանչիւր յանցաւոր կապակցութիւն. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ աշխարհին յատուկ որեւէ բան: Ով որ աշխարհը կը սիրէ՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ սէր չունի իր մէջ» (Ա.Յհ 2.15):

Մեր ամենէն անմեղ կապակցութիւնները նոյնիսկ, պէտք է Աստուծոյ սիրոյն ենթարկուած ըլլան: Պարտաւոր զԱստուած սիրել ամէն բանէ աւելի եւ մեր սիրածներն ալ այնպէս պէտք է սիրենք՝ ինչպէս Աստուած կը հրամայէ: Անոնց մէջ ո՛չ հանգստութիւն եւ ո՛չ ալ երջանկութիւն պէտք փնտռենք, որովհետեւ կատարեալ երջանկութիւնը միայն Աստուծոյ մէջ է: «Ով որ իր հայրն ու մայրը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ ինծի» (Մտ 10.37):

Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած սիրոյ նշանները հետեւեալներն են.

ա) Սիրտի բաւականութիւն, որ մենք կը գտնենք Աստուծոյ մասին մտածելով, աղօթելով, Անոր խօսքը կարդալով եւ Աստուածահաճոյ բոլոր տեսակի գործեր կատարելով: Այսպիսի բաւականութիւն իւրաքանչիւր զաւակ կը գտնէ իր ծնողէն, երբ կը սիրէ թէ՛ անոնց նկատմամբ ունեցած պարտքերը կատարելու եւ թէ ալ թղթակցելով, եթէ հեռաւոր օտարութեան մէջ են: «Բայց ես աչքերս քեզի՛ յառած եմ, Տէ՜ր, իմ Տէ՛րս, յոյսս քու վրա՛դ դրած եմ, զիս անպաշտպան մի՛ ձգեր» (Սղ 141.8). «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին. «Տիրոջ տունը երթանք»» (Սղ 122.1):

բ) Սէր՝ ընկերոջ նկատմամբ, որ մեզմէ կը պահանջէ մեր եղբայրներուն նայիլ որպէս Աստուծոյ որդիներ: Այս մասին է, որ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ 25.40). «Այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ «ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է։ Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրելի զԱստուած՝ որ չի տեսներ» (Ա.Յհ 4.20):

գ) Շարունակ աշխատիլ եւ ամէն ժամանակ, իւրաքանչիւր պատահարի պարագային ուրախութեամբ կատարել Աստուծոյ կամքը, որպէսզի մեր Փրկիչին հետ միասին կարողանանք ըսել. «Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ Անոր գործը» (Յհ 4.34). «Իսկ ով որ կը կատարէ Անոր խօսքը, ատով իսկ ցոյց կու տայ՝ թէ իրապէս իր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ հանդէպ սէրը» (Ա.Յհ 2.5). «Արդարեւ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կ՚արտայայտենք՝ անոր պատուիրանները գործադրելով։ Իսկ անոր պատուիրանները գործադրելը դժուար չէ» (Ա.Յհ 5.3):

դ) Ճշմարիտ եռանդ ունենալ Աստուծոյ փառքին համար, այսինքն՝ վառուած ըլլալ սուրբ ցանկութեամբ եւ ջանալ, որպէսզի բոլոր մարդիկ ճանչնան, սիրեն, պատուեն եւ փառաւորեն զԱստուած: Այս ցանկութեամբ պարտաւոր ենք վարուիլ եւ շարժուիլ Աստուծոյ արքայութիւնը առաջ տանելու թէ՛ մեր խօսքով եւ թէ՛ մեր գործերով՝ անձնազոհութեամբ. «Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու: Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք» (Հռ 12.11): Սակայն, մեր այս եռանդը պէտք է որ միշտ լուսաւորուած եւ կապուած ըլլայ մարդասիրութեան եւ խոհեմութեան հոգիին հետ: Այս մասին կը զգուշացնէ Յակոբոս առաքեալ ըսելով. «Իսկ եթէ ձեր սիրտերուն մէջ դառն նախանձ եւ հակառակասիրութիւն կայ, մի՛ պարծենաք եւ ճշմարտութեան դէմ մի՛ մեղանչէք։ Այդպիսի իմաստութիւնը երկինքէն չէ՛ տրուած, հոգեւոր չէ, այլ՝ երկրաւոր է եւ դիւական։ Որովհետեւ ուր որ նախանձ եւ հակառակասիրութիւն կայ՝ հոն նաեւ անկարգութիւն եւ ամէն տեսակի չարիք կայ։ Մինչդեռ երկնային իմաստութիւնը ունեցող մարդը նախ որ մաքուր կ՚ըլլայ, ապա նաեւ՝ խաղաղարար, ազնիւ, բարեացակամ, ողորմած եւ բարի գործերով արդիւնաւոր, անկողմնակալ եւ անկեղծ» (Յկ 3.14-17):

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018