ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ՎԱՃԱՌԱՏԵՂԻՆ
Ուսանող մը. Նազէք ալ-Մալաիքէին1 «Քարարադ ալ-մաուճա - ալիքի լուծումները» հատորը ունի՞ք:
Վաճառողը. ունիմ՝ «ինչպէ՛ս ալիքը թիավարել» հատորը:
Ուսանողը. ո՞վ է հեղինակը:
Վաճառողը. արաբ ամենէն նշանաւոր գրողներէն ու բանաստեղծներէն մէկը:
***
Բանուոր. հաց կա՞յ:
Վաճառողը. մարդ միայն հացով չ՚ապրիր:
***
Զարգացած մը. հետեւաբար, մէկ քիլօ ազատութիւն տուր մեզի:
Վաճառողը. ներմուեծելու եւ արտածելու ազատութենէն բացի, ուրիշ ազատութիւն չունիմ:
Զարգացածը. իսկ արտայայտուելու ազատութի՞ւն:
Վաճառողը. ծիրանով:
***
Կաթնատու մը. տակդիրներ ունի՞ս, որ կտորէն երկու անգամ աւելի չոր ըլլան:
Վաճառողը. մեծ քանակութեամբ ունէի, բայց սպառեցան: Այս օրերուն մեծ պահանջարկ ունին տակդիրները:
Կաթնատուն. տարօրինակ. ո՛չ մէկ խանութի մէջ կայ, տեսնես ի՞նչ է պատճառը:
Վաճառողը. որովհետեւ մեծերը սկսած են պատրաստուիլ շուտով տակդիրներ օգտագործելու:
Կաթնատուն. ինչո՞ւ:
Վաճառողը. արաբական յաջորդ հանգրուանը այդպէս կը պահանջէ:
***
Դեռահաս մը. Նաճլա Ֆաթհիին նկարը ունի՞ս Փարիզի մէջ:
Վաճառողը. ո՛չ. Պիկընի նկարը ունիմ Եգիպտոսի մէջ, իսկ Շարոնինը՝ Սայտայի մէջ:
Դեռահասը. լողազգեստո՞վ:
Վաճառողը. ո՛չ, պիքինիով:
***
Արտագաղթող մը. «Լիբանան, ո՜վ դուն կանաչ սիրուն» երգի ժապաւէնը ունի՞ս:
Վաճառողը. ո՛չ:
Արտագաղթողը. «Կանա՜չ ես, հայերնիքս, կանա՜չ» երգի՞նը:
Վաճառողը. ո՛չ:
Մարտիկ մը. «Համրայի պալատը՝ արաբներուն պարծանքը» գիրքը ունի՞ս:
Վաճառողը. ո՛չ:
Մարտիկը. իսկ «Կարմիր անկախութիւնը դուռ ունի» բանաստեղծութի՞ւնը:
Վաճառողը. ո՛չ, ո՛չ, առաջին բառէն հասկցէ՛ք, այլեւս ո՛չ կանաչ եւ ո՛չ ալ կարմիր բան մնաց, բացի ճանապարհային լուսացոյցներէն:
***
Պատմաբան մը. մօտիկի համար ակնոցներ ունի՞ս:
Վաճառողը. ո՛չ:
Պատմաբանը. իսկ՝ հեռուի:
Վաճառողը. ո՛չ:
Պատմաբանը. ինչ կերպով ալ ըլլայ, անպայմանօրէն պէտք է մէկ հատ մը ապահովեմ:
Վաճառողը. ինչո՞ւ. Պաղեստինը պիտի չտեսնես, գիւղդ պիտի չտեսնես, ազատութիւնը պիտի չտեսնես, գարունը պիտի չտեսնես, ապագան պիտի չտեսնես: Ինչո՞ւ համար յուսահատ քիթդ յոգնեցնես՝ զայն շալկելու համար:
***
Ամուսնալուծուած մը. Ֆաթէն Համամէի «լուծում մը կ՚ուզեմ» ֆիլմը, ունի՞ս:
Վաճառողը. բոլոր լուծումները Ամերիկայի ձեռքն են:
***
Հայթայթիչ (contractor) մը. շերտակ (plywood) եւ ոլորուած երկաթ (twisted iron) ունի՞ս:
Վաճառողը. ո՛չ, հակառակ հանգամանքներ եւ ոլորուած ժողովուրդ մը ունիմ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 30
Վաղարշապատ
1 Իրաքցի բանաստեղծուհի: Ծնած է 23 օգոստոս 1923-ին: Նախնական կրթութիւնը Իրաքի մէջ ստացած է, իսկ բարձրագոյնը՝ Ամերիկա: 1990-էն սկսեալ Գահիրէի մէջ ապրած է, մինչեւ իր մահը՝ 20 յունիս 2007 թուականը: Շատերու համար, Նազէքը առաջին ազատ բանաստեղծութիւն գրողը եղած է արաբներուն մէջ, 1947-ին: Հեղինակ է շուրջ մէկ տասնեակ բանաստեղծական հատորներու:
Հարթակ
- 11/22/2024