ՃԱՄԲՈՐԴԸ
Ծխախոտը կը վառէ, կը ներշնչէ կծու ծուխն անոր ու լուռ խորհրդածութեան մը դուռը կը բացուի:
Ծուխին քուլաներուն ընդմէջէն կը դիտէ դէմինին աչքերը, կը պատմէ անոր կարծես, կը թափէ ներսը կրծող խոհերը՝ լո՜ւռ, անխօ՜ս:
Վերլուծում մըն է տեղի ունեցածը, ապրուած պահերու վերլուծում մը, դաս մը՝ թերեւս ապրուածէն քաղուած:
Կը յիշէ անցեալ ամիսներուն վազվզուքը, աշխատանքի հեւքը, յոգնութիւնը օր ու գիշեր, յոգնութիւնը՝ վաստակ մը ապահովելու ու արձակուրդի համար ճամբայ ելլելու:
Արձակուրդ, ի՞նչ էր ատիկա, հարազատներ՝ բազմաթիւ, բարեկամներ՝ անթիւ, առիթներ` խառնիխուռն..., օրեր՝ անհանգիստ, հանգիստի համար անցած անհանգիստ օրեր:
Յագենա՞լ էր միթէ տեղի ունեցածը, կարօտները պարպե՞լ, թէ՝ գրպան, այլ գրպաննե՜ր...:
Կը մտաբերէ հարսնիքներն ու խնջոյքները, որոնք տեղի ունեցան այս սրընթաց շաբաթներուն ընթացքին: Մտքին մէջ կը շարուին հակադրութիւնները՝ օտար երկիրներէն հայրենիք ժամանող իր հարազատներուն ափսոսանքը ի տես աղքատութեան՝ մէկ կողմէն, անոնց շռայլ ծախսերը, առատ սեղաններէն թափող կերակուրներն ու խմիչքները, հագուելիքի համար մսխուած անհամար գումարները՝ միւս կողմէն, կը տառապեն երիտասարդ ճամբորդը ու ան դարձեալ կը ներշնչէ կծու ծուխը ու կը շարունակէ աչքերով խորհրդակցիլ դէմը նստող արենակիցին հետ...:
Մասնակցած էր այդ բոլորին, պարած ալ էր բոլոր առիթներուն, այնպէս ինչպէս առ ի պարտականութիւն ոեւէ հրաւիրեալ մը կը պարէ, երբեմն իսկական հրճուանքով, երբեմն ստիպողաբար՝ յարմարիլ ջանալով, ինչպէս յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուող օտար մը, որ ի՛ր ցաւերը կու լայ, ոչ՝ կորուսեալին հարազատներուն:
Կեղծի՜ք: Կեղծ ուրախութիւններ, կեղծ ապրումներ, աւանդաբար շարունակուած սովորութիւններ, դարերու, սերունդներու ժառանգութիւններ..., բայց միթէ կարելի՞ է զանոնք շարունակել այս դարուս, ապրիլ այնպէս ինչպէս մեր պապերը՝ լեռներու, գիւղերու մէջ, ուր խնջոյքը ամբողջ գիւղին կը պատկանէր. հարազատութիւն մը պարուրած էր գիւղերը, տուները զիրար լաւ կը ճանչնային, իրենց առօրեան իրարու հետ կ՚անցընէին՝ արտերու մէջ, դաշտերու մէջ: Հիմա կարելի՞ է այդ նոյն հարազատութիւնը վերականգնել, երբ մէկը՝ Աւստրալիա է, միւսը՝ Միացեալ Նահանգներ, ուրիշ մը՝ Եւրոպա, Լիբանան, Հայաստան..., իւրաքանչիւրը կամայ ակամայ յարմարած է իր ապրած երկրին բարքերուն, սովորութիւններուն, ապրելակերպին, նիստուկացին, առօրեային. յարմարած է մաքառումին. տունէ-տեղէ խլուած հաստատուած է օտարութեան մէջ օրերը վազվզուքով անցընելով, կաթիլ առ կաթիլ հաւաքելով լումաները առօրեայ աշխատանքներուն, համտեսելով դառնութիւնը, օտարներուն երբեմնի կրծող հայեացքները կուլ տալով...:
Այո՛, հարազատութիւն որոնած են անոնք օտար ափերու վրայ, ու հիմա երբեք չեն ափսոսար իրենց մսխածին, քանի շրջապատուած են հարազատներով, քանի երազած են վերստին հաւաքուիլ սրտակիցներու, լեզուակիցներու, բարեկամներու հետ, վերստին երգել հին երգերը, պարել հին ձեւով ու ահա այդ երազն է, որ իրականութիւն դարձած է, որով շլացած անհաշիւ կը ծախսեն, կը թափեն իրենց քրտինքը ժպիտով, հոգ չէ թէ պիտի վերադառնան ու կրկին պիտի մտնեն դաժան առօրեային մէջ, պիտի հեռանան դարձեալ հարազատներէն ու մենանան դարձեալ օտարութեան մէջ:
Ծխախոտին վերջին արտաշնչման զուգահեռ աչքերը կը փայլին երիտասարդին, մօտ է թռիչքը, մօտ է պահը հեռանալուն: Ճամպրուկները հաւաքած կը յառաջանայ, պատշգամէն կը դիտէ հայրենի բնութիւնը, հրաժեշտ կու տայ անոր ու ինչպէս բոլոր այս տարուան հայրենիք այցելողները իր քայլերը եւս ծանր են: Դէմի մայթեզրին նստած աղքատ տատիկը կը նշմարէ իսկոյն, ու զինք տառապեցնող քիչ առաջուան ապրումները կ՚արթննան կրկին, ու լուռ հաղորդակցութեան պահուն չըսածը ահա հիմա է որ հնչիւններ կը հագուի եւ «ցտեսութիւն»ի փոխարէն՝
-Որքա՜ն պարապ ծախսեր եղան, կ՚ըսէ ու կը բռնէ օդանաւակայանին ուղին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ