175 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԸ

Հայատանեայց Աւետարանական եկեղեցին իր ծնունդով հայկական է։ Ահա թէ ինչու ան անուանուեցաւ Հայաստանեայց։ Իր նպատակը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ զարգացնել եւ ամրապնդել էր հոգեւոր-մտաւոր արժէքներ, որոնց հիմքը Աստուածաշունչի պատգամին ընկալումն էր իւրաքանչիւր հայորդիի համար։ Եւ Աստուածաշունչը կարդալը եւ ընկալելը բոլոր հայորդիներու համար է առանց տարիքի եւ ուսման մակարդակի։ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին իր այս առաքելութիւնը եթէ մէկ կողմէ իրագործեց եկեղեցական իմաստով, բայց նոյքնան նաեւ կրթական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս։ Պատմական Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն սկսած եւ արեւելեան Հայաստան ու Արցախ՝ եւ այսօր սփիւռքի շատ մը երկիրներու մէջ՝ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին մնաց հաւատարիմ իր կոչումին եւ առաքելութեան մէջ։ Ան այսօր  կը շարունակէ իր ընթացքը սատարելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացումին։

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին չհաւատաց ու մինչեւ  այսօր չի հաւատար թիւի ուժին։ Անոր առաքելութիւնը հայ մարդուն հոգեւոր ուժը զարգացնելու համար է, որ պիտի սատարէ հայ ժողովուրդի կեանքի շարունակականութեան։ Հոգեւոր ուժն է որ կը կերտէ կեանք։ Պատմութիւնը կը կերտուի եթէ թիւով, բայց շատ աւելի հոգեմտաւոր կարողականութեամբ եւ զօրութեամբ։ Այս իմաստով, հայ ժողովուրդի կեանքին վերջին 175 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ, Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին ունեցաւ իր կարեւոր ներդրումը հայուն հայապահպանումի եւ ազգապահպանումի կեանքի պատմութիւնը դնելով շարունակական գործընթացի մէջ։ Եթէ պատմութիւնը իր անցեալով բայց նոյնքան այսօր ու ապագայի տեսլականով։

Յարգանքի եւ երախտագիտական խօսք Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի հիմնադիր քառասուն անդամներուն։ Բայց նոյնքան նաեւ անոր պատմութիւնը կերտած եւ մինչեւ այսօր իւրաքանչիւր եկեղեցական ու աշխարհական միտքին, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին հայուն հոգեւոր արժէքները ու անոնց գնահատումը վառ պահելու համար։

Շնորհաւոր 175 ամեակ եւ բարի երթ նոր ամեակներու։ Նոր ամեակներ բայց մէկ կարեւոր տեսլական։ Քրիստոսի, Եկեղեցիին ու հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր ու ազգային արժէքներու ամրապնդումին ի խնդիր։

Եւ այս Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիին 175 տարիներու աւանդն է որ պիտի  շարունակուի։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2022