ԱՆԳԱՐԱ ՅՈԳՆԱ՞Ծ ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական օրակարգը կը շարունակէ ձեւով մը մնալ՝ «զերօ խնդիր հարեւաններու հետ» դրոյթը. բան մը, որ վերջին շրջանին յատկապէս շեշտադրուեցաւ անցեալ տարուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններով։ Ճիշդ է, որ այդ ընտրութիւններու հիմքը կամ խորքային մղումը ներքին օրակարգերն էին, բայց եւ այնպէս, մեծ քաղաքներու մէջ իշխանութեան կրած նահանջէն ասդին ի յայտ եկան կարգ մը հիմնարար մօտեցումներ, որոնք կը խօսին հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու անհրաժեշտութեան մասին։ Այդ ժամանակէն ի վեր կ՚ակնարկուի նաեւ, որ նախագահ Էրտողան կը պատրաստուի, իր պաշտօնավարման վերջին փուլերուն։ Մինչեւ այս պահը ան բացայայտ կերպով չէ յայտարարած, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ իր յաջորդը։ Աւելի քան յստակ է, որ Թուրքիոյ նման երկրի մը պարագային արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած անձնաւորութիւնը կ՚ըլլայ կա՛մ յաջորդ նախապատրաստողը եւ կամ ալ կը հանդիսանայ այն նոր անունը, որ իր շուրջ խմորումներ ստեղծելու ազդեցութիւնը կ՚ունենայ։ Ինչ խօսք, որ ներկայ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ո՛չ միայն ներքին «մօտերաթէօր» մը ըլլալու ներուժը ունի, այլեւ արտաքին ճակատի վրայ կը փայլի եւ վճռական գիծ որդեգրած հասուն քաղաքական գործիչ մըն է։
Զգալի է նաեւ, որ այս փուլին Թուրքիան աւելիով եկած է այն համոզման, թէ արտաքին խաղին մէջ այլեւս չի կրնար առաջուան նման շարունակել։ Այլ խօսքով, եթէ անցեալ տարիներուն նախագահ Էրտողան շատ ճշգրիտ եւ փայլուն ընթացքներով կարողացաւ հաւասարի մօտեցող ընդհանուր աշխուժութիւն մը մշակել եւ քաղաքական հաւասարակշռութիւն մը պահպանել, ապա, այսօր տպաւորութիւն ստեղծուած է, թէ Անգարա կը ձգտի վերատեսութեան ենթարկել իր մօտեցումները Արեւելք-Արեւմուտք մեծ պայքարին մէջ։ Խօսքը, անշուշտ, չի վերաբերիր միայն Ուքրայնայի պատերազմէն ծագած հիմնադրոյթներուն, Ռուսաստանէն «S-400»ներ գնելու, Ռուսաստանի հետ աթոմակայան կառուցելու, այլեւ յաւելեալ հաւասարակշռութիւն մը ցուցաբերելու հարց կայ, ինչ որ տարբեր կտրուածքներով դարձած է անյետաձգելի։ Այստեղ, անշուշտ, դարձեալ պիտի շեշտուի ո՛չ միայն Անգարայի ՆԱԹՕ-ի հարազատ զաւակը ըլլալու փաստը, այլ անկէ քիչ մը անդին երթալով՝ հաւաքական Արեւմուտքը պիտի պահանջէ՝ քիչ մը հեռու մնալ Մոսկուայէն։ Անգարայի մէջ, ի՜նչ խօսք, լաւ կ՚ըմբռնեն այն վարկածը, որ բաւական թարմ է ներկայիս եւ կը խօսի Ռուսաստանի դերի որոշ նահանջի մասին՝ այդ ալ բոլոր մակարդակներու վրայ։ Անշուշտ, այստեղ երեւելի կը դառնայ նաեւ այլ կարեւոր կէտ մը, որ առաւելապէս կը բիւրեղանայ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի օրինակներով։ Անոնք ամէն ճիգ կ՚ընեն՝ հաւասար յարաբերութիւն պահելու համար հակամարտ երկու ճամբարներու միջեւ։
Ի հարկէ, Թուրքիոյ պարագային այդ ընկալումը քիչ մը պիտի տարբերի, որովհետեւ ան նախ եւ առաջ «ներսի» խաղացող մըն է արեւմտեան աշխարհին համար։ Ապա, Թուրքիոյ համար կան բաւական մեծ ու տարողունակ հիմնահարցեր, որոնց լուծման գծով հիմնական դերակատարը չի կրնար դառնալ Ռուսաստանը, որ տարբեր առումներով յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տայ։ Այս բոլորը մօտաւոր ապագային պիտի յստականայ։ Ռուսաստանն ալ բազում եւ շեշտակի առումներով սկսած է հասկնալ, որ եթէ նոյնիսկ չէ աւարտած Թուրքիոյ հետ սիրավէպը, ապա ապագային վիճակը անպայման պիտի փոխուի։
Վարկածներու տեսակէտէ աւելի հարուստ երանգապնակ մը կը ձեւաւորուի՝ փորձագէտներու կանխատեսումներով։ Վերլուծաբան Վահրամ Աթաննէսեան այս պրիսմակէն կը դիտարկէ Թուրքիոյ մտադրութիւնը՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Այս մասին յայտարարուած է ամիսներ առաջ: Ֆիտան բացայայտած է, որ գաղտնի խօսակցութիւններ եւ քննարկումներ ունեցած է։ Փորձագէտը կը յիշեցնէ նաեւ մամլոյ մէջ շրջանառուած լուրերը, ըստ որոնց՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահները պիտի հանդիպէին Ռուսաստանի մէջ: Սա տակաւին իրականութիւն չէ դարձած։
Սուրիոյ նախագահ Էսատ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ վարած բանակցութիւններէն ետք յայտնեց, որ Էրտողանի հետ կը հանդիպի, եթէ Թուրքիա Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն իր զօրքերը դուրս բերէ կա՛մ առնուազն հրապարակային խոստում մը տայ այս մասին։ Թուրքիա պարզաբանեց, որ կը յարգէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, բայց, զօրքերը դուրս կը բերէ միայն այն պարագային, եթէ յաղթահարուին իր անվտանգութեան մտահոգութիւնները։
Վերլուծաբանը կը մատնանշէ, որ, ըստ էութեան, Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը չյաջողեցաւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ։ Թերեւս, այս փուլին եւ կամ առհասարակ ձեռնտու չէ Մոսկուայի միջնորդութեամբ Անգարա-Դամասկոս հաշտութիւնը: Ուշագրաւ է, որ Փութինի վերջին Պաքու այցելութեան ընդառաջ՝ Թեհրանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը յոյս յայտնեց, թէ Սուրիոյ հետ կարգաւորման հարցով Իրան շինիչ մօտեցում կը ցուցաբերէ։ Դեսպանի գնահատմամբ՝ Սուրիայէն թրքական զօրքերու դուրսբերումը այդ երկրէն ներս ԱՄՆ-ի գործողութիւններէն վերջ, քաոս կրնայ ստեղծել: Ակնարկը կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսի՝ այսպէս կոչուած «փաստացի քրտական ինքնավարութեան»: Թուրքիա կը կարծէ, թէ սա ամերիկեան նախագիծ մըն է ու վճռականօրէն կը պնդէ, որ «իր սահմաններուն մօտ թոյլ պիտի չտայ ահաբեկաստանի մը ստեղծման»:
Սուրիոյ հետ հաշտեցման Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնը կառուցուած է այն կանխավարկածով, թէ «քրտական ինքնավարութեան» ոչնչացումը ձեռնտու է նաեւ Էսատին, որովհետեւ այդ պարագային Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտօնապէս կը վերականգնուի եւ թրքական զինեալ ուժերու ներկայութիւնը Դամասկոսի կողմէ ճանաչում կը գտնէ: Դժուար է ըսել, թէ Փութին փորձա՞ծ է այս հեռանկարի օգտակարութեան հարցով Էսատը համոզել, բայց յաջողութեան չէ հասած եւ կամ Մոսկուայի մէջ քննարկումներ չեն եղած եւ Անգարան այդ արդիւնքին կը ձգտի հասնիլ Թեհրանի միջոցաւ: Վերլուծաբանին համար ուշագրաւ է, որ դեսպանը Սուրիոյ խնդիրը դիտարկած է Ռուսաստան-Թուրքիա-Իրան պայմանաւորուածութիւններէն դուրս, բացառապէս Թուրքիա-Իրան քննարկումներու ծիրին մէջ։ Ան ամփոփած է, որ Թուրքիա եւ Իրան տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու հարցով մեծ դեր կը խաղան:
Տակաւին վերջին ընտրութիւններէն առաջ Էրտողան յայտարարած էր Իրաքի եւ Սուրիոյ հիւսիսին հակաահաբեկչական լայնածաւալ գործողութիւններու սկսելու ծրագրի մասին։ Այդ մէկը պէտք էր սկսէր յունիսին: Թուրքիա այդ ուղղութեամբ միայն սահմանափակ քայլերու կը ձեռնարկէ եւ այդ ալ միայն Իրաքի հիւսիսի պարագային:
Հետեւաբար, վերլուծաբանին կարծիքով, կարելի է ենթադրել, թէ Ռուսաստանի հետ համաձայնութիւն չէ գոյացած եւ Թուրքիա այդ հարցով Ռուսաստանին չի վստահիր եւ կամ հասած է այն եզրակացութեան, թէ Էսատի վրայ Իրանի ազդեցութիւնը աւելի ծանրակշիռ է: Արկածի զոհ երթալէ կարճ ժամանակ առաջ, Իրանի նախկին նախագահ Ռայիսի այցելած էր Անգարա եւ յայտարարած էր, որ Էրտողան փոխադարձ այցելութիւն մը պիտի տար, բայց այդ մէկը բնաւ տեղի չունեցաւ: Աւելին, Էրտողան ներկայ չեղաւ Ռայիսիի յուղարկաւորութեան: Թուրքիա արարողակարգի բարձր մակարդակով չմասնակցեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ Փեզեշքիանի երդման արարողութեան: Թուրքիա-Իրան շփումներու մասին առ այսօր պաշտօնական տեղեկատուութիւնը առատ չէ: Այս բոլորի լոյսին տակ վերլուծաբանը հարց կու տայ, թէ Թուրքիա-Սուրիա հաշտեցման հարցով Իրան ինչպէ՞ս կրնայ շինիչ ըլլալ։ Արդարեւ, Թեհրան եւ Անգարա բարձր մակարդակի վրայ շփումներ չեն ունենար: Բաց աստի, գոնէ հրապարակային առումով, Թեհրան-Դամասկոս գործօն յարաբերութիւններու մասին լուրերն ալ կը պակսին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան