ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՌԹԻՒ
Պատասխանէ՛ եւ շահէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մատենաշարէն հատոր մը։ Խորհուրդ մը քեզի․ բոլոր նիւթերն ալ համացանցի վրայ կրնաս գտնել։ Հեղինակին անունին հետ յիշէ՛ նաեւ հեղինակին ծննդեան ու մահուան թուականները․ այս ալ յաւելեալ աշխատանք քեզի։
Բայց որպէսզի գործդ քիչ մը դիւրանայ, այստեղ պիտի արձանագրեմ հեղինակներուն անունները։ Քեզի կը մնայ գտնել թէ ո՞ր հեղինակը ո՞ր կտորը գրած է։ Անկէ ետք ալ համացանցէն կրնաս պրպտել անոնց ծննդեան եւ մահուան թուականները։
Հեղինակներն են՝ Զահրատ, Մուշեղ Իշխան, Զարեհ Խրախունի, Սիամանթօ, Յակոբ Օշական, Լեւոն Քիրիշճեան (Լարենց), Երուանդ Սրմաքէշխանլեան (Երուխան), Ռափայէլ Պատկանեան, Երուանդ Օտեան, Միսաք Մեծարենց։
Յաջողութիւն։
Ո՞Վ ԳՐԱԾ Է․․․
1. «Կաղանդի իրիկուն» քերթուածը, որ կը սկսի հետեւեալ տողերով՝
Թախիծներու մէջ թաղուած հի՜ն օրերու իրիկուն,
Անբուժելի կարօտներովս կը վերյիշեմ զքեզ այսօր։
2. «Կաղանդչէքը» նորավէպը, որ կը սկսի հետեւեալ տողերով (կ՚արժէ յիշեցնել, որ հեղինակը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին աշխատակցած է)․
Խնամով ծալլելէ յետոյ թղթիկը, որուն վրայ երկու տող գրած էր ան դողդոջ ձեռքով, պահարանի մը մէջ տեղաւորեց զայն: Յետոյ, գետինը դրաւ նամակը, ծնրադրեց անոր առջեւ ու, գանկը երկու ձեռքերուն մէջ սեղմած, սկսաւ դիտել սեւեռական նայուածքով:
3. «Նամակ Կաղանդ Պապային» մանկական բանաստեղծութիւնը, որուն առաջին տողերն են՝
Կաղանդ պապա,
Իմ այս նամակս առաջին
Քեզ կը գրեմ ես ահա
Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին:
4. «Կաղանդի ծառ մը» բանաստեղծութիւնը, որուն առաջին տողերն են՝
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը - յետոյ զարդեր ծառին վրայ
5. «Կաղանդչէք» քերթուածը, որ կը սկսի հետեւեալ տողերով՝
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Եթէ գիտնամ
Թէ վերջընթեր Կաղանդին
Պիտի նուէրս ընդունիս
6. «Կաղանդի վիպակ» պատմուածքը, որ կը սկսի հետեւեալ տողով (կ՚արժէ յիշեցնել, որ հեղինակը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին աշխատակցած է)․
Խեղճ կնիկը չիմացաւ թէ ինչպէս օրն իրիկուն եղեր էր, այնչափ անզգալի սահեր էին ժամերը։
7. «Ամանոր» պատմուածքը, որուն առաջին տողն է՝
Իրիկուան դէմ, հայրենազուրկ Քերթողը, քայլամոլոր ու սգակիր, սկսաւ ժուռ գալ գիւղին գերեզմանատան եզերքը։
8. «Կաղանդի հեքիաթ» հեքիաթը, որուն առաջին տողերն են՝
Միտքս կու գայ։ Գետնէ տուն մըն էր, աւելի ճիշդը հողէ մեծ սենեակ մը։ Ածուխի պէս փայլուն գերաններ իրարու կու գային մեր գլխուն վերեւ ու անոնցմէ կախ ու ծոյլ-ծոյլ իրենց վրայ դարձող սերկեւիլի ու խնձորի բոլորակներ կը յիշեմ այսօրուան պէս։
9. «Նոր տարի» մանկական բանաստեղծութիւնը, որուն առաջին տունն է հետեւեալը․
Ահա՛ հասաւ նոր տարի,
Հետը բերեց նոր բարի,
Մանըր տըղոց` ուրախ օր,
Բարի զաւակ` հօրն ու մօր:
10. «Նոր տարին» քերթուածը, որուն առաջին տունն է հետեւեալը․
Այս գիշեր հագուած, սգուած նոր տարին
Առտուան լոյսին կը սպասէ տենդոտ.
Ոգիներ անդարձ կորզեցին տարի՜ն
Մեր գրկէն հինին ձայները ծանօթ:
ՎԱՐԴԱՆՈՅՇ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ