ԿԱՂԱՆԴԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ ՄԸ
- Մամա, մամա, այս տարի ո՞վ պիտի գայ մեր տունը, Կաղանդը որո՞ւ հետ պիտի անցընենք: Հա՛, եթէ մարդ չկանչես՝ ես ընկերներուս հետ դուրսը պիտի անցընեմ: Եթէ դուն Կաղանդը դուրսը անցընես՝ ես ընկերներս կրնամ կանչել, չէ՞, մամա՛: Դուք ալ կ՚երթաք տեղ մը, տունն ալ մեզի կը ձգէք: Մեզի քիչ մը ուտելիք բաներ մըն ալ կը պատրաստես, օօ՜հհհ, որքան կը զուարճանանք մենք մեզի: Կը լուսցնենք ընկերներով:
- Ո՞վ հրաման կու տայ քեզի, որ ընկերներդ մեր տունը կանչես, ուտէք-խմէք եւ տունն ալ աղտոտէք: Յետոյ ո՞ւր կը ղրկես մաման-պապան: Դուք տունը պիտի լուսցնէք, անոնք ո՞ւր պիտի լուսցնեն: Խե՞լքդ կորսնցուցիր:
- Դուք ուր որ կ՚երթաք՝ թող անոնք ալ հո՛ն գան:
- Օլտո՛ւ ճանըմ (եղաւ հոգիս):
- Աղջիկնե՛ր, իրար մի՛ ուտէք, գացող-եկող, հիմակուհիմա մարդ կանչող չկայ: Ամէն մարդ իր ուզած տեղը կրնայ երթալ, սակայն ոչ ոք Կաղանդի գիշեր զիս տունէն կրնայ հանել: Յետոյ ի՞նչ է այս ստիպողականութիւնը, մեզ տունէն կը վռնտէք, ձեզմէ հրամա՞ն առնենք, թէ տունը կրնանք մնալ կամ տեղ մը երթալ:
- Չէ՛, մամաս, եթէ... կ՚ըսենք:
- Եթէ-մեթէ չեմ հասկնար: Դուք ձեր ծրագիրները կրնաք շինել, բայց մեզի մի՛ խառնուիք: Մանաւանդ ինծի, նոյնիսկ առանձին ալ ըլլամ, ես տունէն դուրս չեմ ելլեր: Չեղաւ, յիշատակները խորհելով Կաղանդը կը տօնեմ, բայց կը տօնե՛մ:
Կաղանդին մօտ այս օրերուն մեր տան խօսակցութիւնը այս մասին է: Էէէ՜, ժամանակիս արդիական երիտասարդութիւնը չ՚ուզեր ինքզինքին բան մը արգիլել, իր ազատութիւնը սեղմել: Ամէն պարագայի պէտք է որ ընտանիքը քայլ յարմարցնէ անոնց փափաքներուն, ծրագիրներուն:
Անցած տարիներուն Կաղանդի ընթրիքի սեղանին շուրջ տասնհինգ հոգիէն պակաս չէինք ըլլար: Ընդհանրապէս ընտանիքին ամենէն մեծ անդամին՝ մեծ մօրս տունը կը հաւաք-ւէինք: Մենք՝ երիտասարդներս այսպիսի յատկանշական գիշեր մը ուրիշներուն ժամադրութիւն չէինք տար եւ բծախնդրօրէն կը նախընտրէինք ըլլալ մեր ընտանեկան յարկին տակ:
Ժամանակը այնպէս սահեցաւ, որ կարծես սահնակի մը անիւներուն վրայ ըլլար եւ չունենար արգելակ. չունեցաւ ալ արդէն, եւ տարիները զիրար հետապնդեցին: Անոնք սահեցան, գացին, եւ մեծցայ, բայց որքա՛ն մեծցայ՝ չնշմարեցի, թէ բնականաբար հարազատներս, շուրջիններս, ընտանիքիս մօտիկ պարագաներն ալ մեծցան ինծի հետ եւ ծերացան: Տերեւաթափին սկսած ատեն արդէն ուժեղ անձ մը դարձեր էի կեանքին անխնայ հար-ւածներուն դիմաց:
Ընտանեկան պարագաներուս հետ ապրած տօնական պահերս ունին իրենց յատկանշական արձանագրութիւնը ուղեղիս մէջ: Այն տարին, որ դարադարձի մը թուականը հասեր էր, եղած էր անմոռանալի Կաղանդ մը, երբ ընթրիքի սեղանին շուրջ տասնութ հոգի հաւաքուած էինք: Համով-հոտով, խաղալով-խնդալով պիտի տօնէինք Կաղանդը, մուտքը նոր տարւոյն. նոր յոյսերու, նոր սպասումներու նոր էջ մը բոլորիս համար:
Պահ մը աչք-աչքի եկայ Հերմինէ թանթիկիս հետ, երբ կը հրամցնէի համով պատրաստուած աղանդերէն քանի մը տեսակ:
-Չէ՛, չուտեմ: Ուշադրութիւն ընեմ, եթէ շատ խառն ուտելու ըլլամ՝ վաղը թանսիոնս, շաքարս կը բարձրանայ:
Այս մերժումը շատ բնական էր եւ ես ալ բնաւ չէի ստիպած, սակայն երբ ուշի ուշով երեսին նայեցայ շողշողուն լոյսերուն ներքեւ, տեսայ Հերմինէ թանթիկիս դէմքին կնճիռները, բիբերուն աղօտ նայուածքը եւ տարիներուն տուած յոգնութիւնը, յուսալքումը: Դող մը, սարսուռ մը զգացի, որովհետեւ ընթրիքի սեղանը շրջապատեր էին աւելի ծերերը քան երիտասարդները: Չուզեցի մտածել արդեօք գա՞լ տարի... գալ տարի քանի՞ հոգի պիտի ըլլայինք այս սեղանին շուրջ: Լուսանկարեցի:
Կաղանդները չեմ տօներ: Հակառակ որ անոնք ունին շատ լաւ ու դրական իմաստներ՝ կենաց ծառի, ուրախութեան, բերրիութեան, եղբայրասիրութեան, առողջութեան եւ դեռ հազարումէկ տեսակի յոյսերու՝ մարդոց համար:
Վերջին Կաղանդն էր, զոր տօներ էի ընտանիքիս մեծցած, ծերացած, «հինցած» անդամներուն հետ: Այդ տարւոյն ձմեռը տերեւաթափը սկսաւ: Ծանօթացանք մահուան իրականութեան: Ամբողջ տարին սեւ հագանք, սուգ պահեցինք: Ետեւ-ետեւի զիրար կանչելու նման հարազատները մէկիկ-մէկիկ լքեցին մեզ ու գացին: Արցունքը անպակաս եղաւ մեր աչքերուն մէջ: Երկար ժամանակ անոնք թաց եւ վշտոտ մնացին: Յետոյ ցաւերը մեղմացան ու նոր յոյսերով, ծնունդներով եւ ժպիտներով շրջապատուեցանք, սակայն երբեք հին կաղանդները չապրեցանք: Դարձեալ բազմանալով հանդերձ դարաշրջանի արդիական ազդեցութիւնները այնպէս եկան ու շրջապատեցին մեզ, որ այդ բազմանդամ տօնուած կաղանդները դարձեալ մարմին չառին:
- Այս գիշեր Կաղանդ է, զիս հանգիստ ձգեցէ՛ք: Բաժակս պիտի բարձրացնեմ մեզմէ անդարձ բաժնուողներուն անկորնչելի յիշատակին համար: Լուսանկարի մեքենաս ալ պատրաստած եմ: Մէկ-երկու-երեք. ահա՛ լուսանկարեցի:
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ