ԿԱՂԱՆԴԻ ՅՈՒՇԵՐ

Հօ­րա­քոյրս՝ Տի­կին Ա­րաք­սին եր­կու մանչ զա­ւակ­ներ ու­նէր, ո­րոնք կամ­քէ ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով, Լի­բա­նա­նի պա­տե­րազ­մին, տա­րի­ներ ա­ռաջ, մեկ­նած էին Եւ­րո­պա ու հոն ըն­տա­նիք կազ­մած:

Հօ­րաք­րոջս սրտին զար­կը տկար էր, կա­րօ­տը կը ճմլէր ու կը հա­լեց­նէր եօ­թա­նա­սուն­հինգ տա­րի­քը բո­լո­րած կի­նը: Այդ տա­րին 1992ի ա­մառն էր։ Հօ­րա­քոյրս տան մէջ ին­կաւ, ոտ­քը կոտ­րե­ցաւ, հի­ւան­դա­նոց վեր­ցու­ցինք զինք եւ գոր­ծո­ղու­թե­նէն ետք զա­ւակ­նե­րուն ո­րո­շու­մին հի­ման վրայ Ազ­գա­յին Ծե­րա­նոց փո­խադ­րե­ցինք, որ­պէս­զի հոն պէտք ե­ղած խնամ­քը ստա­նար:

Ծե­րա­նո­ցին ա­ռա­ջին յար­կը, ուր վա­տա­ռողջ ծե­րե­րը կ՚ա­պաս­տա­նէին, հօ­րա­քոյրս ա­միս մը մնաց: Այդ յար­կէն յա­ճախ ցա­ւի կան­չեր կը լսուէին:

Հօ­րաք­րոջս վի­ճա­կը ժա­մա­նակ մը ետք բա­րե­լա­ւե­ցաւ, զինք երկ­րորդ յարկ փո­խադ­րե­ցին՝ ա­ռողջ ծե­րե­րու բա­ժի­նը:

Ան հիւ­րա­սէր ու ըն­կե­րա­յին կին մըն էր։ Չեմ մոռ­նար պատ­րաս­տած ման­թըն, նամ­մու­րան, սա­րը պուր­ման եւ այլ հա­մեղ կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րը:

Ծե­րա­նոց կ­՚այ­ցե­լէինք ի­րեն։ Հա­զիւ մեզ տես­նէր՝ կը համ­բու­րուէր:

-Ա­ղէկ միտ­քեր­նիդ ին­կայ,- կ­՚ը­սէր կէս ժպի­տով մը:

Իր սե­նեա­կին կից գտնուող ծե­րու­նի­ներն ալ մեր շուրջ կը հա­ւա­քուէին ու կողմ­նա­կի մեր զրոյց­նե­րուն կը մաս­նակ­ցէին:

Կա­յին մարմ­նով ա­ռողջ, բայց ու­ղե­ղով տկա­րա­ցած ծե­րու­նի­ներ, օ­րի­նակ՝ Ա­րուս մայ­րի­կը, որ ամ­բողջ ժա­մե­րը կ­՚ան­ցը­նէր պատշ­գա­մը ա­ջէն ձախ եր­թալ-գա­լով: Երբ պատշ­գա­մին ծայ­րը հաս­նէր՝ կը հարց­նէր.

- Թրամ­վա­յը ո՞ր կող­մէն կ՚անց­նի:

Հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նող մըն ալ կը գտնուէր.

- Մի՛ւս կող­մէն,- կ­՚ը­սէր մէ­կը:

- Թրամ­վայ բա­ռը հա­յե­րուս ծա­նօթ բառ մըն է․ այս բա­ռը հա­յու ճա­կա­տա­գի­րը ու գաղ­թը միտքս կը բե­րէր:

Ու­րիշ ծե­րու­նի մը այ­ցե­լու­նե­րուն դի­մաց կը պա­րէր եւ միշտ ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւն մը ու­նէր:

Մայ­րիկ մըն ալ միշտ կը կրկնէր․

- Յու­լի­սին պի­տի գան տա­նին ին­ծի։

Բայց ար­դէն քա­նի՜ Յու­լիս­ներ ան­ցած էին եւ ինք չէր գի­տեր:

Սե­նեակ­նե­րու բա­ժան­ման մէջ­տե­ղի լայն ու ըն­դար­ձակ տա­րա­ծու­թիւ­նը բո­լո­րին կը պատ­կա­նէր եւ հոն ծե­րու­նի­նե­րը հե­ռա­տե­սիլ կը դի­տէին։ Օր մը, երբ լու­րե­րուն կը հե­տե­ւէինք, լու­րե­րու ա­ւար­տին ծե­րու­նի մը ը­սաւ.

- Խօս­նակ­նե՛­րը ժպտա­ցին, հե­րալ տա բան մը կայ:

Ու բո­լորս ծի­ծա­ղե­ցանք:

Կա­ղան­դի շա­բաթն էր։ Ծնող­քիս ո­րո­շու­մով հօ­րա­քոյրս ծե­րա­նո­ցէն մեր տու­նը պի­տի բե­րէինք, որ­պէս­զի Նոր տա­րին միա­սին ան­ցը­նէինք: Բա­րե­կա­մու­հիիս հետ գա­ցի ծե­րա­նոց: Ծե­րա­նո­ցի մուտ­քին զար­դա­րուն տօ­նա­ծա­ռը կար­ծես պա­հա­կի դեր ըս-տանձ­նած էր, հպարտ կանգ­նած մեզ կը դի­տէր:

Բարձ­րա­ցանք երկ­րորդ յարկ, աչ­քիս զար­կին փայ­լուն զար­դա­րանք­նե­րը, վառվ­ռուն լոյ­սե­րը. դպրո՞ց է, թէ ծե­րա­նոց՝ հարց տուի ինք­զին­քիս: Ծե­րե­րու դպրոց է, ծե­րու­նի­նե­րը հաս­տա­տու­թեան օ­րէնք­նե­րուն պէտք է հե­տե­ւին. ո­րո­շուած ժա­մուն կ­՚ու­տեն, կը քնա­նան, ո­րո­շուած ժա­մուն այ­ցե­լու­ներ կ­՚ըն­դու­նին...:

Այդ օր խումբ մը սկաուտ­ներ ե­կած էին, յայ­տա­գիր պատ­րաս­տած էին եւ ծե­րու­նի­նե­րը շուրջ­պար բռնած, ու­րախ զուարթ, խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ էին: Աս­մուն­քե­ցին, եր­գե­ցին նուէր­ներ ստա­ցան եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին. մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը գոհ էր:

Կա­յին սա­կայն ծե­րու­նի­ներ, ո­րոնց պաղ հա­յեաց­քը չէր տաք­նար. ա­նոնք միշտ լուռ ու ան­տար­բեր էին:

Հօ­րա­քոյրս տե­ղեակ ե­ղաւ մեր այ­ցե­լու­թե­նէն եւ ա­ռանց վա­րա­նե­լու ճամպ­րու­կը պատ­րաս­տեց: Տասն­հինգ օ­րուան հա­մար ար­ձա­կուր­դի հրա­ման ա­ռի պա­տաս­խա­նա­տուէն, ու հրա­ժեշտ տուինք ծե­րե­րու տան մէջ գտնուող եւ մեր դի­մաց ել­լող իւ­րա­քան­չիւր մայ­րի­կին:

Ճամ­բան հօ­րա­քոյրս աչ­քե­րը սե­ւե­ռած ինք­նա­շար­ժի պա­տու­հա­նէն դուրս կը դի­տէր դի­մա­ցէն անց­նող խա­նութ­նե­րը, շէն­քե­րը, Նոր տար-ւայ առ­թիւ զե­տե­ղուած փո­ղո­ցի զար­դա­րանք­նե­րը. ա­միս­նե­րէ ի վեր չէր ան­ցած այդ ու­ղի­նե­րէն:

Վեր­ջա­պէս հա­սանք մեր տուն։ Ա­մա­նո­րի համն ու հո­տը լե­ցուած էր տան մէջ, մայրս հա­մեղ կե­րակ­րա­տե­սակ­ներ կը պատ­րաս­տէր յա­տուկ այդ օ­րուան հա­մար: Ի­մա­նա­լով հօ­րաք­րոջս ներ­կա­յու­թիւ­նը, այդ օ­րե­րուն շատ ծա­նօթ­ներ ե­կան մեր տուն, զինք տես­նե­լու հա­մար:

Անց­նող տա­րուան վեր­ջին օրն էր, այդ օր նոր տա­րին պի­տի գար եր­կիր եւ մենք մեր ուխ­տը պի­տի պա­հէինք մարդ­կա­յին վեհ գի­տակ­ցու­թեամբ, կառ­չե­լով բա­րիին ու վսե­մին:

Յան­կարծ դրան զան­գը հնչեց, դու­ռը բա­ցի, ի՞նչ տես­նեմ՝ հօ­րաք­րոջս անդ­րա­նիկ տղան եր­կար տա­րի­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թե­նէ ետք ըն­տա­նեօք կանգ­նած էր դրան առ­ջեւ։ Ան­մի­ջա­պէս ներս ըն­դու­նե­ցի, հօ­րա­քոյրս կանգ­նած կը դո­ղար, հսկայ տղուն ձեռ­քե­րուն մէջ գրկա­խառն մնաց պահ մը, ու աչ­քե­րէն ար­ցունք­ներ հո­սե­ցան: Ա­պա հարսն ու թոռ­նե­րը գրկեց, համ­բու­րեց եւ փո­խա­դարձ հա­րա­զա­տու­թիւն մը զգաց:

Ե­րե­կոն վրայ հա­սաւ, անհրա­ժեշտ ա­մէն բան պատ­րաստ էր, հա­ւա­քուե­ցանք սե­ղա­նին շուր­ջը, ու­րախ էինք բո­լորս, ջերմ ժպիտ­ներ ու խան­դա­վառ պա­հեր վա­յե­լե­ցինք: Բա­ցա­կա­նե­րուն կե­նա­ցը խմե­ցինք, շա­տե­րուն ա­կանջ­նե­րը խօ­սե­ցան: Մա­նուկ­նե­րը Կա­ղան­դի եր­գեր եր­գե­ցին, իւ­րա­քան­չիւ­րը՝ մե­ծէն պզտիկ իր բա­ժին նուէ­րը ստա­ցաւ:

Մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րը բո­լորս հա­մախմ­բուած մնա­ցինք սե­ղա­նին շուրջ եւ տա­կա­ւին նիւ­թեր կը փո­խա­նա­կէինք:

Տօ­նա­ծա­ռին լոյ­սը ա­րե­ւա­ծա­գէն ետք ալ վա­րած մնաց:

Փառք տուի Աս­տու­ծոյ մե­զի ըն­ծա­յած բա­րիք­նե­րուն հա­մար, ամ­բողջ սրտովս շնոր­հա­կալ ե­ղայ:

ԾՈ­ՎԻԿ ՔԻՒՐՔ­ՃԵԱՆ-ՍԱ­ՄԱՆ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016