ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Ամէն մէկ նոր տարուայ սկիզբը սովորական ասոյթ եղած է ըսել. տարի մը եւս թողեցինք մեր ետին։

Իրականութեան մէջ ո՛չ ետեւ ու առջեւ գացող եւ ոչ ալ հին ու նոր բան կայ… Կայ միայն անհերքելի բան մը, որ այն ալ օրերը իրարու կր յաջորդեն նման ժամացոյցի, զոր Աստուծոյ երկինքի վրայ դրած արեգակնային դրութեան հետեւանքն է։ Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէս զի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան». (Ծննդ 1-14)։

Այն տարիները, որոնք կ՚անցնին ու կ՚երթան, շատ բան կը բերեն ու կը տանին մեզմէ. ինչպէս՝ մեր մանկութիւնը, երիտասարդութիւնը եւ այլն, ու աւելի՛ն. մեր կեանքը։

Երիտասարդը աւելի քիչ կ՚անդրադառնայ, իսկ երբ մարդ իր տարիքը առնել կը սկսի, աւելի զգալի կը դառնան իրմէ պակսածները, քան ստացածները։

Ուրեմն, մարդու համար նորութեան սպասումը միշտ կը մնայ անփոփոխ, մանաւանդ նոր տարիի պարագային։ Շատ ատեն ալ կը տեսնուի, թէ ոչ մէկ տարբերութիւն ունին տարիները մէկը միւսէն, ինչպէս կ՚ըսէ Սողոմոն իմաստուն Ժողովողի գիրքին մէջ.

Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ

Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։

Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։

Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը,

Որուն համար կրնայ ըսուիլ՝

«Ահա ասիկա նոր է».

Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ

Անիկա արդէն եղած էր։

Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ

Ու ետքը ըլլալիք բաներուն ալ,

Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ 1.9-11

Յուսահատ այս երեւոյթէն մարդ դուրս կրնայ գալ միայն Քրիստոս Աստուծոյ հաւատալով։

Այս պատճառով է, որ երբ կը շնորհաւորենք զիրար՝ կ՚ըսենք. «Շնորհաւոր Նոր տարի»։ Շատ կարեւոր մաղթանք մըն է այս մէկը, որուն մէջ հաւատք ու յոյս կայ. շնորհք՝ Աստուծմէ եկած ձրի նուէր եւ մանաւանդ տարի մը, որ լեցուն պիտի ըլլայ Աստուծմով։

Իմաստունը կը շարունակէ խօսիլ՝

Աչքը տեսնելով չի կշտանար,

Ու ականջը լսելով չի լեցուիր։

Ուրեմն, եթէ միայն նորութեան ետեւէն կը քալենք ու չփորձենք Աստուծմով նորոգուիլ ու հարստանալ, ի զուր կ՚ըլլան մեր ջանքերը։

Մարդ միայն Աստուծոյ հաւատալով ու Քրիստոսի միանալով է, որ կրնայ նորոգուիլ. թէ ինչպէ՞ս։

«Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։ Սակայն ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը». (Բ. Կորնթ. 5-17)։

Հին մարդը Ադամին սերունդն է ու մահուամբ դատապարտուած է։ Հին մարդը Ադամին շարունակութիւնն է. Աստուծմէ ստացած հարստութիւնը, մարդկային փառքը կորսնցուցած, սնանկացած եւ դուրս նետուած է։ եթէ կ՚ուզենք նորոգուիլ ու վերստին հարստանալ, այս միմիայն կարելի է Քրիստոս հագուելով. «Քանզի դուք ամէնքդ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստոսը վրանիդ հագաք». (Գաղատացիս, 3-27)։

Իսկ եթէ շարունակենք հարստանալ աշխարհի հարստութեամբ՝ Քրիստոսի խօսքով պիտի նմանինք ներկուած գերեզմաններու, որոնց մէջ միմիայն փտածութիւն կայ։

Եւ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ կենդանի շունչ եղաւ, վերջին Ադամը՝ կենդանարար հոգի». (Ա. ԿՈՐՆԹ. 15-45)։

Ուրեմն յարգելի ընթերցող, Նոր տարուան սեմին դառնանք Քրիստոսի լոյսին ու լուսաւորուինք Անոր լոյսով, հարստանանք Անով ու իբրեւ նոր մարդ մեր վրայէն նետենք հինը ու հագուինք Քրիստոսի Աստուծոյ շնորհները։

Շնորհաւոր նոր տարի ձեր բոլորին։

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018