ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ

Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, եւ հայ մամուլին նուիրուած տարուան լրումին հետ կը բարձրաձնեմ նիւթ մը, որ այսօր ալ կը շարունակէ աղերս ունենալ հայկական ընդհանուր օրակարգին մէջ։

Պրպտումները, պատմութեան դեղին էջերէն դէպքերն ու պատահարները դուրս հանելու ճիգս, պատկերները լոյսին տալու, լուրերը կտրել փակցնելու աշխատանքը կը կատարեմ այն պահուն, երբ Պէյրութը գեղեցիկ եւ ջրահարս, վերստին կ՚եռայ։

Քաղաքը կը պոռթկայ, անոր անհանգիստ բնակիչները, ընկերային տնտեսական մեծ բեռան մը տակ յայտնուած քաղաքացիները արդէն քառասուն օրէ ի վեր ողողած են երկրի բոլոր հրապարակները եւ կը պահանջեն՝ արդարութիւն։

Դէպքերու անսպասելիութիւնը, հաւանական ու վտանգաւոր բեմագրութիւնները, ահը անցեալի վերյուշէն եւ վախը քաղաքացիական պատերազմի ուրուականէն անդամալոյծ դարձուցած են կենսասէր լիբանանցիներուն դէմքերը։

Այս օրերուն, արդէն քառասուն օրերու երկարութեամբ Պէյրութի կապոյտ ջուրերէն մինչեւ Թրիփոլի, ապա Սայտա եւ Սուր ծաւալած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին. Պէյրութը քնաթաթախ է անհանգիստ եւ դուրս եկած է իր հունէն։ Պէյրութը վիրաւոր է, Միջերկրականի ջուրերուն հայող եւ իր անցեալի փառքէն մեզի հասնող այդ քաղաքին մէջ մեծ դրօշակով մը այսօր կ՚ընդգծուի մէկ բառ միայն, մէկ սոսկում, մէկ ահ, մէկ ցասում եւ այդ բառը մտահոգութիւնն է։

Մտահոգ գալիքէն, վաղուան օրէն եւ մտահոգ նայելով ու նայելով ապագայի փոքրիկ նաւակին։

Այս բոլորին մէջ եռեւեփուած, կամարուած, պատրաստուած եւ սերունդներ պատրաստած խմորին մէջ կայ հայութեան, արեւմտահայութեան դիմանկարին վրայ իր ուրոյն տեղը ունեցող հայագաղութին՝ Լիբանանի հայութեան դերն ու տեղը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին շրջանին լիբանանահայութեան թիւը կը գերազանցէր հազարը։ Գաղութ, համայնք, հասարակութիւն եւ նման այլ բառերով իմ ծննդավայրի հայութիւնը բնորոշելու բոլոր ճիգերը թերի պիտի ըլլան, նաեւ այն պատճառով, որ Լիբանանը աւելին էր քան սովորական գաղութ մը, պարզ համայնք մը եւ Մեծ եղեռնի ճիրաններէն փրկուածներու ճիգերով կազմուած պարզ հասարակութիւն մը։

Ստեղծուած համակարգը, այնտեղ՝ Պէյրութի աւազներուն վրայ նետուած խարիսխին ճոխութիւնը եւ արեւմտահայոց ինքնութեան կայմերով ապրող սերունդներու խօսքն ու բառը կերտած էին տարողունակ, ամբողջական եւ միահամուռ համակարգ մը, որ իր մէջ ունէր պետութեան մը ճշգրտութեամբ ապրող եւ արարող հաւաքականութեան ընդհանուր շերտերը։  Այս բոլորին մէջ եթէ կարեւորագոյն դեր եւ տեղ վերապահուած էր եկեղեցիին, ակումբին ու դպրոցին, ապա իր դերով եւ ներկայութեամբ ալ բնաւ պակաս դեր չէր վեր-ցուցած Լիբանանի հայկական մամուլը։

Հայկական թաղամասերուն մէջ, իրենց ձայնն ու երգը լսելի դարձնող պատանիներէն մինչեւ արհեստանոցներու, վաճառատուներու, միութիւններու եւ դրամատուներու մէջ իրենց ներկայութիւնը ունեցող հայագաղութի անդամները կա՛մ անցած էին այդ մամուլի բովէն, կամ ալ եղած էին այդ մամուլը անյայտ-քաջ յայտնի զինուորեալները։

Մէկ խօսքով գաղութի ամբողջական կեանքին, այդ կեանքի զանազան մանրամասնութիւններուն ու թելերուն մէջէն անցնող պատմութեան իւրաքանչիւր տրոփը կարելի է տեսնել ու զգալ այդ մամուլի էջերուն։

Յետայսու ալ մամուլը կը դառնար ոչ միայն պատերազմի ամենացնցիչ լուրերը, հայկական շրջաններուն մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտն ու երկրի քաղաքական օրակարգը լոյսին հանող բանբերը, այլ՝ աւելին։

Աւելի՛ն. որպէս դպրոց, աւելին որպէս կրթարան, աւելին որպէս կեանքի հայելի ու կեանքի իրական հայելի։

Ահա, այսպիսի օղակներով անցած է Լիբանանի հայկական մամուլը, որուն ամէն մէկ շերտը, ամէն մէկ հնչիւնն ու տառը, ամէն մէկ աշխատակիցն ու գրողը եկան ամբողջական դարձնելու Միջին Արեւելքի կապոյտին վրայ բացուած եւ հայութեան համար սիրտ ու արիւն ներարկած Լիբանանի հայկական գաղութին, որուն ապահով ընթացքը, որուն գալիքն ու ապագան կարեւոր կայմեր են ոչ միայն սփիւռքի այդ կողմերու հայութեան, այլ նաեւ ու անպայման Հայաստանի Հանրապետութեան համար։

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐ. ՔԱՆԻ ՄԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

1975 թուականին լիբանանահայութիւնը կը սկսէր մեծ հաւատամքով։ Խօսքը Մեծ եղեռնի 60-րդ տարելիցը նշելու մասին էր, որ 1965 թուականի յիսնամեակի կարեւոր փուլէն ետք ունէր բոլոր նախադրեալները Հայ դատի հետապնդման գործին առընթեր, ընդհանուր գնահատականներ տալու ու անկէ ետք ալ հայեացք մը դէպի հեռուն նետելու։

Այս առումով ալ ուշագրաւ կը դառնար Պէյրութի «Զարթօնք»ը (ՌԱԿ պաշտօնաթերթ) կը հրապարակէր «Մեծ եղեռնի վաթսունամեակի առթիւ» խորագրուած խմբագրական մը («Զարթօնք» ԼԸ. տարի թիւ 80), ուրկէ կը մէջբերեմ՝ «Տարի մը եւս բարդուեցաւ մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդի կեանքին վրայ: Տարի մը եւս՝ լուսաւոր եւ ստուերոտ իրադարձութիւններով ու երեւոյթներով, խրախուսիչ դէպքերով եւ յուսահատեցուցիչ իրականութիւններով: Փորձանաւոր տարի մը եւս ազգերու պատմութեան մէջ՝ որ յատկանշուեցաւ տնտեսական սուր տագնապներով, յեղաշրջումներով, պետական հարուածներով եւ մասնակի պատերազմներով, բայց որ յատկանշուեցաւ նաեւ համաշխարհային խաղաղութեան պահպանութեամբ, ճնշուած կարգ մը ազգերու ազատագրութեամբ եւ գերհզօր պետութիւններու իրերհասկացողութեամբ՝ գոնէ մարդկութեան ճակատագրին հետ կապ ունեցող կենսական հարցերու շուրջ»:

Բացայայտ էր, որ լիբանանահայութիւնը այդ օրերուն իր ամբողջական ներուժը ուղղորդած էր առաջ տանելու համար համայհայկական ընդհանուր օրակարգը, որուն ամենէն ուղենշայինը անշուշտ Մեծ եղեռնի ճանաչման խնդիրը առաջ քաշելն էր։

Կը պատահէր անսպասելին եւ երկիրը կը մտնէր բաւականին վտանգաւոր եւ ապա արիւնալի փուլերէ անցնող քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ, որուն ընթացքին ալ հայութիւնը յաճախ, կը յայտնուէր ակամայ մասնակցի դերին մէջ։ Շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին գաղութին կը յաջողուէր հաւաքել իր ամբողջ ուժերը եւ զարկ տալ ինքնակազմակերպումի փուլին։

Այսպէս, դպրոցնէերէն մինչեւ ակումբներ, կեդրոններ եւ հայկական թաղեր հայութեան համար կը դառնային կազմակերպումի հնոցներ։

Առասպելի նման ոտքի կանգած նուիրումի, հարցերը միասին լուծելու եւ ընդհանրական մէկ յայտարարի շուրջ հաւաքուելու ճիգը կ՚արդիւնաւորուէր, ոչ միայն ներհայկական շրջանակի մը մէջ, այլ կը դառնար համալիբանանեան յղացքի մը կարեւորագոյն գործօն։ Մինչ այդ, շատ-շատերուն անյայտ մօտեցումը կը դառնար, համայն հայութիւնը իրենց լիբանանցի եղբայրներուն ներկայցնող դրուածք, որ կ՚ունենար իր դրական եւ բարի ազդեցութիւնը հայութեան համար։

Խօսքը դրական չէզոքութիւն յղացքի մասին է, որուն մասին կարեւոր վկայութիւն մը կու տար պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, երբ կը գրէր՝ «Հայութիւնը ամէն գնով պէտք էր դուրս պահել երկիրը քանդող պատերազմէն: Հայութիւնը պէտք է մնար Լիբանանի ամբողջականութեան պաշտպան եւ իր այդ կեցուածքը պարզէր հակամարտ կողմերուն, ջանալով զանոնք մօտեցնել իրարու: Այս կը նշանակէր, որ «դրական չէզոքութիւնը» գործօն չէզոքութիւն մըն էր, որովհետեւ ան կը նախատեսէր, որ հայութիւնը կրաւորական դիրքով առանձին չմնայ, այլ՝ աշխատանք տանի կողմերը քով-քովի բերելու եւ համոզելու, որ հրաժարին բախումներէն եւ դիմեն երկխօսութեան։

«Դրական չէզոքութեան» այս քաղաքականութեան մասին օրին շատ խօսուած է: Չէզոքութիւնը լաւ բան է, պատերազմի կամ քանդիչ գործի մը չմասնակցելու իմաստով: Սակայն չէզոք կեցուածք որդեգրելը չի բաւեր, պէտք է կարենաս զայն պաշտպանել, այլապէս քեզ ազատ չեն ձգեր: Հարցը այլ դիտանկիւնէ դիտողներ անպայման կ՚ուզեն քեզ եւս մասնակից դարձնել կամ ունենալ իրենց հետ: Արդ, որպէսզի կարենաս կեցուածք կամ դիրք պաշտպանել, պէտք է ինքնապաշտպանութեան միջոցի դիմես»։

(Այս եւ յառաջիկայ մէջբերումներուս մեծ մասը՝ «Հայութեան եւ Լիբանանի համար» հատորէն, տպագրուած 2000-ին, Պէյրութ հրատարակութիւն՝ «Ազդակ»ի)

Խորքին մէջ «դրական չէզոքութիւն» յղացքը յաճախ սխալ կը հասկցուէր։ Երբեմն միտումնաւոր եւ յաճախ ալ անգիտութեամբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ակունքներուն մէջ յայտնուած գործիչներ կը փորձէին սխալ հասկնալ հայութեան մօտեցումը, եւ յոռեգոյն պարագային ալ մէկդի դնել հայութեան տեսակէտը կամ ալ անտեսել գործընթացներու մասնկացելու հայութեան արդար իրաւունքը։

Այս առումով ալ ուշագրաւ խօսք մը ըսած է երկար տարիներ լիբանանեան խորհրդարանի «Հայկական պլոք»ի անդամ Տքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան։

Էպլիղաթեան իր «Գաղթակայանէն խորհրդարան» հատորին մէջ (լոյս տեսած 2005 թուականին, Հալէպ) մասնաւորապէս կը գրէ. «Խորքին մէջ, ճիշդ չէր «դրական չէզոքութիւն» բացատրութիւնը տալը քաղաքականութեան: Այդ բացատրութիւնը վնաս հասցուց մեզի, որովհետեւ մարդիկ, որոնք կ՚ուզէին նսեմացնել մեզ, «դրականը» մոռցան եւ «չէզոքութիւնը» առին: Պատահեցաւ, որ նախագահ Ֆրենժիէ լիբանանեան կողմերու հետ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկէ՝ տագնապին լուծման անոնց պատկերացումները իմանալու համար: Ան հրաւիրեց բոլոր կողմերը եւ չկանչեց մեզ: Երբ մենք հարց տուինք մեր անտեսումին պատճառը, մեզի ըսուեցաւ «Դուք արդէն չէզոք էք»...: Օրին, երեք կուսակցութիւնները այս մասին հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր անոնք ներկայացուցին հայութեան յստակ քաղաքականութիւնը:

«Շատ պարզ ձեւով այդ քաղաքականութիւնը հետեւեալն էր. Չըլլալ ոչ մէկուն հետ, որ իր քաղաքական առաջադրանքները զէնքի ուժով կը պարտադրէ, այլ ըլլալ բոլոր անոնց հետ, որոնց հետ կարելի է խօսիլ եւ համախմբուիլ միասնական Լիբանանի շուրջ: Այլ խօսքով, «դրական չէզոքութիւն» չէր նշանակեր կեցուածք չունենալ: Մենք միասնակամ Լիբանանի հետ էինք»:

Այս կարեւոր վկայութիւնը նաեւ ձեւով մը կը բացատրէ, թէ վտանգաւոր եւ դարանակալ ինչ մօտեցումներով յաճախ նոյնիսկ քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու կոչուած քաղաքական ուժեր, որոնք աւելի ուշ կը դառնային նաեւ զինեալ միլիսներ զանազան առիթներով, կը փորձէին ոտնձգութիւններ կատարել հայաբնակ խաղաղ բնակչութեան թաղամասերէն ներս, որուն հետեւանքով ալ հոն ընթացք առած վէճերը արագօրէն կը զարգանային զինեալ ընդհարումներու, պատճառ դառնալով, ոչ միայն լարուածութեան գոյացման այլ յաճախ հայ անմեղ զոհերու գրանցման։

Հայութեան եւ հայկական ներկայութեան վրայ ձեռք բարձրացնող ուժը, ցաւալիօրէն մաս կը կազմէին քրիստոնական քաղաքական ուժերուն։

Եւ 1978 թուականէն սկսեալ հայկական տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող ակումբներ, կը դառնային յարձակումներու թիրախ այդ միջադէպերէն յիշատակեմ՝ Մար Մըխայէլ շրաջնի «Տիգրան ծամհուր» ակումբի միջադէպը, աւելի ուշ Նոր Սիս թաղամասի միջադէպը, Ամանոց շրջանի «Թեհլիրեան» ակումբի դէմ եղած գրոհը, Էշրէֆիյէ շրջանի «Ռոստոմ» ակումբին շուրջ գրանցուած զինեալ միջադէպը, Արագած շրջանին մէջ ծաւալած երկօրեայ բախումները եւ այլ տասնեակ գրոհներ, որոնք ինչպէս վերը նշեցի, կը կատարուէին հետապնդելով մէկ նպատակ՝ ծունկի բերել հայկական շրջաններու տէրն տիրականը համարուող հայկական ապահովական ներկայութիւնը։

Այդ բոլորի ետին կայի՞ն արդեօք կասկածելի մօտեցումներ. անշուշտ որ կային, կային հայութիւնը թեւաթափ ընել փորձող եւ Լիբանանի հայութիւնը տկարացնել միտող փորձեր. հարկաւ թէ կային ու բացորոշ էր, որ այդ բոլորին դիմաց հայութիւնը, ինչպէս իւրաքանչիւր վտանգաւոր դրութեան առաջ հայութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կը կանգնէր ու դէմ կը դնէր բոլոր տեսակի վտանգներուն։ Այստեղ ուշագրաւ մէջբերումով մը պիտի կարդամ Պէյրութի ՀՅԴ օրկան «Ազդակ»ի մէջ հրատարակուած եւ «Պէտք է գիտնան» խորագիրը կրող խմբագրականը, ուր մասնաւորապէս գրուած է. «Պէտք է գիտնան, որ Լիբանանի հայութիւնը պատմական փորձառութեամբ հասած է այն վճռական համոզումին, որ ինքնապաշտպանութեան իր սեփական ուժերէն դուրս չկայ ազգային ապահովութեան այլ երաշխիք, երբ քաղաքացիական պատերազմ է իր շուրջ եւ բիրտ ուժի լեզուն կը տիրապետէ:

«Վերջապէս, պէտք է գիտնան, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ հայկական կուսակցութիւններուն ուղղուած ամէն հարուած, խորքին մէջ ուղղուած է ամբողջ հայ համայնքին դէմ եւ այս գիտակցութեամբ պէտք է բացատրել երեւոյթին դէմ ամբողջ հայութեան խիզախ ծառացումը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր քաղաքական կեանքին ու ինքնուրոյնութեան ամուր վահանը կը տեսնէ իր ակումբներուն եւ շարքերուն մէջ, այնքան ատեն մանաւանդ, որ երկրի օրինաւոր իշխանութիւնները իրենց դերին մէջ չեն, այս կամ այն պատճառով»։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հոլովոյթը բազմաբեւեռ է ու երկրին մէջ տեղի ունեցած մարտերը, փոքր կամ մեծ ծաւալի պատերազմները ունին տարբեր ուղղութիւններ ու այդ բոլորին մէջ ալ հայութիւնը, ինչպէս վերը նշեցի, յաճախ յայտնուած է ակամայ մասնակիցի դերով։

Եւ այսպէս պաղեստինեան գաղթակայաններուն շուրջ եղած պատերազմական գործողութիւններէն մինչեւ Այնճար հայաւանին շուրջ եղած դէպքերու պարագային հայութիւնը փորձած է իր ընթացքը շարունակել նուազագոյն զոհերով, փորձելով միշտ ալ խօսիլ, արտայայտուիլ եւ սատարողը հանդիսանալ խելքի եւ տրամաբանութեան լեզուին, հակառակ անոր, որ սարսափելի պատերազմը եւ երկիրը արեան թաղանթի մէջ փաթթող ու յաճախ նոյն ընտանիքի անդամներուն միջեւ ընթացք առած վէճերուն ու խմորումներուն համար տրամաբանելու ունակութիւնը, խաղաղութեան համար պայքարելու սկզբունքները համարուած են անընդունելի եւ նոյնիսկ արժանի դարձած են ծաղր ու ծանակի։

Ամէն պարագայի, աւելի քան յստակ է, որ այսօր շուրջ քառասուն տարուան հեռաւորութենէ դիտուած լիբանանահայութիւնը կարողացած է իր մօտեցումներն ու անունը ոսկի տառերով գրել ու փորագրել վաստակելով համակ լիբանանցիներու սէրն ու յարգանքը։

Մամուլը, լրաբերէն անդին...

Ճերմակ հայեացքներ, յոյսով լեցուն առաւօտներ եւ աւելի լաւ վաղուան օր մը ապրելու սպասումներ։ Ահա այդպիսին է պատկերը Պէյրութի հայահոծ շրջան Պուրճ Համուտին։ Պուրճ արաբերէնով կը նշանակէ աշտարակ, որ կանգնեցուած է աքսորական դարձած արեւմտահայութեան կարեւոր մէկ մասին կողմէ ու սպասման վայրը, որուն ափը ապրումի եւ պայքարի նոր կայան կը դառնար։

Այս բոլորին մէջ շատերուն համար գերիրապաշտ ընկալումով մը ոտքի կը կանգնէր հայատառ մամուլ հասկացութիւնը։

 Ճիշդ է, նոր չէր իմ ժողովուրդի սէրը մամուլին հանդէպ։ Բացէք Պոլսոյ հին ու նոր գրադարաններու փակ դարակները ու հոն պիտի տեսնէք՝ ինչպիսի մեծ ապրումով արեւմտահայ մտքին ու մտածումին շիթ առ շիթ բացուիլը, մեծնալը, ծաղկիլն ու խորանալը։ Հայ գրականութեան ակունքներուն մէջ կանգնած մարդիկ, զանազան առիթներով եւ խնդիրը էութենական մօտեցումով մը ներկայացնելու հակումով յաճախ կը վկայեն, թէ մենք պիտի չունենայինք Պոլսոյ մէջ ստեղուած արեւմտահայ գրականութեան գոհարները, եթէ չըլլային, չապրէին ու կեանքի կոչուած չըլլային մեր հարիւրաւոր մամլոյ օրկաններն ու հանդէսները ու նոյնը ապահովաբար կարելի է ըսել Պէյրութի մասին, սակայն միայն մէկ տարբերութեամբ մը, որ Պէյրութի մէջ ստեղծուած սփիւռքեան գրականութեան ամենէն կուռ էջերը եւ այդ էջերը եռփնագրողները երբեք չհասան իրենց լիութեան։

Կարօ Սասունիով, Զաւէն Պիպէռեանով, Եդուարդ Պօյաճեանով, Պօղոս Սնապեանով, Վահէ Օշականով եւ վերջապէս Գրիգոր Պըլտեանով կերտուած գրականութեան թելը յանկարծ կը կտրուէր Լիբանանի մէջ ընթացք առած պատերազմին հետեւանքով ու հակառակ այն փաստին, թէ Պէյրութի մէջ օրաթերթերը շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը, բայց եւ այնպէս, քաղաքը կորսնցուց Սփիւռքի առաջատար մտաւորականութեան օրրանը ըլլալու իր բարի համբաւը։

Թերթերը այսօր ալ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, անխափան ձեւով կը տպագրուին ու հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, կը փորձեն քայլ պահել մամուլի այսօրուան կանոններուն եւ ընդհանուր ընթացքին հետ։

Մինչ անցեալին հայկական օրաթերթերը եղած են պարզ լուրերէն մինչեւ լայնածաւալ պատմական կամ մշակութային վերլուծումներու բեմահարթակներ, անոնք եղած են պարզ հայ մարդուն համար ինքնաշախատութեան մղող, սորվելու մղող, աշխարհը լաւ կարդալու եւ հայու աչքով կարդալու հարթակներ։

Պատանիէն մինչեւ տարեց, Պէյրութի մէջ առնուազն իմ պատանեկութեանս տարիներուն հայատառ թերթը մշտական ներկայութիւն դարձած է հայկական օճախներուն մէջ։ Թերթ կարդալը առաւօտեան սուրճին, ամէնօրեայ հացի պատառին ու բաժակ մը թէյին կամ ջուրի կողքին կը յայտնուէր իբրեւ մշտական ներկայութիւն հանդիսացող սիրելի հիւր։ Մարդիկ կը կարդային, կը կարդային իմանալու համար, վերլուծելու համար, տեսնելու համար եւ ապրելու համար…

Տակաւին ականջներուս մէջ սուր ձեւով կը շարունակէ հնչել հայերէնի ուսուցչիս, բնիկ պոլսեցի Գէորգ Միքայէլեանին խօսքերը, երբ պատասխանելու իմ ու համադասարանցիներուս հարցադրումին, որ «Պարոն, ինչպէս լաւ հայերէն պիտի սորվինք», կը պատասխանէր՝ «միայն թերթով»։

Այո, միայն թերթով ու այս առումով ալ հակառակ այսօր Լիբանանի մէջ տիրող ոչ վարդագոյն պայմաններուն, հաւատքս է, որ լիբանանահայ մամուլը պիտի շարունակէ իր դարաւոր երթը, խօսելով այսօրուան սերունդներու լեզուով ու մտնելով բոլոր այն տարածքներուն մէջ, ուր հասակ կ՚առնէ, կը մեծնայ ու կ՚աճի արդի մարդուն, արդի հայ մարդուն միտքն ու երազը։

Մամուլը միայն մտքի, խօսքի, լուրի, տեղեկութեան հարթակ չէ, մամուլը սերունդներու երազը պատրաստող հնոց է ու հոն է նաեւ, որ այդ սերունդներուն մեծ երազները պիտի գոյանան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019