ՈՉ՝ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ

«Ճանչնալ այն ամէնը որ սխալ գործեր ես՝ ըլլայ այդ սովորական կեանքի մէջ, ընտանիքի թէ բարեկամներու. ճանաչումը ուժ է»

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան

Փտածութեան հայերէն հոմանիշները կամ բացատրութիւնները կը տրուին որպէս «նեխածութիւն», բայց նաեւ՝ «անբարոյականութիւն»։ Այս իմաստով՝ փտածութիւնը, պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ մեր օրերը, ստացած է ու տակաւին կը ստանայ տարբեր բովանդակութիւն։ մէկ կողմէ կայ ղեկավարի ու պետական կառոյցի անբարոյական կարգավիճակները, ուր իրենց ստացած հեղինակութիւնը կը գործածուի ապօրինի ձեւով հարստութիւն դիզելու, կեղեքելու, եւ տակաւին՝ իրենց տնօրինած օրինաւոր լիազօրութիւնները սանձարձակ ձեւով գործածելու, իրենց հաշւոյն եւ օգուտին։ Այս իմաստով փտածութիւնը կը ստանայ քաղաքական պիտակաւորում, ընդգրկելով տարբեր կառոյցներ՝ կրթական, աշխատաւորական ու բանուորական մակարդակներու վրայ եւ հասնելով մինչեւ ընկերայինն ու կրօնականը։ Իսկ կրօնական փտածութիւնը (իմա՝ անբարոյականութիւնը) պատմութեան առանցքին նաեւ ճամբայ հարթած է եկեղեցական բաժանումներու, տարբեր երեւոյթներու ընդմէջէն։

Եւ այստեղէն կը դառնայ իրական՝ թէ փտածութիւնը չի բովանդակեր իր մէջ միայն նիւթական-տնտեսական կեղեքում։ Անոր մէջ կան նաեւ, բարոյական ու ընկերային իրաւունքներու անտեսում, մարդկային արժէքներու ոտնահարում, ցեղապաշտական եւ ընկերային-դասակարգային խտրականութիւն եւ բաժանում։

Փտածութիւնը սկսած է մարդկային պատմութենէն եւ մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակուի։ Եւ արագ ակնարկ մը նետելով ներկայ աշխարհին, կարելի է տեսնել, թէ ինչքան «թոհուբոհ» կայ քիչ մը ամէն տեղ, ուր մարդիկ կը պահանջեն մարդկային կեանքի բարւոք արդարութիւն եւ առողջ կենսամակարդակ։ Եւ համաշխարհային հարթակի վրայ 2019-ի իրադարձութիւնները լաւ ցուցանիշ մըն են այս բոլորին։ Հարաւային ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ եւրոպա ու ասիա եւ տակաւին միջին արեւելք եւ վերջապէս... Լիբանան։ Եւ այս վերջինը դարձաւ ապրող վկայութիւն մը, ուր ժողովրդային ընդվզումը փտածութեան դէմ չի բացառեր ոչ մէկ ղեկավար։ «Բոլորը՝ այսինքն բոլորը» կարգախօսը դարձաւ փտածութեան դէմ ըմբոստութեան մեծ ալիքի։

Բայց այն ինչ որ յատկանշական էր՝ այդ ալ Լիբանանի ձայնասփիւռի մտեղական կայանի մը երիտասարդ խօսնակին արտայայտութիւնը, որ երկրին ընդհանուր մշակոյթը կ՚անուանէր «փտածութեան մշակոյթ»։

փտածութեան մշակոյթը՞...։ մշակոյթ մը ուր մարդկային կեանքերը կը բնորոշուին եւ կը կազմուի՞ն։ Եւ այս՝ փտածութեան ընդմէջէ՞ն...։

Մայր հայրենիքն ալ անպակաս չէր այս «ըմբոստութենէն»։ Եթէ ըմբոստութեան եղանակը եղաւ «թաւշեայ»՝ առանց մարդկային առճակատումի եւ զոհի, բայց եւ այնպէս մնաց նոյն ընդվզումի բովանդակութեան մէջ։ Ալ բաւ է... փտածութեան...։

Բայց փտածութիւնը «ախտ» է, յոռի վարք ու բարք, որ ուղղակիօրէն առընչուած է մարդկային ու հաւաքական ու տակաւին ազգային-պետական եւ անոր բարոյական՝ իմա «էթիքս»ի հասկացողութեան հետ։ Եւ թէ ո՞ւր կը կայանայ նշեալ հաւաքականութեան-պետականութեան բարոյական չափանիշներու ռազմավարութիւնը՝ իր համընդհանուր դաստիարակութեան գործընթացին մէջ։

Երբ ուսանողներ էինք Պէյրութի հայկական վարժարաններու մէջ՝ մեր կրթական ծրագրին մէջ ներմուծուած էր «քաղաքացիական կրթութիւն» դասապահը, եւ շաբաթական մէկ պահի դրութեամբ։ Այդ օրերուն շատ չէինք կրնար ըմբռնել այդ դասապահի խորքային կարեւորութիւնը՝ բայց այսօր՝ այո։ Հոն էր, որ կը սորվեցնէին մեզի, թէ ի՞նչ տեսակի քաղաքացիներ պէտք էր որ ըլլայինք եւ թէ ինչպիսի՞ յարաբերութիւն եւ ներդրում ունենալու ենք մեր երկրին ու պետականութեան նկատմամբ։ այս դասապահերու մէջ չկար կրօնական բարոյագիտութիւն, բայց կար քաղաքացիականը։ Հոն՝ ուր անհատը անկախ իր կրօնքէն եւ լեզուամշակութային ինքնութենէն, պիտի սորվէր ըլլալ բարոյական չափանիշներով օժտուած քաղաքացի։

Բայց կ՚արժէ նաեւ նայիլ եւ վերանայիլ Աստուածաբանական ու Աստուածաշնչական հասկացողութիւններուն, նոյնինքն փտածութեան ընդհանրական բացատրութիւններու եւ ներկայացումներու ընդմէջէն։ Եւ երբեք մտահան պէտք չէ ընել այն փաստը, թէ Աստուածաբանութիւնը ու Աստուածաշունչը կը մտնեն հաւաքական կեանքերուն մէջ եւ ունին ըսելիք ու կեցուածք՝ տիրող մտահոգութիւններու նկատմամբ։

Աստուածաշունչի մէջ փտածութիւնը մարդկային «մեղքին» ազդեցութիւններէն էր, որ արդիւնք էր նոյն մարդուն յանցագործութեան։ Սկիզբէն Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, իմա դրախտը, որ զերծ էր ամէն նեղութենէ, հիւանդութենէ եւ մահէ։ Բայց Ադամն ու Եւան «անհնազանդ» եղան Աստուծոյ եւ «մեղքը» մտաւ «աշխարհին» մէջ։ Եւ այս մեղքն է, որ վարակուեցաւ եւ հիւծեց Ադամի եւ Եւային եւ բոլոր մարդկութեան, որ իրենցմէ վերջը եկան։ «Վասնզի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5. 12)։ Եւ փտածութիւնը Աստուածաշունչի մէջ բարոյական եւ հոգեւոր «նեխածութիւն»՝ «անկում» է՝ որ կը բացատրուի եւ կ՚՚արտայայտուի մարդուն «անհնազանդութեամբը»՝ Աստուծոյ նկատմամբ։

Եւ կը շարունակուի։ Նոյի ժամանակ փտածութիւնը շատ աւելի սաստկացած էր։ «Եւ երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ։ Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականուած էր, վասնզի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր»։ (Ծննդոց 6. 11-12)։

Այս իմաստով փտածութիւնը ուղղակիօրէն առընչուած է… մահուամբ։ Եթէ ոչ ֆիզիքապէս, բայց հոգեւորապէս։ «Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք…» (Եփեսացիս 2. 1)։ Եւ կը շարունակէին քալել նոյն ընթացքով։ «Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս…» (Եփեսացիս 2. 2)։

Բայց կայ մխիթարութիւնը։ Եւ փտածութենէ դուրս գալու ելքը։ «Բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւններով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց, երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց» (Եփեսացիս 2. 4)։

Եւ այստեղէն պէտք հասկնալ, թէ ինչպէս փտածութեան ուժը կ՚անշարժանայ (իմա՝ կը մեռնի), երբ Աստուծոյ ուժը կը ներմուծուի մեր կեանքերուն մէջ եւ որ կեանք կու տայ։

Աստուծոյ ուժը՝ Բարին եւ որ անոր ճամբան դժուար է։ Բայց եւ այնպէս կեանքեր կը շինէ։ Փտածութեան ուժը չարն է՝ որուն ճամբան դիւրին է...։ Բայց եւ այնպէս կեանքեր կը քանդէ...։

(…)

Եւ ապահովութի՞ւնը։ Կամ խոստո՞ւմը։ Թէ Աստուծոյ ուժը Բարին եւ որքան ալ դժուար ըլլայ անոր ճամբան, պիտի կարենայ յաղթել չարին (իմա՝ վիշապին)։ «Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհը մոլորեցուց...» (Յայտնութիւն Յովհաննու 12. 9)։

Եւ եթէ անոնք քիչ մը ամէն տեղ, Լիբանան ու տակաւին ոտքի կանգնած են, որովհետեւ կ՚՚ուզեն «վար ձգել վիշապը...» (իմա՝ չարը, փտածութիւնը), քանի կ՚՚ուզեն Բարին։ Այն որ կեանքեր կը շինէ։ Եւ կեանքեր շինելու համար պէտք է Բարին։

Եւ Բարին շինելու համար մենք պէտք ունինք մշակոյթի մը, որ փտածութիւն չէ...։ Այլ մշակոյթ մը որ Բարին է։ Կեանքեր կը շինէ։

Եւ Բարին շինելը դժուար ճամբայ է։ Բայց այս դժուար ճամբան մեզ կը զօրացնէ։ Զօրութիւն մը, որուն միջոցաւ կրնանք ըսել...։

 Ոչ՝ փտածութեան մշակոյթին։ 

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019