«ԲԱՐԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԵՑԱՅ»

«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի» Բ. Տիմոթէոս 4:7

Տիմոթէոսը Պօղոս առաքեալի հոգեւոր զաւակն էր։ Այս նամակը Պօղոս առաքեալ կը գրէ Տիմոթէոսի՝ որպէս յորդոր երբ բանտի մէջ էր։ Երեւի Պօղոս առաքեալի վերջին նամակն էր, ուր ան կը գիտակցէր, թէ շուտով մահուան պիտի դատապարտուէր եւ սպաննուէր։ Այս տրամադրութիւններու մէջ էր, որ Պօղոս առաքեալ կը գրէր իր նամակը Տիմոթէոսի։ Պօղոս առաքեալի ներաշխարհը եւ անոր տրամադրութիւնները պէտք է նկատի առնել, որպէսզի աւելի լաւ ընկալենք նամակին բովանդակութիւնը։ Եթէ նամակը մէկ կողմէ քաջալերական յորդոր էր Տիմոթէոսի, նոյնքան վճռակամ ու հաստատ գիտակցութիւնը իր՝ Պօղոսի կեանքին ու առաքելութեան նկատմամբ։ Այս իր երկրային կեանքի վերջին օրերու ընթացքին։

Հետաքրքրական երեւոյթներէն մէկը եօթներորդ համարին մէջ է։ Պօղոս առաքեալի կատարած մատնանշումն է իր ապրած կեանքին համար։ Իր գործածած բայերը, որոնց բոլորն ալ անցեալ կատարեալ են՝ «պատերազմեցայ», «կատարեցի» եւ «պահեցի»։ Յստակ է, թէ ան կը խօսի իր կեանքի ու անոր վկայութեան մեծ առաքելութեան մասին, ուր ցոյց կու տայ, թէ ինք ինքնավստահ եւ վճռակամ է, երբ կը՚սէ. «Պատերազմը պատերազմեցայ»։ Չկայ կասկած ու տարակուսանք, թէ ան դասալիք եղած է, երբ կը գտնուէր «պատերազմական» դաշտի վրայ, անշուշտ պատերազմը իր փոխաբերական հասկացողութեան մէջ։ Չկայ նոյնիսկ երկչոտութիւն, այլ կայ մէկ ու յստակ դիրքորոշում՝ «պատերազմեցայ»։

Նոյնքան դիպուկ է համարին մնացեալ մասերը՝ «ընթացքը կատարեցի» եւ «հաւատքը պահեցի»։ Եթէ պատերազմը պատերազմած է, նոյնքան նաեւ այդ պատերազմի հոլովոյթներու մէջ մնացած է անշեղ, երբ կըսէ. «կատարեցի»։ Այդ պատերազմին եւ անոր ընթացքին մէջ ան վեր պահած է հաւատքը։ Այս հաւատքը ան տարաւ մինչեւ վերջ, երբ մահուան դատապարտուեցաւ։

Քրիստոնեային կեանքը այս աշխարհի վրայ պատերազմ է։ Պատերազմը կրնայ ընդգրկել մէկ կողմէ ֆիզիքական-ռազմական տարողութիւն, նոյնքան իմացական, հոգեւոր, ընկերային ու տակաւին… Պատերազմ է, քանի աշխարհի վրայ չարը՝ իմմա մեղքը, զօրաւոր կերպով արկայ է։ Չարը կը ստանայ տարբեր երեւոյթներ եւ ուր ան պատերազմի մէջ է ընդդէմ Բարիին։ Պօղոս առաքեալի պատերազմը՝ որ պատերազմեցաւ նոյնինքն չարին դէմ էր, որպէսզի ճամբայ բանայ, որ Բարին յաղթէ։

Պօղոս առաքեալ գիտակից է, թէ այս պատերազմի գործընթացին մէջ իր կարողութիւնը, խելքը եւ իմացականութիւնը, իր անձնական ուժին արդիւնքը չէին, ոչ ալ անոր վրայ յենլով կրցած էր պատերազմիլ։ Այդ արդիւնքն էր Քրիստոսի ուժին, որ կը գործէր իր մէջ եւ որուն հետ ապրեցաւ իր կեանքի ընթացքին։ Ան այս Քրիստոսի ուժը իր մէջ պահելով եւ իւրացնելով է, որ կրցաւ պատերազմիլ, առանց յուսահատելու, երբ «կատարեց», բայց նաեւ պահեց ու շինեց հաւատքը։ Պօղոս առաքեալ երբեք դասալիք չեղաւ։

Անպակաս չէին ձախողութիւնները, անհասկացողութիւնները, սխալները եւ տակաւին այլ անորոշ երեւոյթները Պօղոս առաքեալի այս պատերազմի կեանքին մէջ։ Եւ չ՚ուշանար իր վկայութիւնը. «Վասնզի ես արդէն զոհ ըլլալու նուիրուած եմ» (Բ. Տիմոթէոս 4:6)։ Բայց զոհը եւ զոհուելու իրականութիւնը չշեղեցին Պօղոսի ընթացքը։ Ան մնաց «արթուն» եւ «նեղութիւններուն համբերեց» (Բ. Տիմոթէոս 4:5)։ Պօղոս առաքեալ, որ հաւատացած էր բարի պատերազմին կարեւորութեան, պատերազմեցաւ առանց յուսահատելու։ Եւ արդի՞ւնքը. «Կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը» (Բ. Տիմոթէոս 4:8)։ Ան պահեց եւ կերտեց հաւատքը՝ Բարին, եւ որուն երախայրիքը արդարութեան պսակն է։

2020 տարին շատ դժուար տարի մըն էր բոլորիս համար։ Եւ դժուարը շատ մը մակարդակներու վրայ։ Անհատական, ընտանեկան, ընկերային, լիբանանեան, Արցախ-Հայաստան ու տակաւին… Պսակաձեւ ժահրը եկաւ զգետնելու շատ մը մարդկային կեանքեր, նեռարելով նաեւ սիրելի բարեկամներ, յեղաշրջելով մեր ապրելակերպը ու հիմնականօրէն փոխելով մեր կենցաղը։ Բարեկամական հաղորդակցութիւններու ոճը փոխուեցաւ, ուր մարդ սկսաւ հեռու մնալ մարդէն։ Եւ մարդը ու անոր կեանքը ամփոփուեցաւ այսպէս ըսած «տուփի» մը մէջ, ուր ան դարձաւ ինք իր մէջ ապրող եւ շնչող էակ։ Օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը նոյնպէս ցնցեց մեզ բոլորս, որպէս Լիբանան եւ լիբանանահայեր նոյնքան նաեւ համայն հայութիւն։ Պայթում մը՝ որ պատճառ եղաւ մայրաքաղաքի շատ մը շրջաններու քանդումին ու տակաւին մարդկային զոհերու, վիրաւորներու, եւ որ մինչեւ օրս տակաւին չբացայայտուեցաւ սոյն արարքին պատճառները եւ զայն իրագործողները։ Արցախեան պատերազմը եւ նոյեմբեր 10-ի համաձայնագիրը, որ հայուն գոյութեան եւ լինելութեան գիտակցութեանը տուին ուժգին հարուած։ Եւ չհաշուած մարդկային մեծ թիւով զոհերը ու հայրենի հողատարածքներ կորսնցնելը։

Այս բոլոր իրադարձութիւններուն արագ ակնարկ մը նետելով՝ պիտի կարենանք տեսնել, թէ ինչքան հսկայական պատերազմի մը մէջ էինք եւ տակաւին ենք։ Պատերազմը, յար եւ նման Պօղոս առաքեալի յիշեցումներուն, բայց տարբեր բովանդակութեամբ։ Վերջապէս, միշտ պիտի յիշենք, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Փոխուողը, ընկերամշակութային, տնտեսական ու քաղաքական բովանդակութիւնը եւ տարողութիւնն է։ Կրկնուող պատմութի՞ւնը։ Չարն է եւ անոր պատերազմը Բարիին դէմ։

2021 տարին ի՞նչ անակնկալներ կրնայ բերել իր հետ, կը մնայ սպասել եւ տեսնել։ Բայց կայ կարեւոր հարցում մը իւրաքանչիւրիս այս Ամանորի ուրախ-տխուր եւ երեւի այս տարի աւելի տխուր մթնոլորտներուն մէջէն, երբ այս դժուար տարին կը բոլորենք միասին։ Պիտի կարենա՞նք ետեւ նայիլ եւ ակնարկ մը նետել մեր ապրած կեանքին վրայ եւ անոր մեր գնահատականը տալ։

Եթէ չարին գրոհները շատ էին եւ տակաւին դժուար դիմադրելի, եւ ինչ խօսք որ նաեւ անոր յարձակումներուն դիմաց կրեցինք «պարտութիւն», բայց կը մնայ մեր դիրքը եւ դիրքորոշումը որպէս անհատ եւ հաւաքականութիւն։ Պիտի կարենա՞նք ըսել, թէ դասալիք չեղանք եւ «բարի պատերազմը պատերազմեցանք» ու անոր «ընթացքը կատարեցինք» եւ անպայմանօրէն «հաւատքը պահեցինք»։ Մտահան երբեք պէտք չէ ընել, թէ Պօղոս առաքեալի մատնանշած պատերազմը շարունակուող եւ կրկնուող իրադարձութիւն մըն է մարդկային կեանքի պատմութեան բոլոր ընթացքին մէջ։

Քրիստոսի ծնունդը իրական է։ Ան աշխարհ եկաւ, որպէսզի նոր կեանք մը հաստատէ։ Նոր կեանք մը, որուն պիտակը Բարի է։ Քրիստոսի ծնունդով մենք իւրացուցինք Անոր շնորհած այս Բարի կեանքը եւ արժանի եղանք ապրելու անով։ Բայց ոչ միայն պիտի բաւարարուինք ապրիլ, հապա պիտի պատերազմինք ԲԱՐԻ կեանքին համար եւ պիտի պահենք ու կերտենք զայն։

2020 տարուայ մեր կեանքերու պատերազմները եղան շատ զօրաւոր եւ ահռելի։ Այդ պատերազմին մէջ մենք կորսնցուցինք շատ եւ կրեցինք ֆիզիքական պարտութիւններ եւ կուտակեցինք հոգեկան հսկայական ընկճուածութիւն։ Բայց կը մնայ կարեւոր իրականութիւնը։

Քրիստոսի ծնունդով մենք ստացանք ու կը շարունակենք ստանալ նոր կեանքի ուժը։ Ուժը, որ մեզի կարողութիւնը պիտի տայ բարի պատերազմը պատերազմելու, ընթացքը կատարելու եւ առանց յուսահատելու։ Բայց նաեւ ձախողութիւնները վերածելու յաջողութեան։ Անհրաժեշտ է, որ գիտակցինք մէկ հիմնական իրականութեան։ Այդ ալ հաւատքը ու զայն պահելու գրաւականն է։

Իսկ հաւատքը։

Այն որ կը ստանանք Աստուծմէ, երբ Իր հետ կ՚ունենանք ուղղակի յարաբերութիւն՝ ուղղահայեաց դրուածքով։ Բայց այդ որ կը ստանանք Աստուծմէ, երբեք պէտք չէ պահել մենք մեզի։ Այլ պարտինք բաժնել զայն, հորիզոնական դրուածքով, մեր ապրած հաւաքականութիւններու եւ հայրենիքին հետ։ Հոն ուր պէտք է տքնիլ՝ շինելու համար Բարին։ Այս ուղղահայեաց եւ հորիզոնական յարաբերութիւնները, ուղղահայացը Աստուծոյ եւ հորիզոնականը հաւաքականութեան հետ, կը կիսուին իրարու հետ յար եւ նման խաչին եւ որուն կիզակէտը կը դառնայ Ինքը, Քրիստոս, Հաւատքը։ Քրիստոսի շնորհած կեանքը կը սկսի ճիշդ այս իրականութենէն։ Հաւատքը այս իմաստով ընդհանրական եւ համապարփակ իրականութիւն մը կ՚ըլլայ, վերածուելով կեանքի։ Իմ եւ իւրաքանչիւր հայու կեանքին։ Հայուն կեանքը՝ որ հաւատացած է կերտել զայն Բարիին հիմքով։

Այս հաւատքը պահելով է, որ պիտի ապրինք ու շարունակենք ապրիլ, կերտել կեանք եւ հայրենիք, նոյնիսկ երբ կը պարտուինք եւ ձախողութիւններ կը կրենք։ Իսկ ապրելու համար, պէտք է որ բարի պատերազմը շարուակենք պատերազմիլ։

Բարի պատերազմը պատերազմելու վճռակամութեամբ եւ Քրիստոսի շնորհած հաւատքի ուժին վստահելով։

Շնորհաւոր նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, դեկտեմբեր 2020

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020