Ի՞ՆՉՊԷՍ ԸՆԴԳԾԵԼ ԴՐԱԿԱՆԸ ACCENTUATE THE POSITIVE

Նոր թուականի մը սեմին կանգնած ենք։ Երեք քառորդ դար մը ետիս նետած, երկրէ երկիր փոխադրուած եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած, այս օրերուն անխօս ու շուարած որոճալու սկսած եմ։ Մեծ մայրս յաճախ կը կրկնէր «Եավրում, ի՜նչ էինք, ի՛նչ եղանք… Ի՜նչ օրերու հասանք»։ Բայց միմիայն իրե՞նց սերունդը… Այո՛, հիմա իմ կարգս է ըսելու ի՜նչ օրերու հասանք։

Ծնած տարիս աշխարհը պատերազմի մէջ էր տակաւին։ Տարի մը վերջ միայն պիտի աւարտէր Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը, որու մանրամասնութիւններուն հիմա գիրքերէն միայն տեղեակ կ՚ըլլամ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2 սեպտեմբեր, 2020-ին նշուեցաւ 75-ամեակը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին։ 70-85 միլիոն մարդու կեանք խլելով՝ անոնց մահուան պատճառ դարձած էր։ Իսկ ես այդ օրերուն, անտեղեակ մանուկ մը տակաւին, չէի գիտեր, թէ ծնողքս ի՜նչ դժուարութիւններով պայքարած էր բաւարար սնունդ, կաթ եւ հաց ապահովելու, զաւակ մը կորսնցուցած էին արդէն եւ մնացած երկու դեռատի զաւակները ողջ պահելու կը ջանային։

70-էն 85 միլիոն հոգիի կորուստը ի՜նչ կը նշանակէր այդ օրերուն, անհաշիւ որդեկորոյս մայրերուն սփոփողն ո՞վ էր։ Կրակը ինկած տեղը այրած մոխրացուցած էր, այդ օրերու կարգավիճակէն օգտուողին գրպաններն ալ պարարտացուցած։

1915-ին մեր մեծ հայրերուն կրած անհաշիւ կորուստներուն եւ հայ ազգին արմատները հնձող ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տասնամեակ անցած՝ որբանոցային կեանքէն դուրս ելլելով մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, մեր ծնողները ընտանիք կազմելու, նոր սերունդ հասցնելու մասին կը մտածէին։ Իսկ այդ պայքարին զուգահեռ՝ 1945 թուականին, Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Ֆրանքլին Ռուզուէլթ 99.7 պիլիոն տոլար պատերազմական պիւտճէի համար իր ստորագրութիւնը տալէ ետք, պարծանքով, այդ ժամանակշրջանը ամերիկեան ժողովուրդին համար «արդար հզօրութիւն ապահովող բացարձակ յաղթանակ է» ըսելով կը յոխորտար:

Այս օրերուն ազգովին 2020-ի սեպտեմբերը չենք ուզեր յիշել։ Մօր կաթի հոտը իրենց շրթներուն, դէմքի աղուամազերը լրիւ չսեւցած հազարաւոր երիտասարդներ, իրենց ապագայի երազները ծրարած մէկ կողմ դրած, մե՛ր ապագան կերտելու յոյսով սնուցուած տղաք, իրենց կեանքով եւ արիւնով մայր հողին խառնուեցան ինչ դժնդակ պայմաններու տակ, Հայաստանին ու Արցախին «արդար հզօրութիւն եւ բացարձակ յաղթանակ» ապահովելու երազներով։

Ըստ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի յայտարարութեան, երկրագունդի տարածքին, միմիայն նոր տարուայ առաջին օրը կը սպասուի, որ 370 հազար նորածին աշխարհ գայ։ Բայց անոնց համար ի՜նչ որակի կեանք ապահոված պիտի ըլլայ մարդկութիւնը՝ ո՛չ ոք կրնայ երաշխաւորել։ Անո՛նք է, որ պիտի ժառանգեն այն աշխարհը, որ այսօր մենք կը փորձենք կառուցել կամ կը պատրաստենք իրենց համար:

Եթէ համաշխարհային պատերազմի օրերուն դրոշմաթուղթի գինը միայն 6 սենթ էր եւ բանուորի մը նուազագոյն աշխատավարձը ժամական 30 սենթ էր, այս օրերուն 2-3 էջնոց պարզ նամակի մը համար պէտք է վճարեմ 55 սենթ, իսկ բանուորին աշխատավարձը, ըստ 2009-ի որոշման, ժամական 7.25 տոլար է։

Տակաւին անցնող շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահէն 768.2 պիլիոն տոլարի պատերազմական պիւտճէի յատկացման համար, երկրի պաշպանութիւնը զօրացնող օրինագիծին համար ստորագրութիւն մը ակնկալուեցաւ։

Այս գիներու անհաւասար ելեւէջին հետ կրնանք երեւակայել, թէ հայ դպրոցները, հաստատութիւններն ու հայ թերթերը ի՛նչ ճգնաժամային ժամանակաշրջան կ՚ապրին։ Փակուող դպրոցներու, թերթերու բաժանորդներուն, նօսրացող թիւերուն հետ, ինչպէս պիտի կարենան հասնիլ նամակատան պահանջած ծախսերուն։ Վերջերս ես Միացեալ Նահանգներէն դուրս, մէկ քիլոյէն պակաս կշռող գիրք մը պիտի ղրկէի, 75 տոլար պահանջուեցաւ ինձմէ, չկրցայ ղրկել։

Մեր ընտանեկան թէ անձնական ուրախ, ծնունդի թէ հարսանեաց առթիւ խնդակցութիւնները եւ տխուր առիթներով մահազդները կը կարդայինք թերթերէն։ Հիմա մեր Դիմատետրի կամ այլ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցները ողողուած են նման լուրերով։ Հարսանեկան, մկրտութեան, տարեդարձի թէ ծունկի եկող երիտասարդներուն, արցունքախառն աչքերով հարսնացու աղջիկներուն «Այո՛» ըսելու բացագանչութիւններն անգամ կը լսենք տեսահոլովակներով։ Աւելին՝ իրարու հետ մրցող ադամանդներուն չափն ու աչք կուրցնող փայլը մեր տան համակարգիչին կամ բջիջայինի վրայ կը տողանցեն։

Անկախ իրենց խանդավառութենէն չեմ կրնար չմտածել այն փոքրաթիւ զոյգերուն մասին, որոնք կ՚որոշեն իրենց զաւկին մկրտութեան կամ տարեդարձներուն առթիւ խնդրել, որ նուէրները ղրկուին այս կամ այն ինչ բարեսիրական նպատակին կամ հաստատութեան մը։ Իւրաքանչիւր այդ առիթներուն ենթականերուն ուրախութիւնը կարելի չէ՞ր կրկնապատկուած տեսնել, երբ լսէինք, որ իրենց այդ ուրախ պահուն առթիւ կը նուիրեն այսինչ հայ թերթին, այնինչ հայ դպրոցին կամ այլ հայ հաստատութեան մը։

Վերջերս բարեկամուհիէ մը լսեցի, թէ սան մը որդեգրած է, ենթակային համալսարանի վճարումները յանձն առնելով։ Զարմացայ բաւական մը տեղեակ ըլլալով անոր նիւթական վիճակին։ Զարմանքիս պատասխանը գիտէ՞ք ինչ եղաւ.

«Հաւատա ուրիշ բաներէն խնայելով շատ դիւրին եղաւ»։ Երբ հարց տուի՝ «այսինքն ի՞նչ ուրիշ բան»… «Եթէ կ՚ուզես իմանալ կեանքիս մէջ ոչ յայտնի մակնիշներով մեքենայ վարել փափաքած եմ, մուշտակ հագուիլ չեմ սիրած, ոչ ալ անձնական արդ ու զարդիս համար, մազիս կամ եղունգներուս համար բարձր գին պահանջող վարսայարդարներուն յաճախորդ եղած եմ, իմ ալ ուրախութիւնս այդ բոլորը գումարելով՝ երազ ունեցող ուսանողի մը օգտակար դառնալն է…»։

Ծնունդէս անուղղայ լաւատես մըն եմ կարծես։ Թերեւս անոր համար, որ իմ ծնած տարիս զուգադիպաբար մրցանակ շահած անգլերէն երգը եղած է՝ «Accentuate the positive - Ընդգծեցէք դրականը, հեռացուցէք բացասականը»։

Երբ կը յիշեմ ցեղասպանութենէն վերապրած, տուն տեղ, ծննդավայր եւ ամբողջ գերդաստան մը կորսնցուցած մեծ հօրս աչքերուն տխրութիւնը վարագուրող դէմքիս նայող այդ բարի ժպիտը, կը զգամ, որ ամենաիմաստալից ժառանգն է, որ ձգած է ինծի։

Աշխարհին նայիլ բարի ժպիտով… ա՜խ այո՛… ինչպէս։

Անցնող սեպտեմբերին քառասունչորսօրեայ պատերազմին աշխարհը մթնցած էր աչքիս, ապագայի հանդէպ հաւատքս ու յոյսս խաւարած կը զգայի որդեկորոյս մայրերուն մասին մտածելով, միշտ ալ մտաբերելով մեծ հայր ու մեծ մայրերս։ Ինչպէ՜ս դիմացան անոնք։ Թիթեղածածկ տուներէն մեզի ի՛նչ բարենպաստ պայմաններ ստեղծեցին։ Ինչպէ՜ս շարունակեցին իրենց կեանքը։ Ինչպէ՛ս հրճուեցան մէն մի նորածինով…

Իսկ 2021 տարուան մրցանակ շահած երգը գիտէ՞ք ինչ է. «Starting Over-Վերստին սկսիլ» երգն է։

Եկէք 2022 թուականը այնպիսի տարի մը դարձնենք, որ ԱԶԳՈՎԻ՛Ն, արտասահմանէն Հայաստան ձեռք ձեռքի տալով հզօրացնենք մենք մեզ, կարենալ պատրաստելու համար աւելի արդար, անվտանգ եւ առողջ աշխարհ մը մեր երեխաներուն համար:

Ամերիկահայ անգլիագիր բանաստեղծ, վերապրողի զաւակ Դաւիթ Խըրտեանի խօսքէն հատուածով մը եւ Սիլվա Կապուտիկեանի տողերով կ՚ուզեմ փակել նոր տարուայ մաղթանքներս…

«Եկէք վերստին յիշենք, որ մեր համակեցուած պատմութիւններով է, որ կը ձեւաւորուի մեր ազգի կերպարը: Մեր բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները կրնան ըլլալ այս ազգի սրտի բաբախիւնը, որուն փոփոխուող համը մեզ նոր կը դարձնէ, որ չձուլուինք, չքայքայուինք ու չկորսուինք: Մեր վերապրողներու վիշտէն եւ տառապանքէն է, որ մենք՝ որպէս արուեստագէտներ՝ անոնց որդիներն ու դուստրերը, պիտի կարենանք կերպարանափոխել անոնց եւ մեր կեանքը, նոր շունչ հաղորդելով այս անհանգիստ ժամանակաշրջաններուն»։ (Բանաստեղծ Դաւիթ Խըրտեան)

Իսկ Սիլվա Կապուտիկեան կ՚աւելցնէ.
Ոչինչ չե՜մ ուզում այս տարեմուտից,
Ո՛չ գանձ, ո՛չ անուն, ո՛չ նոր բախտ ու սէր.
Հանէ՜ր այս տանջող խռովքն իմ սրտից,
Ինձ նորից կեանքի հիացքո՜վ լցնէր.
Դանդաղ նորոգուող իմ հին հաւատից
Երկու բեկո՜ր էլ իրար կպցնէր…   
                    

Այո՛, մաղթենք, որ 2022 թուականը դառնայ անվիշտ եւ անկորուստ տարի մը՝ ԱՌԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ, ԽԱՂԱ՛Ղ ՏԱՐԻ ՄԸ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ համար:

Մեր ներքին, ազգովին սիրտ մաշեցնող, հոգի տանջող խռովքը մէկդի շպրտելով մեր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն սիրոյն «կեանքի հիացքո՜վ» լեցնենք մեր սիրտերն ու հոգիները, ձեռք ձեռքի տալով, դրական մօտեցումով մեր բարի ժպիտներուն հետ կարենանք զիրար դիմաւորել մեր դարաւոր մաղթանքը փոխանցելով՝

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ  ԵՒ 

ՕՐՀՆԵԱԼ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2021

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021