ԸԼԼԱԼՆ ՈՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

2025 տարին արդէն կը թեւակոխենք շուտով եւ, բնականաբար, վերաքաղերը ամէն բնագաւառի մէջ անխուսափելի կը դառնան: Վերաքաղերը մարդկութեան այնքան ալ դասեր չեն տուած՝ ինչքան խտացումներու, հանգանակութիւններու, եզրակացութիւններու ձեւով լծուած են յագուրդ տալու մարդկային բաւարարուածութեան: Ամենամեծ մարդկային ամփոփումը, բնականաբար, մարդկութեան բարօրութեան ու զարգացման մասին է, երբ ապագայապաշտութիւնը միայն անցեալը հատուցելու ձեւ չէ, այլ իրական յառաջընթացի մղում: Այո՛, շատ մը փիլիսոփաներ ու գիտնականներ տիեզերական կեանքն ու ժամանակը չեն սահամափակեր տեսութիւններու ու զարգացում կոչուած գործընթացով, բայց, տեղ մը մարդկային հաւաքական (պետական ու միջպետական) դրուածքը յառաջընթաց կոչուած հասկացողութեամբ կը բանի, կ՚ուղենշուի, կը բնութագրուի եւ կը կատարուի: Յառաջընթաց՝ վասն աւելի լաւ կեանքի, աւելի լաւ ապրուստի եւ ամէն ինչի աւելի լաւին համար: Հարց մը ինքնաբերաբար ինքզինք կը պարզէ հոս. ե՞րբ եւ ո՞ր ժամանակաշրջանին ընդհանուր մարդկութիւնը ապրած է աւելի խաղաղ ու երջանիկ, եթէ հանենք խաղաղը (քանի գրեթէ չէ եղած այդպիսի երկար ժամանակաշրջան), ապա կը մնայ երջանիկը, որուն յայտնաբերման համար կրնանք տեղ մը բաղդատականներ ու եզրակացութիւններ ընել: 21-րդ դարը արդէն կը բոլորէ իր առաջին 25 տարին եւ դժուար է բնութագրումներ ընել անոր մասին, որովհետեւ աւելի շատ դարերու կտրուածքով բանեցուած է մարդկային գիտական-գեղարուեսական, քաղաքական-տնտեսական... եւ այլն ուսումնասիրական ու քննական միտքը: Եթէ դառնանք մեր 2024-ին, կրնանք յաւակնօրէն մի քանի դատումներ ընել՝ մարդկային ընդհանուր երջանկութեան, բարօրութեան ու զարգացման առարկաներուն շուրջ:

- Աւելիի հասնելու բեռը ինչքան ալ թուի անարդար ու երերուն՝ կը մնայ (ինչպէս յիշեցինք) մեզ կլանող: Բոլոր կրօններն ու համամարդկային գաղափարախօսութիւնները ձեւով մը մարդկային ժամանակաընկալման աւելիի ձգտման բնութագրային գիծը շրջանցնելով փորձած են քարոզել ու տեղ մըն ալ տարածել գոհունակութիւնը, ժուժկալութիւնը, անագահութիւնը, բայց, անոնք չեն յաջողած լիուլի: Ընդհակառակն, մարդկային գործունէութեան ու հեւքին թափը մեծցաւ ու այն կ՚աճի անդադար՝ մտահոգիչ դառնալով յաճախ:

- Հիմնական հարցերէն մէկը կը մնայ՝ նոյն պատմագիտութեան ալ համար, թէ մենք չենք կրնար որեւէ ժամանակային վերծանումով եւ նոյն այդ տուեալ ժամանակի զգացողականութեան չափումի կերպով գիտնալ ու յայտնաբերել ճշդօրէն մարդկութեան զգացումներն ու ապրումները, տրամադրութիւններն ու ընդհանրական եզրակացութիւնները, նոյն ժամանակին մէջ: Եւ ինչքան ալ ժողովրդականացնենք-թափանցիկացնենք ու հարցախուզացնենք-ամրագրենք մեր ներկան՝ նորէն ապագայի համար այս հարցը չենք լուծեր, որովհետեւ ինքնին հաւաքական ապրուստի թաւալումին իւրայատկութիւնն ու խմորումը անգնահատելի, անըմբռնելի ու տեղ մըն ալ լիակատարօրէն համամոլորակային, մարդկային ծաւալով չեն ծածկուիր: Անձնապէս կը յարգեմ ու հիացած եմ ներկայ մեր հաւաքական ջանքն ու սլացքը համապարփակօրէն հաստատագրելու եւ գեր ու կատարեալ արխիւացման-արձանագրման ջանքերը (ինչը ձեւով մը մարդկային քաղաքակրթութեան ժամանակային նպատակն է), բայց, ցարդ չեմ տեսներ կարելիութիւնը տակաւին այդ մէկուն հասնելու: Ուստի, մենք չենք գիտեր, որքան ալ շահագրգռուած ըլլանք, ինչքա՞ն երջանիկ էին մարդիկ ու ի՞նչ էր կեանքը իրենց համար (անկախ գրականութեան մխիթարանքներէն), բայց, տեւաբար ամէն տարուայ ամփոփումները առիթներ են մօտ ու ցարդ անցածը խորապէս հասկնալու, վերապրելու ու գերազանցելու զայն կամ նուազագոյնը ինքնահամոզուելու, թէ հասկցած ենք: Այս եռանկիւնին մէջ կը կայանայ մարդկային գործունէութեան ոգեղէն մարմնացման ու օրինականացման տենչը. հասկնալ-ապրիլ-վերապրիլ ու գերազանցել:

Մարդկային ժամանակը իր ուսուցողական քմահաճոյքով տիրապետած է մարդկութեան եւ մարդկութիւնը՝ հակառակ բոլոր վերացականութիւններու եւ մեթաֆիզիք, անոնց բռնազբօսիկ ու ակամայ գործադրումներուն, տակաւին չէ գտած վաւերականացման ու գոյատեւման անհատական ու հաւաքական ուրիշ չափորոշիչ՝ քան ժամանակի պատմականութեան առաքելութիւնը փորձել գործադրել ու ժամանակի ստեղծումը, ըստ յառաջընթացի՝ գնահատել: Անոնք մեզ կաշկանդո՞ղ են կա՛մ անոնցմէ դուրս մենք ունի՞նք ուրիշ տարբերականեր․ չեմ կրնար պատասխան մը տալ։ Եթէ ես երջանիկ եմ ու յուզականացած անցածի կատարելագործմամբ ու ապագայով (զայն կերտելու վազքով), ուրեմն, ես կամ այն տեսքով, որ կը հրճուեցնէ ինձմով մարդկութիւնը եւ իմ երջանկութիւնս ալ կախեալ է այն մարդկութենէն, որուն ժամանակը կը բանի այն հունով, ուր նուաճումներ ու ձախողումներ, անկումներ ու վերելքներ կան եւ ուր վաղը պայծառ ըլլալէն զատ ուրիշ ընբռնում չունի:

Հիմայի մէջ անցեալի ամէն շաղի առաքելութիւնը ու մանաւանդ՝ կեանքոտութիւնը բերել եւ մշտապէս վաղուայ համար ապրելու տենչը միաձուլել ապրուստի ձեւին ու բովանդակութեան մէջ՝ հաւանաբար մեր մարդկայնութիւնը աւելի մարդացնող դարձնէ իր բոլոր երեսակներով:

2024-ը մեր գիտակցութեան մէջ ինչքան ալ խորհուրդներ ու ամէն տարուայ խորհրդանշաններ ստեղծէ, ան քայլ մը առջեւ երթալու մեր ուրախութիւնը ու կատարուածի գոհունակութիւնը ակամայ կամ տիրաբար պիտի նմանցնէ 1024-ի կամ 3024-ի: Մարդկային բնաւորութեան ու հոգեկերտուածքի փոփոխութիւնը ամենաուսումնալի ու հետաքրքրական բանն է, որ մարդութիւնը կրնայ ունենալ անկախ յառաջդիմութեան զարկէն, նոյն ժամանակը հիւսելու իմաստով: Քանի տեղ մը ժամանակը մարդէն դուրս նոյնը չէ՝ ինչ մարդէն ներս, իսկ անհատական մարդու եւ մանաւանդ՝ մարդկութեան մեծ, բացարձակ մէկ ու միահիւսուած ու բարձրագոյն ներսը ինչո՞ւ կարեւոր է եւ աստուածային դեր ունի մեզի համար եւ կրնայ ըլլալ Աստուծոյ պէս բան մը ունի իր մէջ։ Սա հաւանաբար մեր հոգիի տիեզերական ատաղձէն կու գայ:

Պատերազմները շատցա՞ն, աւերուածութիւնը շատցա՞ւ, կառուցումը աճեցա՞ւ, մարդկութեան թի՞ւն ալ։ Հազար ու մէկ բան 2024-ին կատարուեցան։ Պատասխանատու-գործող, առաջնորդող-հետեւող դատարկ շղթան մեր կեանքի փիլիսոփայութեան շարժիչ ուժն է, եթէ չկայ պատասխանատուն (արարչականութենէն մինչեւ կեանքի ամենաչնչին դէպքն ու քաղաքականութիւնը), մենք կորսուած կը զգանք զմեզ: Մենք չենք կրնար յետնորդային հոգեբանութեամբ ստեղծագործել, միաժամանակ, չենք կրնար պատասխանատուներ չգտնել եւ այս երկուութեան մէջ է մեզ երջանկացնող մխիթարանքը՝ ընկերաբանութենէն հասնելով աստղագիտութիւն: Աշխարհի գործնական ամենաուրախալի առիթները ղեկավարներուն կազմակերպած հանդիսութիւնները պիտի մնան եւ 2024-ին բացառութիւն չի կրնար համարուիլ։ Մարդկային միտքի սլացքը, տիեզերքի յայտնաբերումն ու մեր երջանկութիւնը միասին կը գործեն կամ նուազագոյնը՝ իրենք զիրենք կը համադրեն, որ միասին ըլլան, այո՛, շատ հաւանական է, որ կայ այդպիսի բան մը: Մենք մեզի մաղթենք երջանիկ կրկնուող պահեր:

Ըլլալու երջանկութիւնը անգերազանցելի կը թուի եւ կը հատուցէ բոլոր անհեթեթութիւններն ու ոչինչի սարսուռը։ Ըլլալն ըլլալով երջանկացնել, հաւանաբար, այս է բանաձեւը ապրուստին, ի գին ամէն տեսակի տառապանքներու, իսկ երբ ցաւը յաղթահարուած է նոյնինքն գիտական յայտնագործումներով, կը մնայ մարդկութեան միայն անցաւ վիճաներ մաղթել, նոյն աստուածային հասկացողութիւնը ապահովելով:

Մարդը աստուածացնենք ու վերջանանք․․․

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Հայաստան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024