ԲԱՐԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
Երկար տարիներէ հոն էր մայրին, քաղաքի արուարձանի հարուստ թաղամասին մանկապարտէզի պարտէզին մէջ, փարթամ հասակով, գագաթը դէպի բարձրունքները ձգտող, ճիւղերը թռչուններուն հիւրընկալ:
Գարնան տաքուկ օր մը, փոքրիկներու թռչուններու ճռուողիւններուն հետ, պարտիզպանը մայրիի կողքին եղեւին մը տնկեց:
Մայրին պարտէզի մնայուն բնակիչի իրաւասութեամբ, պահ մը զարմացած նայեցաւ կողքին անակնկալ յայտնուած այս գաճաճին, ապա հպարտ ու խրոխտ՝ իր փարթամ հասակը աւելի ցցած, ճիւղերը հաւաքեց, դէպի վար չնայելու վճռականութեամբ, գագաթը ուղղեց երկինք:
Եղեւին հողին հպումէն սարսռաց, ցնցուղի ջուրը եւ արեւի շողերը կազդուրեցին տերեւները, փոքրիկ արմատները տարածեց ու ինքզինք ապահով զգաց բարձրահասակ մայրիի կողքին:
Ամէն առաւօտ մանկապարտէզի փոքրիկները կը վազվզէին պարտէզին մէջ, պարտիզպանը հոգատար ու պատրաստակամ, ցնցուղով ջուր կու տար նորատունկ եղեւինին, ու եղեւինը կ՚աճէր, կը կազդուրուէր, հիացմունքով կը դիտէր մայրին, անոր շքեղ հասակը, մինչ մայրին անտարբեր կը խաղար իր ճիւղերուն վրայ հանգիստ առնող թռչնիկներուն, հովին ու արեւի շողերունհետ:
Յաջորդ գարնան, եղեւինը դալար ծառ էր, շուրջը բուրող վարդի թուփերով ու ցատկռտող մատղաշ մանուկներով երջանիկ, իսկ մայրին չէր նկատած եղեւինի աճող ու առաջ մեկնող ճիւղերը, չէր նկատած որովհետեւ չէր զիջած նայիլ վար, նայիլ կողքը:
Աշնան՝ պարտէզի միւս ծառերը, վարդի թուփերը տերեւաթափ եղան, անոնց դեղին, կարմիր կծկուած տերեւները ծածկեցին հողի մակերեսը ու տխուր խշխշացին… յետոյ տեղաց անձրեւ, կայծակը փայլատակեց, հողը ողողուեցաւ, յափրացաւ անձրեւաջուրի կազմած վտակներէն իր ընթերքը թափանցող սնունդով։ Մշտադալար, դիմացկուն մնացին մայրին ու եղեւինը, մայրին հսկայ հասակով քամիին հետ կը շորորար, եղեւինը սրածայր տերեւները պարզած կը ջանար անհիւրընկալ մայրիի հովանին վայելել:
Ձմեռը գրկախառնուեցաւ աշնան, ցուրտն ու բուքը խուժեցին, մայրին մնաց հաստատուն, եղեւինը եւս դիմացաւ:
Դեկտեմբերի արեւոտ բայց ցուրտ առաւօտ մը մանկապարտէզի փոքրիկները պլլուած հաստ վերարկուներու մէջ, տաքուկ գլխարկներ հագած, ուսուցչուհիի առաջնորդութեանբ մտան պարտէզ, անոնք շրջապատեցին եղեւինը ու փայլուն, սիրուն խաղալիքներով զարդարեցին անոր ճիւղերը:
Տօնածառ, տօնածառ.- ցատկռտեցին անոնք երբ աւարտեցին զարդարանքը:
Եղեւինը թէեւ ծանրաբեռնուած, բայց սաստիկ երջանիկ ուզեց, որ մայրին տեսնէ իր զուգուած, զարդարուած տեսքը: Մայրին կը մնար անդրդուելի, գագաթը բարձր քամիին հետ պար բռնած:
Ամէն առաւօտ մանկապարտէզի փոքրիկները կը դիտէին զարդարուած եղեւինը եւ իրենց փոքրիկ թաթիկները առաջ երկարած կը գոչէին.-
Տօնածառը, տօնածառը:
Այդ առաւօտ ձիւնի փաթիլները, իրար հրմշտկելով, քզքզուած բամպակներու նման վար սահեցան երկնքէն ու եղեւինի զարդարանքին աւելի գրաւիչ տեսք տուին: Մայրիի ճիւղերը եւս ծանրաբեռնուեցան, բայց ան գագաթը պահեց բարձր: Մարդիկ պայուսակներով ծանրաբեռնուած փութացին իրենց տուները:
Հին տարուան վերջին օրն էր:
Իրիկունը հարուստ թաղամասի բարձրայարկ թէ միայարկ շէնքերու պատուհանները ամբողջութեամբ լուսաւոր էին, կը լսուէին երաժշտութեան ու ծիծաղի ձայներ, մանուկներու երջանիկ ճիչեր:
Երբ հնչեց ժամացոյցի կէս գիշերուան տասներկու հնչիւնները, վերջին զարկին հետ որոտացին կրակոցներ, լոյսի կրակէ լեզուներ փայլատակեցին երկնքի պաստառին վրայ:
Շնորհաւոր Նոր տարի՝ հնչեցին աղաղակներ:
Եղեւինը եւս լուսաւորուեցաւ, անոր ճիւղերուն վրայէն կախուած զարդերը շողշողացին, օրօրուեցան, ձիւնի շերտերը նորահարսի տեսք տուին անոր: Փայլուն աստղ մը սահեցաւ երկինքէն ու հասաւ անոր գագաթին, տօնածառի պչրանքով ան շորորաց:
Խաղաղ, բարիքներով լի տարի.- որոտաց Կաղանդ պապուկի ձայնը:
Քամին սուլեց, ձիւնը մայրիի ճիւղերուն վրայ աւելի թանձր շերտեր կազմեց, անոր գագաթը թեքուեցաւ ու նկատեց եղեւինը, զարմացաւ որ այնքան զարդարուն տօնածառ կայ իր կողքին: Հեռուէն կը լսուէին թմբուկի ձայներ, մարդոց ուրախ բացագանչութիւններ:
Շնորհաւոր Նոր տարի.- շշնջաց մայրին տօնածառին, գագաթը կամացուկ խոնարհելով:
Շնորհաւոր Նոր տարի.- ցնծաց տօնածառը:
Ձիւնը տեղաց առատ, ծածկեց պարտէզը, փափուկ, անբիծ, սպիտակ իր փաթիլներով: Առաւօտուն պարտիզպանը նկատեց, որ մայրիի ճիւղերը թեքուած էին դէպի եղեւինը, ան զիջելով իր բարձրունքէն նայած էր վար ու խոնարհած…
Պարտիզպանը խոշոր կրկնակօշիկներով յառաջացաւ պարտէզին մէջ դէպի մայրին, անոր ոտնահետքերը խաթարեցին ձիւնի ծածկի անթերի սպիտակութիւնը: Փորձեց շտկել մայրիի ճիւղերը, որոնք յամառեցան մնալ թեքուած: Գեղեցկութիւնը անտեսելը անկարելի էր:
Հէ՜յ, ուրախ նոր տարի.- պոռաց անցորդը խմիչքի շիշը ձեռքի՝ ողջունելով առաջին հանդիպած մարդուն:
Բարի Նոր տարի.- դժկամութեամբ մրթմրթաց պարտիզպանը ու տխուր դիտեց իր ոտնահետքերը:
Պարտիզպանը բարեպաշտ ու խղճամիտ մարդ էր: Ան նկատեց, որ տարուան առաջին օրը սխալներ թոյլ տուած էր, աղտոտած էր պարտէզի անբծութիւնը, չէր յաջողած ուղղել մայրիի թեքուած ճիւղերը ու մանաւանդ տհաճութեանբ պատասխանած էր իրեն ուրախ օրեր մաղթող անցորդին:
Հէ՜յ.. բարի տարի, ուրախ ու խաղաղ կեանք երկրագունդի լաւ մարդոց - գոռաց ան, ջանալով սրբագրել սխալը:
Ու ձայնը արձագանգեց, տարածուեցաւ երկրագունդին վրայ, նոյնիսկ մայրին թեթեւօրէն շարժեց գագաթը, ապա կրկին թեքուեցաւ դէպի եղեւին:
Ձիւնի խելակորոյս փաթիլները առատ կը տեղային ու կը լեցնէին պարտիզպանի կրկնակ կօշիկներուն ոտնահետքերը:
Պարտէզը կրկին ծածկուած էր անթերի սպիտակ սաւանով:
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ