ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ Ւ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

6 յունուար եւ Հայկական Սուրբ Ծնունդ:

Իբրեւ հայ քրիստոնեայ դարձեալ կը հաւաքուինք ճրագալոյցի աւանդական սեղանին շուրջ, դիմաւորելու համար մեր Փրկիչին ծնունդը: Ամանորի շեմին, արդէն սրտանց մաղթած էինք, որ նոր հասած տարին ըլլայ տարբեր իր նախկինէն եւ կամ նախկիններէն, եւ իր հետ բերէ լաւն ու բարին, իրաւ խաղաղութիւնն ու առողջութիւնը:

Ու հիմա, իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներ, մեր դարաւոր պատմութենէն հաստատապէս սորված ըլլալով տառապանքի լեզուն, անգամ մը եւս Քրիստոսի ծննդեան առթիւ, մեր սիրտերէն բխող աղօթքներուն կը խառնենք նաեւ մեր բարի մաղթանքները:

Ու նոյն երեկոյեան, չես գիտեր ինչպէս, օրուան հեւքին հետ, Ծննդեան խորհուրդէն թելադրուած, տանս մէջ անկիւնը նստած, սանկ կերպով մը քաշուած, երբ կը փորձէի քննութեան տակ առնել հաւատքս, ձեւով մը դատել ես զիս, միաժամանակ վերլուծելով ապրած երկիրս ու անոր ժողովուրդը, հայրենիքս, հեռաւոր ծննդավայրս եւ տակաւին շատ ուրիշ բաներ, ի տես այս մեծ տօնին ու իրեն ընկերացող խորհրդաւոր գաղափարներուն, յանկարծ բառերս ինքնածին ուռիլ սկսած էին եւ նախադասութիւններս ալ լայննալ, իսկ լեզուս՝ կարծես անաղմուկ պայթած: Ու այսպէս ինքնածին հարցումներու շարան մը.-

Ինչո՞ւ քրիստոնեայ եմ. եւ ո՛չ ուրիշ կրօնքի հետեւորդ մը. արդեօ՞ք, եթէ այս կրօնքը պապերս ընդունած չըլլային, այսօր ուրիշ ի՞նչ կրօնքի պիտի հաւատայի կամ հետեւէի, եւ ապա այս նոր եւ անծանօթ իրավիճակովս, արդեօք ի՞նչ պիտի կոչուէի: Արդեօք ուրիշ տեսակ Լուսաւորիչ կամ Մաշտոց մը պիտի ունենայի՞: Ո՞ր ազգին հետ կրօնակից պիտի ըլլայի եւ կամ որո՞ւ պիտի պատկանէի: Իսկապէս վայրկեանին ծանր քրտինք բերող հարցումներ։

Խորքին մէջ հաւանաբար, եթէ ծնողքս ողջ ըլլար, այս հարցումներուս համար իրենց կողմէ կրնայի դասուիլ իբրեւ հեթանոս մտածող զաւակ մը. անառակ որդի մը, ու թերեւս շատերու համար ալ ըլլայի կասկածելի ու վտանգաւոր «անաստուած» մը, որ քրիստոնէութեան դէմ կը խօսի կամ կը փորձէ հարցականի տակ դնել պապերու իր կրօնքը ու այդ ձեւով կրնայի ըլլալ նաեւ մեծ կասկածելի մը…:

Թերեւս ալ ուրիշ ածական մը կամ մակդիր մը իմ հասցէիս աւելնար: Ո՞վ գիտէ:

Ու անկեղծօրէն այս գաղափարներուս դիմաց, կ՚ուզէի միեւնոյն ատեն մտքի ազատագրում մըն ալ ունենալ, անկաշկանդ եւ ազատ:

Վերջապէս ազատ երկրի մէջ կ՚ապրէի եւ ուր խօսքի ազատութիւնը յստակ իրաւունքն է իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Այլ խօսքով, խորհրդաւոր այս օրուան առթիւ, կ՚ուզէի առանձնապէս հաւատքիս փնտռտուքը կատարել: Ինծի համար հարց էր, թէ ես որքանով քրիստոնեայ կամ հաւատացեալ էի եւ եմ…, որպէսզի երազներս, երեւակայութիւնս եւ անոնց հետ առընչուող ամէնօրեայ մտածումներս, որոնք զանազան առիթներով յաճախ սեւով ճերմակի տողերուն կը յանձնեմ, այլեւս իրենց յարատեւ տագնապի երգը չերգէին:

Ու այդ վայրկեանին զիս համոզող բառերս կարծես կորսուած ըլլալով, չէին կրնար ինծի տալիք յստակ պատասխան մը գտնել:

Յստակ էր, թէ ցարդ իբրեւ Քրիստոսի խօսքերուն բարի եւ հաւատարիմ հետեւորդներէն մէկը, ես՝ զիս ու հաւատքս, ծանր հարցականի մը տակ դրած էի անզգալաբար: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ: Մի հարցնէ՛ք։ Հաստատ պատասխան մը չունէի: Համոզիչ կամ գոհացուցիչ:

Ուստի, ինքնաբերաբար մտքիս թափառումները սկսած էի այլ ուղղութեամբ շարունակել:

Այսպէս, գիտէի, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, ամէն օր, ամէն վայրկեան մեր դիմաց ճակատագրական խաչմեռուկներ կը բացուէին. ուզէինք կամ ոչ:

Գիտէի նաեւ, թէ աշխարհի պատմութեան մէջ, մեր այս հաւատքէն մեկնած ու դատելով, ոչ ոք մեզի պէս ու մեզի չափ տքնած, հալածուած ու կոտորուած էր: Բայց եւ այնպէս, միշտ ալ փրկուած եղած ենք: Միւս կողմէ, սակայն կը հաւատայի, որ ազգովին մեր գոյատեւման համար, մեր լաւատեսութիւնն է, որ մեզ փրկած է: Եւ նոյն այս կրօնքն է, որ մեզի սորվեցուցած է, թէ միայն սեւ տեսնելը լաւ նշան չէ: Աշխարհի ամէն մէկ անկիւն եւ տեղ ճերմակէն աւելի սեւ կայ:

Թէեւ մեր ազգային ճակատագրին բերումով շատ յաճախ մենք նետուած ենք ծանր յուսահատութեան գիրկը ու ինչու չէ ասոր իբրեւ հետեւանք, երբեմն ալ բարձրաձայն մեղանչած, բողոքած եւ բարկացած՝ մեր արարիչին դէմ եւ հասցէին, սակայն հակառակ այս իրականութեան, կրկին անգամ փարած ու կառչած մնացած ենք մեր նոյն այս կրօնքին ու մեր հաւատքին ու Քրիստոսին եւ կրկին անգամ իբրեւ փիւնիկ՝ վերապրած ենք:

Անշուշտ, որ մեր այս վերապրումը բաժակաճառերով չէր եղած, ոչ ալ պարզ մաղթանքներով, այլ ազգի զաւակներուն, հերոսներուն արեան գինով ու կեանքով: Ու իբրեւ հետեւանք մեզի սահմանուած աշխահին մէջ, ապրած ենք կեանքի պատմութեան թաքնուած տառապանքն ու հրաշքը, հաւասարապէս: Մեծով ու պզտիկով հաւատացած ենք հրաշքին եւ անով ապրած: Ու հպարտօրէն պէտք է, որ ըսենք.- մեր հաւատքին կողքին, այդ հրաշքներէն մէկը եղած էր մեր հայրենի հողը ու միւսը՝ մեր մայրենի լեզուն, որոնք մեզ առաջնորդած են դէպի դարերու յաւերժութիւն:

Իսկ հիմա՝ Սուրբ Ծնունդ է:

Մեզի համար այս տօնը մարդուս ներսէն, հոգինէն ճառագայթող լոյս ուրախութիւնն է, որ դէմքերը կը լեցնէ անօրինակ երանութեան յոյսերով եւ ժպիտներով: Տակաւին աննախադէպ իրադարձութեան մը ծնունդով փնտռուած տօն մըն է Յիսուսի Ծնունդը, որ արդէն աշխարհը գրաւած է քսան եւ մէկ երկար դարերէ ի վեր:

6 յունուար՝ եւ Հայկական Սուրբ Ծնունդ:

Իբրեւ հայ քահանայի թոռնիկ, արդէն ինքզինքս դուրս բերած եմ նախկին հարցումներուս աքցանէն: Բոլորս ալ սիրով եւ հանգամանքով կ՚ուզենք դիմաւորել Աստուծոյ որդւոյն՝ Մեսիային այս ծնունդը: Այսպէս ժառանգած ենք։ Որովհետեւ մեր պապերուն համար աշխարհի չափ հին այս տօնը, սոսկ ու պարզ տարեդարձի մը յիշատակումէն անդին իրենց հոգիները բերկրանքով լեցնող օր մըն ալ է, որ դարեր առաջ եկաւ եւ մեզի հետ նաեւ կլանեց աշխարհի մարդոց հոգիները, զանոնք լեցնելով յոյսով, հաւատքով եւ հեքիաթային ուրախութեան գոյներով:

Բարոյախօսութեան սահմաններէն դուրս գալով կ՚ուզեմ շեշտել, թէ Քրիստոսի ծնունդը նոր կեանքի մը լաւագոյն սկիզբն է, եթէ կ՚ուզէք, այս դաժան աշխարհին մէջ։

Վերջապէս կը համոզեմ ես զիս, ալեկոծ մտքովս ու կ՚աւելցնեմ, ըսելով, թէ այս ծնունդը նոյնիսկ բարութեամբ լի նոր մեկնարկ մըն ալ է զայն ճանչցող մարդուն համար:

Ամէն մէկուս չէ տրուած Քրիստոսի նման յանուն գերագոյն գաղափարի անմնացորդ խիզախութեամբ մարտիրոսանալու: Ան յանուն մեր կեանքի լաւագոյնին, ինքզինք զոհեց: Այդպէս կ՚ըսէ Ս. Գիրքը։ Իսկ մենք...:

Ու հիմա ահաւասիկ կրկին անգամ կը յիշատակենք իր ծնունդը, աղօթքներով, խունկով եւ մոմերով: Ու Ծննդեան մոմերու առկայծող ուրուագծով, կարծես անսահման սէր մըն է, որ կը ճառագայթէ ամէն ուղղութեամբ: Եւ եթէ այդ ճառագայթէն կաթիլ մը մեր հոգիներուն մէջ լեցնենք, անկասկած, որ կը վերանան չարն ու նախանձը, դաժանն ու անարդարութիւնը:

Սուրբ Ծնունդ է:

Արդեօք քաջութիւնը ունեցա՞յ համարձակ արտայայտուելու: Արդեօք կրցա՞յ ես զիս դիտել եւ ինքնութիւնս վերարժեւորել: Չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ վերջապէս ունեցայ այն հաստատ ինքնագոհութիւնն ու արիութիւնը, որ որոշ ձեւով մը կրցայ բացայայտել հաւատքիս ծալքերը: Իրապէս, որ մեր ապրած կեանքը այդքան ալ պարզ չէ: Երբեմն կը վերաբերինք թեթեւամտօրէն: Անոր համար ալ չարն ու բարին իրար կը խառնենք:

Մտքի այս թափառումներէս եզրակացնելով կը գիտակցիմ, որ մարդիկ առանց կրօնքի ու հաւատքի անպայմանօրէն կը կորսնցնեն իրենց կեանքի կշռոյթը:

Բայց, ինչ որ ալ ըլլան ունեցած կարծիքներս, իմ եւ ձեր հաւատքն ու անոնց չափանիշները, անկիւնադարձային եղող այս օրուան առթիւ կ՚ըսեմ.-

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.- Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020