ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Դ

Խօսք. «Բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց» (Յհ 4.27):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ զՔրիստոս կը պատուէին, երկրորդ՝ որովհետեւ կ՚ամչնային, երրորդ՝ որովհետեւ կը վախնային: Եւ երբեմն՝ որովհետեւ համարձակ կերպով կը խօսէին Քրիստոսի հետ: Այն է պատճառը, որովհետեւ իրենք իրենց համար կը հարցնէին ու կը սորվէին: Չորրորդ՝ պատճառով մը չհարցուցին, որովհետեւ աշակերտները գիտէին, թէ Քրիստոսի խօսքերը ընդունայն եւ անօգուտ չէին, այլ՝ շատ շահաւէտ եւ պտղալի: Ու այս էր պտուղը, որովհետեւ երբ կինը սորվեցաւ, անմիջապէս գնաց, որպէսզի ուրիշներուն ալ բերէ Քրիստոսի մօտ:

Խօսք. «Կինը իր սափորը ձգեց» (Յհ 4.28):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որպէսզի արագութեամբ կարողանայ երթալ: Երկրորդ՝ որովհետեւ կը կամենար դարձեալ գալ Քրիստոսի մօտ: Երրորդ՝ զգալի ջուրը մոռցաւ, որպէսզի իմանալի ջուրին մասին աւետարանէ:

Տէրն ալ նստած ու կը սպասէր անոր գալուստին. նախ՝ որովհետեւ ճանչցաւ անոր ջերմ յօժարութիւնը: Երկրորդ՝ ճանչցաւ սամարացիներուն հաւատքը:

Խօսք. «Քաղաք գնաց եւ այնտեղի մարդոց ըսաւ» (Յհ 4.28):

Մեկնութիւն. Հարցում. ի՞նչ բան է, որ մարդոց կ՚ըսէ, բացատրէ՛ ինծի:

Պատասխան. Դիտէ՛, նկատէ՛, կամ տե՛ս զիս, եւ այլն այն է, իբրեւ ըսել՝ լսէ՛ զիս:

Կնոջ իմաստութիւնը տես երեք բաներու մէջ. նախ՝ որովհետեւ երբ լսեց, թէ՝ Ես եմ Քրիստոսը, այդ ատեն գնաց: Երկրորդ՝ չըսաւ, թէ՝ զՔրիստոս գտայ, այլ՝ դուք եկէք եւ տեսէք:

Ասիկա կրկնակի միտքով. նախ՝ որովհետեւ մարդիկ աւելի կը յօժարին նոր եւ զարմանալի բաները տեսնել, քան՝ առանց տեսնելու հաւատալ. երկրորդ՝ որովհետեւ անոնք Քրիստոսէն աւելի կը սորվէին, քան իր տուած վկայութիւններէն:

Երրորդ իմաստութիւն. «Եկէք տեսէք մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի» (Յհ 4.29). նախ՝ որովհետեւ Տէրը մէկ ծածուկ բանը յայտնեց, իսկ անիկա ըսաւ՝ իմ բոլոր ըրածներս, երկրորդ՝ ծածուկը յայտնելով, ցոյց տուաւ անոր թէ Քրիստոսն է:

Խօսք. «Արդեօք Ա՞ն է Քրիստոսը» (Յհ 4.29):

Մեկնութիւն. իբրեւ թէ ըսել՝ գործով յայտնի է, թէ Ան է Քրիստոսը: Իսկ Քրիստոս Աւետարանիչը յունարէն լեզուով կ՚ըսէ, իսկ ան իրենց լեզուով ըսաւ:

Եւ գիտելի է, թէ չորս բանով որպէս ամէն բաները գիտցող քարոզեց. նախ՝ ինքն իր նկատմամբ, որովհետեւ երկու գլխաւոր գաղտնիքներէն գիտցաւ, թէ ամբողջ [իր գաղտնիքները] գիտէ: Երկրորդ՝ ով որ կը մօտենայ Անոր, կը գիտնայ զինք: Երրորդ՝ ապա եւ հեռաւոր եղողներն ալ կը գիտնայ: Չորրորդ՝ ապա ինչ որ եղած է, ինչ որ կ՚ըլլայ, մեռելներուն եւ ողջերուն գաղտնիքները գիտէ: Եւ է իմանալ, թէ Անոր բոլոր գործերը պատմեց անոնց, իսկ Աւետարանիչը՝ համառօտակի կ՚անցնի:

Խօսք. «Անոնք քաղաքէն ելան եւ եկան Յիսուսի մօտ» (Յհ 4.30):

Մեկնութիւն. Սամարացիները կը յուսային Քրիստոսի գալուստին. նախ՝ ժամանակի երեւումին համար: Երկրորդ՝ նշանի լրումին համար, որովհետեւ Յակոբ մարգարէացած էր: Երրորդ՝ Յովհաննէսի քարոզութեան համար, որ այդ կողմերու ամբողջ երկրին մէջ հնչեց, այդ պատճառով դիւրութեամբ հաւատացին կնոջ խօսքին, ինչպէս կ՚ըսէ. «Քաղաքէն ելան եւ եկան Յիսուսի մօտ», որովհետեւ ինչ որ ականջով լսեցին, կ՚ուզէին աչքով տեսնել:

ՀԱՑ ՈՒՏԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Մինչ անոնք չէին եկած տակաւին» (տե՛ս Յհ 4.31):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ սամարացիները: Այստեղ կ՚ուզէ աշակաերտներուն քարոզութեան յօժարեցնել:

Խօսք. «Վարդապե՛տ, հաց կեր» (Յհ 4.31):

Մեկնութիւն. Չորս պատճառով. Նախ՝ որովհետեւ յոգնած էր, երկրորդ՝ նստած էր, երրորդ՝ աղբիւրին մօտիկ էր, որ յարմար տեղ էր, չորրորդ՝ որովհետեւ վեցերորդ ժամն էր:

Այստեղ գիտելի է, թէ կրկին անգամ հաց կ՚ուտէ. Մէկը ճաշի ժամանակ, որ «ճաշ» կը կոչուի, եւ մէկը՝ երեկոյեան, որ «ընթրիք» կը կոչուի:

Ասիկա չորս պատճառով. Նախ՝ որովհետեւ վեցերորդ ժամուն կերակուրը կը հալի եւ մարմինին մէջ կը փոխուի: Երկրորդ՝ մէկը՝ ցերեկը եւ միւսը՝ գիշերը: Երրորդ՝ որովհետեւ Ադամը ճաշի ժամանակ կերաւ, իսկ մեր Տէրը ընթրիքի ժամանակ Իր Մարմինը տուաւ: Չորրորդ՝ այստեղի եւ հանդերձեալի խորհուրդին համար: Եւ տե՛ս, որովհետեւ միայն հաց կ՚ուտէին եւ ոչ թէ ուրիշ զանազան խորտիկներ, որ փափկասէրներուն յատուկ է: Մարգարէն կ՚ըսէ. «Հացը մարդուն սիրտը կը հաստատէ» (Հմմտ. Դտ 19.8). տակաւին, բնական հացը մարդուն համար կերակուր է, որ գլուխն է, եւ խոտը՝ անասուններուն, արմատը՝ սողուններուն, այդ պատճառով կ՚աղաչէին, որ՝ հաց կեր:

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԵՐԱԿՈՒՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

Իսկ Քրիստոս մարմաւոր կերակուրը պատճառ կը բռնէ խօսելու ժամանակ, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ես ուտելիք կերակուր մը ունիմ, որ դուք չէք գիտեր» (Յհ 4.32):

Մեկնութիւն. Չորս է իմացումը. Նախ՝ ցոյց կու տայ, թէ Անոր կերակուրը կամաւոր էր եւ ոչ թէ հարկադրաբար, ինչպէս մերը, որովհետեւ Ինք մարմինի բնութեան եւ անոր կիրքերուն Տէր էր եւ ոչ թէ ինչպէս մենք՝ տիրուածներ, եւ կիրքերուն համար սամարացիին համար ըսուեցաւ: Երկրորդ՝ Իմ կերակուրս ու կարօտութիւնը մարդոց փրկութիւն է, որ դուք չէք գիտեր: Երրորդ՝ սամարացիներուն մասին կ՚ըսէ, որ Քրիստոսի հաւատքին կու գային, բայց անոնք չէին գիտեր.

Եւ որովհետեւ աշակերտները Քրիստոսի ըսածը զգալի կերակուրի մասին հասկցան, այդ պատճառով իրարու կ՚ըսէին.

Խօսք. «Արդեօք մէկը Իրեն կերակո՞ւր բերաւ» (Յհ 4.33):

Մեկնութիւն. Նախ՝ Վարդապետին պատիւին համար լուռ կերպով իրարու կ՚ըսէին: Երկրորդ՝ որովհետեւ գիտէին, թէ Յիսուսի մօտ ուտելու կերակուր չկար: Երրորդ՝ գիտէին, թէ կերակուր կ՚ընդունէր, երբ մէկը Իրեն բերէր, որպէսզի ատով բերողներուն համար վարձատրութիւն ըլլար: Ասիկա կը ցուցնէ, թէ պատշաճ է վարդապետներուն ուրիշներէն կերակրուիլ ու ամօթ չէ, որովհետեւ մարմնաւոր կերակուրին մասին նուազ հոգալով կարենան Աստուծոյ խօսքին մասին հոգ տանիլ, եւ զարմանալի չէ, թէ սամարացի կինը չիմացաւ ջուրը, որովհետեւ աշակերտներն ալ կերակուրը չիմացան, այդ պատճառով Քրիստոս անոնց կը մեկնէ Իր խօսքը:

Խօսք. «Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ Անոր գործը» (Յհ 4.34):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ հեթանոսներուն դարձը, ինչպէս Պօղոսը Տիմոթէոսին կը գրէ Աստուծոյ համար, որ կը կամենայ որ բոլոր մարդիկը ապրին եւ ճշմարիտ գիտութեան գան:

Չորս բան ցոյց կու տայ. Նախ՝ Հօր հետ մէկ կամքը: Երկրորդ՝ մէկ գործը, որովհետեւ գործը կամքէն է, ինչպէս խօսքը՝ միտքէն: Երրորդ՝ հեթանոսներուն դարձը հօր հետ կը կապէ, որ Իր սկիզբն ու պատճառն է: Չորրորդ՝ մեզի որպէս օրինակ, որովհետեւ մեր բոլոր գործերուն մէջ պէտք է Աստուծոյ գործերը աւելի սիրել, քան մեր գործերը:

ՀՈՒՆՁՔԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Դուք չէ՞ք ըսեր. “Չորս ամիսէն հունձքի ժամանակը կու գայ”» (Յհ 4.35):

Մեկնութիւն. Առակաւոր է խօսքը, որպէս թէ ըսել՝ մարմնաւոր հունձքերուն ժամանակը դեռ չէ հասած, այլ՝ հոգեւոր հունձքերուն ժամանակը հասած է, որ է հեթանոսներուն դարձը: Եւ զարմանալի է խօսքը, թէ՝ ինչպէ՞ս չորս ամիս ետք կը հնձուի, երբ սպիտակած կ՚ըլլայ, որովհետեւ ոչ միայն միտքը, այլեւ՝ պէտք է նկարագիրը հասկնալ ու զանց չընել, այդ պատճառով վարդապետները երեք ձեւով կը լուծեն. նախ՝ առաքեալները չորս ամիս կը հաշուէին Զատիկի տօնէն սկած կամ լուսինի սկիզբէն՝ երբ Զատիկը տասնչորսին կ՚ըլլար, որ է Նիսանի մուտքը՝ Մարտ քսաներկուքին, այդ ատեն ըստ Գիրքին կարելի է իմանալ, որովհետեւ հունձքերը չորրորդ ամսուն կ՚ըլլային, որ է Յունիս եւ Թամուզ, որ է՝ ամառ եւ հունձք: Իսկ եթէ խօսքը ժամանակէն իմանաս, երբ Քրիստոս ըսաւ, չորս ամիսներ չեն ըլլար, որովհետեւ Զատիկին Քրիստոս Երուսաղէմ էր, եւ ապա Հրէաստանի մէջ երկար ժամանակ ուսուցանած էր եւ ապա նոր Սամարիա եկած էր: Ուստի յայտնի է, թէ երբ այս ըսաւ Ապրիլ էր եւ Իար ըստ եբրայեցիներուն: Երկրորդ՝ նոյնպէս կ՚ըսեն, եթէ հունձքը չորս ամիս ետք է, ցանքերը կտրելը-հաւաքելը չ՚ըսեր, այլ՝ կամնելն ու շտեմարանելը, որովհետեւ այն երկիրը ուր կը դիզեն մինչեւ խիստ շողը քիչ մը բարեխառնուի, ապա նոր կը կամնեն: Երրորդ՝ կ՚ըսեն, որովհետեւ թէեւ այդ տարածքաշրջանին մէջ արտերը սպիտակած էին այդ ատեն, սակայն, ուրիշ տեղեր չորս ամիս ետք կու գար հունձքի ժամանակը, քանի որ տակաւին Զատիկէն քիչ ժամանակ անցած էր: Այսպէս իմանալով ալ Քրիստոսի խօսքը ճշմարիտ է մարմանւոր որային համար ալ, սակայն այս խօսքը աւելի հոգեւոր հունձքին կը վերաբերի, որ է հեթանոսներուն դարձը հաւատքի, որովհետեւ ինչպէս մարմնաւոր հնձողները շտեմարաններուն մէջ հաց կը հաւաքեն, նոյնպէս հոգեւոր հունձք կը կոչուի մարդոց հաւաքումը հաւատքի, որ Աստուծոյ շտեմարաններուն մէջ կը հաւաքուին: Եւ որովհետեւ սամարացիները յօժարութեամբ կու գային Իր մօտ հաւատքի, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը եւ դիտեցէ՛ք արտերը» (Յհ 4.35):

Մեկնութիւն. Նախ՝ սամարացիներուն մասին կ՚ըսէ եւ ապա միւս հեթանոսներուն: Այստեղ երրորդ գլուխը կը ցուցնէ, որ Քրիստոս ծածկագէտ է, երբ ըսաւ սամարացիներու գալուն մասին եւ առաջինը հաւատալուն: Իսկ սպիտակութիւն նախ կը նշանակէ սամարացիներու միտքին մաքուր եւ պարզ ուղղութիւնը, որով Քրիստոսի մօտ կու գային: Երկրորդ՝ սպիտակութիւն անոնց միտքին լուսաւորութիւնն է, որ կնոջ խօսքերէն ընկալած էին: Երրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսի մօտենալով մեղքերու խաւարէն կը մաքրուէին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 38

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 4, 2020