«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

«ԾԱԾԿՈՒԱԾ» ԽԻՂՃԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. երբ ինծի կ՚ըսուի. «Այդ ցանկութիւնը մէջդ կը կատարուի անգիտակից կերպով, սակայն չե՛ս նկատեր զայն». ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի նկատեմ զայն:

-Քիչ մը ուշադրութեամբ, կը նկատես որ լաւ չես, հակառակ անոր որ կ՚ըսես, թէ բան մը չկայ, որ կը նեղացնէ զիս: Այս պարագային պէտք է քննութիւններ կատարել, գիտնալու համար պատճառները, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս մարդ որ տեսանելի հիւանդութեամբ չի տառապիր, սակայն լաւ չէ, քննութիւններու կը դիմէ, [եւ կը պարզուի] անտեսանելի առողջական խնդիր ունի, եւ այդ պատճառով բժշկական քննութիւններ ու հետազօտութիւններ պէտք է կատարէ…, գիտնալու համար պատճառները, որ զինք մղեցին զգալու, թէ ինք լաւ չէ:

Եթէ նկատես, որ մէջդ տագնապ կայ եւ ո՛չ թէ խաղաղութիւն, գիտցած եղիր, թէ անհանգստութիւնն է, որ կը ծածկէ այդ եւ պէտք է աշխատիս բարելաւելու համար այդ: Ենթադրենք, թէ սխալ մը գործեցիր, նեղուեցար, առանց խոստովանելու զայն: Ապա քեզի ուրախութիւն մը պատահեցաւ, որով ուրախութիւն զգացիր: Այս ուրախութիւնը կը ծածկէ սխալիդ ցաւը, եւ կամաց-կամաց կը մոռնաս այդ ցաւը, ու այս սխալը նկատի ունենալով որ ծածկուած է ուրախութեամբ, ապա ուրախութիւնները կը քօղարկեն սխալը եւ զայն աւելի վար եւ խոր տեղ մը կը ղրկեն, հակառակ անոր որ կը շարունակէ ներքնապէս գործել: Այսպիսով, մարդուն խիղճը կը քարանայ ու անոր սիրտը կը կարծրանայ: Իսկ սատանան երթալով կ՚արդարացնէ մարդուն այդ բանը, կարծել տալով անոր թէ այն ինչ որ ինք կը զգայ՝ բնական երեւոյթ է: Սակայն այս մարդը հանգիստ չի՛ գտներ, քանի որ նեղուածութիւնը տակէն կը գործէ, որով մտահոգութիւնն ու անհանգստութիւնը կը տիրեն անոր, ու կը սկսի տառապիլ մնայուն նեղութեամբ առանց գիտնալու պատճառը, որովհետեւ սխալները ծածկուած կ՚ըլլան, եւ չի՛ հասկնար որ իր տառապանքին պատճառը իր գործած ծածկուած մեղքերն են:

-Ո՜վ Ռոնտա. կարելի՞ է այսպիսի մարդու մը օգնել, եթէ յայտնեցիր անոր իր տառապանքին պատճառը:

-Ուշադիր եղիր. պէտք է զգոյշ ըլլալ այս պարագային: Երբ հարցերը կը յստականան եւ իրականութիւնը յայտնի կը դառնայ, խիղճը կ՚արթննայ ու կը սկսի յանդիմանել: Եթէ մարդը խոնարհի, ապա օգնութեան ձեռքը կ՚երկարի անոր, իսկ եթէ չխոնարհի, ապա յուսահատութեան կը հասնի՝ չկարենալ դիմանալու ճշմարտութեան:

-Ո՜վ Ռոնտա. կա՞ն մարդիկ, որոնք ծնած ըլլան ու անոնց խիղճերը զանազանելու կարողութիւն չունին:

-Ո՛չ. Աստուած նման խիղճ չէ դրած. սակայն, երբ մարդ իր յանցանքները կը ծածկէ ու կ՚արդարացանէ, ապա շերտ մը կը գոյանայ, որ կը խանգարէ խիղճին գործունէութիւնը, որով կը դադրի խղճահարութիւն յառաջացնելէ ու յանդիմանելէ:

-Այդ պարագային ազա՞տ կը դառնայ ու ինքն իրեն համար օրէնքնե՞ր կը դնէ:

-Այո՛, եւ այդ մէկը վախցնող է:

-Ատիկա մոլորութի՞ւն է:

-Այո՛, մոլորութիւն է:

ՄՈԼՈՐՈՒԱԾ ԽԻՂՃԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. շատ ատեն կը զգուշացնես «մոլորուած խիղճ» գոյացնելու մասին: Ինչպէ՞ս կը գոյանայ այդ:

-Մարդ երբ իր մտածումը կը հանգստացնէ, իր խիղճին վրայ կը կոխէ: Իսկ երբ կ՚երկարի ժամանակը, երբ միտքը կը հանգստանայ, ապա սեփական խիղճը կը գոյանայ, խիղճը՝ համաձայն անձին, «մոլորուած խիղճ», եւ այս պարագային անկարելի է, որ մարդ իր ներսիդին հանգիստ գտնէ:

Տակաւին, երբ մէկը սխալ մը կը գործէ ու անոր կ՚ըսուի. «Դուն յանցաւոր չես, ինչո՞ւ կը նեղուիս». կամ սխալ կը գործէ, սակայն այնպէս կը վարուի, կարծես թէ բան չէ եղած, ապա հանգստութիւն պիտի չգտնէ: Ոմանք կան, որոնք «Կօրո»յի quoro հետ կը գործակցին, եւ երբ կը հասկնան, թէ լաւ ընթացքով չեն ընթանար, կու գան ու ինծի որոշ հարցումներ կը հարցնեն: Կը փորձեմ օգնել անոնց. անոնց բան մը կ՚ըսեմ, կը մերժեն, որովհետեւ իրենց հաւատացածը ճիշդ է: Այն ատեն անոնց կը պատասխանեմ.

-Շատ լաւ, եթէ ձեր ըրածը ճիշդ է ու դուք հանգիստ էք, ապա ինչո՞ւ եկած էք օգնութիւն խնդրելու:

Այդպիսիները ներքնապէս չեն հանգստանար, հակառակ անոր որ անոնք կը փորձեն այստեղէն կամ այնտեղէն կեղծ հանգստութիւն գտնել, սակայն անկարելի է, որ անոնք իսկական հանգստութիւն գտնեն:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ կրնա՞յ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին «մոլորուած խիղճ»ով ապրիլ:

-Այո՛, կրնայ այդպէս ապրիլ, եթէ իր մտածումին կը վստահի:

-Իսկ ինչպէ՞ս ուղիղ ճանապարհին կը վերադառնայ:

-Խոնարհութեամբ մտածելով ու չվստահելով իր մտածումին, եւ այդ մտածումի մասին հոգեւոր հօր հետ զրուցելով:

-Ո՜վ Ռոնտա. զգայուն մարդը կրնա՞յ «մոլորուած խիղճ» մը գոյացնել:

-Որպէսզի «մոլորուած խիղճ» գոյանայ, կրնայ ըլլալ որ անոր զգայնութիւնը սխալ է եւ իր տեղը չէ: Մոլորութիւնը մոլորութենէն կը ծնի: Ոմանք կը պատճառաբանեն, թէ շա՜տ զգայուն են, սակայն ուրիշներուն հետ կոշտութեամբ կը վարուին եւ առանց պատճառի կարծրութեամբ կը յանդիմանեն զանոնք:

-Ո՜վ Ռոնտա. անոնք որոնք իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն, անոնց խիղճերը կրապատուա՞ծ են:

-Ով որ ինքզինք կ՚արդարացնէ եւ ներքնապէս պարզ յանդիմանութիւն մը կը զգայ, անզգամ կ՚ըլլայ: Իսկ երբ անզգամ չըլլայ, կը ցաւի իր սխալներուն համար, որով աստուածային մխիթարութիւն կը ստանայ: Իսկ անոր որուն «խիղճը մոլորուած» է, ապա անզգամ կ՚ըլլայ: Այսպիսին կը հպարտանայ իր գործած ոճրագործութեամբ: Շատեր կան, որոնք ոճրագործութիւններ գործած են ու ատոր մասին խօսած են, կարծէք թէ քաջագործութիւններ ըլլան:

Մարդ երբ «մոլորուած խիղճ» կ՚աճեցնէ, ապա այդ խիղճը պարզապէս ճիշդն ու սխալը զանազանելու յատկութիւնը չի՛ կորսնցներ միայն, այլ՝ կորուստի շատ աւելի խոր ժամանակաշրջանի մը հասած է:

ՍՈՒՏ ԽՕՍՔԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՆԳՍՏԱՑՆԵՐ

-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ մարդ մը իրեն յատուկ աշխարհի մը մէջ կ՚ապրի, իր մտածումին կը հաւատայ, ապա ուրիշներուն աղօթքները կ՚օգնե՞ն այդպիսիին:

-Ի՞նչ կարիք ունի օգնութեան՝ եթէ ան իրեն յատուկ աշխարհ մը գոյացուցած է: Այդ մէկը փոքր բա՞ն մըն է: Այդ մարդը հանգստութիւն եւ ուրախութիւն կը զգա՞յ: Ատիկա սուտ խօսք է: Ենթադրենք, որ մարդ մը ստիպուեցաւ ստելու, որպէսզի ազատէ կամ փրկէ մարդ մը մահէն: Այս սուտը կրնայ «կէս մեղք» մը ըլլալ: Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ մարդ բարի մտադրութեամբ ստէ, որպէսզի օգնէ մարդու մը զգուշանալ մոլորելէ կամ սխալի մէջ իյնալէ: Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ գաղտնի կերպով վանք գայ մէկը, որ յայտնի է ընկերութեան մէջ եւ ընտանեկան խնդիրներ ունի, կը խօսի ու կը հանգստանայ: Ապա, իր եղբայրը կու գայ ու կը հարցնէ.

-Այսինչը այստեղէն անցա՞ւ:

Եթէ այո պատասխանեցիր, ապա կրնայ ըլլալ որ մեծ խնդիր մը յառաջացնես, որով միւսը կրնաս վտանգի ենթարկել: Աւելի լաւ է, որ ըսես. «Չեմ գիտեր»: Սակայն մարդ պէտք է ուշադիր ըլլայ: Այսպիսի մի քանի դէպքերէ ետք, մարդ կրնայ վարժուիլ ստելու, որով զայն կ՚օգտագործէ անսպասելի ձեւով, որով «մոլորուած խիղճ» մը կը գոյանայ: Հարցը կրնայ այնպիսի վիճակի մը հասնիլ, որ ան կը սկսի սուտեր հնարել առանց ո՛չ մէկ խղճի խայթ ունենալու:  

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 20

18 յունուար 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021