ՊԱՂԵՍՏԻՆԻՆ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԹՐԵՆՏ

Հայկական հասարակութեան մեծ տոկոսին համար «Համաս»ը ծայրայեղականներու շարժում մըն է։ Հայկական հանրային կարծիքը ցայսօր կը շարունակէ շփոթով նայիլ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ քարտէսին։ Վստահաբար, ան չի զանազաներ Դամասկոսն ու Պէյրութը կամ 1948 թուականի արաբներն ու Երուսաղէմի սրտին մէջ ծուարած «Ժընին»ը։

Ի հարկէ, իսլամական աշխարհին նկատմամբ մօտեցումները, մեծ հաշուով, մեր ժամանակներուն փոխուած են, բայց, մանրամասնութիւններուն մէջ խորանալու ժամանակ, բոլորը նոյն ջուրով կը լուացուին։ Կը պարզուի, որ սեփական ինքնիշխանութեան համար միս ու արիւն զոհաբերող «Համաս»ականները կը դառնան ահաբեկիչներ՝ յար եւ նման «ԻՇԻՊ»ի (Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն) զինեալներուն, որոնք Սուրիոյ տափասատներուն մէջ մարդիկ կը սպաննէին։ Հրէշային էր Սուրիոյ պատերազմը, որուն ամենայետին մանրամասնութիւնները ծառայեցուեցան՝ բոլոր իսլամները սեւազգեստ ներկայացնելու եւ բոլորին մէկ անուն տալու։ Ի վերջոյ, «սատանան մանրամասնութիւններու մէջ է» ու այդ առումով ալ ահագին ընելիք ու պատմելիք կայ՝ մանաւանդ, որ այսօրուան աշխարհին մէջ ամէնուրեք դարձած է բաց տարածութիւն։ Մինչ հայ գործարարները Տուպայի եւ Ապու Տապի կը վազեն՝ յանուն «սիրոյ եւ հացի», անդին հայկական հասարակութեան համար Մերձաւոր Արեւելքի կարեւորագոյն իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ անհասկնալի եւ անընկալելի։

Ո՞վ է մեղաւորը Կազզէի պատերազմին համար։ Ինչո՞ւ այսքան մարդ կը զոհուի։ Պատահածները սպա՞նդ են կամ ոչ։ Ի վերջոյ ինչպէ՞ս ընթացք առաւ Կազզէի հինգերորդ պատերազմը, որ արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան երկար ժամանակագրութեան մէջ պիտի շարունակէ համարուիլ ամենաբարդն ու ամենաարիւնալին։

Ի հարկէ, ոչ ոք կ՚ակնկալէ, որ շարքային հայը բոլոր իրադարձութիւնները դաս-դասէ, հասկնայ այս խնդիրներուն իսկական խորքը, նաեւ այդ բոլորը մեծ խառնարանի մը մէջ դնելէ ետք ճիշդ դիրքորոշում արտայայտէ, կա՛մ բնովէ եւ կա՛մ գովաբանէ հակամարտ կողմերէն մին։ Այս բոլորը բարդ է, բայց պէտք է հասկնալ, որ Կազզէի այս պատերազմը ունի բաւարար ներուժ՝ առկայ ընթացքները փոխելու այն իմաստով, որ յաչս հայ վերլուծաբաններուն այլեւս պարզ դառնայ, որ Իսրայէլի բանակը անպարտելի չէ։ Իսրայէլի պետութիւնը այսօր կ՚ապրի լուրջ տագնապ մը՝ հակառակ իր կազմակերպուած բանակին։

Ի վերջոյ, հարց պիտի տրուի, թէ որո՞ւն պէտք է այս բոլորը՝ Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ։ Մօտաւոր անցեալին, նախքան Արցախի պատերազմը, շատ-շատեր յղում կ՚ընէին Իսրայէլին. «Տեսէք, փոքրիկ Իսրայէլը ինչպէս գոյացաւ, ինչպէս մեծցաւ եւ ինչ ներուժով ալ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ տիրական դարձաւ»։ Այս դրուածքը կարեւոր էր նաեւ այն պատճառով, որ նախքան Անգարա-Պաքու յարաբերութիւններու խորանալը՝ յատկապէս ռազմական գետնի վրայ, Իսրայէլ մեծ նեցուկ ցոյց տուաւ Ալիեւի վարչակազմին։ Անօդաչուներու օգտագործման տեսակէտէ, վստահօրէն, Թել Աւիւ ճիշդ ճանապարհ մը ցոյց տուաւ Պաքուին։ Այստեղ ըսուածը ամենեւին պէտք չէ ընկալել այն դրուածքով, որ քանի Իսրայէլ Ատրպէյճանին նեցուկ է, ապա հայկական հանրային կարծիքը պէտք է զայն թշնամի համարէ։ Բայց, զուգահեռաբար, տեղին հարցմը կը ծագի. «ժողովրդավարութեան դարպաս» Իսրայէլը ինչպէ՞ս ծառայեց ու տակաւին կը շարունակէ ծառայել Ալիեւին ու անոր հետ սերտաճած համակարգին։ Այս հարցումին երկրորդ հատուածը, բնականօրէն, պիտի վերաբերի պաղեստինցիներուն, որոնց հետ լաւ կապեր ունեցած են Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան զանազան շերտերու ղեկավարները։

Բոլոր պատմական փաստերուն եւ յիշողութիւններուն վրայ կու գան աւելնալ՝ Պաղեստինի առասպելական առաջնորդ Եասէր Արաֆաթի հայութեան ուղղեալ դրուատական խօսքերը, Երուսաղէմի հայկական թաղամասի չմասնատման համար տարած ջանքերը եւ հանրութեան առջեւ ըսած՝ «Ես Եասէր Արաֆաթեան եմ»ը։

Ի հարկէ, այս բոլորին առընթեր, կան նաեւ կարգ մը ժխտական երեւոյթներ՝ մանաւանդ Արցախի պատերազմի աւարտին «Համաս»ի պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ Ատրպէյճանին ուղղուած շնորհաւորականը։ Զանազան առումներով սա պէտք է վերագրել Պաքուի այսօրուան ռէէլ փոլիթիքի շրջանակներու դրսեւորումներուն, որոնց պէտք է նայիլ արթուն հայեացքով։ Հարց պէտք է տալ, որ Հայաստան մինչեւ այսօր ինչո՞ւ Պաղեստինի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չէր մշակած։

Ի հարկէ, այս ծիրին մէջ մնալով, բոլորին համար յստակ եւ ուղենշային է, որ անցեալ 7 հոկտեմբերին, «Համաս»ի ջոկատներուն կողմէ Իսրայէլի դէմ գրոհն ու անոր հետեւած սպանութիւնները անընդունելի են։ Սակայն, եկուր տես, որ ինչպէս աշխարհի յառաջատարները մոռացութեան տուած են Իսրայէլի հալածանքները Պաղեստինի անզէն ժողովուրդին դէմ, արդարացուցած այդ բոլորը։ Այդպէս են միջազգային տինամիզմով խաղերը, որոնց հիմնարար մօտեցումներուն մէջ Իսրայէլի համար պատուոյ տեղ մը ապահովուած էր՝ մինչեւ Կազզէի այս պատերազմը։

Թէ ինչքա՞ն ցնցուեցաւ այդ տեղն ու դերը, տակաւին պարզ չէ, սակայն հաշուի առնելով Մատրիտի, Հռոմի, Պերլինի ու նոյնիսկ Ուաշինկթընի կամ Նիւ Եորքի ցոյցերը, ապա անպայման պէտք է արձանագրել, որ աշխարհ այլեւս միայն մէկ պատուհանէ չի նայիր Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան ու այսօրուան դրութեամբ Պաղեստին պետութեան մը ստեղծուելուն տէր կանգնելու երեւոյթը նոր ու բաւական այժմէական թրենտ մը դարձած է բոլորին համար։ Պատճառը այն չէ, որ Պաղեստին կարողացաւ Իսրայէլի առջեւ տեղի չտալ, այլեւ՝ անոր մէջ մեծ ու օրինակելի պայքարի մը իսկական եռանդը կայ։

Ու ասոր համար (եւ ոչ միայն) «Համաս»ը պէտք չէ անտեսել:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024