ՄԵՔԵՆԱՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր կարծէք կամաց-կամաց մինչեւ հիմա ընդունուած բոլոր սովորութիւնները, արժէքներն ու աւանդութիւնները սկսած են ժամանակավրէպ դառնալ:

Մարդու իրաւունքներ, ազատ մտածելակերպ, ազատ գործելաոճ եւ ազատ կամք, դարձած են այսօրուան մարդուն վահանները, որոնցմով կը փորձէ «կայանալ» եւ իր դիրքերը զօրացնել:

Ո՛չ ոք կ՚ըսէ, որ մարդ ազատ չէ, որ մարդը իրաւունքներ չունի, ազատ չէ իր գործելաոճին, վարուելակերպին մէջ, ազատ կամք չունի, եւ այլն: Եթէ մարդ յայտնուած ըլլայ այնպիսի պարագաներու մէջ, ուր կորսնցուցած ըլլայ իր ազատութիւնը՝ մտածելու, գործելու, արարելու, ինչպէս նաեւ ոտնահարուած եղած ըլլան իր իրաւունքները, իր կամքը խլուած ըլլայ իրմէ, այս բոլորը տակաւին առիթ չեն տար ըսելու, թէ մարդը զրկած են իր իրաւունքներէն եւ ազատութենէն: Եթէ պահ մը մտածենք այս բոլոր երեւոյթներուն մասին, պիտի նկատենք, որ ազատութեան բացակայութեան եւ իրաւունքներու չքացման գլխաւոր պատճառը այս պարագային նախ եւ առաջ մարդը ի՛նքն է, որ ինչ-ինչ պատճառներով յայտնուած է նման վիճակի մը մէջ: Անդին, շատ յաճախ ալ մարդ ակամայ կերպով կը յայտնուի այդ վիճակին մէջ. օրինակ՝ պատերազմի, ստրկութեան եւ նման այլ պատճառներով, բայց իրա՛ւ մարդը այդ պարագաներուն մէջ եւս չի՛ կորսնցներ իր ինքնուրոյնութիւնն ու կայունութիւնը եւ կը մնայ իր մարդ կոչումի բարձրութեան վրայ: Թուլակամներն են միայն, որոնք նոյնիսկ առանց արտաքին պատճառներու կը բարբանջեն՝ թէ իրենց իրաւունքները ոտնահարուած են, թէ իրենց ազատութիւնը խլուած է... Այդպիսիները պարզապէս տկարամիտներ են, որոնք իրենց անյաջողութիւնները կ՚ուզեն բարդել ուրիշներուն վրայ:

Այսօրուան աշխարհը, սակայն, դժբախտաբար, ի մասնաւորի արեւմտեան պետութիւնները այս առումով ահաւոր բացասական կերպով աշխատանք կը տանին ա՛լ աւելի թուլացնելու մարդոց ինքնուրոյնութիւնն ու կայունութիւնը, աւելի՛ն. կ՚աշխատին մարդուն իւրայատուկ նկարագիրը փոխանակել ընդհանուր նկարագիրով մը…: Այսպէսով, այդ այսպէս կոչուած «զարգացած» պետութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն յատկապէս փոքր երկիրներու՝ մանաւանդ պահպանողական ժողովուրդներ ունեցող երկիրներու վրայ, վերացնելու համար ամէն տեսակի ինքնուրոյնութիւն եւ իւրայատկութիւն, ամէն տեսակի սովորութիւն ու աւանդութիւն: Այս բոլորը, բնականաբար, մէկ նպատակ կը հետապնդեն, որն է արժեզրկել մարդը իր մարդկային իւրայատկութենէն: Այստեղ չեմ ուզեր անդրադառնալ պատճառներուն մասին, թէ ինչո՞ւ որոշակի ուժեր կը փորձեն մարդը արժեզրկել իր մարդկային իւրայատկութենէն: Այստեղ պիտի անդրադառնամ որոշ երեւոյթներու մասին, որոնց ականատեսը սկը-սած ենք դառնալ ամէն օր:

Վերը նշուած երեւոյթներուն որպէս հետեւանք, այսօրուան մարդը վերածուած է մեքենայի մը, որ կ՚առաջնորդուի այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզեն զինք առաջնորդել: Այլ խօսքով, այսօուան մարդը վերածուած է գործիքի մը, «գաղափար»ներու հսկայ բանակի մը, ուր ամէն տեսակի այլանդակութիւն կարելի է գտնել: Այս բոլորին մէջ ամենէն վատը սակայն, այն է, որ մարդ գերին եղած ըլլալով այդ սնանկացած եւ արժէքներէ զուրկ «գաղափար»ներուն կամ «գաղափարախօսութիւն»ներուն, կը կարծէ, թէ ինք ազատ է եւ տէ՛րն է իր կամքին, իր որոշումներուն եւ թէ իր ընտրած ուղին ճի՛շդ ուղին է: Բնականաբար այս բոլորը արդիւնքն են ծրագրուած մարտավարութեան մը: Եւ եթէ փորձենք առողջ տրամաբանութեամբ եւ սթափ վիճակով ուսումնասիրել տիրող իրավիճակը, պիտի հասկնանք, որ կատարուածը յստակ քաղաքականութեան մը արդիւնքն է:

Եւ այսպէս,

Այսօրուան մարդուն առօրեան, հետաքրքրութիւնները, զբաղումները եթէ փորձենք ուսումնասիրել, պիտի տեսնենք, որ մեծաւ մասամբ դատարկաբանութեան մը դէմ յանդիման կանգնած կը գտնուինք, որովհետեւ ո՛չ մէկ տրամաբանական դրուածք կայ այսօրուան մարդուն առօրեային, հետաքրքրութիւններուն եւ զբաղումներուն մէջ: Այսօրուան մարդուն հիմնական մտահոգութիւնները վերածուած են ուտել-խմելը, պտոյտներու երթալը, երկիրներ այցելելը, նորաձեւութեան հետեւիլը եւ ո՛չ միայն հետեւիլը, այլ՝ քայլ պահելը, նոր ինքնաշարժ ձեռք բերելը, եւ, եւ, եւ… Բարի, այս բոլոր բաներն ալ իրենց տեղը ունին եւ պէտք է ունենան մարդուն կեանքէն ներս, բայց այս բոլոր բաները մարդու կեանքին առաջնահերթութիւնները պէտք չէ որ դառնան: Այս բաները առաջնահերթութիւն չեն մարդու կեանքին համար, այս բաներէն առաջ եւ աւելի կան կարեւոր բաներ, որոնց մարդ պէտք է տիրանայ եւ իր կենաքին ընկերակից դարձնէ, ինչպիսիք են բարոյական սկզբունքները, բարոյականութիւնը, արժէքներն ու աւանդութիւնները՝ ազգային կամ եկեղեցական, եւ այս բոլորէն անդին ու վեր, մարդ պէտք է լաւապէս ինքզինք ճանչնայ, որպէսզի կարողանայ զերծ մնալ մեքենայականութիւններէն, անտարբերութենէն եւ մնայ իր մարդ կոչումին մէջ:

Այսօրուան մարդուն առօրեան այնքա՜ն լեցուած են տեղի եւ անտեղի տօնական առիթներով, որոնք մարդը տարած են դէպի անտարբերութիւն: Տօն մը կու գայ, օրինակի համար, երեխաներու տօնը, մարդիկ կը սկսին մտածել, թէ ինչ ձեռնարկներ կազմակերպեն, որպէսզի այդ օրը երեխաներուն ուրախ տրամադրութիւն պարգեւեն, եւ այլն: Կու գայ այդ օրը, անոնք որոնք հնարաւորութիւն ունին, կը մասնակցին այդ ձեռնարկներուն, իրենց երեխաները կ՚ուրախացնեն, սակայն կը մոռնան պահ մը իրենց երեխաներուն խօսիլ այն երեխաներուն մասին, որոնք անտուն եւ անօթեւան, անօթի եւ ծարաւ են: Նոյն այդ տօնին ծնողներ իրենց երեխաներուն համար բազմաթիւ նուէրներ կը բերեն, որպէսզի անոնց օրը գունազարդեն. հնարաւորութիւնը եթէ կայ, լա՛ւ ալ կ՚ընեն, բայց ծնողները պէտք է մտածեն, որ այդ նուէրներու կողքին եթէ անոնք իրենց երեխաներուն խօսին իրենց չունեւոր հասակակիցներուն մասին եւ նոյնիսկ զանոնք առնելով երթան չունեւոր ընտանիքի մը մօտ եւ իրենց ստացած նուէրներէն մէկ քանին տանին ու տրամադրեն այդ ընտանիքներու երեխաներուն, ատով շատ աւելի մեծ նուէր մը նուիրած կ՚ըլլան իրենց երեխաներուն, որ չի փճանար եւ ո՛չ ալ կը հիննայ, այլ՝ ամբողջ իրենց կեանքի տեւողութեան իրենց կ՚ընկերակցի: Երեխաներուն իրենց մանուկ հասակէն երբ ծնողները սորվեցնեն ուրիշներուն՝ իրենց նմաններուն մասին մտածել եը հոգատար ըլլան ուրիշներուն հանդէպ, ձերբազատուած կ՚ըլլան անտարբերութենէն եւ մեքենայականութենէն եւ ձերբազատած կ՚ըլլան նաեւ իրենց զաւակները այդ ախտերէն:

Կու գայ սիրոյ տօնը, եւ ահաւասիկ կարծէք մեծ նուաճումի մը կամ իրադարձութեան մը ականատեսը պիտի ըլլանք: Մարդիկ, յատկապէս արական սեռին պատկանող ահաւոր խառնաշփոթի մը կը մատնուին եւ կը սկսին մտածել, ծրագրել, թէ ինչպէս ընեն, որ իենց սիրեցեալին սիրտը ջերմացնեն այդ օրը. ճի՛շդ բան կը մտածեն: Բայց դժբախտաբար, այսօրուան մարդոցմէ շատերը կը մոռնան, որ սիրոյ այդ օրէն ետք կան 364 այլ օրեր եւս, որոնց ընթացքին իրենց սիրեցեալը շատ աւելի կարիքն ունի իրենց ջերմութեան եւ սիրոյն: Այդ օր, որովհետեւ, կանայք եւ աղջիկներ հոգեպէս արդէն պատրաստուած կ՚ըլլան, որ իրենց սիրեցեալները զիրենք ձեւով մը պիտի ուրախացնեն, եւ ձեւով մը կարծէք այդ իրենց իրաւունքն է…, սակայն, նոյն այդ տիկիններն ու աղջիկները իրենք զիրենք աւելի ուրախ պիտի զգան, երբ տարուան մնացեալ օրերուն նոյնպէս նոյն այդ ջերմութիւնը զգան իրենց սիրեցեալներէն, որպէսզի իրենց կեանքը անհետաքրքրական պատմութեան մը չվերածուի, այլ կեանքով լեցուն պատմութիւն մը ըլլայ:

Նոր տարին… Անունը գեղեցիկ կը հնչէ, նոր, բայց… շատ յաճախ նորէն աւելի հի՛ն է, հին է, որովհետեւ մարդը փոխանակ նորոգուելու, թարմանալու, կը հիննայ, կը թառամի… Արդարեւ, Նոր տարիին շատ-շատերու միակ մտահոգութիւնը կը դառնայ ի՛նչ պատրաստել ուտելու համար, կամ ո՞ւր նշել այս առիթը, ո՞ր մէկ ճաշարանէն կամ ո՞ր մէկ սրահէն ներս, ո՞ր երգիչին երթալ մտիկ ընել, քանի՞ տեսակ ուտելիք դնել սեղանին վրայ, քանի՞ տեսակ խմիչք ապահովել այդ օրը, որպէսզի լա՜ւ քէֆ մը ունենան, եւ այլն, եւ այլն… Այս բոլոր բաները մարդկային փուճ փափաքներ են, որոնք մի քանի ժամուան մը «ուրախ» մթնոլորտը կ՚ապահովեն միայն… Մի քանի ժամուան «ուրախ» մթնոլորտ, սակայն, շաբաթներու, ամիսներու եւ երբեմն ալ նոյնիսկ տարիներու անյաջողութեան ու տառապանքի դուռը կը բանան… Մեզմէ քանինե՞ր սակայն, Նոր տարուան օրը Սուրբ Եկեղեցի կ՚երթան, Աստուծմով սկսելու համար իրենց Նոր տարիին, կեանքի նոր հանգրուանին: Մեզմէ քանինե՞ր սակայն, իրենց տան սեղանները լեցնելու կողքին, կը մտածեն չքաւոր ընտանիքներու մասին եւ իրենց գնումներէն եւ պատրաստութիւններէն բաժին կը հանեն անոնց, որպէսզի անոնք գէթ այդ օրը իրենք զիրենք մերժուած չզգան մարդկութենէն: Մեզմէ քանինե՞ր սակայն, այդ օրով իրենց զաւակներուն հետ կ՚այցելեն չքաւոր ընտանիքներու, կարօտեալներու, փորձելով անոնց մխիթարութիւն եւ սփոփանք պատճառել: Եւ տակաւին կան բազմաթիւ յիշատակելու բաներ, որոնցմով մարդ կրնայ իր Նոր տարին իսկապէս նո՛ր դարձնել եւ մեքենայականութենէն դուրս բերել, անտարբերութենէն հեռացնել:

Ի վերջոյ, գանք հոգեւոր ոլորտին: Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Յարութեան տօներուն, ուրախ դէմքերով եւ լիաբերան կ՚ողջունենք զիրար, աւետելով մեր Փրկիչին Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը եւ Սուրբ Յարութիւնը: Սակայն, եթէ պահ մը փորձենք մենք մեզի հարց տալ, թէ ի՞նչ է մեր տուած ողջոյնը եւ կամ արդեօք կը հասկնա՞նք մեր տուած աւետիսին բուն իմաստը, թերեւս մեզմէ շատեր չկարողանան պատասխան մը գտնել այս հարցումին: Ինչո՞ւ, որովհետեւ մեզմէ շատեր այդ աւետիսները կու տան, սակայն այդ աւետիսներուն Տէրը չե՛ն ճանչնար, չե՛ն զգար զԻնք, չե՛ն գիտեր Իր մեծութեան մասին, չե՛ն գիտեր Իր Ամենակալութեան մասին: Իրենց ծնողներէն սորված են, իրենց ծնողներէն ստացած են այդ ըսելաձեւը եւ մեքենաբար կը շարունակեն օգտագործել, առանց հասկնալու, առանց խորը թափանցելու: Իսկ անոնք որոնք հասկնալով եւ գիտակցութեամբ կու տան այդ աւետիսները, այդպիսիները արդարեւ համտեսած են այդ աւետիսներուն քաղցրութիւնը եւ չեն ուզեր զրկուիլ այդ քաղցրութենէն:

Աւարտելով, մարդ որպէսզի զերծ մնայ մեքենայականութիւններէն ու անտարբերութենէ, հոգեւոր ոլորտէն դուրս այդ կրնայ ընել իր տրամաբանութիւնն ու խիղճը առողջ պահելով. իսկ հոգեւոր ոլորտին մէջ այդ մէկը միայն մէ՛կ ճանապարհ ունի, ճանչնալ, ընդունիլ եւ խոստովանիլ զՔրիստոս որպէս Տէր եւ Թագաւոր ամբողջ աշխարհին եւ ի մասնաւորի նոյնինքն իր անձին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1 ապրիլ 2019, Վաղարշապատ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019