ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՒԱՌՆԱԿԸ (DRONE) ԵՒ…
Այս դէպքը պատահած է Յունական Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ։ Այս մէկը հետեւանքն է քորոնաժահրի (COVID-19) պարտադրած տնային կալանքին։
Մեր բուն նիւթին չանցած՝ կ՚ուզեմ ներածականով մը սկսիլ, որ առընչութիւն ունի վերոյիշեալ դէպքին հետ։ Ուրեմն, մենք գիտենք, որ շատեր ընտանի կենդանի կը պահեն իրենց տուներուն մէջ եւ այդ կենդանիները կը համարեն իրենց ընտանիքի անբաժան մէկ անդամը։
Շուներու պարագային, շունը պէտք է օրական մէկ կամ երկու անգամ պտոյտի ելլէ, թէ՛ իր բնական պէտքերը հոգալու եւ թէ ալ մարզանք ընելու՝ որ շատ կարեւոր է իր առողջութեան համար։ Այդ պարտականութիւնը անշուշտ բեռցուած կ՚ըլլայ տիրոջ վրայ։ Իսկ եթէ պատահի, որ շուն ունեցողը քաղաքէն բացակայի, շունը կը դրուի կենդանիներու յատուկ պատսպարանի մը մէջ։
Կան նաեւ ասպարէզով շուներուն հոգ տանող անձեր, որոնք նիւթական որոշ գումարի մը փոխարէն՝ յանձն կ՚առնեն այդ պարտականութիւնը, յատկապէս զանոնք օրական մէկ կամ երկու անգամ քալելու տանելով։
Վերադառնալով մեր բուն նիւթին, խնդրոյ առարկայ անձը՝ որ քորոնաժահրէն վարակուելուն պատճառաւ տնային կալանքի տակ կը գտնուի, կը կոչուի Վաքիս Տիմիթրիու։ Ան շունը պտոյտի տանելու նոր գաղափար մը յղացած է եւ անմիջապէս ի զօրու դրած է այդ մտայղացումը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ի՞նչ է այդ նորաձեւութիւնը։
Վաքիս անօդաչու սաւառնակ (drone) մը օգտագործած է (տես նկարը), որպէսզի իր շունը պտոյտի տանի։ Եթէ դիտէք նկարը, պիտի տեսնէք, թէ շունը, հլու-հնազանդ կը քալէ, սաւառնակին առաջնորդութեամբ կամ հետեւողութեամբ…
Սա ալ ըսեմ, որ սաւառնակը հեռուէն կը ղեկավարուի remote control-ի մը օգնութեամբ եւ պէտք է ըսել նաեւ, թէ շունը շատ լաւ գիտէ տան ճամբան եւ հաւանաբար մարզուած է, որպէսզի որոշ ժամանակէ մը ետք պէտք է վերադառնայ տուն։ Սա ալ ուրիշ օրինակ մըն է մարդը գործիքով փոխարինելու մարմաջին մէջ, որ կարծես ողողած է մեր մոլորակը, չէ՞ք խորհիր!
ՈՒՐԱԽ ՏԱՐԵԴԱՐՁ՝ ՀԵՌՈ՞ՒԷՆ…
Այս դէպքը պատահած է Նիւ Եորք նահանգի Սիրաքիւզ քաղաքին մէջ։ Այս պատմութիւնն ալ մօտէն առընչութիւն ունի քորոնաժահրի պատճառաւ տեղի ունեցած տնային կալանքին հետ։
95 տարեկան մեծ մօր մը՝ Քէյթի Պայրըն անունով, ծննդեան տարեդարձն է եւ իր զաւակներն ու թոռները կ՚ուզեն արժանավայել կերպով տօնեն այդ բացառիկ տարեդարձը։ Սակայն եկուր տես, որ բոլորն ալ կը զգուշանան այդ վարակիչ ախտէն եւ չեն ուզեր, որ որեւէ մէկը վնասուի իրենց հանդիսութեան ընթացքին։
Ուրեմն, ի՞նչ կ՚ընեն անոնք։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ դուք դատեցէք իրենց որդեգրած միջոցը, նշելու այդ տարեդարձը։ Չմոռնամ ըսելու, թէ մեր մեծ մայրը բախտաւորուած է եօթ զաւակներով, քսաներկու թոռներով եւ քսանինն ծոռներով։
Եթէ կցուած նկարը ուշի-ուշով դիտէք՝ պիտի տեսնէք, թէ մեծ մայրը դրան սեմին կանգնած է, մինչ իր հարազատները փողոցին ծայրը։ Անոնք հեռուէն-հեռու բարի տարեդարձ կը մաղթեն, որպէսզի աւելի մօտենալով ոչ ոքի առողջութիւնը վտանգեն…
Քորոնաժահրի առաջքը առնելու համար Միացեալ Նահանգներու գոնէ երեք նահանգները՝ Արիզոնա, Գալիֆորնիա եւ Նիւ Եորք, թելադրած են իրենց բնակիչներուն, որպէսզի ամբոխներէ հեռու մնան, իրենց ձեռքերը միշտ լուան եւ օր ըստ օրէ հետեւին առողջապահական այլ միջոցներու, որոնք կը միտին զիրենք վարակումէ պահել։
Այս առթիւ՝ դպրոցները, ճաշարանները, մարզասրահները եւ ակումբները փակ են ու ծրագրուած ձեռնարկներն ալ ջնջուած՝ ընդհանուր ապահովութեան համար։ Միայն դեղարանները, դրամատուներն ու ուտելիքներու խանութները բաց են ժողովուրդին առջեւ։
Ապրելով Գալիֆորնիոյ մէջ, պէտք է ըսել, որ մենք ալ կամայ ակամայ ենթարկուեցանք վերոյիշեալ սեղմումներուն եւ փակուեցանք տան մէջ։ Հաւատացէք բաւական դժուար է ընտանեօք տան չորս պատերուն մէջ թաղուիլը! Վստահ եմ ընթերցողն ալ ապրեցաւ նմանօրինակ պահեր։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան