ՎԱՐԱԿԸ՝ ՎԱՐԱԿ, ԲԱՅՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տարակոյսէ վեր է, որ մինչեւ այս պահը, երբ մահաբեր վարակը տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն՝ գիտնականներ, մտածողներ, լրագրողներ եւ հանրային ոլորտի ազդեցիկ գործիչներ չեն կարողացած իրական գնահատական մը տալ ստեղծուած իրադրութեան։

Բոլորը կ՚ընդունին, ընդունելէ անդին կը գիտակցին, որ աշխարհը մատնուած է խուճապի եւ այդ խուճապի թելերը տարածուած են ամէնուրեք։ Եւրոպական, Ասիական, Ամերիկեան ցամաքամասերու վրայ կարեւոր նշանակութիւն եւ կշիռ ունեցող մայրաքաղաքներ կորսնցուցած են իրենց մօտիկ անցեալի փայլքը եւ դարձած են «ուրուականներու քաղաք»։ Այս բոլորէն անդիի եւ ինչ ալ ըլլան այս վարակի վերջնական հետեւանքները, անտեղիտալի փաստ է, որ քորոնա վարակը իր կարեւոր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ աշխարհի «մեծ քաղաքականութեան» տարբեր կէտերուն վրայ։

Սկսած Իրան-Միացեալ Նահանգներ մեծ պայքարէն, անցնելով Սուրիա, Եմէն, Լիբանան եւ Պարսից ծոց, վարակը պիտի պարտադրէ խաղի նոր կանոններ, սակայն ամենէն ուշագրաւը այն է, որ հազարաւոր մարդոց կեանքը խլած ու դեռ ալ խլող վարակը իր ամենածանր ազդեցութեան կշռաքարը պիտի զետեղէ Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան մեծ պայքարի նժարին վրայ։

Եթէ այսօրուան տուեալները հաշուի առնենք, ապա բոլորիս համար յստակ կը դառնայ, որ Չինաստան շնորհիւ մի քանի կարեւոր տուեալներու, կարողացաւ քորոնա վարակի տարածման առաջին փուլէն դուրս գալ, արձանագրելով բաւականին մեծ յաջողութիւն։ Այս փաստը հաշուի առնելէ ետք, արդէն իսկ պարզ կը դառնայ, որ մօտիկ յառաջիկային շարունակութիւն ունեցող քաղաքական պայքարի փուլին մէջ Չինաստան պիտի ներկայանայ որպէս մի քանի տասնեակ միաւորներ կուտակած կողմ, հետեւաբար նաեւ պիտի փորձէ ինչ-որ տեղ իր ստեղծած, իր կիրառած, իր յաջողութեան նպաստած բոլոր պայմանները դարձնել քաղաքական միաւոր ու արդիւնքին խօսիլ յաղթանակ արձանագրողի դիրքերէ։

Այլ խօսք, որ Չինաստան յառաջիկայ փուլին համար կրնայ հարցեր ունենալ մինչեւ հիմա իր կողմը թեքած պետութիւններուն հետ, սակայն աւելի քան յստակ է, թէ նոր աշխարհը պարտաւորուած պիտի ըլլայ ընդունիլ եւ հասկնալ «Չինական աշխարհ» կոչուած ազդեցիկ գործօնը։

ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ՝ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԷՆ

Հանրային առողջապահութեան մասնագէտ Անոյշ Թասլաքեան հեռակապի ճամբով պատասխանեց մեր հարցումներուն։

Ամէն պարագայի, հեռու մնալով քորոնայի տագնապը միայն քաղաքական հարթութեան վրայ դիտարկելու ոչ-շնորհակալ գործէն, հարկ է նաեւ հարցերը դիտարկել առողջապահական պատուհան-հարթակէն։ Ու այդ պատկերը աւելի յստակ կերպով ընկալելու համար, օրերս առիթն ունեցայ զրուցելու վերջերս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած երիտասրդ գիտնական-մասնագէտ՝ Անոյշ Թասլաքեանին հետ։ Թասլաքեան, որ կը միտի հարցերը դիտարկել փաստերու պատուհանէն, այս հարցազրոյցին ընդմէջէն կ՚ուզէ բացատրել ու անգամ վստահեցնել, թէ վարակը մարդու միջամտութեամբ մեծցուած կամ ուռճացուած վարակ մը չէ, հետեւաբար բնութեան «գործն» է։ Բացի այս կարեւոր շեշտադրումէն, Թասլաքեան նաեւ խօսած է քորոնաժահրի «ծննդոց»ին ու «պատմութեան» մասին։

-Տիկին Թասլաքեան, համաճարակի թէժացման հետ, այլ գիծի մը վրայ կը տարածուին այս վարակին «կենսաբանական զէնք» մ՚ըլլալու մասին խօսքերը։ Դուք, որպէս տարրաբան-մասնագէտ, ի՞նչ մօտեցում ունիք այդպիսի վարկածներու վերաբերեալ։

-Այդ վարկածը չի բացառուիր, չենք կրնար հերքել, բայց վարակաբանութեան տեսակէտէն, չեմ ուզեր կեդրոնանալ այդ նիւթին վրայ, կ՚ուզեմ մօտենալ զուտ մասնագիտական տեսանկիւնէն եւ ըսել, որ համաշխարհային համաճարակի վերածուած քորոնաժահրի այս տեսակը՝ չի տարբերիր միւս քորոնա վարակի իր ազգականներէն։ Չի տարբերիր, որովհետեւ եթէ նայինք վարակաբանութեան տեսակէտէն, քորոնան կը պատկանի ընտանիքի մը, որ կը կոչուի «Քորոնա վիրիտա», եւ այդ ընտանիքին անդամներէն է COVID-19, որ այսօրուան համաճարակն է, նոյն ընտանիքէն եղած են նաեւ «սարս» եւ «մըրս» վարակները, որոնք համաճարակներ եղած են անցեալին:

Այսինքն, մենք, որպէս մասնագէտ, կ՚ուզենք կեդրոնանալ վարակին ձեւին վրայ, տեսքին վրայ, եւ քորոնաժահրը իր մնացեալ ազգականներուն նման կլոր է, նաեւ կ՚ուզենք կեդրոնանալ անոր ծագումնաբանութեան վրայ, այսինքն՝ արդեօք քորոնաժահրն ալ իր ազգականներուն նման «ռեթրովայրըս» է, այսինքն այս վարակի պարագային ծագումնաբանական տեղեկութիւնը RNA-ի ձեւով կը տարածուի եւ ոչ թէ DNA-ի ճանապարհով, կը բազմանայ HIV վարակին նման, ինչպէս իր ազգակիցները: Կ՚ուզեմ նաեւ նշել, որ տուեալ քորոնաժահրը, որ COVID-19-ն է, իր ընտանիքին անդմաներու ունեցած նմանատիպ ազդեցութիւնը ունի բջիջներուն վրայ։ Ան պէտք է փակչի, այսպէս ըսած, APC 2 «ռիսափթըր»ներուն (կենդանիի կամ մարդու բջիջներուն վրայի հիւրընկալ մոլեքիւլ) վրայ:

Ըսածներէս հետեւութիւն ընելով, ի հարկէ, չեմ կրնար հարիւր տոկոսով ըսել, թէ արդեօք այս ժահրը իսկակա՞ն է, կամ մարդը ստեղծա՞ծ է զայն, բայց կրնամ յստակ ըսել, որ ան շատ նմանութիւն ունի իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Հետեւաբար, ես, որպէս մասնագէտ, հակուած եմ հաւատալու, թէ այս վարակը կենսաբանական զէնքի նպատակով մարդու կողմէ չէ ստեղծուած, այլ «Քորոնա»ի ընտանիքի անդամներէն մէկն է, որ ուղղակի փոփոխութեան ենթարկը-ւելով, դարձած է COVID-19, ինչպէս ցոյց կու տան կենսաբանական հետազօտութիւններու արդիւնքները։ Մենք որպէս մասնագէտներ, չենք հաւատար տարածուած լուրերուն, այլ կը հաւատանք միայն տեղեկութիւններուն, որոնք հաստատուած են հետազօտութիւններով:

-Մարդկութեան համար վտանգաւոր կը համարէ՞ք այս վարակը։

-Հիմնական տեղեկութիւնը, զոր մենք ունինք այս պահուն, այն է, թէ քորոնաժահրով վարակուած մարդոց ընդամէնը երկու տոկոսը կը մահանայ։ Համաճարակաբանութեան տեսակէտէ դիտելով, մահացութեան երկու տոկոսը մենք կը համարենք ցած տոկոս: Այստեղ կ՚ուզեմ մասնագիտական կարեւոր բան մը նշել՝ մահացութեան տոկոսը հաշուելու համար մենք պէտք է նախ ունենանք այն մարդոց թիւը, որոնք իրօք վարակուած են քորոնայով, սակայն յաճախ կ՚ըլլան վարակուած մարդիկ, որոնք ախտանշաններ չեն ունենար եւ չեն երթար հետազօտութեան, հետեւաբար չեն յայտնաբերուիր։ Այդպէսով մեր մօտ արձանագրուած վարակուած մարդոց թիւը շատ աւելի քիչ կ՚ըլլայ, քան իրականութեան մէջ է. հետեւաբար, մահացութեան տոկոսը իրականութեան մէջ շատ աւելի ցած է, քան մենք հիմա մեր ձեռքը ունինք որպէս տեղեկութիւն:

-Վարակը իր հետ բերաւ մեծ ու կարեւոր հարցադրումներ, որոնց ամենէն էականն այն էր, թէ այսօր ամբողջ աշխարհի առողջապահական համակարգը թոյլ է եւ անպիտան։ Համաձայն է՞ք այդ վարկածին հետ։ Ի՞նչ կրնաք աւելցնել։

-Աշխարհի առողջապահական համակարգի թոյլ կամ անպիտան ըլլալու հարցին վերաբերեալ շատ չէզոք մօտեցում ունիմ, որովհետեւ նոյնիսկ ամենայաջողակ եւ ամենահզօր առողջապահական համակարգ ունեցող երկիրը կրնայ ունենալ ոչ-ընկալունակ, փոփոխութեան չենթարկուող ժողովուրդ: Այսինքն, երբ առողջապահութեան նախարարութիւնը կ՚ըսէ տուները մնացէք եւ ժողովուրդը մտիկ չ՚ըներ, չ՚անսար իր կառավարութեան կոչերուն եւ մինչեւ օրէնքով պատժելիութեան խնդիր չդրուի, այդ արդէն շատ մեծ ցուցանիշ է, որ հարցը միայն համակարգի հարց չէ, այլ ժողովուրդի ընկալունակ չըլլալու հարց է:

-Բազմաթիւ առողջապահական ոլորտի պատասխանատուներ նկատել կու տան, թէ քորոնան իր հետ պիտի բերէ առողջապահական նոր լուծումներ, նոր գործելաոճեր եւ ի վերջոյ պատճառ պիտի դառնայ, որ համայն մարդկութիւնը աստիճանալաւէ ընէ իր ունեցած մօտեցումները։

-Արդեօք աշխարհը, գիտութիւն եւ ընդհանրապէս առողջապահութեան ոլորտը պիտի զարգանա՞յ այս համաճարակէն ետք, այս հարցին շուրջ ես դարձեալ ունիմ շատ չէզոք մօտեցում, որովհետեւ, որպէս մասնագէտ, եթէ հետեւինք համաճարակներու պատմութեան, կը տեսնենք, որ կրնայ նոր կամ աւելի արդիւնաւէտ մեթոտներ մէջտեղ եկած ըլլան, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ասիկա առաջին համաճարակը չէ, որ աշխարհով մէկ սփռուած է եւ, ըստ երեւոյթին, մինչեւ հիմա զանազան երկիրներու առողջապահական համակարգերուն այդ ամէնը դաս չէ եղած, որպէսզի յաջորդ գալիք համաճարակին աւելի լաւ պատրաստուած ըլլան. օրինակ՝ «սարս»ը, «մըրս»ը, այլ վարակներ, կամ բոլոր այն համաճարակները, որոնք արդէն եղած ու վերջացած են երկրագունդին վրայ, դաս չեն եղած։ Հետեւաբար, չեմ կրնար ըսել, թէ արդեօք աշխարհը դրական ընթացքով մը պիտի փոխուի՞ քորոնայէն ետք, թէ՞ ոչ։ Բայց յոյսով եմ, որ այս անգամ ստեղծուած իրավիճակը դաս կ՚ըլլայ աշխարհի բոլոր երկիրներուն, անկախ անոնց ունեցած առողջապահական համակարգի խոցելիութենէն կամ նոյնիսկ նիւթական կարողութենէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2020