ԻՄ ԵՒ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ԱՐԵՒԵԼՔՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ -Զ-
Կարծեմ Արեւելք-Արեւմուտք կապն ու անկէ ծագած ամէն տեսակի բովանդակութիւնները իրենց ճիւղաւորումներով ամենահետաքրքրականներէն են, առաւելապէս վերջին երկու հազար տարուան մարդկային պատմութեան համար: Այդ կապի քաղաքական ու պատմական դրսեւորումները ինքնին մեծ քաղաքականութեան խտացուած ու նոր նկարագրային գիծեր կու տան՝ հասկնալու համար մարդկային հաւաքական խմբաւորման կայացումները, պետութիւններու եւ կրօններու խմորումներն ու բախումները, ապա համադրումները, աշխարհի վերադաս ղեկավարումներու ջանքերուն հիմքերն ու արդարացումները եւ շատ մը բաներ:
Օրինակ՝ աշխարհի քարտէսի քաղաքական ու ընկերաբանական վերլուծութիւնը չի բանար մեր առջեւ հիւսիս-հարաւ կապ ու բախում մը, որ կարծեմ ինքնին մոլորակի աշխարհագրութենէն ալ կը բխի, իսկ Արեւելք-Արեւմուտք շարժումները յարաբերաբար մեզ կը տանին դէպի մարդկային հաւաքականութիւններու եւ ազգ-պետութիւններու մեծ գաղթեր ու տեղաշարժեր:
Ամէն ինչէ առաջ եւ վերջ աշխարհի քարտէսը՝ այսպէս ըսած իր արեւմտականացումով, յայտաբերուած է (նկատի առած մեծ ու անվերջանալի բացուածութիւնը, գաղթը, շարժը, նուաճումն ու ընդլայնում-տեղափուխումը դէպի Արեւմուտք) ու մարդկութեան անհատական եւ հաւաքական ընկալման մէջ Արեւմուտքը մնացած է իբրեւ նորի եւ ազատատիրութեան ներկայացուցիչը։ Հակառակ անոր, որ «ծեր ցամաքամասը մեծ ու յարգարժան հնարամտութեամբ» ինքզինքը միացուց այդ նոր ու ազատ Արեւմուտք հասկացողութեան եւ իրականութեան հետ, նաեւ պահեց իր առաջականութիւն ու գերակայութիւնը մնացեալ միւս ցամաքամասերուն վրայ: Հաւանաբար Ալեքսանտր Մակեդոնացին իբրեւ քաղաքառազմական (որ ամենակարեւոր ու շարժիչ ուժն է մարդկութեան) ղեկավար, մեծագոյն նուաճողը մնայ մարդութեան պատմութեան մէջ եւ «ամենախորտակիչ»ը Արեւելք-Արեւմուտք սահմանաբաժանումին, իսկ Քրիստոսը մնայ նոյնպէս որպէս հոգեմտաւոր ու կրօնական շերտով «ամենախորտակիչ»ը նոյն Արեւելք-Արեւմուտք երեւոյթին:
Արեւելք-Արեւմուտք կապն ու իրողութիւնը տակաւին կայ, հակառակ ներկայ աշխարհի բացուածութեան եւ արհեստագիտական մեծ յեղափոխութեան: Ո՞վ միւսը կը կոչէ կամ ո՞ր ուժերն ու ղեկավարները կը բնութականացնեն այդ կապը-մրցակցութիւնը, դժուար է մէկ պատասխանի մէջ ամփոփել: Այն ինչ, որ ինքզինք յստակօրէն կը պարզէ, քաղաքական ու քաղաքակրթական ընթացքն է, որ կարծեմ միշտ ու տեւաբար եւ ի հեճուկս բոլոր ծրագիրներուն եւ ազգային ու համաշխարհային գործունէութեանց եւ տեղ մըն ալ պայքարներուն. թէ՛ կ՚ապրեցնէ մարդութիւնը եւ թէ՛ ձեւով մը կը գծանշէ անոր անձնական ու մանաւանդ հաւաքական կեանքը: Եթէ կայ քաղաքակրթական արտադրութիւն եւ նուաճում, այն աշխարհագրութեան (քաղաքական առումով երկրին) կեանքը կը մարմնաւորուի իր բարձրագոյն եւ ամենավառ տեսքով: Անշուշտ, քաղաքակրթական արտադրութիւնը ժամանակային ու յարաբերական հասկացողութիւն է, այն կրնայ հին եգիպտացիներու ժամանակ բուրգերու ու անոր շուրջ գտնուող հաւաքականութիւններու գործունէութեանց տնօրինումով մարմնանայ, իսկ մեր ժամանակներուն այդ մէկը ըլլայ համացանցով: Իսկ արժէքային առումով ներկայիս մարդկային իրաւունքներ ու ժողովրդավարութիւն հասկացողութիւնները իրենց բոլոր յոռի եւ թոյլ կողմերով, ընկերաբանութեան եւ քաղաքական կեանքին մէջ հսկայ յառաջընթացներ կը համարուին՝ բաղդատելով անոնց առկայութեամբ մարդկային հաւաքական կեանքը. օրինակ՝ հին աշխարհի ապրելակերպին հետ կը տեսնենք, որ ահռելի յառաջդիմութիւն բերած են անոնք: Այո, տակաւին կայ գաղութատիրութիւն եւ այո, տակաւին արեւմտեան գաղութատիրական հետքերն ու թրուածքը Արեւելքի մէջ ինքզինք կը պարզէ:
Ներկայիս դժուար է ըսել Արեւե՞լքն է թշնամացնողը Արեւմուտքը, կամ հակառակը, բայց փաստ է, որ Արեւելքը իր քաղաքական, ռազմական ու գիտական եւ մանաւանդ իսլամական եւ քիչ մըն ալ պուտտայական, հինտուական եւ բոլոր քաղաքակրօնական եւ յարաբերական քաղաքակրթական ալ նկրտումներով՝ չէ կրցած լիակատար ու վերջնականապէս նուաճել Արեւմուտքը: Պէտք է հոս ըսել, որ քրիստոնէականը ինչքան ալ Արեւելքի ծնունդ կը համարուի, անոր պետական ու ռազմաքաղաքական որդեգրիչն ալ Արեւմուտքը եղած է՝ սկսեալ Հռոմէն: Եւ կ՚արժէ նշել նոյնպէս, որ Արեւելքի մէջ փոքրիկ Հայաստանի քրիստոնէութեան որդեգրումին ալ կողքին, իբրեւ պետական կրօն, երկրին հակադրաբար տուած է արեւմտեան շունչ ու էոյթ, ի հեճուկս արեւելեան համարուած քրիստոնէութեան: Բայց հակառակ ուղղութեամբ Արեւմուտքը՝ ըլլայ Հռոմ, յետոյ Բիւզանդիոն, յետոյ Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ հիմա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ նուաճած է ո՛չ միայն Արեւելքը, այլ՝ համայն աշխարհը եւ տակաւին մեծ քանակով այդ նուաճումն ու ղեկավարումը կը շարունակէ կատարել։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի
Երեւան