«ԼԻԲԱՆԱՆՆ ԵՆՔ ՆԱԵՒ ՄԵ՛ՆՔ»

«Մեր կեանքն է հոս, մեր տունն է հոս,
Մենք ծնած ենք ազատ եւ ըմբոստ,
Կը զոհուինք, որ դուն յաւերժ բարձրանաս,
Լիբանա՛ն, մեր արիւնն է քեզի ընծայ»
ՂԱՍՍԱՆ ՌԱՀՊԱՆԻ

Լիբանանցի յայտնի երգահան Էլիաս Ռահպանիին հետ բաւական մօտէն ծանօթութիւն ունեցած եմ եւ անվարան կրնամ վկայել, որ հայասէր մըն է: Հայասէր է նաեւ իր տղան Ղասսան Ռահպանին, փաստ՝ լիբանանահայ համայնքին նուիրուած վերը յիշուած հիանալի երգին մէկ յանկերգը:

Վերջերս, երբ առիթով մը դարձեալ ունկնդրեցի լիբանանահայ համայնքին նուիրուած այս երգը, զգացի, որ պատգամ փոխանցող երգ մըն է: Պատգամ եւ յիշեցում՝ բոլոր անոնց, որոնք ինծի նման՝ ակամայ գաղթած են իրենց սիրելի ծննդավայրէն:

Յիշեցում մըն է, որ Մեծ եղեռնէն ազատած գաղթական հայերուն տունը դարձած էր Լիբանան, իսկ յաջորդող սերունդներուն՝ ծննդավայրը, որ դարձած է երկրորդ հայրենիք:

«Մեր կեանքն է հոս, մեր տունն է հոս,
Լիբանանն ենք նաեւ մենք»

Հայրենիք եւ ծննդավայր՝ հոմանիշ բառեր չեն:

Սփիւռքահայերուս համար մայր հայրենիքը, որքան ալ սիրելի, դժբախտաբար ծննդավայր չէ եղած:

Ակամայ եւ դժուարութեամբ հեռացայ ծննդավայրէս՝ Լիբանանէն: Ծննդավայր մը, որ եղած էր մեր երկրորդ հայրենիքը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ մեծ աւերներ գործեց, որոնցմէ մեծագոյնը՝ մեծ թիւով լիբանանահայերու անվերադարձ արտագաղթը:

Նուազեցաւ հայութեան թիւը: Փակուեցան կարգ մը հայկական վարժարաններ, սակայն հրաշք լիբանանահայութիւնը, թէեւ՝ նօսրացած, այսօր կը բարգաւաճի աւելի քան երբեք:

Երկրագունդի վրայ հանդիպա՞ծ էք երկրի մը, որ իր խորհրդարանին մէջ ունենայ հայ ներկայացուցիչներ, որքան՝ Լիբանանի խորհրդարանը:

Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը՝ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններուն թիւը հասած էր վեցի, առաւել, որքան որ կը յիշեմ, երկու նախարարներ:

Հիմնուելով լիբանանեան սահմանադրութեան վրայ, այդ թիւը կ՚աւելնայ կամ կը նուազի՝ նայած համայնքներու թիւին:

Լիբանանահայութեան թիւը նուազեցաւ Լիբանանի մէջ, սակայն ոսկի առիթ մը տրուած է ինծի նման արտագաղթողներուն՝ մասնակցելու քուէարկութեան… մեր իսկ քաղաքէն, եւ այդ մէկը՝ շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն, համացանցի միջոցով, որ ո՛չ ճիգ կը պահանջէ, ո՛չ ալ ժամանակի կը կարօտի: Ընդամէնը՝ հաւանաբար 10 վայրկեան, եւ այդպիսով, որպէս լիբանանցիներ, կը կատարենք մեր ազգային պարտականութիւնը:

Ճիշդ է: Հեռու ենք մեր ծննդավայրէն, սակայն հոն ունինք մեծ թիւով հայրենակիցներ, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան մնացին, բարգաւաճեցուցին, մոխիրներու մէջէն վերածնունդ պարգեւեցին հայ գաղութին:

Veni, Vidi, Vici. Քանի մը տարի առաջ այցի գացած էի ծննդավայրս: Անհաւատալի իրականութիւն մը պարզուեցաւ աչքերուս առջեւ: Հայկականութիւն բուրող վայր մը, որ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ հանդիպիլ սփիւռքի որեւէ երկրի կամ քաղաքի մէջ:

Իբրեւ հայկական համայնքի, ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր իրաւունքները, եթէ ոչ՝ լիբանանեան խորհրդարանի մեր հայ ներկայացուցիչները: Հայ երեսփոխաններն ու նախարարները, եւ այդ մէկը կարելի է կատարել փոքրիկ, շատ փոքրիկ զոհողութեամբ մը, որ զոհողութենէ աւելի՝ ազգային պարտականութիւն մը պէտք է համարել:

«Ինձմէ ետք՝ ջրհեղե՞ղ»: Մեծագոյն ամօթն է նման բան մը մտքէն իսկ անցընելը: «Մենք մեր մորթը ազատեցինք», «Կ՚ապրինք աշխարհի ամենապերճ երկրին մէջ»: Նման խօսքեր ցնորքներ են:

Քուէարկութեան թուականը մօտեցած է: Արդէն իսկ ամիսներ առաջ ինծի նման շատեր արձանագրուած են եւ պատրաստ քուէարկելու՝ որպէս տիպար լիբանանցի, նաեւ՝ որպէս տիպար հայ, որպէս տիպար լիբանանահայ:

Յիշողութիւնս զիս կը վերադարձնէ Լիբանան գտնուած տարիներուս կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Քուէարկելու տարիքս չէր տակաւին, սակայն կամաւոր աշխատանքներ կը կատարէինք մեր շրջանի «Ազիրեան» ակումբին մէջ: Անուններու արձանագրութիւն:

Տօնական օրերու եռուզեռ մը կը տիրէր հայահոծ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ: Ընտրական կեդրոններու տեղերը նշուած ինքնաշարժներու վրայ՝ քուէարկողները կը փոխադրէին շրջանէ շրջան:

Ընտրապայքարի օրերուն «Սարդարապատ» ակումբին մէջ կը հանդիպէինք փաղանգաւոր կուսակցապետ Փիէռ Ժեմայելին եւ իր երկու տղոց՝ Ամին եւ Պեշիր Ժեմայելներուն, իսկ մեր յաղթական արդիւնքները յայտնուելէ ետք, տօնախմբութիւն էր ամէնուրեք: Ինքնաշարժներու ճչակի ձայները կը լեցնէին Պուրճ Համուտի փողոցները:

Կոկորդնիս պատռելու աստիճան կը պոռայինք՝ «Տիգրան Թոսպաթ, Ժոզէֆ Չատեր, Տէր Գալուստեան, Պապիկեան»:

Այդ տարիներուն ՀՅԴ-ի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ցանկին մէջ կը գտնուէր Ժոզէֆ Չատեր՝ իբրեւ հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ, սակայն խորքին մէջ ան կը ներկայացնէր Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը: Փոխ-նախագահն էր այդ կուսակցութեան:

Ներկայիս ՀՅԴ-ն իր ցանկին մէջ ունի ՀԱՅ թեկնածու մը, որ կը ներկայացնէ հայ կաթողիկէ համայնքը եւ ոչ թէ օտար կուսակցութիւն մը:

Աւելի ուշ խորհրդարանի ցանկին մէջ ունեցանք յաւելեալ անուններ: Աճած էր լիբանանահայութեան թիւը:

Յիշելէ ետք այդ երանելի օրերը, կը վերադառնամ Լոս Անճելըս:

Ամերիկեան քաղաքացի եմ: Կեղծ խոստումներու հաւատք ընծայելով՝ կ՚ուղղուիմ քուէարկութեան կեդրոններէն մէկը, որ տունէս քանի մը քայլ անդին, թաղային հանրային վարժարաններէն մէկն է:

Մեռելատուն մը ըլլար կարծես: Ո՛չ մէկ շշուկ, մարդիկ լուռ ու մունջ, ամենայն հնազանդութեամբ եւ կարգապահութեամբ կ՚անցնին վարագոյրի ետին եւ կ՚արձանագրեն անուններ ու կը զետեղեն քուէատուփի մը մէջ: Անծանօթ անուններ: Կը փնտռեմ Հայ դատի կողմէ մեզի յանձնարարուած անունները: Թերահաւատութեամբ կը մասնակցիմ քուէարկութեան:

Երեկոյեան հեռատեսիլէն կը ստանանք արդիւնքները:

Ո՛չ ուրախութիւն եւ ո՛չ ալ տրտմութիւն:

Ամէն տարի Ապրիլ 24-ի տօնակատարութիւններուն կը հանդիպինք օտար դիւանագէտներու, որոնք կու գան իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու հայ համայնքին: Մեծամասնութեամբ հրեաներ են եւ իրենց խօսքերուն մէջ, Ցեղասպանութենէն աւելի, կը յիշեն Հոլոքոստ բառը:

«Ամէն մարդ իր մարտիրոսը կու լայ»:

Ընտրութիւններու տարիներուն օտար դիւանագէտներու թիւը կը բազմապատկուի:

Խոստումնե՜ր… խոստումնե՜ր:

Նախագահական թեկնածուներ կը խոստանան ճանչնալ Հայոց արհաւիրքը, սակայն ընտրութենէ անմիջապէս ետք այդ խոստումները կը ցնդին օդին մէջ:

Խոստումնե՜ր… խոստումնե՜ր:

Պարագան բոլորովին տարբեր է Լիբանանի մէջ, ուր հայութիւնը իր խօսքը ունի եւ այդ մէկը՝ շնորհիւ մեր հայ ներկայացուցիչներուն:

«Վանայ Ձայն»ին միջոցով գրեթէ ամէն օր կը հետեւիմ լիբանանեան հեռատեսիլի լուրերուն: Կը յիշեմ լիբանանցի քաղաքագէտի մը արտասանած ճառը:

«Լիբանանահայը կը վայելէ ԲՈԼՈՐ բարիքները եւ իրաւունքները տեղացի արաբներու նման»:

Ո՞ր երկրին մէջ կարելի է հանդիպիլ նման խօսքի, որ ինքնին արտասանուած խօսք մը չէ լոկ: Անժխտելի իրականութիւն մը:

 «Մեր կեանքն է հոս, մեր տունն է հոս,

Մենք ծնած ենք ազատ եւ ըմբոստ,

Կը զոհուինք, որ դուն յաւերժ բարձրանաս,

Լիբանա՛ն, մեր արիւնն է քեզի ընծայ»

Լիբանանն ենք նաեւ մե՛նք:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018