ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻՆԵՐ

-Տոքթոր Մերուժը հո՞ս է:

Իրարու հարց կու տան սուրիահայ կիները Երեւանի ՀԲԸՄ-ի, Վահէ Կարապետեան շէնքի, Քլոտիա Նազարեան բժշկական կեդրոնէն ներս, երբ ցուցատախտակին վրայ կը տեսնեն Տոքթոր Մերուժին անունը կինեքոլոք մասնագէտի ցանկին մէջ: Այս գողտրիկ կեդրոնը Հալէպ կը բուրէ, ամէն այցելութեան հոն ծանօթի մը կարելի է հանդիպիլ:

Ու կը սկսին յիշողութիւնները կապուած Հալէպի Տոքթոր Մերուժին անձնական դարմանատան հետ, որ կը գտնուէր Թիլէլ-Ազիզիէ հատման ուղիին մօտ, Հին Հրշէջներուն շրջանը, անուշավաճառ Սարգիսին վրայ՝ առաջին յարկը, ինչպէս նաեւ տեղի կ՚ունենան հիւանդանոցներուն մասին զրոյցեր, ուր ան կը յաճախէր...:

Կիները կը սկսին խօսակցիլ եւ յուշ-յուշ վերականգնել անցեալը: Մին կը յիշէ Տոքթոր Մերուժի հիւանդանոցի հիւանդներուն այցելութեան պահը, երբ ան բժշկական շրթնաներկը ձեռքին, զուարթախոհութեամբ կը մտնէր հիւանդներուն սենեակները, կը թելադրէր քսել հիւանդին շրթներուն, կատակներով կը բարձրացնէր անոնց հոգեվիճակը, տրամադրութիւնը: Միւսը կը յիշէ շնորհաւորանքները բժիշկին եւ ապագայ ծնունդին համար տարեթիւի որոշումը, ուրիշ մը՝ գործողութենէն առաջ բժիշկին զուարթ դէմքը եւ մանաւանդ հիւանդին նախապատրաստելու համար՝ «Վաղը մազերդ շինուած, դէմքդ շպարուած կու գաս, հապա՛, նոր շունչ մը պիտի ծնի քեզմէ», ըսելը, տարեց կին մը կը յիշէ, թէ ինչպէս Տոքթոր Մերուժը կանխագուշակած էր իր կուրծքի ուռեցքը եւ առաջնորդած զինք ճիշդ դարմանումներու...:

Այո՛, 1968-ին Երեւանի բժշկական համալսարանը յաճախած եւ 1971-ին մասնագիտութեամբ Հալէպ վերադարձած՝ կնախտաբան Մերուժան Քիրիշեանը հոս է ու կը շարունակէ ծառայել իր ասպարէզին ու հիւանդներուն:

Տարագրութենէն մինչեւ հայրենադարձութիւն, Սեբաստիայէն մինչեւ Հայաստան եւ այլուր Քիրիշեաններուն կեանքի ուղին կը պարզուի այս հարցազրոյցով.

-Հայրենիքէն վկայեալ՝ Դուք, արդեօք կը յուսայի՞ք, թէ օր մը հոս պիտի նուրիուէիք նոյն ասպարէզին:

-Երազած եմ, գուցէ եւ հին գործընկերներու հետ աշխատելու եւ կամ առիթ ունենալու նորութիւնները միասին տեսնելու, բայց կեանքի պայմաններուն բերումով այդ մէկը չյաջողեցաւ, քանի որ յատուկ դիմում պէտք էր որ ներկայացնէի, ապա, ընդունուելէ ետք եռամսեայ մասնագիտութեան պիտի հետեւէի, պայմաններս չէին ներեր: Բայց հոս, համեստ ծառայութիւն կը մատուցեմ հիւանդներուս, մեծ սիրով:

-Հալէպահայերս պատերազմի պատճառով լքեցինք մեր ծննդավայրը: Իւրաքանչիւրիս համար ծանր էր այդ լքումը եւ իւրաքանչիւրս կարօտով յուշ մը պահած ենք հոնկէ: Ձեր մտապատկերին մէջ ի՞նչը կը մնայ:

-Ամէն ինչ կը յիշեմ: Թէեւ շատ շուտ համակերպող եմ, գիտեմ որ հոս, այս է պայմանս, բայց վերջ ի վերջոյ Հալէպի ընկերային շրջանակը՝ բժշկական շրջանակը, ակումբային շրջանակը կը փնտռեմ: Ակումբի գործունէութիւն տարած եմ, ՀԲԸՄ-ի «Ադամեան» թատերախումբի վարչական եղած եմ, «Անտառի զաւակները» թատրոնին պարերը ես սորվեցուցած եմ: Շրջան մըն ալ, նոյն ակումբէն ներս, կրթական յանձնախումբին մաս կազմած եմ, սակայն չէի փափաքեր միայն անունով մնալ այդ շրջանակէն ներս, եւ երբ մի քանի բացակայութիւն նկատեցի, հրաժարեցայ այդ գործունէութենէն, բայց զիս փոխարինեց կինս՝ հայաստանցի ելեկտրական չափագիտութիւն աւարտած Ճիւլիան, «Ադամեան» թատերախումբի վարչականի պաշտօն ստանձնելով, որ երկար տարիներ անյապաղ շարունակեց ծառայել:

Հալէպէն հետս բերած եմ գորգ մը, որ ինծի համար իւրայատուկ է՝ «Հայ գիրերու գիւտը» Գրիգոր Խանճեանի աշխատանքը, աշխատցուած Էջմիածինի մէջ, Պարսկաստանի մէջ պատրաստուած: Ուրիշ զոյգ գորգեր ալ ունիմ շատ թանկագին, զորս կ՚ուզեմ անպայման բերել, մօրս ու հօրս նշանտուքին (1934) համար յատուկ ապսպրուած գորգեր են: Մայրս եւ հայրս սեբաստացի էին, հայրս Հալէպ ծնած է, մայրս տարագրուած է հոնկէ: Սեբաստացիները Հալէպի մէջ ունէին քամփ մը կիւրինցիներուն պէս, կոկիկ քամփ մըն էր, հոն կար գորգի գործարան մըն ալ, ուր աշխատցուած են այս զոյգ գորգերը, քեռիս եղած է ձեւաւորողը: Տարբեր, անզուգական փայլք մը ունի: Նոյն օրինակը վաճառքի համար աւելի խիտ կ՚աշխատցուէր: Քամփին մէջ կ՚աշխատէին գորգերը ու կը ղրկէին Միացեալ Նահանգներ, ուրկէ եկած գումարէն կ՚օգտուէին:

-Վերադառնալու ցանկութիւն ունի՞ք:

-Ոչ, հոս հաստատուած ենք: Տաս տարի առաջ հոս տուն առինք, հայաստանցի կնոջս ցանկութեամբ, ան միշտ կը կրկնէր, որ պէտք է հայրենիքի մէջ բնակարան մը ունենանք, մեր ապագան հոն է: Այդպէս ալ եղաւ թէ՛ ճակատագրի բերումով եւ թէ մեր որոշմամբ:

-Ինծի համար նորութիւն էր, թերեւս նաեւ շատերու, տեսնել Ձեր գծագրութիւնները՝ նկարչական արուեստի տաղանդին դրսեւորումը: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս զարգացած է:

-Հինգ տարեկանէս կը գծէի: Մանկապարտէզի գիրքիս լուսանցքները գծագրութիւններով կը զարդարէի՝ ծաղիկ, կօշիկ, եւ այլն: Տասնհինգ տարեկանիս Սարեան ակադեմիան բացուեցաւ Հալէպի մէջ՝ Զարեհ Գաբլանի օրով: Հոյակապ ուսուցիչ մըն էր ան, կը յիշեմ առաջին նկարչութեան պահերէն մէկուն ընթացքին իր մէկ խօսքը, թէ՝ «Մատիտ շարժելը կարեւոր չէ, կարեւորը նիւթը լաւ ձեւով ընկալելն ու տեսնելն է», շատ կարեւոր միտք մըն է ասիկա, որ առ այսօր դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ: Սարեան ակադեմիայի առաջին աշակերտներէն էի, սակայն միայն երկու տարի հետեւեցայ, քանի պրովէի (միջնակարգ) տարին արաբերէնի հարց ունէի, երբեք չէի գիտեր: Ալեբբօ քոլէճի մէջ պայման էր արաբերէնի իմացութիւնը, յաջողեցայ, սակայն 43-է աւելի հայ աշակերտներ դուրս մնացին, չյաջողեցան: Ան որ արաբական վկայական չունէր, չկրցաւ շարունակել:

Տարիներ ետք, երբ տղուս՝ ընդհանուր բժիշկ՝ Յակոբ Քիրիշեանի, քով Միացեալ Նահանգներ գացի, առաջին անգամ կեանքիս մէջ դատարկութիւն զգացի, լրիւ մեկուսացած էի, բայց ստիպուած էինք տեղացիութիւն ձեռք ձգելու համար երկար մնալու: Տղաս նկատեց վիճակս, օրին մէկը ինծի նուիրեց նկարչութեան պիտոյքներ, հոն է որ դարձեալ սկսայ շարժել վրձինը, սակայն նկատեցի որ տակաւին թերութիւններ ունիմ. ուստի երբ Հալէպ վերադարձայ, 70 տարեկանիս, վերսկսայ հետեւիլ Սարեան ակադեմիա: Երբ առիթս ներէր կ՚երթայի, Պրն. Հրազդան Թոքմաճեանին ցուցմունքներուն կը հետեւէի, մէջս բաներ մը վերականգնեց ան, շատ մեղմ ձեւով ու բաւական բարելաւեցան գծագրութիւններս անկէ ետք: Այժմ ունիմ հարիւրէ աւելի նկարներ: Թոռնիկս ամէն տարի ունի հատ մը ինձմէ, որուն մէկ դիմանկարը հոս՝ ցուցահանդէսի մը ընթացքին, ցուցադրուեցաւ:

Կեանքիս նպատակը չէ եղած նկարչութիւնը, սակայն տարին մէյ մը երբ ճամբորդեմ տարբեր երկիրներ, առաջին այցելութիւններս կ՚ըլլան թանգարանները: Որեւէ լաւ նկարչութիւն կը յուզէ զիս, եւ անպայման տարին հատ մը, ճամբորդութեան միջոցին կը նկարեմ: Հիմա, Աբովեանի նկարչութեան կեդրոնը երբ ցուցահանդէս մը ըլլայ, անպայման ներկայ կը գտնուիմ, կը ճանչնան զիս պաշտօնեաները: Կը յիշեմ, երբ Պոլիս այցելեցի, Պալեաններու գեղատեսիլ կառոյցէն չկրցայ ելլել, յուզումը պատած էր էութիւնս, հոն էին Այվազովսկիին չորս իսկական կտաւները, ոչ բնօրինակները, հիանալի էին:

-Ուսումնատենչ ընտանիք մըն էք, Տոքթո՛ր, դուք բժիշկ, ձեր որդին բժիշկ, լսած եմ նաեւ ձեր քոյրը դարձեալ բժշկուհի է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս ուսումնատենչութիւնը արմատներ ունի՞:

-Արմատները, կարելի է ըսել, հօրմէս կու գան: 1910-ի, Հալէպի ծնունդ է Հայրս, երկրաչափութիւն ուսանած է, սակայն ուսման երկրորդ տարեշրջանին իր հայրը մահացած է, թողլով հինգ աղջիկ զաւակ հօրս ճիտին, որուն պատճառով ան ստիպուած հեռացած է ուսումէն ու նուիրուած ընտանիքին, սակայն երբ ես երկրորդ դասարան էի՝ ութ տարեկան, ան աւարտեց երկրաչափութիւնը: Ան միշտ աշխատած է այս ասպարէզին մէջ: Իր դաստիարակութեան հիմնական առանցքը՝ զաւակները տեսնել ուսումը աւարտած, վկայեալ:

Հայրս պէտք եղածէն աւելի գիտակից մարդ էր եւ սարսափելի աշխատասէր: Պետական պաշտօնեայ էր Հալէպի Պետական թանգարանէն ներս, կէսօրէ ետք ալ, կէս դրոյթով, կ՚աշխատէր որպէս երկրաչափ: Ան ֆրաանսախօս էր, մայրս ալ Հալէպի Հայկազեան նախակրթարանը աւարտելէ ետք յաճախած է Ֆրանսիսքան, ուրկէ պրովէի վկայական ստացած է:

Ալեբբօ քոլէճի մէջ ուսումս չշարունակեցի, ես եւ քոյրս յաճախեցինք Լիբանանի AUB-ն, սակայն հոն ահաւոր սուղ էր, ուստի որոշեցինք ուսումը շարունակել Երեւանի բժշկական համալսարանը: AUB-ի մէջ, 11-րդ դասարանին, միտքս դրած էի բժշկութիւն ուսանիլ՝ plastic surgery, սակայն երբ հոս կ՚ուսանէի, հինգերորդ տարին, հայրս մահացաւ, չկարողացայ այդ մասնագիտութեան հետեւիլ, քանի Միացեալ Նահանգներ պէտք է երթայի, ուստի կնախտաբանի մասնագիտութեամբ շարունակեցի աշխատանքս Հալէպի մէջ, բայց եղբօրս տղան ուսանեցաւ plastic surgery:

Քոյրս շարունակեց իր մասնագիտութիւնը AUB-ի մէջ, հոնկէ վկայուեցաւ, եւ երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ շրջան մը աշխատելէ ետք, հիւանդանոցի նորընտիր տնօրէնութիւնը չվաւերացուց իր վկայականը, ան ստիպուեցաւ տեղւոյն վկայականը ձեռք ձգելու համար նորէն մտնել ուսման ուղին, որմէ 51 տարեկանին մասնագիտական բարձրագոյն վկայական ձեռք ձգեց Միացեալ Նահանգներու մէջ, ապա երկար տարիներ աշխատեցաւ այդ վկայականով:

-Հիւանդ-բժիշկ փոխյարաբերութեան մասին ի՞նչ կ՚ըսէք Ձեր երկար տարիներու փորձէն ելլելով:

-Անկեղծութիւնը առաջին հերթին, ապա պիտի մտնես հիւանդին հոգեկան վիճակին մէջ, թէ՛ հոգեկան, թէ՛ առողջական վիճակին մէջ: Գիտութիւնդ պիտի աշխատիս ամփոփել այդ հիւանդին մէջ: Ո՛չ ժամանակը, ո՛չ նիւթը պէտք է խնայես: Եթէ նուիրուածութիւն եւ հետեւողականութիւն կայ, կարելի է յաջողութիւն ձեռք ձգել: Իբր հարազատ պիտի դիտես հիւանդը, թէ երբ իր քովի պակասը կամ աւելորդը եթէ դուն ունենայիր, ի՞նչ կ՚ընէիր, իր պատմութիւնը ամբողջութեամբ պիտի վերլուծես: Ենթադրութիւններով բժշկութիւն չ՚ըլլար:

Արդէն բժշկութիւնը գիտականօրէն, իբր ուսումնասիրութիւն, յետամնաց է միւս գիտութիւններէն՝ երկրաչափութիւն, կենսաբանութիւն, եւ այլ գիտութիւնները այդպէս չեն: Մանաւանդ Հալէպի մեր պայմաններուն մէջ, նոյնիսկ անհրաժեշտ տարրալուծարանները չունէինք: Աշխարհը ցատկելով կը քալէր, մենք տեղքայլ էինք: Եթէ տեղքայլ ես, արդէն իսկ յետընթացութիւն է անիկա: Եթէ անձնական հետեւողականութիւն չըլլար, կարելի չէր զարգանալ ասպարէզի մը մէջ, մանաւանդ մեր ասպարէզին մէջ: Օրական գոնէ կէս-մէկ ժամ կը կարդայի անգլիական բժշկական պարբերականներ: Մէյ մը որ մխրճուեցար, նորութիւն տեսար, աւելի կը խորանաս, ու հետեւելու ցանկութիւնը կը կրկնապատկուի մէջդ: Անշուշտ համալսարանի գիտելիքներն ալ անհրաժեշտ են, կ՚ուրախանաս, երբ յանկարծ, օր մը, առաջին ուսումնական տարուան գիտելիք մը յիշած եւ օգտագործած ես:

-Հոս Ձեր հիւանդներուն մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ նկատեցիք:

-Հիւանդներս բոլորը յիշեցի, բայց մենք հոս միայն նախնական օգնութիւն կ՚ընենք, որովհետեւ, ինչ ալ ըլլայ, մեր գործին մէջ միջամտութիւններ պիտի ըլլան: Պայմաններ չունինք եւ իրաւունք ալ չունինք, եւ եթէ հիւանդ մը ուղարկես ուրիշ բժիշկի մօտ, անկէ ետք ալ զայն չես տեսներ, աշխատանքիդ արդիւնքը չես տեսներ:

Հալէպի մէջ ամենածանր գործողութեան կը նախապատրաստէի հիւանդը առաւելագոյնս մէկուկէս օրուան ընթացքին, շրջանակը ծանօթ էր: Հոս այդպէս չէ, կը յետաձգուի, հիւանդութիւնը չի սիրեր յետաձգուիլ: Սակայն նորութիւններ միշտ ալ կան, այս պայմաններով երկրի մը համար բժշկութիւնը բաւական յառաջացած է: Լաւ մասնագէտներ կան. աշխարհին հետ, նորութիւններուն հետ կապ կայ: Ամէն մէկ մասնագէտ իր ճիւղին մէջ խորացած է: Եթէ տնտեսական պայմանները լաւանան, կը կարծեմ, որ բժիշկ-հիւանդ փոխյարաբերութիւնն ալ կը մտնէ իր բնականոն հունին մէջ:

-Տնտեսական վիճակ ըսինք, ի՞նչ կ՚ըսէք այս օրերու իրադարձութիւններուն մասին: Սուրիահայ բարեկամներ յաճախ` «Անձրեւէն փախանք, կարկուտին բռնուեցանք», կ՚ըսեն, իրենց սոսկումը արտայայտելով:

-Նորութիւն է ամբողջ աշխարհի համար այս ձեւով յեղափոխութեան մը իրականացումը: Բայց սպասենք ու տեսնենք, շարժումը լաւ շարժում է, կիրթ ու խաղաղ, բայց նայինք ի՛նչ արդիւնքի պիտի յանգի, եթէ այսպէս շարունակուի: Մեր ցանկութիւնը ատ է՝ բարելաւում, բայց ուղիղ ճանապարհով:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018