ԼԵԶՈՒԱԿԱՊ-TONGUE TIE
Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լեզուին տակը ի ծնէ ունի պզտիկ, աննշան, բարակ խլնաթաղանթային մաշկ մը (band), որ կը կոչուի սանձ-սանձիկ (frenulum): Այս կապը ոչ մէկ պաշտօն ունի եւ ոչ մէկ ձեւով արգելք կը հանդիսանայ լեզուի շարժումներուն: Ընդհանրապէս սանձիկը ամբողջութեամբ եւ կամ մասնակի կ՚անյայտանայ ծնունդէն քանի մը ամիս ետք: Բնական պայմաններու մէջ սանձիկի ներկայութեան լեզուն ազատօրէն կը շարժի, կը ցցուի բերնէն դուրս եւ կը դպչի քիմքին ու ակռաներուն:
Շատ մը նորածին մանուկներու մօտ այս սանձիկը աւելի մեծ, հաստ եւ նշմարելի կ՚ըլլայ եւ կ՚երկարի լեզուի ծայրամասէն մինչեւ բերնի յատակը: Այս ան-բընական մաշկը կը կոչուի լեզուակապ: Ուրեմն լեզուակապը ընդոծին անբնական մաշկ մըն է լեզուին տակը:
Լեզուակապը կը սահմանափակէ լեզուի շարժումները: Լեզուակապ ունեցող մանուկը չի կրնար լեզուն ազատօրէն շարժել բերնին մէջ, լեզուն բերնէն դուրս ցցել եւ լեզուն քիմքին դպցնել: Անոր լեզուին ծայրը կ՚ըլլայ ճզմուած-ճնշուած (pinched), երբ ան կը փորձէ լեզուն բերնէն դուրս ցցել: Ան կ՚ունենայ ուտելու, խօսելու, կլլելու եւ մօրը կրծքագեղձի պտուկը ծծելու դժուարութիւն: Այս դժուարութիւններու տարողութիւնը կախեալ է լեզուակապի չափէն, հաստութենէն եւ կարծրութենէն, այսինքն պզտիկ լեզուակապ ունեցող մանուկը հաւանաբար վերոյիշեալ դժուարութիւնները չունենայ:
Լեզուակապը կը պատահի թէ՛ տղոց եւ թէ աղջիկներուն, սակայն առաւելաբար՝ տղոց: Ընտանիքի մը մէկէ աւելի անդամներ կրնան ունենալ լեզուակապ: Անիկա կը յայտնուի նաեւ սերունդէ սերունդ:
Լեզուակապ ունեցող երեխան կ՚ունենայ որոշ բարդութիւններ, այսպէս՝
1.- Սնանելու դժուարութիւն.- Մանուկին մայրը չի կրնար բնական ձեւով դիեցնել իր զաւակը: Բնական պայմաններու մէջ դիեցումի ժամանակ մանուկը կը զետեղէ իր լեզուն վարի լինտին վրայ, որպէսզի կարենայ ծծել մօրը կրծքագեղձին պտուկը: Լեզուակապի պարագային մանուկը չի կրնար ազատօրէն շարժել իր լեզուն եւ զետեղել լեզուն վարի լինտին վրայ, հետեւաբար ան չի կրնար ծծել մօրը պտուկը: Մանուկը կը չարչարուի, կը յոգնի, կատարեալ չափով սնունդ չի ստանար, իսկ մայրը կը տառապի պտուկի ցաւէ:
2.- Որոշ գիրերու հնչողութեան դժուարութիւն, մասնաւորապէս՝ Դ, Տ, Զ, Ս, Ր գիրերը: Մանուկը այս դժուարութիւնը կ՚ունենայ, որովհետեւ չի կրնար իր լեզուն դպցնել քիմքին եւ շրթունքներուն:
3.- Բերնի վատառողջ վիճակ, լինտաբորբ, ակռաներու փտում (decay) եւ վարի առջեւի երկու ակռաներու բացութիւն: Երեխան չի կրնար լեզուով մաքրել ակռաները եւ լինտերը՝ լեզուի անշարժութեան պատճառով:
4.- Պաղպաղակ կամ սառոյց ծծելու դժուարութիւն:
5.- Շրթունքները ծծելու դժուարութիւն, հետեւաբար՝ համբուրելու եւ փողային գործիք նուագելու դժուարութիւն:
Լեզուակապի ախտաճանաչումը բացայայտ է:
Իսկ անոր դարմանումը կը կատարուի վիրաբուժական մանր գործողութեամբ մը: Բժիշկները ունին երկու մօտեցում՝ կատարել գործողութիւնը ծնելէ անմիջապէս ետք եւ կամ սպասել, ամիսներ կամ տարիներ, ու ետքը կատարել գործողութիւնը: Առաջին մօտեցումին ջատագովները կ՚ըսեն հետեւեալը. կրնայ պատահիլ, որ լեզուի եւ բերանի աճման հետ լեզուակապը ինքնաբերաբար պզտիկնայ եւ անհետանայ:
Վիրաբուժական գործողութիւնը, մանուկներու պարագային, կը կատարուի ընդհանուր զգայազրկումով, իսկ չափահասներու պարագային՝ տեղային զգայազրկումով: Գործողութիւնը կը կատարուի երկու ձեւերով.
1.- Սանձիկի հատում (frenectomy).- Այս ձեւը կը կիրարկուի երբ լեզուակապը պզտիկ է:
2.- Սանձիկի գեղագիտական հատում (frenoplasty), որ կը կատարուի, երբ լեզուակապը մեծ է: Այս պարագային լեզուակապը կը հատուի անբողջապէս, գեղագիտականօրէն:
Երկու գործողութիւներն ալ թեթեւ գործողութիւններ են եւ ոչ մէկ բարդութիւն կը յառաջացնեն: Գործողութենէն անմիջապէս ետք մանուկը կը սկսի դիւրութեամբ ծծել մօրը կրծքագեղձին պտուկը, ան լաւ կը սնանի, լեզուն կ՚ունենայ բնական երեւոյթ, երբ բերնէն դուրս կը ցցուի, եւ բոլոր բարդութիւնները կ՚անհետանան:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մոնրէալ