«ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ» (ՑԻՐՈՒՑԱՆ ԷՋԵՐ)

Վերջերս աւարտեցի հայազգի մեծ գրող, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Վահան Թէքէեանի «Երկու Դրախտներ - ցիրուցան էջեր» գիրքը, որ լոյս տեսած է 2017 թուականին Իսթանպուլի մէջ, որպէս «ԺԱՄԱՆԱԿ 100 տարի» մատենաշարի հինգերորդ հրատարակութիւնը: Գիրքը կազմած, խմբագրած է ու ծանօթագրած է Սեւան Տէյիրմենճեանը, իսկ յառաջաբանը գրած է՝ Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը: Գիրքը թղթակազմ է եւ բաղկացած 482 էջերէ: Գիրքը լոյս տեսած է Նշան Քարայի մեկենասութեամբ:

Կարդալով «Երկու դրախտները» գիրքը, ընթերցողը այնտեղ աւելի մօտիկէն ու առաւել լաւ կերպով պիտի ճանչնայ ու ծանօթանայ Վահան Թէքէեան հրապարակախօսին, որ իր անկեղծութեամբ եւ սուր գրիչով հարցերը ընդհանրապէս ներկայացուցած է այնպէս՝ ինչպէս որ կան: Այս առումով կ՚արժէ կարդալ յատկապէս հատորին մէջ տեղ գտած հետեւեալ գրութիւնները «Օրմանեան սրբազան եւ Երուսաղէմ, անձնական բողոք մը եւ ճշդում մը» (էջ 298-334). այս գրութեան ամփոփումն ինքն իսկ՝ Թէքէեանը տուած է, հետեւեալ քանի մը տողերուն մէջ. «Հիմա կը սկսիմ մտածել՝ թէ քանի որ կան մարդիկ որոնք ներողամտութիւնը տկարութիւն կը մեկնեն, պէտք է միշտ նախ դիմակազերծ ընել, ձաղկել կամ պատժել յանցաւորները եւ յետոյ միայն ներել» (էջ 312): Յաջորդ գրութիւնը՝ «Արփիար Արփիարեան “Մատնիչ”» (էջ 335-354). այս գրութիւնը գրելուն պատճառը հետեւեալ ձեւով կու տայ Թէքէեան. «Կան պարագաներ՝ ուր պաշտպանութիւն մը ոչ միայն աւելորդ է, այլ՝ կարծես ակամայ նախատինք մըն է պաշտպանեալին համար, որ պէտք չունի, պէտք ունենալու չէր ոեւէ պաշտպանութեան: Բայց այս “նրբութիւնը” չի հասկցուիր եղեր մեր մէջ: Բայց բարոյապէս ստիպուած եմ եղեր խօսելու: Խօսի՛նք ուրեմն» (էջ 335): Երրորդ գրութիւնը՝ «Խրիմեան եւ կուսակրօնութիւնը (Յուշեր եւ Նօթեր)» (էջ 369-377). իսկ այս գրութեան հիմնաւորումը կը տեսնենք գրութեան առաջին տողերուն մէջ իսկ. «Շատերու համար Խրիմեանը այսօր անուն մըն է միայն. ինծի համար անիկա դէմք մը, նայուածք մը, հասակ մը եւ ձայն մըն է նաեւ» (էջ 369): 

Թէքէեանի մասին շատ յաճախ ըսուած է, թէ ան կուսակցամոլ եղած է, սակայն Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան իր յառաջաբանին մէջ այս մասին այսպէս կը գրէ. «Թէքէեան շեշտուած նկարագրով կուսակցական գործիչ մըն էր Պոլսոյ մէջ եւ թէեւ իր ժամանակակիցները կը վկայեն իր կուսակցամոլ մը չըլլալը, անոնցմէ աւելի՝ իր յօդուածներն են որ կու տան մեզի կուսակցամոլութենէ հեռու կանգնած առողջ հանրային գործիչի նկարագրին վկայութիւնը:

“Կուսակցական Եսասիրութիւն” խորագրեալ յօդուածը1 յատկանշական է այս եւ ուրիշ առումներով: Թէքէեան կուսակցամոլութիւնը կը նկատէ պատճառ մը անմիաբանութեան “զոր մեր մամիկներն ու մանկապարտէզի տղաքն անգամ կը ճանչնան իբրեւ գերազանցապէս հայայատուկ բերք, բազմառա՜տ որոմ որ կը խեղդէ մեր ցորենը…”: Դժգոհանքով կ՚աւելցնէ. “…մեր յեղ. կուսակցութեանց ծագումին հետ միաժամանակ ծնած է նաեւ կուսակցական եսասիրութիւնը, ամենէ՛ն անհեթեթ, ամենէն զարտուղի զգացումը զոր կարելի է երեւակայել եւ որ մեծնալով՝ խեղդած է միւս բոլոր զգացումները, հայրենասիրութեան զգացումն ալ մէջը ըլլալով”: Ապա իր գրութիւնը կ՚աւարտէ հռետորական հարցադրումով մը, տխուր գալիքի նախազգացումով. “Կրնա՞ն կուսակցութիւնները մաքրուիլ, զտուիլ եսասիրութենէն: Եթէ չեն կրնար, հետզհետէ վնասակար պիտի ըլլան ազգին, ու զարմանալու չէ եթէ սահմանադրութեան արեւին տակ Թուրքիոյ Հայերը ներքնապէս աւելի հիւծին ու տկարանան հետզհետէ՝ փոխանակ կազդուրուելու եւ զօրանալու…”» (էջ 16): Կարդալով Թէքէեանի մտածումները կուսակցական եսասիրութեան մասին եւ պահ մը ներկայ փոխադրուելով, կը նկատենք, որ աւելի քան 110 տարիներ ետք այդ գրութեան թուականէն, շատ բան չէ փոխուած մեր իրականութեան մէջ եւ կուսակցական եսասիրութիւնն ու կուսակցամոլութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց աւերիչ գործունէութիւնը:

Իր յառաջաբանին վերջաւորութեան Դոկտ. Ղազարեան կու տայ հետեւեալ վկայութիւնը այս հատորին մասին. «Հատորին մէջ խմբուած գրութիւնները, որքան ալ սակաւաթիւ՝ բաղդատած Թէքէեանի հսկայաթիւ հրապարակագրական էջերուն հետ, կրնան ընթերցողը համոզել թէ Թէքէեան-հրապարակագիրը բնորոշող յատկանիշներն են՝ խիզախութիւն, խնամուած եւ բաւական պարզ, դիւրահասկնալի լեզու մը, զսպուածութիւն, լրջախոհութիւն, երեւոյթներու եւ իրողութիւններու հիմնական շարժիչներուն կամ էութեան թափանցելով զանոնք վերլուծաբար, առանց խեղաթիւրումի եւ իրապաշտօրէն ընթերցողներուն մատուցելու ճիգ, օտարներու դրական յատկանիշները հայոց մէջ տարածելու եւ արմատաւորելու ձգտում՝ հաւատալով մամուլի վերծանիչ դերին եւ զայն դիտելով իբրեւ ազգային նկարագրի եւ քաղաքացիական հասունութեան կերտիչ: Ընթերցողն անոր նախադասութիւններուն ետին կը գտնէ իր խօսքը կշռադատող եւ զգացումները չարաշահելէ խուսափող հրապարակագրին ներկայութիւնը» (էջ 33):

Այժմ ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնեմ փունջ մը մտածումներ Թէքէեանէն, որ տեղ գտած են այս հատորին մէջ:

Այսպէս.

“Հայ Մեպուսը յառաջիկայ Օսմանեան Խորհրդարանին մէջ” յօդուածին մէջ, այսպէս կարդանք. «Մարտիրոսացած ժողովուրդի մը համբաւը ունինք, տխո՛ւր համբաւ, զոր մենք չընտրեցինք, զոր պիտի ուզէինք չունենալ, մինչդեռ ատ միայն ունինք գրեթէ: Ցաւն ալ յարգանք կը ներշնչէ, եւ մենք կը վայելենք քիչ-շատ այդ յարգանքը ի բացակայութեան լաւագոյնին: Մեր ցաւագին, ցաւատանջ վիճակը անցեալին մեզի թողած միակ ժառանգութիւնն է՝ որ շատ բան չէ, մանաւանդ հաճելի բան մը չէ, բայց զայն գործածելու համար ալ նորէն արժանաւորութիւն պէտք է: Եթէ մեր մէջը չենք կրնար, գոնէ օտարներուն առջեւ այնպէս մը ներկայանալու ենք՝ որ գէթ մեր տառապանքին ներշնչած համակրութիւնը չկորսնցնենք» (էջ 58-59):

“Եւրոպայի հայանպաստ շարժումը Կալտսթընի վերջին ճառը” յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Նորէն հայանպաստ շարժում Եւրոպայի մէջ: Օ՜հ, այս բառերը. “հայանպաստ”, “հայահալած”, “հայաջինջ”, “հայակեր”, ե՞րբ պիտի կրնանք զանոնք վտարել մեր լեզուէն: Անշո՛ւշտ, վերջիններուն գոյութիւնն է որ ստեղծած է առաջինը, վերջին բառերուն՝ “հայահալած”ին, “հայաջինջ”ին եւ “հայակեր”ին տակ ապրող -ու մեռցնող- իրականութիւնն է որ զմեզ մղած է փաթթուիլ առաջինին՝ “հայանպաստ”ին՝ տուած պատրանքին, բայց ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ օր մը կարենայինք ամենքը միասին ջնջել մեր բառացանկէն, ա՛լ պէտք չունենալ ո՛չ մէկը եւ ոչ միւսը գործածելու: -Վստահաբար, Հայկական խնդիրը լուծուած պիտի ըլլայ այն օրն ուր այս բառերն ա՛լ չտեսնուին հայ լեզուին մէջ» (էջ 94):

“Բախտը ազգերու կեանքին մէջ” յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Իր բարօրութիւնն ու իր դժբախտութիւնը ազգ մը ինքզինքին կը պարտի ամբողջապէս: Անոնք արդիւնք են միայն ու միայն, իր յայտնի ու անյայտ առաւելութիւններուն կամ թերութիւններուն, իր հին եւ նոր սերունդներուն առաքինութեանցը կամ մեղքերուն, անոնց ամբողջութեանը գումարին: Ազգ մը իր յանցանքովը կ՚իյնայ եւ իր արժանիքովը կը բարձրանայ» (էջ 105). եւ՝ «Հարկ կա՞յ եզրակացնելու եւ ըսելու թէ՝ իր ապագան բարոյապէս եւ մտաւորապէս պատրաստելու կանխահոգութիւնը չունեցող ազգ մը երբեք յուսալու չէ, որ վաղը այսօրուընէ լաւագոյն պիտի ըլլայ իրեն համար» (էջ 108):

“Կուսակցութիւններու բարիքն ու չարիքը” յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Կուսակցութիւն մը գաղափարակիցներու միութիւն մըն է, որոնք ուրիշ գաղափարակիցներէ սա՛ տարբերութիւնն ունին որ կ՚աշխատին հնարաւոր բոլոր միջոցներով իրականացնելու իրենց գաղափարները: Միշտ երկրի մը կամ ազգի մը ամբողջութեան շահուն ծառայելն է իր խոստովանուած նպատակը, բայց, իրականին մէջ, ատ ըլլալով հանդերձ իր յաւակնութիւնը՝ ան կը ծառայէ, աւելի անմիջականօրէն, որոշ դասակարգի մը կամ խումբի մը շահերուն: Ամէն պարագային մէջ, սակայն, ոչ միայն տարածուելու, այլ եւ կազմուելու համար՝ կուսակցութիւն մը պէտք է շատերու ներկայ կամ ապագայ շահերուն գոհացում տուող նպատակ մը եւ ուղղութիւն մը ունենայ» (էջ 110): Եւ՝ «Եւ վերջապէս՝ կուսակցութիւն մը երբ զօրաւոր է կամ երբ իշխանութիւնը իր ձեռքն անցուցած է, պէտք է յիշէ այն ժամանակը, ուր դեռ տկար էր եւ զգուշանայ գործելէ ինչ որ իբրեւ ընդդիմադիր կը մեղադրէր իր հակառակորդներուն. յետոյ, ինչ որ կը քարոզէր իբրեւ իր սկզբունքն ու իր ուղղութիւնը՝ պէտք չէ մոռնա՜յ յանկարծ…» (էջ 114-115): 

“Մեծ ազգերու զարգացման գաղտնիքը” յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Ազգ մը որքա՜ն պակասաւոր կ՚ըլլայ, որքա՜ն վտանգաւոր վիճակի մը մէջ կ՚իյնայ՝ երբ մտաւոր դաստիարակութեան հետ զուգընթաց չի դաստիարակեր իր զաւակաները բարոյական ու ֆիզիքական դաստիարակութեամբ, կամ երբ անոնց մարմինը՝ ֆիզիքական ուժը՝ զարգացուցած պահուն հոգին ու միտքը կ՚անտեսէ» (էջ 135):

“Համբարձում Առաքելեան”ին նուիրուած գրութեան աւարտին կը կարդանք. «Գոյժը լսեցի Փարիզ եւ իսկոյն Արփիարի վախճանին մասին խորհեցայ: Երկու մարդ, երկու ազգասէր գործիչներ, որոնց մին թրքահայոց եւ միւսը ռուսահայոց մէջ տեսակէտով մը նոյն բանն են ըրած, մին աւելի արուեստագէտ եւ միւսը աւելի հնարամիտ, մին արթնցնող եւ միւսը կազմակերպող, միեւնոյն վարձատրութիւնն ստացան այն ազգէն որուն համար ապրած ու աշխատած էին իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Ասիկա չափազանց տխուր է, բայց այս մեծ տխրութիւնն իսկ մեզ մղելու է հանրային գործի՝ որպէսզի ազգը բուժուի իր մարմնին վրայ այս վէրքերը բացող հիւանդութենէն…» (էջ 297):

Ի վերջոյ կը մնայ շնորհակալութիւն յայտնել Սեւան Տէյիրմենճեանին իր կատարած այս նախանձախնդիր աշխատանքին համար՝ ի մի հաւաքելով Թէքէեանին գրութիւնները: Իսկ բոլոր անոնք որոնք Հայ Գրականութեամբ հետաքրքրուած են եւ մանաւանդ որոշակի սէր մը ունին Թէքէեանի մասին, անպայման պէտք է կարդան այս հատորը ա՛լ աւելի իրենց սէրը խորացնելու Թէքէեանին հետ ու ա՛լ աւելի մտերմանալու անոր հետ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2 յունիս 2020, Վաղարշապատ


1 Հայրենիք, 7/20 Դեկտեմբեր 1909. Թիւ 1547:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020