ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ այն մարդուն հետ, որ խոհեմութեան ճամբայէն կը մոլորի:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը մեռելներուն ժողովին մէջ պիտի մնայ» (Առ 21.16): Ով որ խոհեմութեան, այսինքն՝ արդարութեան, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ ճամբայէն կը շեղի, կը մոլորի, մեռելներուն աշխարհին մէջ կը յայտնուի:

Յիշենք Յուդա Իսկարիոտացին, որ Տէր Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն մէկն էր: Ան Տէր Յիսուսի հետ երեք տարիներ շրջեցաւ, ականատես եղաւ Անոր գործած հրաշքներուն: Տեսաւ թէ ինչպէս կոյրերը սկսան տեսնել, համրերը սկսան խօսիլ, կաղերը սկսան քալել, անբուժելի հիւանդութիւններով տառապողները մէկ խօսքով, կամ աչքի մէկ նայուածքով անմիջապէս բժշկուեցան: Աւելին, տեսաւ թէ ինչպէս մէկ խօսքով չորսօրեայ մեռած Ղազարոսը գերեզմանէն դուրս եկաւ՝ ողջ եւ առողջ, տեսաւ թէ ինչպէս իր Տէրը ջուրը գինիի վերածեց, երկու ձուկով եւ հինգ հացով հազարաւոր մարդիկ կերակրեց, ջուրերուն վրայէն քալեց, փոթորիկը հանդարտեցուց եւ բազմաթիւ այլ հրաշքներ գործեց: Սակայն, տարուելով աշխարհիկ մտահոգութիւններէ եւ շահերէ, համաձայնեցաւ երեսուն արծաթի դիմաց մատնել իր Տէրը: Մատնելէ ետք եւ երեսուն արծաթը ստանալէ ետք ի՞նչ եղաւ անոր հետ: Կարդանք.

«Յուդայի մահը

Այն ատեն Յուդա, որ մատնած էր Յիսուսը, երբ տեսաւ որ Յիսուս դատապարտուեցաւ, զղջաց եւ իր ստացած երեսուն արծաթ դրամը աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդի երէցներուն վերադարձնելով՝ ըսաւ.

-Մեղք գործեցի արդար մէկը մատնելուս համար։

Անոնք ըսին.

-Մեզի ի՞նչ, ատիկա քու գիտնալիքդ է։

Յուդա դրամը նետեց տաճարին մէջ եւ հեռացաւ։ Ապա գնաց եւ ինքզինք կախեց։

Աւագ քահանաները առին դրամը եւ ըսին.

-Մեր Օրէնքը թոյլ չի տար որ այդ դրամը ձգենք տաճարի գանձանակին մէջ, որովհետեւ արեան գին է։

Եւ խորհրդակցելէ ետք՝ այդ դրամով Բրուտի արտը գնեցին, իբրեւ օտարներու գերեզման գործածելու համար։ Այս պատճառով մինչեւ այսօր այդ արտը Արեան Արտ կը կոչուի։ Այս ձեւով ահա իրականացաւ Տիրոջ խօսքը Երեմիա մարգարէի բերնով ըսուած. “Առին երեսուն արծաթ դահեկանը, գինը վճարուածին, որուն գին տուին Իսրայէլի ժողովուրդէն ոմանք, եւ զայն տուին Բրուտի արտին համար, ինչպէս որ Տէրը հրամայեց ինծի”» (Մտ 27.3-10)

Առակագիրին հեղինակին ըսածը կը տեսնենք, որ բառացի Յուդայի պարագային իրականութիւն դարձցած է, որով Յուդան ճանչնալով ճշմարտութիւնը, կամովին հեռացած է, շեղած ու մոլորած է անկէ եւ ինքզինք մահուան բաժին դարձուցած է:

Այլ օրինակ մը առնենք, այս անգամ Հին կտակարանէն: Թուոց գիրքին մէջ կը կարդանք Կորխի, Դաթանի եւ Աբիրոնի ապստամբութեան մասին: Այսպէս. «Ղեւիի որդիին Կահաթին որդիին Իսահառին որդին Կորխ եւ Ռուբէնի որդիներէն Եղիաբին որդիները՝ Դաթան ու Աբիրոն եւ Փաղեթի որդին Օն ելան եւ Իսրայէլի որդիներէն երկու հարիւր յիսուն հոգի ժողովուրդին ծանօթ գլխաւորներ ու անուանի մարդիկ իրենց հետ առնելով՝ Մովսէսին ու Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին անոնց. “Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ. վասնզի բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է եւ ինչո՞ւ Տիրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք”» (Թւ 16.1-3): Կորխն ու իր համախոհները ապստամբած էին Մովսէսի դէմ, անոր՝ որ Աստուծոյ մարգարէն էր, որու միջոցով Աստուած կ՚առաջնորդէր Իր ընտրեալ ժողովուրդը: Մովսէսն ու Ահարոնը ի լուր այս խօսքերուն, այսպէս կը պատասխանեն. «Վաղը Տէրը պիտի ցուցնէ, թէ ո՛րն է Իրը եւ ո՛րն է սուրբը ու Ան Իրեն պիտի մօտեցնէ եւ ո՛րը որ Ինք ընտրէ, Իրեն պիտի մօտեցնէ: Ուստի, ձեզի բուրվառներ առէ՛ք, դո՛ւն, ո՜վ Կորխ եւ քու բոլոր ընկերներդ, եւ վաղը անոնց մէջ կրակ դրէ՛ք ու Տիրոջ առջեւ անոնց վրայ խունկ դրէ՛ք եւ այն մարդը սուրբ պիտի ըլլայ, որ Տէրը կ՚ընտրէ» (Թւ 16.5-7): Այդպէս ալ կ՚ըլլայ: Կորխի հետ եղողներէն 250 մարդիկ իրենց բուրվառները կ՚առնեն:

Մովսէսն ու Ահարոնը կը փորձեն ետ կանգնեցնել Կորխն ու իր համախոհները իրենց չարութենէն, սակայն անոնք չե՛ն լսեր: Ի՞նչ կը պատահի: Կը կարդանք. «Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. “Խօսէ՛ ժողովուրդին ու ըսէ՛, Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի բնակարանին բոլորտիքէն հեռացէք”: Մովսէս ելաւ ու Դաթանին եւ Աբիրոնին գնաց եւ Իսրայէլի ծերերը անոր ետեւէն գացին: Եւ խօսեցաւ ժողովուրդին՝ ըսելով. “Այդ չար մարդոց վրաններուն քովէն ետ քաշուեցէք ու անոնց ոեւէ մէ՛կ բանին մի՛ դպչիք, որպէսզի անոնց բոլոր մեղքերով չկորսուիք”: Այսպէս անոնք Կորխին, Դաթանին ու Աբիրոնին բնակարանին բոլորտիքէն հեռացան եւ Դաթան ու Աբիրոն եւ անոնց կիներն ու անոնց որդիները եւ ընտանիքը իրենց վրաններուն դուռը ելան կեցան: Եւ Մովսէս ըսաւ. “Ասով պիտի գիտնաք թէ Տէրը զիս ղրկած է բոլոր այս գործերը ընելու եւ ոչ թէ ես ինձմէ բան մը ըրի. եթէ ասոնք ամէն մարդու մեռնելուն պէս մեռնին եւ եթէ ամէն մարդու պատահածը ասոնց ալ պատահի, Տէրը զիս ղրկած չէ: Բայց եթէ Տէրը հրաշք մը ընէ եւ երկիրը իր բերանը բանայ ու զանոնք եւ անոնց բոլոր ունեցածը կլլէ ու անոնք ողջ-ողջ դժոխք իջնեն, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ այս մարդիկը Տէրը անարգեցին”:

Երբ այս բոլոր խօսքերը լմնցուց, անոնց տակի գետինը պատռուեցաւ եւ երկիր իր բերանը բացաւ ու զանոնք եւ անոնց տուները ու Կորխին ունեցած բոլոր մարդիկը եւ բոլոր անոնց ինչքը կլլեց: Եւ անոնք ու բոլոր անոնց ունեցածները ողջ-ողջ դժոխք իջան եւ երկիրը ծածկեց զանոնք ու ժողովուրդին մէջէն կորսուեցան» (Թւ 16.23-33):

Կորխն ու իր համախոհները, թէեւ Աստուծմէ շնորհք գտած էին եւ իրենց յատուկ պաշտօն տրուած էր, թէեւ անոնք ականատես եղած ու ապրած էին այն բոլոր հանգրուանները, որոնցմով հրեայ ժողովուրդը անցաւ Եգիպտոսէն սկսեալ, մինչեւ այնտեղ դուրս գալն ու Կարմիր ծովէն անցնիլը, սակայն այդ բոլորը մոռնալով, հպարտութեան պատճառով ուզեցին իրենք եւս Մովսէսի ու Ահարոնի նման դառնային… Ի՞նչ պատահեցաւ անոնց հետ. երբ խոհեմութենէ դատրակուեցան, այսինքն՝ փոխանակ խոհեմութեամբ վարուելու իրենք զիրենք իրենց հպարտութեան տուին, այդպիսով իրենք զիրենք մահուան բաժին դարձուցին, այն ալ՝ ողջ-ողջ դժոխքին կեր ըլլալով:

Հետաքրքրական դէպք մը կայ այս կատարուածին մէջ: Թէեւ իսրայէլացիները տեսան, թէ Կորխն ու անոր համախոհները ի՜նչ պատիժի արժանացան իրենց անհնազանդութեան ու գործած սխալներուն պատճառով, սակայն այդ իրենց համար դաստիարակիչ չըլլար, որովհետեւ կը կարդանք, թէ՝ «հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Մովսէսին դէմ ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին՝ ըսելով. “Դուք Տիրոջ ժողովուրդը մեռցուցիք”: Եւ երբ ժողովուրդը Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ հաւաքուած էին, դէպի խորանը նայեցան եւ ահա ամպը ծածկեց զայն ու Տիրոջ փառքը երեւցաւ: Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանին առջեւ եկան: Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. “Այդ ժողովուրդին մէջէն ելէք, որպէսզի շուտով սպաննեմ զանոնք”: Անոնք երեսնուն վրայ ինկան: Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. “Բուրվառը ա՛ռ ու մէջը սեղանին վրայէն կրակ դի՛ր եւ վրան խունկ դի՛ր ու շուտով ժողովուրդին գնա՛ ու անոնց համար քաւութիւն ըրէ, վասն զի Տիրոջ բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ ժանտախտը սկսաւ”: Եւ Ահարոն Մովսէսին ըսածին պէս բուրվառը առաւ ու ժողովուրդին մէջ վազեց: Արդէն ժանտախտը սկսած էր ժողովուրդին մէջ: Բուրվառին վրան խունկ դրաւ ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրաւ եւ մեռելներուն ու ողջերուն մէջտեղ կեցաւ ու ժանտախտը դադրեցաւ: Եւ ժանտախտէն մեռածները տասնչորս հազար եօթը հարիւր հոգի էին, Կորխի գործին մէջ մեռածներէն զատ: Եւ Ահարոն դարձաւ Մովսէսին՝ վկայութեան խորանին դուռը ու ժանտախտը դադրեցաւ» (Թւ 16.41-50):

Այստեղ ալ կը տեսնենք, թէ ինչպէս երբ մարդ չի՛ խրատուիր զինք շրջապատող կամ իր շրջապատին մէջ տեղի ունեցող երեւոյթներով ու դէպքերէ, ինք եւս ենթակայ կ՚ըլլայ պատիժի ու դատապարտութեան:

Հետեւաբար, մարդ պէտք է ուշադիր ըլլայ եւ ճշմարտութեան ճամբայէն չշեղի, խոհեմութենէն կառչած մնայ, որպէսզի այդ խոհեմբութեամբ միշտ ընկերակից ըլլայ ճշմարտութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 97

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024