Ամ­րաց­նենք Մեր Ող­նա­սիւ­նը

Շատ պարզ է. մեր հա­մայն­քի ող­նա­սիւ­նը, ա­նոր ոտ­քի կանգ­նած մնա­լու, գո­յա­տե­ւե­լու եւ ազ­գա­յին կեն­սու­նակ կեան­քով ապ­րե­լու ե­րաշ­խիք­նե­րէն ա­մե­նէն հզօ­րը՝ հայ­կա­կան վար­ժա­րա՛նն է:

Նոյն­քա՛ն պարզ է, որ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ աշ­խա­տող կրթա­կան մշակ­նե­րէն կա­խեալ է, թէ այդ կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը որ­քա՛ն յա­ջո­ղու­թեամբ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց հա­յա­կերտ, պար­կեշտ ու գի­տա­կից քա­ղա­քա­ցի­ներ պատ­րաս­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:

Ա­ւե­լի քան պարզ է, որ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու գո­յա­տե­ւու­մը, հան­րա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կամ մաս­նա­ւոր՝ օ­տար վար­ժա­րան­նե­րու հետ մրցու­նակ մա­կար­դակ նուա­ճե­լու բազ­մա­կող­մա­նի ճի­գերն ու աշ­խա­տանք­նե­րը կա­րի­քը ու­նին մշտա­կան ներդ­րում­նե­րու, վե­րա-հըս­կո­ղու­թեան, կազ­մա­կեր­պա­կան նե­ցու­կի, որ ի­րենց կը տրա­մադ­րուի հո­գա­բար­ձու­թիւն­նե­րու, դպրոց­նե­րու կրթա­կան գոր­ծի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն ու հսկո­ղու­թիւ­նը ստանձ­նած Ազ­գա­յին խնա­մա­կալ մար­մի­նի եւ ա­նոնց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու միշտ պատ­րաս­տա­կամ ազ­գա­յին միու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ:

Կրթա­կան այս տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին, կը ձայ­նակ­ցինք Խնա­մա­կալ մար­մի­նին՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու հա­մա­կար­գը, շար­ժող ու սնու­ցող ցան­ցի բո­լոր օ­ղակ­նե­րը, տնօ­րէն­նե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րը, պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը, ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնց պա­տուա­բեր ար­դիւնք­նե­րով հպարտ ենք, ինչ­պէս նաեւ՝ ղե­կա­վա­րող ու սա­տա­րող մար­մին­նե­րը:

Մեր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը այս­տեղ չ՚ա­ւար­տիր, սա­կայն: Շնոր­հա­ւո­րե­լով ու գնա­հա­տե­լով տա­րուած աշ­խա­տան­քը՝ մենք յանձ­նա­ռու ենք յա­ւե­լեալ լա­րու­մով քա­րո­զե­լու հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը՝ հա­մայն­քի ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի պահ­պան­ման ծի­րէն ներս:

Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է նաեւ ընդգ­ծել հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ներ­կայ թի­ւի ան­բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը այս հսկա­յա­կան հա­մայն­քին մէջ: Սա­տա­րե՛նք մեր դպրոց­նե­րուն, ու­ժե­ղաց­նե՛նք մեր հա­մայն­քի ող­նա­սիւ­նը:

Ա­ԲՕ ՊՈ­ՂԻ­ԿԵԱՆ

«Աս­պա­րէզ», Լոս Ան­ճե­լըս

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016