Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (ԺԴ.)
- «Օրհնեա՜լ է Աստուած» դպիրներու երգեցողութեան ընթացքին քահանան ծածկաբար ի՞նչ կ՚աղօթէ։
- Դպիրները երգելու ատեն, Ս. Սեղանին վրայ պատարագիչը սրբագործուած նշխարը կը կտրէ ու չորս մասերու բաժնելով՝ ամբողջութեամբ կը թաթխէ գինիին մէջ եւ ծածկաբար կ՚աղօթէ՝ ըսելով. «Լրումն Հոգւոյն Սրբոյ» (Լրումը Սուրբ Հոգիին)։ Պատարագիչը այս մեծ խորհուրդի կատարման համար Աստուծոյ գոհութիւն կը մատուցանէ՝ ըսելով. «Շնորհակալութի՛ւն Քեզի, Քրիստո՛ս Թագաւոր, որ անարժանս արժանի համարեցիր Ս. Մարմնիդ եւ Արիւնիդ հաղորդուելու։ Եւ հիմա, կ՚աղաչե՜մ, թող այս [ճաշակումը] դատապարտութեան առիթ չըլլա՛յ ինծի, այլ՝ մեղքերուս քաւութիւն եւ թողութիւն դառնայ, հոգիիս ու մարմնիս՝ առողջութիւն, եւ ամէն առաքինի գործերու մղիչ։ Որպէսզի ասիկա սրբէ շունչս, հոգիս ու մարմինս, եւ զիս տաճար եւ բնակարան դարձնէ Ամենասուրբ Երրորդութեանդ։ Եւ ես սուրբերուդ հետ միասին արժանի ըլլամ փառաւորելու Քեզ՝ Հօրդ եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։
- Պատարագիչը ի ծածուկ թախանձագին աղօթքը կատարելէ ետք ո՞ր աղօթքը կ՚ընթերցէ։
- Վերոյիշեալ աղօթքէն ետք, պատարագիչը կը կարդայ նաեւ Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան Հայրապետին «Գոհանամ եւ մեծացուցանեմ» աղօթքը, որմէ ետք կը ճաշակէ Քրիստոսի Ս. Մարմնէն մաս մը եւ կ՚ըմպէ Ս. Արիւնը՝ ըսելով. «…Անապական Մարմինդ թող կեանք դառնայ ինծի համար, եւ Ս. Արիւնդ՝ քաւութիւն եւ թողութիւն իմ մեղքերուս»։
- Այս ընթացքին ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։
- Երբ պատարագիչը ի ծածուկ կը հաղորդուի, այդ ընթացքին «Զղջում»ի արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ։
- Ինչո՞ւ համար նախքան հաղորդուիլը, հարկ է մեղքերու թողութիւն ստանալ։
- Որովհետեւ երբ մարդ իր արարքներուն համար գիտակցաբար չէ զղջացած, չէ խոստովանած եւ մեղքերու թողութիւն չէ ստացած, այն ատեն իր Հաղորդութիւն ստանալը անիմաստ կը դառնայ։
- «Զղջում»ի աղօթքը ի՞նչ բովանդակութիւն ունի։
- Որպէսզի մեր ընթերցողները աւելի լաւ հասկնան Հայ Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ գրի առնուած «Զղջման» արարողութեան բովանդակութիւնը, այստեղ հարկ կը համարենք ամփոփ ներկայացնել Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի կողմէ թարգմանուած աշխարհաբար տարբերակը.
«Մեղանչեցի Ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին դէմ։ Մեղաւոր եմ Աստուծոյ առջեւ։ Բոլոր գործած մեղքերս կը խոստովանիմ Աստուծոյ առջեւ, Սուրբ Աստուածածինին եւ բոլոր սուրբերուն առջեւ, ինչպէս նաեւ քու առջեւդ, հա՛յր սուրբ։ Մեղանչեցի՝ մտածումով, խօսքով ու գործով. երբեմն կամաւորաբար, երբեմն ակամայ, երբեմն գիտակցաբար եւ երբեմն անգիտակցաբար՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ։
«Տակաւին, մեղանչեցի այն եօթը յանցանքներով, որոնք մահացու մեղքերն են. հպարտութեամբ, նախանձով, բարկութեամբ, ծուլութեամբ, ագահութեամբ, որկրամոլութեամբ, պղծասիրութեամբ, եւ ասոնց բոլոր տեսակներովը՝ մեղանչեցի Աստուծոյ դէմ։
«Եւ դեռ՝ մեղանչեցի Աստուծոյ բոլո՛ր պատուիրաններուն դէմ, թէ՛ յանձնառութիւններուս եւ թէ հրաժարելիքներուս մէջ, որովհետեւ ո՛չ յանձն առածներս կատարեցի եւ ո՛չ ալ հրաժարած բաներէս հեռացայ։ Օրէնքը սորվեցայ, սակայն Օրէնքի գործադրութեան մէջ ծուլացայ։ Քրիստոնէութեան շարքերուն անցայ, բայց գործերովս անարժան գտնուեցայ։ Չարիքը գիտնալով հանդերձ՝ կամաւորաբար շեղեցայ, եւ ես իմ կամքովս բարի գործերէն հեռացայ։ Վա՜յ ինծի, վա՜յ ինծի, վա՜յ ինծի, ո՞ր մէկը ըսեմ, ո՞ր մէկը խոստովանիմ, ա՜յնքան շատ են յանցանքներս, չըսուելի՛ք են անօրէնութիւններս, աններելի են ցաւերս եւ անբժշկելի են վէրքերս. մեղանչեցի՜ Աստուծոյ դէմ։
«Հա՛յր սուրբ, ինծի համար հաշտութեան միջնորդ եւ բարեխօ՛ս եղիր Աստուծոյ Միածին Որդիին քով, եւ քեզի տրուած իշխանութեամբ՝ զիս իմ մեղքերուս կապանքներէն արձակէ՛, կ՚աղաչե՜մ։
«Ողորմէ՛, Տէ՜ր, ողորմէ՛, Տէ՜ր, ողորմէ՛, Տէ՜ր։
«Թող ամենազօր Տէրը ողորմի ձեզի եւ թողութի՛ւն շնորհէ ձեր բոլոր յանցանքներուն, թէ՛ ձեր խոստովանածներուն եւ թէ՛ ձեր մոռցածներուն։ Իսկ ես՝ քահանայական կարգիս իշխանութեամբ եւ աստուածային հրամանին համաձայն՝ թէ «ինչ որ երկրի վրայ արձակէք՝ երկնքի մէջ ալ արձակուած պիտի ըլլայ», Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով կ՚արձակեմ ձեզ՝ մտածումով, խօսքով ու գործքով կատարած ձեր բոլոր մեղքերէն, եւ վերստին ձեզ կը յանձնեմ Սուրբ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն, որպէսզի ի՛նչ բարիք որ գործէք՝ Աստուծոյ քով բարեգործութիւն նկատուի ձեզի համար եւ հասնիք յաւիտենական կեանքի փառքին։ Ամէն»։
- «Զղջման» աղօթքէն ետք սարկաւագը ի՞նչ կ՚արտասանէ։
- Պատարագիչէն ետք կը հաղորդուի նաեւ սարկաւագը եւ հաղորդուելու կը հրաւիրէ հաւատացեալները ու բարձրաձայն կը յայտարարէ. «Երկիւղիւ եւ հաւատով յառաջ մատիք եւ սրբութեամբ հաղորդեցարուք» (Երկիւղածութեամբ ու հաւատքով մօտեցէ՛ք եւ սրբութեամբ հաղորդուեցէք)։
- Մինչեւ ԺԲ. դար Հաղորդութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուէր։
- Մինչեւ ԺԲ. դար Սուրբ Հաղորդութիւնը իր երկու տեսակներով՝ Մարմին եւ Արիւն. առանձին-առանձին կը տրուէր ժողովուրդին, Մարմինը պատարագիչին ձեռքէն. իսկ Արիւնը՝ բաժակէն: Այս դարէն սկսեալ է, որ սկիզբ առաւ Մարմինը Արեան մէջ թաթախելու սովորութիւնը եւ Արեան մէջ թաթախուած Մարմինը տալու հաւատացեալներուն:
- Սարկաւագին այս հրաւէրէն ետք ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։
- Այս ընթացքին վարագոյրը կը բացուի եւ անոնք՝ որոնք հոգեպէս պատրաստուած են, կը մօտենան Ս. Խորանին եւ Ս. Հաղորդութիւն կը ստանան։ Քահանան հաղորդուողներուն կ՚ըսէ. «Ասիկա քեզի համար քաւութիւն եւ մեղքերու թողութիւն թող ըլլայ»։ Ժողովուրդը հաղորդուելէն ետք, պատարագիչ քահանան Սկիհը կը բարձրացնէ, կ՚օրհնէ ժողովուրդը եւ կ՚ըսէ. «Կեցո, Տէր, զժողովուրդս Քո, եւ օրհնեա՛ զժառանգութիւնս Քո, հովուեա՛ եւ բարձրացո՛ զսոսա յայսմ հետէ մինչեւ յաւիտեան» (Փրկէ՛, Տէ՜ր, Քու ժողովուրդդ, օրհնէ՛ Քու ժառանգութիւնդ. հովուէ՛ եւ բարձրացո՛ւր զանոնք, այժմէն մինչեւ յաւիտեան)։
- «Կեցո՛ Տէր զժողովուրդս Քո» աղօթքէն ետք ի՞նչ կը կատարուի։
- Պատարագիչին աղօթքէն ետք Ս. Խորանը վարագոյրով կը գոցուի եւ պատարագիչը Ս. Սկիհին մէջ աւելցած Հաղորդութիւնը կը պահէ մասնաւոր սրբատուփի մը մէջ՝ անակնկալ պարագաներուն հաղորդուելու փափաք ունեցող հիւանդներու կամ մահամերձ հաւատացեալներու բաշխուելու համար։ Սարկաւագին սպասաւորութեամբ պատարագիչը կը լուայ Ս. Սկիհը եւ ծածկոցը վրան դնելով՝ սարկաւագին կը յանձնէ, որպէսզի զայն տեղաւորէ Խորանի աջակողմեան խորհրդանոցին մէջ։ Մինչ այդ դպիրները կ՚երգեն. «Լցաք ի բարութեանց քոց, Տէր, ճաշակելով ըզՄարմին Քո եւ զԱրիւն. փառք ի բարձունս կերակրողիդ զմեզ: Որ եւ հանապազ կերակրես զմեզ. առաքեա ի մեզ զհոգեւոր քո զօրհնութիւն. փառք ի բարձունս կերակրողիդ ըզմեզ» (Քու բարիքներով լիացանք, ո՜վ Տէր, Մարմինդ եւ Արիւնդ ճաշակելով։ Փա՜ռք Քեզի, որ բարձունքներուն մէջ կը բնակիս եւ կը կերակրես մեզ։ Դուն՝ որ միշտ կը կերակրես մեզ, Քու հոգեւոր օրհնութի՜ւնդ ղրկէ մեզի։ Փա՜ռք Քեզի, որ բարձունքներուն մէջ կը բնակիս եւ կը կերակրես մեզ)։
- Հաւատացեալներուս համար Ս. Հաղորդութիւնը ինչո՞ւ կենսական ու անհրաժեշտ պայման մըն է։
- Ս. Հաղորդութիւն ստանալը Աստուծոյ մէջ խորանալ է, դէպի աստուածայինը խոյանալ, Աստուծոյ սրբութեամբ սրբուիլ, Աստուծմով պարուրուիլ, Սուրբ Հոգիով նորոգուիլ, Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ հետ առանձնանալ է։ Կեանքի Հացէն ճաշակելն ու կենսատու Արիւնէն ըմպելը՝ յաւիտենական կեանք ունենալ է (Հմմտ. Յհ 6.57), Աստուծոյ մէջ բնակիլն ու Աստուծոյ բնակարան դառնալ է (Հմմտ. Յհ 6.56), յարութեան համար նախապատրաստուիլ է (Հմմտ. Յհ 6.54), Քրիստոսով ապրիլ (Հմմտ. Յհ 6.57) ու անմահանանալ է (Հմմտ. Յհ 6.50)։ Երբ կը հաղորդուինք անմահ եւ անմահարար Աստուծոյ Մարմնով ու Արիւնով՝ Անոր անմահութիւնը կ՚անցնի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, եւ մենք կը դառնանք անմահ որդիները անմահ Աստուծոյ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ