ՍՈՒՐԲ ԵՊԻՓԱՆ ԿԻՊՐԱՑԻ
1 յուլիս 2019-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց յիշատակը Սուրբ Եպիփան Կիպրացիին, Բաբելա Հայրապետին եւ անոր երեք աշակերտներուն:
Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ Սուրբ Եպիփան Կիպրացիին ու անոր գրական վաստակէն փոքրիկ ծաղկաքաղ մը պիտի ներկայացնեմ ընթերցողներուն:
Սուրբ Եպիփան Կիպրացին ծնած է 310-ին, Հրէաստանի մէջ: Ընդհանրական Եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրերէն մէկն է: Հայ Եկեղեցին զինք դասած է իր տօնելի համաքրիստոնէական սուրբերու ցանկին մէջ, որոնք յայտնի են՝ «Երկոտասան Վարդապետք» անունով: Հրէաստանի մէջ ծնած ըլլալով ուսանած է հրէական գիտութիւնն ու աւանդութիւնները: Մի քանի լեզուներու տիրապետած է՝ եբրայերէն, ասորերէն, յունարէն եւ լատիներէն: Լեզուներու իր այս իմացութիւնը իր ստեղծագործական գործերուն համար զանազան աղբիւրներէ օգտուելու առիթ ընծայած է իրեն:
Աղքատասիրութեամբ յայտնի եղած է: Ապրած է անապատի մէջ՝ խստաբարոյ կեանքով եւ վանական-ճգնաւորական շարժումի նշանաւոր պարագլուխներէն մէկը եղած է: Այցելած է բազմաթիւ վանքեր, որպէսզի լաւապէս սերտէ վանական դրութիւնը եւ միաբանութիւն մը կազմէ: Եգիպտոսի մէջ պայքարած է գնոստիկեաններուն դէմ:
Փիւնիկէի մէջ մենաստան մը հիմնած է եւ իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն հետ, այնտեղ մնացած է մինչեւ 367 թուականը:
Հռոմի մէջ ծանօթացած է Սուրբ Հերոնիմոսի հետ, եւ երկուքով հանդէս եկած են Որոգինէսի դաւանաբանական տեսութիւններուն դէմ:
Եղած է Կիպրոսի եպիսկոպոս եւ կղզիին մետրապոլիտը:
Գրական մեծ վաստակ ձգած է: Սուրբ Եպիփան Կիպրացիի ներկայացուցած տեղեկութիւնները սակայն, ո՛չ միշտ հաւաստի են, որովհետեւ շատ յաճախ իր լսածները առանց ստուգելու արձանագրած է: Այս մասին ինք եւս անդրադարձած է:
Կիպրացիի պատմադաւանական նշանաւոր գործերն են. «Անկեուրոտոս», «Խարիսխ», «Պանարիոն», «Դեղատուփ», ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ճառերու հեղինակ է: Անոր աշխատութիւնները 5-րդ դարուն արդէն իսկ հայերէնի թարգմանուած են, եւ Մովսէս Խորենացին ու Եզնիկ Կողբացին օգտագործած են անոր աշխատութիւնները:
Հայ Եկեղեցին Սուրբ Եպիփան Կիպրացիին տօնը երկու անգամ կը նշէ: Առաջինը, Հոգեգալուստէն ետք 3-րդ կիրակիին յաջորդող երկուշաբթի օրը: Իսկ երկրորդը, հոկտեմբերին վերջին շաբաթ օրը, «Երկոտասան Վարդապետ»ներուն հետ:
Արդ, այստեղ կը ներկայացնեմ Սուրբին գրական վաստակէն հատուածներ՝ գրաբարէ թարգմանուած:
- «Ժամը երեքին Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց, ըսելով.
-“Էլի՛, Էլի՛, լա՞մա սաբաքթանի”, որ կը նշանակէ. ‘Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս’» (Մր 15.34), ըստ այնմ, քանի որ կ՚ըսէ՝ «իմ աղաղակիս տեղ պիտի չըլլայ» (Հմմտ. Յոբ 16.18), եւ «իմ խնդրանքներս Տիրոջ պիտի հասնին» (Հմմտ. Յհ 16.23-24): Ո՜վ աստուածային մեծ բարբառին, որ գիտցողներուն համար շատ օգտակար է, որովհետեւ ո՛չ թէ Ինք Աստուծմէ կամ Սուրբ Հոգիէն ձգուեցաւ: Ոչ, քա՛ւ լիցի. այսպէս հասկցիր իսկապէս, թէ մեր բնութիւնը առաւ, որ մեր կամքով Աստուծմէ ձգուեցաւ, այլ՝ ո՛չ թէ խնամքէն՝ նախաստեղծին յանցանքներուն պատճառով. իսկ այսօր, Յիսուս, որ մեր մարմիններուն գլուխն է, հզօր կերպով միջնորդ եղաւ Հօր Աստուծոյ եւ մեր միջեւ, իբրեւ Ի՛րը համարելով մեր յանցանքները, արդ, դարձեալ կ՚աղօթէ մեր բնութեան Անոր միանալուն համար, որ գլուխն ու կեանքն է եւ Արարիչ՝ Հօր ու Սուրբ Հոգիին հետ միասին: Իսկ կատղածները այպանելով զԻնք, կ՚ըսէին թէ՝ «Եղիան կը կանչէ» (Մտ 27.47): Բաբէ՜ անոնց լրբութեան, թէ ինչքան չլսող եղան Աստուծոյ Բանին, ըստ այնմ. «Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ» (Սղ 115.5), մինչեւ իսկ Աստուծոյ ահաւոր անունը կատակի տուին, երբ կ՚ըսէին՝ «Եղիան կը կանչէ» (Մտ 27.47): Մինչ արարածը [Կիպրացին նկատի ունի երկիրը] մեծ բարկութեամբ շարժեցաւ՝ հնչումով եւ հառաչմամբ, եւ անիմջապէս կ՚ուզէր զանոնք կենդանի վիճակով կուլ տալ: Սակայն Տէրը հրամայեց անոնց, որպէսզի դադրին իրենց բարկութենէն, թերեւս դարձեալ Երրորդութեան հաւատալով ապրին: Իսկ անոնք այս ալ աւելցուցին. «Ձգեցէք տեսնենք, Եղիան պիտի գա՞յ զԻնք ազատելու» (Մտ 27.49): Ո՛չ միայն Եղիան եկաւ, այլ՝ Հայրը եւ Ամենասուրբ Հոգին, ըստ այնմ, որ կ՚ըսէ. «Ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ» (Սղ 17.15):
- Մատթէոսը Տիրոջմէ կանչուեցաւ առաքեալ ըլլալու, եւ որ արժանացաւ Աւետարանիչ ըլլալու. ան, Տէր Յիսուսի համբառնալէն եօթ տարի ետք գրեց Աւետարանը՝ եբրայերէն բարբառով, ականատես եւ ականջալուր ըլլալով Տիրոջ, թէեւ բազմաթիւ բաներ ծածկուեցան իրմէ, որոնք Մարկոսը, Ղուկասն ու Յովհաննէսը քաջայայտ կերպով ցոյց կու տան, այլեւ, ինչ որ անոնցմէ ծածկուեցաւ, ան [Մատթէոսը] ճշմարտապէս բացայայտելով կը ցուցնէ:
- «Հրեշտակը կիներուն ըսաւ. դուք մի՛ վախնաք» (Մտ 28.5): Հրեշտակապետը տեսնելով Աստուածամայրը ուրախացաւ, անոր հետ նաեւ՝ Մագդաղենացին, սակայն երբ պահակները տեսան, որոնք փախչիլ կ՚ուզէին սակայն ուժ չունէին, այլ՝ գետին ինկան եւ մեռելներու պէս եղան, այդ ատեն քիչ մը վախցան: Հրեշտակապետը այս տեսնելով, ըսաւ. «Սրբուհի Մարիամ, կիներուն մէջ օրհնեալ, դուն՝ Յիսուսի Մայրը ըլլալով եւ Մագդաղենացի՝ հաւատարիմ ծառայ, ինչո՞ւ համար կը վախնաք, գիտեմ, որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք, յարութիւն առաւ, այստեղ չէ» (տե՛ս Մր 16.6): Ո՜վ Հօր Աստուծոյ եւ Հոգիին մեծ սքանչելիքներուն, որ հրեշտակապետին եւ հաւատարիմ ծառային միջոցաւ ցոյց կու տայ Միածինը՝ «Յիսուսը կը փնտռէք», որ եբրայերէնին մէջ Փրկիչ կը թարգմանուի, աս նոյնին պանծալի ձայնով «խաչուած» կը գոչէր այս սուրբ զուարթունը, որմէ սորվելով երանելի Պօղոսը՝ անտեսանելիները տեսնողը եւ անճառելիները լսողը, Քրիստոսի բոլոր եկեղեցիներուն կ՚աւանդէ. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գղ 6.14):
- «Բայց դուն գնա՛ Իմ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց, թէ եւ կ՚ելլեմ Իմ Հօրս եւ ձեր Հօրը մօտ, Իմ Աստուծոյս եւ ձեր Աստուծոյն մօտ» (Յհ 20.17): Ո՜վ մեծ եւ անճառ խորհուրդին, այն, որ բնութեամբ Հօր Աստուծոյ Որդի է եւ հաւասար Աստուած՝ Հօր եւ Հոգիին, հաւասար է նաեւ Իր Աստուածութեան շնորհքով որդիացածներուն՝ ճշմարիտ հաւատքով վերստին ծնունդի միջոցով, որ ի Հայր եւ յՈրդի եւ ի Սուրբ Հոգի: «Իմ Աստուծոյս եւ ձեր Աստուծոյն» (Յհ 20.17): Նոյն ձեւով այս ալ պէտք է հասկնանք եւ հաւատանք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին՝ երեքանձնեայ Տէրութեան եւ մէկ Աստուածութեան, որ օրհնեալ է, յաւիտեանս:
- Ամսուան սկիզբը, որ առաջին օրն էր, ըստ եբրայեցիներու լուսնաթիւ տոմարին, ան [Նոյին տապանը] հաստատուած էր Արարատ լերան՝ որ Մասիսն է, վրան: Ջուրը ամբողջ երկրի երեսէն պակսած էր: Երկրորդ ամիսը, որ ամսուն քսանութն էր, ամբողջ երկիրը ցամքեցաւ եւ Տէր Աստուած տապանին դուռը բացաւ՝ ինչպէս որ գոցած էր: Եւ կանչեց Նոյը բոլորին հետ միասին՝ քաղցրութեամբ, ողորմութեամբ եւ գթութեամբ: Նոյը ելաւ եւ իր հետ բոլորն ալ ելան, եւ Տէր Աստուծոյ դիմաց իյնալով իրենց երեսներուն վրայ՝ երկրպագելով եւ գոհութիւն ու փառք տալով զիրենք Փրկողին: Այլ, որովհետեւ Նոյը քահանայական պատիւով զարդարուած էր, Տիրոջ պատարագ մատուցեց մաքուր թռչուններէն ու անասուններէն: Որուն Աստուած հաճելով ուխտ տուաւ անոնց եւ գրաւական՝ Իր մեծանշան յաղթող եւ զօրաւոր աղեղը՝ առանց լարի եւ սայրասուր սլաքապինդ այրող նետէն, անգործ ամպերը դնելով՝ սիրոյ եւ հաշտութեան նշան ըլլալու: Նաեւ զղջման համար համաշխարհական մեծասասատ եւ առաջին բարկութեան: Տակաւին, առաջ երթանք, մեր փրկութեան սկիզբը ըրաւ, օրինադրեց՝ «աչք աչքի դէմ» (Ելք 21.24) եւ ասոր նման խօսքերը: Եւ մխիթարութեամբ, իբրեւ սփոփելով, անասուններուն բոլոր տեսակները՝ մաքուրներն ու անմաքուրները, հրամայեց անխտիր ուտել, նաեւ որթատունկին պտուղը, որ Նոյը տնկեց՝ որթատունկին ոստն ու ճիւղը, որ այստեղ եւ այնտեղ իմաստնացուց՝ գինի շինելու, որպէսզի կերակուրով՝ զուարճացած եւ գինիով՝ ուրախացած մոռցուի աստուածասաստ բարկութիւնը:
Եւ Արարատ լեռը հաւասարեցաւ Սիոն լերան՝ օրէնսդրութեամբ պատուուելով, ուստի եւ անչափելի սիրոյ, որ իր արարածներուն նկատմամբ ունի, բոլոր բարկութիւնը՝ բարութեան կը դարձնէ, դառնութիւնը՝ քաղցրութեան, այլեւ բազմաթիւ տեղեր մեղքերը՝ արդարուեան, ինչպէս նախնիներուն ճաշակումը՝ Իր քաղցրութեամբ Խաչին դառն ճաշակումով: Նաեւ ջրհեղեղին ջուրը մկրտութեան համարեց մեղանչած եւ համաշխարհական ամբարշտացած ազգերուն: Եւ աններելի տանջանքներէն ազատողներ եղան: Տակաւին, Քրիստոսի սուրբ եւ պատուական արիւնով անվախճան կեանքը ընդունեցին ի փառս Հօր եւ Սուրբ Հոգիին:
Եւ Նոյը տունով, որդիներով եւ բոլոր արարածներով ուրախանալով՝ կ՚օրհնէր, կը գովէր ու կը փառաւորէր Արարիչը՝ Աստուած:
- Մարդու փառքին հանդէպ ունեցած նախանձէն, մարդկային ցեղը ուզելով կործանել, սատանան տարբեր խորամանկ միջոցներու մասին մտածած էր. նախ՝ անգիտութիւն, ապա՝ կռապաշտութիւն, յետոյ՝ անառակ ապրելակերպ, իսկ ներկայիս՝ աղանդներուն միջոցով՝ խաբեբայութեամբ եւ մոլորութեամբ, կը ջանայ մեզ ամէն կերպ երկինքէն հեռացնել:
- Ամենասրբուհի միշտ Կոյս Մարիամը իր շնորհական ազդեցութեամբ Նախամայր Եւայի վրայ ծանրացած անէծքը կը վերցնէ՝ բոլոր ողջերուն ճշմարիտ մայրը դառնալով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ